ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լեռնալիբանանի կռիւներէն եւ «Լիբանանեան ուժերուն Շուֆէն հեռացումէն ետք, արեւելեան շրջաններու ռմբակոծումը եւ փոխադարձաբար արեւելեան շրջաններէն դէպի Շուֆ եւ Ալէյ ռմբակոծումները կը շարունակուէին: Արեւմտեան Պէյրութ կը մնար բանակի հակակշիռին տակ եւ յարաբերաբար հանդարտ:
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ 6 փետրուար 1984-ին ծայր առած կռիւները նոր իրողական վիճակ մը ստեղծեցին: Զինեալ տարրեր կրկին հրապարակ իջնելով պատանդ պահեցին բանակային ուժերը: Հանրի Շեհապ զօրանոցին մէջ կեդրոնացած լիբանանեան բանակի վեցերորդ զօրագունդէն վեց հազար զինուորներ, գլխաւորաբար` շիիներ, որոնք կը գտնուէին զօրավար Ապտէլ Հալիմ Քանէի հրամանատարութեան տակ, բաժնուեցան եւ միացան Ամալի:
Արդարեւ, երկուշաբթի, 6 փետրուարի առաւօտեան ժամերուն լեռնային ճակատներու եւ արուարձաններուն մէջ ծայր առած բախումները հասան սաստիկ ռմբակոծումներու տարողութեան: Կէսօրուան մօտ բախումներու բեմը փոխադրուեցաւ նաեւ Մազրաայի շրջանը, ապա` արձագանգներ գտաւ Համրայի, Թալլէթ Խայաթի, Պէյրութի հիւսիս-արեւմտեան ծովեզերեայ գօտիին, պանդոկներու եւ Մըր աշտարակի շրջաններուն մէջ: Շրջանէ շրջան տեղափոխուող բախումներուն հետ, ծայր առին նաեւ դիրքերու գրաւման փորձեր:
Յետմիջօրէին, սաստիկ ռմբակոծումներու գօտին տարածուեցաւ Ալէյ-Շուֆ շրջանէն մինչեւ օդակայան, Պէյրութի արեւելեան եւ արեւմտեան գօտիները, արեւելեան արուարձաններ ու մինչեւ Ժունիէ, Պրումմանա եւ Պէյթ Մերի տարածուող ծովեզերեայ ու լեռնային շրջանները:
Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին խիստ կրակմարի դրութիւն հաստատեց:
Գիշերուան ժամը 8:30-ին լեռնային դիրքերու եւ Շուէյֆաթի կարգ մը շրջաններուն ռմբակոծման մասնակցեցան ամերիկեան «Էյ. 6» տիպի օդանաւեր եւ «Կարսիա» մարտանաւը, իբրեւ հակադարձութիւն` օդակայանին մօտակայ մարինզներու դիրքերուն եւ ամերիկեան դեսպանատան շրջանին ռմբակոծման:
Մինչ այդ, բանակը կրակէ գիծով մը փակեց Շուֆը հարաւային արուարձաններուն կապող անցքը, այդպիսով հարաւային արուարձանները առնելով պաշարման օղակի մը մէջ:
Միւս կողմէ, ընկերվարական յառաջդիմական կուսակցութեան պետ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ Ամալի ղեկավար Նեպիպ Պըրրի նախագահ շէյխ Ամին Ժըմայէլի հրաժարականը պահանջեցին:
Ռմբակոծումներուն թափը զգալի չափով մեղմացաւ կէս գիշերէն ետք, սակայն ընդհատ պայթումներէն ու հրթիռարձակումները կը շարունակուէին ու աւանդական գիծերէն անդին, հրթիռներ կ՛իյնային նաեւ Սանայայի եւ Վերտէոնի շրջաններուն մէջ:
Զինեալ բախումները եւ ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ երեքշաբթի, փետրուար 7-ի առաւօտեան ժամերը, երբ Պէյրութի արեւմտեան շրջանի բանակային կարգ մը դիրքերու եւ կեդրոններու պատասխանատուներ համաձայնութեան մը հասան զինեալ միլիսներուն հետ, դադրեցնելու կռիւները եւ համակարգելու ապահովութեան հսկողութիւնը: Այս համաձայնութեան հիմամբ, շրջանի բանակային կեդրոններուն շուրջ բախումներն ու ռմբակոծումները աստիճանաբար դադրեցան: Միայն զինուորական բաղնիքին շուրջ բախումներ շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ:
Իրողապէս, վերստեղծուեցաւ Պէյրութը կիսող սահմանագիծը, որ կ՛երկարէր նաւահանգիստի Ֆաթթալ շէնքէն մինչեւ Նահատակաց հրապարակ, Տեպպաս, Սոտեքօ, Պըրժաուի, Պարպիր-թանգարան, Թայունէի բոլորակ եւ Շիահի Մար Մըխայէլ եկեղեցի:
Սահմանագիծին վրայ բախումներ, արձակազինութիւնը եւ դէպի բնակարանային շրջաններ ռմբակոծումները շարունակուեցան յաջորդող ամիսներուն:
Մայիս 18-ին երեկոյեան, կոյր ռմբակոծումներու ծանր ժամերուն, հրթիռ մը ինկաւ Նոր Սիսի Ազիրեան ակումբի պատշգամին վրայ: Սահակ Մանուկեան զոհուեցաւ, իսկ երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Մեծն Պէյրութի ապահովութեան նոր ծրագիրի գործադրութիւնը սկսաւ 4 յուլիս 1984-ին, եւ բանակը վերահաստատուեցաւ Մեծն Պէյրութի մէջ, որմէ ետք անցքերը եւ օդակայանը վերաբացուեցան:
***
Ուրբաթ, 27 յուլիս 1984-ի առաւօտեան ժամը 3:30-ին ոճրագործ ձեռքեր հրդեհի տուին «Ազդակ» օրաթերթի թուղթերու շտեմարանը, որ կը գտնուէր Զոքաք Պլաթ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլէճի բակին մէջ:
Հրդեհին տարածումը արգիլելու համար, անմիջապէս գործի լծուեցան քաղաքային ապահովութեան սպասարկութեան եւ հրշէջներու ջոկատները, որոնք կրցան կրակին վերջ տալ առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Շտեմարանին մէջ գտնուող թուղթերը ամբողջութեամբ անգործածելի վիճակի մատնուեցան, նիւթական վնասները հասցնելով մօտաւորապէս 400 հազար լիբանանեան ոսկիի:
Կատարուած քննութիւնները յստակօրէն ցոյց տուին, որ հրդեհը հետեւանք էր կանխամտածուած ու ծրագրուած ոճրային արարքի մը:
***
Երկուշաբթի, 20 օգոստոս 1984-ի առաւօտուն ՀՄՄ-ի ակումբը թիրախ դարձաւ ռմբային խափանարարութեան մը ու նիւթական մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ:
Առաւօտեան ժամը 3:10-ին պայթում մը տեղի ունեցաւ ակումբի մուտքին, ծանր վնասներ հասցնելով ակումբի շէնքին ու մօտակայ բնակարաններուն:
Ակումբին դէմ կատարուած ռմբային խափանարարութենէն հազիւ 24 ժամ ետք, օգոստոս 21-ի կանուխ առաւօտուն, ժամը
4:10-ին, ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ նոր Հաճըն թաղի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եւ ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանի մուտքին:
Ոճրային արարքին հետեւանքով նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, բայց մանաւանդ վարժարանին սրահը: Եկեղեցւոյ սեմին գտնուեցաւ երկրորդ ական մը, որ սակայն չպայթեցաւ:
Յաջորդ օր, օգոստոս 22-ի գիշերը Պուրճ Համուտի մէջ հայերու պատկանող երեք խանութներ ռմբահարուեցան:
Նոյեմբեր 3-ին ռումբ մը նետուեցաւ Արա Երեւանեան ակումբին վրայ:
Յաջորդ օր, նոյեմբեր 4-ին ռումբ մը պայթեցաւ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ գտնուող խանութի մը առջեւ:
Նոյեմբեր 28-ին լարուած ռումբ մը քակուելով չէզոքացուեցաւ Թրիփոլիի ակումբին մէջ:
Նոյեմբեր 30-ին, Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մուտքին ռումբ մը պայթեցաւ, նիւթական մեծ վնասներ հասցնելով Համազգայինի գրախանութին:
8 յունուար 1985-ին, Տորայի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ ոճրային խափանարարութիւն մը, որուն հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Սողմոն Թէհլիրեան շրջանի պատասխանատու Զաւէն Գարակէօզեան, կորսնցնելով իր ոտքը:
Կիրակի, 10 փետրուար 1985-ի ուշ գիշերին փաղանգաւոր զինեալներ մուտք գործեցին Պուրճ Համուտի հայ եւ շիի խառն բնակչութիւն ունեցող տոնուզլուք թաղէն ներս եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգներ հետապնդելու գործողութեանց ընթացքին, ժողովուրդին մօտ սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Անոնք մտան նաեւ պարկեշտ ու խաղաղ հայ ընտանիքներու յարկերէն ներս, գործողութիւններու ընթացքին ձերբակալուեցան նաեւ քանի մը անմեղ հայեր, որոնք տեղւոյն վրայ իսկ, անհրաժեշտ միջամտութիւններէ ետք ազատ արձակուեցան:
Շաբաթ, 16 մարտի ուշ գիշերին, Զալքայի մէջ, երկու թաղեցիներու միջեւ ծագած աննշան վէճի մը հետեւանքով, որոշ թիւով զինեալներ դիրք բռնեցին Աղբալեան ակումբի փողոցին մէջ, ինչ որ ստացաւ զինեալ յարձակումի բնոյթ եւ անակնկալ կրակոցներու տարափին տակ, պահակ տղոցմէ Րաֆֆի Պաստրմաճեան (ծնած` 1957-ին, Հալէպ), երբ կը փորձէր միջամտել, զոհուեցաւ գիշերուան ժամը 10:00-ին, ակումբի մուտքին:
***
![sarkis-zeitlian_012016](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/01/sarkis-zeitlian_012016.jpg)
Սարգիս Զէյթլեան
Հինգշաբթի, 28 մարտ 1985-ի առաւօտուն, Զոքաք Պլաթի շրջանին մէջ, Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ճամբուն վրայ առեւանգուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Ազդակ – Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագրապետ Սարգիս Զէյթլեան, իր ընկերակիցին` ԼԵՄ-ական Կարօ Գոլանճեանի հետ: Զորս զինեալներ, ինքնաշարժով մը Զէյթլեանի ինքնաշարժին ճամբան կտրեցին: Ապա զինեալներէն մէկը առջեւի դուռը բանալով եւ Կարօ Գոլանճեանը հրելով նստաւ ինքնաշարժին ղեկին: Այլ զինեալ մը միւս դուռը բանալով նստաւ Սարգիս Զէյթլեանի կողքին: Երրորդ զինեալ մըն ալ ինքնաշարժին ետեւի նստարանին վրայ տեղաւորուեցաւ: Ապա ինքնաշարժը հեռացաւ, ընկերակցութեամբ զինեալները փոխադրող ինքնաշարժին: Առեւանգումը յայտնի դարձաւ քանի մը ժամ ետք:
Հայ ազգային քաղաքական երեք կուսակցութիւնները մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեցին արարքը: Առեւանգուածներուն ազատագրումը ապահովելու նպատակով, պետական եւ քաղաքական բոլոր մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ տեղական գործօն ուժերու եւ կազմակերպութիւններու մօտ կատարուած դիմումները, հետապնդումներն ու փնտռտուքները մնացին ապարդիւն:
Հետագային, հայանուն անգոյ կազմակերպութիւն մը ստանձնեց Զէյթլեանի առեւանգման պատասխանատուութիւնը, տեղական մամուլին մէջ հրապարակելով անոր լուսանկարը: Հրապարակուեցան նաեւ Սարգիս Զէյթլեանի հարցաքննութիւնները: Հետագային նոյնանուն անգոյ կազմակերպութիւնը հաղորդեց, որ Սարգիս Զէյթլեան (ծնած` 1930-ին, Մուսա Լեռ) մահապատիժի ենթարկուած է: Անծանօթ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ նաեւ Կարօ Գոլանճեան, (ծնած` 1965-ին, Ռաուտա):
***
![Սարգիս Ազնաւորեան](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/01/aznavorian_012016.jpg)
Սարգիս Ազնաւորեան
Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 1985-ի առաւօտեան ժամը 8:15-ին- երբ լիբանանեան հայութիւնը միասնական ձեռնարկներով կը պատրաստուէր ոգեկոչելու Հայկական ցեղասպանութեան 70-ամեակը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտի մօտակայ գլխաւոր ճամբուն վրայ, անարգ եւ վատոգի ոճիրի մը զոհ գնաց հայ համայնքի գլխաւոր դէմքերէն, ՀՅ Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ մարտական պատասխանատու Սարգիս Ազնաւորեան (ան ծնած էր 1924-ին, Նոր Ատանա թաղի մէջ):
Վատոգի արարքը տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանի դաշտի մայր ճամբան Սին Էլ Ֆիլի մայրուղիին կապող անկիւնադարձին մօտ, ուրկէ Ազնաւորեան ինքնաշարժով իր գործատեղին կ՛ուղղուէր: Անծանօթ զինեալներ, որոնք դարանակալ կը սպասէին, կրակ բացին Սարգիս Ազնաւորեանի ինքնաշարժին վրայ, ապա` խոյս տուին, կորսնցնելով իրենց հետքը: Ազնաւորեան զոհ գնաց, քանի մը փամփուշտ ստանալէ ետք:
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց ոճրային վատ արարքն ու անոր ետին կանգնող կողմերը դատապարտող մամլոյ յայտարարութիւն մը:
Սարգիս Ազնաւորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 26 ապրիլին: Բազմահազար հայեր մաս կազմեցին այն թափօրին, որ նահատակ հայորդիին մարմինը վերջին անգամ ըլլալով ուսամբարձ կը փոխադրէր հայաբնակ թաղերէն, որոնց պաշտպանութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերած էր ան:
Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղամասերու շուկաները կէսօրին փակած էին իրենց դռները, ի նշան սուգի եւ վատոգի արարքին դէմ ընդվզումի արտայայտութեան: Հայկական վարժարանները դիմած էին դասադուլի:
Ժամը 12:30-ին եռագոյնով ծածկուած դագաղը Նորաշէն թաղէն ուսամբարձ ճամբայ ելաւ դէպի Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, անցնելով Պուրճ Համուտի թաղերէն: Յուղարկաւորներու թափօրը կ՛առաջնորդէր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որուն կը հետեւէին սկաուտներ, աշակերտներ եւ ԼԵՄ-ականներ:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղան հայ համայնքապետեր, երեսփոխաններ, կուսակցական մարմիններու նեկայացուցիչներ, քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հայորդիներ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին դամբանական մը արտասանեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Արամ եպս. Քէշիշեան: Ան նկատեց, որ Սարգիս Ազնաւորեան իբրեւ նահատակ ինկաւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ճամբուն վրայ եւ աւելցաւ մեր հին ու նոր բիւրաւոր նահատակներու փաղանգին վրայ:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, Սարգիս Ազնաւորեանի մարմինը ուսամբարձ տարուեցաւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը, որ հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի» երգով: Նոյն պահուն, արձակուեցան 21 կրակոցներ, ի պատիւ պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակ ինկած հայորդիին:
***
![Կարօ Գոլանճեան](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/01/garo_012016.jpg)
Կարօ Գոլանճեան
![Վիգէն Պետրոսեան](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/01/viken_012016.jpg)
Վիգէն Պետրոսեան
![tatoul_012016](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/01/tatoul_012016-1.jpg)
Թաթուլ Սուրեան
Չորեքշաբթի, 26 յունիս 1985-ի երեկոյեան ժամը 11:00-ին, Արա Երեւանեան ակումբէն Զարիֆի իր բնակարանը ուղղուած պահուն, անծանօթներու կողմէ առեւանգուեցաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Վիգէն Պետրոսեան (ծնած` 1964-ին):
Երկուշաբթի, 8 յուլիս 1985-ի գիշերը, Զարիֆի մէջ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ դիմակաւոր անձեր փորձեցին առեւանգել Արա Երեւանեան ակումբի պատասխանտուներէն Յարութիւն Մատնեանը, բայց դիմադրութեան հանդիպելով, ատրճանակներով կրակ բացին անոր վրայ: Յարութիւն բազմաթիւ փամփուշտներ ստացաւ գլուխէն, վիզէն, բազուկէն եւ իրանէն եւ կորսնցուց մէկ աչքը:
Երեքշաբթի, 16 յուլիս 1985-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Նահր Մոթի շրջանին մէջ, ոճրային արարքէ մը զոհ գնաց Թաթուլ Սուրեան (ծնած` 1935-ին, Պէյրութ):
Թաթուլ, որ Թանզիմ մատանիի մէջ պետական պաշտօնեայ, տուն վերադառնալէ ետք բնակարանի շէնքին կառատան մէջ ինքնաշարժի սնտուկէն առարկաներ դուրս բերելու համար ծռած էր, երբ անծանօթ մը ձայնարգել ատրճանակով երկու փամփուշտ կրակելով սպաննեց զայն:
Պատերազմի ամէնէն տագնապալի օրերուն, երբ Պէյրութի երկու շրջաններուն միջեւ երթեւեկը կենաց մահու հարց էր, Թաթուլ Սուրեան կամաւորաբար «Ազդակ» օրաթերթ եւ նաեւ անձնակազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի դարմանատան համար դեղեր կը փոխադրէր, հատելով վտանգաւոր սահմանագիծը: