ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Բարբառ, Լեզու, Մշակոյթ
Դասուած «գաւառագիր» հեղինակներու` Թլկատինցիի եւ Ռուբէն Զարդարեանի 100 կողքին, Գեղամ նկարագրած է հայ կեանքը` արեւելեան Անատոլուի հեռաւոր նահանգներուն մէջ` օգտագործելով բարբառային արձակ մը 101, 1889-էն սկսեալ: Տարօնի բարբառը արդէն իսկ գրաւած էր հայ լեզուագէտներու ուշադրութիւնը եւ ծնունդ տուած` կարգ մը ուսումնասիրութիւններու եւ հրատարակութիւններու, ինչպէս, օրինակ` հանրայայտ Հրաչեայ Աճառեանի աշխատութիւնները 102: Սակայն այս լեզուագէտները առաւելաբար անդրադարձած են հին հայերէնէ ժառանգուած Մշոյ բարբառին ու հնչիւններուն, ուր ձայնաւորները սակաւաթիւ են, իսկ բաղաձայնները` բազմաթիւ, ուր առատ են արաբերէնէ եւ թուրքերէնէ փոխառուած բառերը: Անոնք նաեւ քննարկած են անցեալ ժամանակի պատմողական ոճի եւ յարակցուած բայերու գործածութեան հարցը: Քիչ հաւանական է, որ Գեղամ 1908-էն առաջ իր Մշոյ մէջ կատարած գրական ստեղծագործութեան օրով տեսած ըլլայ այս աշխատութիւնները: Ծնած` 19-րդ դարու կէսերու գրաբարի 103 եւ աշխարհաբարի հակադրման շրջանէն ետք եւ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած` Մշոյ դաշտի խորքերը, անշուշտ առիթ չէ ունեցած մասնակցելու Կոստանդնուպոլսոյ մէջ արդի հայերէնի զարգացման ընթացքին: Այս վիճարկումի արձագանգները, սակայն, հասած էին մինչեւ Մուշ եւ Սուրբ Կարապետ վանք, ուր Գեղամ ստացած էր իր հիմնական ուսումը, եւ ուր առկայ էր ազդեցութիւնը Մկրտիչ Խրիմեանի, որ ընտրած էր գրաբարը 104: Հայ լեզուաբանական մտքի պատմութեան ծանօթ չըլլալով հանդերձ, Գեղամ կը զգայ անոր կարեւորութիւնը, կը հետաքրքրուի մտքի, լեզուի (հետեւաբար նաեւ` բարբառի), ընկերութեան եւ մշակոյթի առնչութիւններով:
Ըստ իր աշխատութիւններու բնոյթին, Գեղամ օգտագործած է հայերէնի երեք տարբերակներէ մէկը կամ միւսը: Վանական իր կրթութեան բերումով, ան տիրապետած է դասական հայերէնին: Տարօնի վանքերու պատմութեան առնչուող կամ մանկավարժական
աշխատութիւններու մէջ կը գտնենք գրաբարի հին արտայայտչաձեւերը, որ կ՛արտացոլուին խօսքի կարգի, շարահիւսութեան եւ իմաստաբանութեան մէջ: Բայց նաեւ գիտէ եւ կ՛օգտագործէ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մամուլին ու գրողներուն միջոցով ձեւաւորուած արդի արեւմտահայերէնը, որ միաժամանակ կը դասաւանդուի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործող ազգային վարժարաններուն մէջ: Ան այս լեզուն է, որ կ՛օգտագործէ իր տեղեկագրերուն եւ քաղաքական յօդուածներուն համար, ինչպէս եւ` իբրեւ իր պատմուածքներու եւ հեքիաթներու պատումի լեզու: Բայց Գեղամ կարդացած է Սրուանձտեանցի «Գրոց-բրոց»-ը 105, որ իրեն համար կը մնայ օրինակելի աշխատութիւն: Իր պատմուածքներուն մէջ Տարօնի գիւղերու, քաղաքներու եւ լեռներու մէջ ներկայացուած անձեր կը խօսին «երկրի լեզուն»: Տղամարդոց անունները յաճախ կրճատուած ձեւ ունին «օ» աւարտով` Մարտօ, Արաբօ, Աւօ, Սարգօ, Մկօ, Մկրօ, Կարօ, Գեւօ: Իսկ կիներ կը կոչուին` Մարիամ, Շողիկ, Եղսիկ, Հռիփսիկ: Բոլորը կ՛արտայայտուին իրենց գիւղի լեզուով, ուր տարբեր շրջաններու բարբառները յստակօրէն կը զատորոշուին տեղական «շեշտերով»` Մշոյ դաշտէն մինչեւ Սասուն, Ախլաթ, Խնուս, հասնելու համար Պիթլիս եւ Վան: Բարբառներու օգտագործումը գրական լեզուին մէջ` Կոստանդնուպոլսոյ հայ մամուլի ընթերցողներուն համար Գեղամի աշխատութիւնները կը դարձնէր անախորժելի, եթէ ոչ` անհասկնալի: Աւելի ուշ, 1914-ին, Աղէտի նախօրէին, առանց «Մեհեան»-ի գրական շրջանակին պատկանելու, Գեղամ մասնակից դարձած էր այս միամսեայ հանդէսի կարճ կեանքին եւ անոր հիմնադիրներ` Յակոբ Օշականի եւ Կոստան Զարեանի նախագծին, գրական լեզուին ներարկելով բարբառներ, «յայտնագործելու համար հայկական ներաշխարհը» եւ «հայոց լեզուի կազդուրիչ պատուաստը» 106: Ապագային, երբ անհետացած ըլլան բոլոր անոնք, որոնք կ՛օգտագործեն Մշոյ բարբառը, անհրաժեշտ պիտի ըլլար Փարիզի եւ Երեւանի մէջ լոյս տեսած Գեղամի գիրքերուն մէջ տեղադրել բարբառային արտայայտութիւններու ցանկ մը 107:
Եւ վերջապէս, մարդաբանութիւն կոչուած կրթանքի ո՛չ անուան, ո՛չ իսկ գոյութեան տեղեակ ըլլալով հանդերձ, Գեղամ կիրքով նուիրուեր է մշակութային մարդաբանութեան: Հալածուած` գիւղական շրջաններու գաղթէն, ընկերութեան «արդիականացում»-էն, գիտելիքներու բանաւոր աւանդման նուազումէն, այս բոլորին ստեղծած ստիպողականութենէն, Գեղամ իր համեստ միջոցներով, բայց եւ այնպէս մեծ հաճոյքով լծուեր է Տարօնի գիւղերու մէջ պատմուած առասպելներու, ասացուածքներու, առածներու եւ հանելուկներու հաւաքագրման աշխատանքին 108:
Հողային Հարցը 109
Հողային հարցը նստած է Հայկական հարցի սրտին մէջ:
Հողային վէճը ընկերային ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկն է.
ան կը հետաքրքրէ Օսմանեան կայսրութեան գիւղական ամբողջ
բնակչութիւնը եւ կը պահանջէ արմատական լուծում: (էջ 1):
«Հողային հարցը» խիտ գրութիւն մըն է` վատ կառուցուած, գրուած` կրկնաբան ոճով. սակայն քաղաքական ուսումնասիրութիւն է, եւ մէկը` այն շատ փոքրաթիւ գործերէն, ուր Գեղամ կը ներկայանայ, կը խօսի իր անունով: Առաջին իսկ տողերէն ան կը յայտնէ, թէ ո՛չ նպատակ եւ ո՛չ ալ կարողութիւն ունի այս հարցին մասին ամբողջական ուսումնասիրութիւն ներկայացնելու, բայց կը փափաքի վիճակագրական ճշգրտումներ բերել հողերու բռնագրաւման մասին, որուն զոհ կը դառնան հայերը, աւելցնելով թոռուններու եւ ռայաներու 110 մասին բացատրութիւն մը` ըմբռնելու համար քիւրտերու ներկայի կացութիւնը, որոնք մեր հարեւաններն են, որոնց հետ կ՛ապրինք, եւ որոնք պէտք է արժանանան մեր ուշադրութեան:
Ըլլալով նախկին դպրեվանեցի եւ գաւառական ինքնուսոյց մարդ` Գեղամ Կովկասի կամ Կոստանդնուպոլսոյ հայ մտաւորականութեան օրինակով չի կրեր արեւմտեան փիլիսոփայական ու քաղաքական գրականութեան քիչ թէ շատ մակերեսային կնիքը: Իր բառապաշարը հողային հարցին մէջ զերծ է Եւրոպայէն ստացուած ընկերա-տնտեսական հասկացութիւններ պարունակող նորաբանութիւններէ: Ան չի ճանչնար ֆիզիոքրաթները, չէ կարդացած Ռուսօ, Մարքս, ոչ ալ` ռուս ժողովրդապաշտ (փոփիւլիստ) հեղինակներու աշխատութիւնները. նոյնիսկ չէ լսած Տիւրքհէյմի մասին: Գեղամ կարդացած է եւ խորհրդածութեան նիւթ դարձուցած` Սրուանձտեանցի («Գրոց-բրոց», 1874, «Մանանա», 1876), Խրիմեանի («Հրաւիրակ Արարատեան», 1894) եւ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» աշխատութիւնները, որոնք իր մէջ արթնցուցած են սէրը դէպի «ժողովրդական աղբիւրները» եւ զայն ներշնչած` այն աշխարհով, ուր պիտի իշխէր ատալաթը 111 (արդարութիւնը` մահմետականներու առաջնային արժէք-պահանջը), եւ ուր իր ժողովուրդը պիտի կրնար ապրիլ ու զարգանալ խաղաղութեամբ: Այս գործերուն կը պարտի իր ընկերային ու քաղաքական հիմնական աշխատութիւնները. արեւելեան նահանգները 112 կը կազմեն հայութեան իսկական բնավայրը, հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ ապրած ու աշխատած է այդ հողերուն վրայ եւ պատմութեան ընթացքին սրբագործած իր կապերը` այդ երկրին հետ: Հայ գիւղացիութեան պէտք է վերադարձնել իրմէ անարդարօրէն խլուած հողերը, պէտք է կանխել արտագաղթը, իսկ անոնք, որոնք մեկնած են Կոստանդնուպոլիս կամ այլուր, պէտք է վերադառնան երկիր:
Գեղամ տնտեսագէտ չէ, եւ անոր միամիտ ու յետադիմական հայեացքները բարոյախօսի մը հայեացքներն են. անոնց սահմանները Տարօնի գիւղերէն անդին չեն անցնիր, իր միտքը արդէն կը դժուարանայ հեռանալ անոնցմէ, բարձրանալ մինչեւ վերացականութիւն: Տարօնի այս իրական աշխարհին մէջ, ուր դարեր շարունակ հողագործութիւնն է, որ ապրեցուցած է բնակչութիւնը, հողերու բռնագրաւումը`
կը դատապարտէ [այսօր] հողազուրկ, թշուառ, անօթի [հայ] գիւղացիութիւնը գաղթելու, ցրուելու եւ անհետանալու 113:
Այս քանի մը տողերուն մէջ գիւղական համայնքներու արտագաղթի հարցը կը ստանայ քաղաքական տարողութիւն. Տարօնը, այսինքն` Հայաստանը, կը պարպուի իր հայ բնակչութենէն:
Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
(Շար. 6)
100.- Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860-1915) ծնած է Խարբերդ նահանգի գիւղերէն մէկուն մէջ: Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915) ծնած է Տիգրանակերտի մօտակայ գիւղի մը մէջ:
101.- Գրական հայերէնի երկու ճիւղերու միաւորման եւ 19-րդ դարու աւարտին բարբառներու բազմապատկման հարցի ուսումնասիրութեան համար կարդալ Մ. Նշանեանի շատ հետաքրքրական «Âges et usages de la langue arménienne».աշխատութիւնը (էջ 239-241), Փարիզ, 1989:
102.- Հ. Աճառեան (1876-1953), «Հայ բարբառներու դասակարգումը», Փարիզ, 1909, երկարօրէն մէջբերուած է Կարօ Սասունիի «Պատմութիւն Տարօն աշխարհի» աշխատութեան մէջ, Անթիլիաս, 2013 (Ա. հրատարակութիւն` Պէյրութ, 1956), էջ 381-385: Այս էջերուն մէջ Կարօ Սասունի կ՛անդրադառնայ ի մասնաւորի հնչիւններուն եւ նշում կը կատարէ Լեւոն Մսերեանցի մասին, որ հեղինակն է Մշոյ բարբառի հնչիւնաբանութեան նուիրուած աշխատութեան մը, «Արեւելագէտներու 11-րդ ժողովի արձանագրութիւնները», Փարիզ, 1897, Փարիզ, 1899, էջ 299-316: Աճառեան կը թուարկէ Մշոյ բարբառով խօսող 21 գիւղ, եւ կը զանազանէ Մշոյ, Պուլանըխի, Ալաշկերտի, Ապարանի, Նոր Պայազետի, Սասունի, Բաղէշի, Խութի բարբառները` անոնց վրայ աւելցնելով Արճէշի, Խլաթի եւ Խնուսի բարբառները, որոնք արձանագրուած են Ս. Հայկունիի «Ժողովրդական գրականութեան բեկորներ» աշխատութեան մէջ, 1896 (հրատ. վայրը` անյայտ): Հրաչեայ Աճառեան կ՛ընդգծէ նաեւ ուղղական եւ ստացական (ո՞րն է) հոլովներու վերջածանցներու տարբերութիւնները, բայերու ձեւաբանական տարբերութիւնները, շարահիւսական տարբերութիւնները եւ այլն: Այս աշխատանքները շարունակուած են Խորհրդային Հայաստանի մէջ. տես. Վ. Ա. Պետոյեան, «Սասունի բարբառը», Երեւան, 1954: Այս բարբառը վերապրած է Թուրքիոյ մէջ, Ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնափոխ եղած Սասունի ծպտեալ կարգ մը հայերու մօտ: (Տես. L. Ritter M. Sivaslian « Les restes de l’épée : Les arméniens cachés et islamisés de Turquie Փարիզ, 2012, նախաբան`G. Aktar):
103.- Յետադիմական եւ «ոչ իրատես» ընտրութիւն մը, բայց հիմնաւորուած` Իսրայէլի մէջ եբրայերէնի իբրեւ պաշտօնական լեզու որդեգրման օրինակով:
104.- Հոս է նաեւ, որ Գեղամ հրատարակած է «Արծուիկ Տարօնոյն», որմէ օրինակներ մնացած էին վանքին մէջ:
105.- Հրատարակուած է 1874-ին, Կոստանդնուպոլիս, ուր հեղինակը կը հրամցնէ «Սասունցի Դաւիթ»-ը Մշոյ բարբառով: Այստեղ կ՛արժէ յիշել նաեւ Գարեգին Սրուանձտեանցի «Մանանա» (1876) եւ «Համով հոտով» (1884) երկերը:
106.- Նշանեանի Âges et usages de la langue arménienne աշխատութիւն (մէջբերուած թիւ 102-ով), էջ 352-353, եւ էջ 358-359. Գ. Պըլըտեան, Cinquante ans de littérature arménienne en France: Du Même à l’autre , Փարիզ, 2001, էջ 83:
107.- Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նօթ թիւ 2-ով), էջ 325-340. Տարօնի աշխարհ (մէջբերուած նոթ թիւ 5-ով), էջ 377-402: Գրաբարէն առնուած եզրերէն անդին, յատկապէս զարմանք կը պատճառեն առատօրէն օգտագործուած արաբերէն եւ թրքերէն բառերը: Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի մէջ (մէջբերուած նօթ թիւ 103-ով), Ս. Շահնազարեանին վերագրուած բառացանկը, «Բառերը եւ անոնց գործածութիւնը», էջ 388-420, քիչ մը աւելի հարուստ է: Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը կը պահէ Գեղամ Տէր Կարապետեանին պատկանող նիւթեր: Հոն կարելի է գտնել Մշոյ բարբառի ձեռագիր բառարան մը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` այդ բարբառի ընկերային գործածութիւններուն վերաբերեալ: Մասնաւոր շնորհակալութիւններ թանգարանի գիտաշխատող պատասխանատու Գուրգէն Գասպարեանին:
108.- Գեղամին կողմէ պատրաստուած ծաղկաքաղ մը, Ա. Գեւոնեանի հեղինակած Գիւլիզար վէպին մէջ. նախաբանը` Շաւարշ Նարդունիի, Փարիզ, 1946, էջ 161-205:
109.- Գեղամ Տէր Կարապետեան, «Հողային հարցը կամ արիւն-արցունքով վէճը»: Ուսումնասիրութիւն մը, որ նախ լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնական օրկան «Ազատամարտ»-ի 1911-ի 489, 490, 492, 494-496 թիւերուն մէջ, Կոստանդնուպոլիս, եւ այնուհետեւ հրատարակուած իբրեւ գրքոյկ: Վերարտադրուած է «Տարօնի աշխարհ»-ին մէջ (մէջբերուած նօթ թիւ 5-ով), էջ 310-355: Գեղամ այս հարցը արդէն իսկ արծարծած էր գիւղական աշխարհի թշուառութեան, գիւղատնտեսական աշխատանքին, եւ հայ գիւղացիութեան արտագաղթին նուիրուած զանազան այլ յօդուածներու մէջ:
110.- Թոռունը քիւրտ ցեղապետերու մէջ ունի «ազնուականի» կարգավիճակ, իսկ ռայան` գիւղացի ճորտի:
111.- Գեղամ կ՛օգտագործէ թրքերէն այս եզրը:
112.- Կը թուարկէ արեւելեան վեց վիլայէթները, Պիթլիս (եւ Մուշ), Վան, Տիարպեքիր, Էրզրում, Խարբերդ, Սվազ:
113.- Պանդուխտի վերածուած «Մշակ»-ի նիւթը միշտ ներկայ է Գեղամի յօդուածներուն մէջ: Տե՛ս «Պոլսէն Պաթում տաճկահայ գաղթականներ», «Ազատամարտ», թիւ 238-241, 1910. «Թիֆլիս եւ գաղթական մշակները», «Ազատամարտ», թիւ 243-244, 1910: