Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Վերամուտ 1915-ի

$
0
0

Գրեց` ՃԵՆԿԻԶ ԱՔԹԱՐ*

Cengiz-Aktar_011916

2014-ի դեկտեմբեր 31-ին յօդուած մը գրեցի «Մուտք 1915-ի» խորագրով: Գրեցի կանխագուշակելու համար, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ինչպէս պիտի նշուի, եւ` իրականութիւնը դիմագրաւելու մեր ձախողութեան պատճառով , հարիւր տարիէ ի վեր մեր անիծուած ըլլալը ինչպէ՜ս պիտի շարունակուի:

Յօդուածիս վերջաւորութեան, որմէ մէջբերում պիտի կատարեմ այս գրութեան մէջ, յայտնած էի, որ կը յուսամ հարիւրամեակը պատմական առիթ մը պիտի ստեղծէ զանց առնելու մեր հին սովորութիւնները եւ մեր դիմացինը հասկնալու ու անոր հետ հաւաքական-բուժման գործարկութիւնը սկսելու համար: Բայց այդ ակնկալութիւնը մնաց անկատար: Աւելի՛ն. 1915-ի անէծքը դեգերող ոգի մը դարձաւ ամբողջ երկրին համար: Այսօր Թուրքիան կը տառապի կատարեալ խելագարութեան իրավիճակէ:

Երբ անէծքի մասին կը խօսիմ, հոգեբանական դիտարկութեան մը մատնանշումը չէ՛ որ կ՛ընեմ: Թէեւ տագնապալից հոգիներու բնագաւառին մէջ ատիկա պէտք չէ թերագնահատուի: Ես պարզապէս հետեւեալ ճշմարտութեան է, որ կ՛ակնարկեմ: Այնքան ատեն որ կը մերժենք դիմագրաւել Ցեղասպանութեան ոճիրը, եւ չենք ձերբազատած այդ չարիքէն` զոհերու թոռներուն ամբողջական արդարութիւն ապահովելով, մենք միշտ ենթակայ պիտի ըլլանք այդ չարիքին հետապնդման: Ասիկա հիմնական բարոյական խնդիր մըն է: Յիրաւի, ցեղասպանութիւնը այնպիսի ծանր ոճիր մըն է, որ անբաղդատելի է ներկայիս գործուած անհատական, հաւաքական կամ հանրային ոճիրներուն հետ: Այն համակարգը որ կրնայ «մարսել» ցեղասպանութիւն մը, ներկայիս գործուած միւս ոճիրները դիւրութեամբ ընդունելի կը դառնան անոր: Այսպէսով է, որ մենք կը շարունակենք ապրիլ չարիքին հետ:

1915-ի արարքը պետական մակարդակի վրայ հարց չդարձաւ, այնպէս` ինչպէս որ հարկաւոր էր: Չդարձաւ` նախ 2015-ին երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական ճնշումներու ուժգնութեան, եւ ապա` ընկերութեան մէջ ընդհանրացած գիտութեան եւ ծանօթութեան պակասին պատճառով: Եւ ասիկա, սերտ առնչութիւն ունի նոյնիսկ մեր դար մը պատմութիւն ունեցող անարդարութեան եւ անպատժութեան վրայ հիմնուած մեր քաղաքական-ընկերային կառոյցին հետ:

Օրինակով մը բացատրեմ միտքս: Այսօր այն, ինչ որ կը պատահի քիւրտերուն, յաճախ տրուած բացատրութիւնը այն է, որ հանրապետութեան հիմնադրութենէն ի վեր, անոնց ունեցած հալածանքը անպատիժ մնացած է միշտ: Բայց ոչ ոք կը յանդգնի յիշելու այն իրողութիւնը, որ հայերն ու ուրիշ ոչ իսլամ խմբակցութիւններ հալածուած էին այդ դէպքերէն իսկ առաջ: Հայերը, մասնաւորաբա՛ր, ճնշուած էին նաեւ քիւրտերուն կողմէ:

Թուրքիան դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի: 21-րդ դարու սկիզբէն սկսած է արդէն տապլտկիլ ճահիճի մէջ: Եւ վստահաբա՛ր` ուղղուած է դէպի ֆաշականութիւն…

*****

«Մուտք 1915»-ի

Ո՞վ գիտէ, բոլոր այն չարիքները, որ կը յաճախեն մեզ, անվերջանալի զանգուածային ջարդերը, դառնութենէ բուժուելու մեր անկարողութիւնը, թերեւս այս բոլորը հետեւանք է դար մը երկարող մեր կրած անէծքին, եւ դար մը շարունակաբար ըրած մեր ստախօսութեան: Ի՞նչ կը խորհիք: Ասիկա թերեւս հայերուն (տղամարդոց, կիներուն եւ… նոյնի՛սկ երեխաներուն) արտասանած անէծքն է, որոնք հեծեծանքով մեռան եւ թաղուեցան առանց դագաղի: Հաւանական է, որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած փոթորկներն ըլլան: Փոթորիկներ` ստեղծուած մեր անբախտ քաղաքացիներուն տառապող ուրուականներուն կողմէ: Ուրուականները հայերու, յոյներու, ասորիներու, եւ յետոյ` ալեւիներու եւ քիւրտերու:

Թերեւս 1915-էն ետք կատարուած ջարդերն ըլլան պատճառը, որոնք հաշուի մէջ իսկ չեն առնուած, եւ որոնց «հատուցման գիները» մնացած են անվճար: Եւ հիմա թոռներն են, որ կը հատուցեն տարբեր մերձավայրերու մէջ…: Խլուած եւ գողցուած կեանքերու փոխարէն` կողոպտուած տուներու եւ քանդուած եկեղեցիներու փոխարէն, գրաւուած դպրոցներու եւ կալուածներու փոխարէն անոնք անիծա՛ծ են մեզ: Անիծած` «Աստուած ձեզի եւ գալիք բոլոր ձեր սերունդներուն պարտական դարձնէ եւ վճարել տայ այս բոլոր…»: Արդեօք սկսա՞ծ ենք մեր ցարդ գործած բոլոր անարդարութիւններուն հատուցման: Անցեալի մեղքերը դիմակայելու անկարողութեան պատճառով վճարումը արդեօք յանդգնութեա՞մբ կը յայտնաբերուի, թէ՞ անպարկեշտութեա՛մբ, որ մեզի համար սովորութիւն դարձած է անարդարութեան գործադրութիւնը թոյլատրելի դարձնելու համար: Կը թուի, թէ մեր ընկերութիւնը դարէ մը ի վեր անկման մէջ կը գտնուի` բորբոքելով իր շուրջը գտնուող ամէն ինչ:

Հակառակ այս դար մը երկարող անէծքի գոյութեան` 2015-ը պիտի անցնի` «Իրապէս ցեղասպանութիւն եղա՞ծ էր» վիճաբանութիւնը անպատասխան մնալով: Ականատես պիտի ըլլանք երկրի ներկայ վարձակալներուն թափած անսահման ճիգերուն` այս ամօթը ծածկելու, եւ` յետաձգելու ընդդիմութեան տանող որեւէ մէկ քայլ: Եթէ իրենց մնար, 2015 թուականը պարզապէս զանց կ՛առնէին: Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու արձանագրութիւնը կը բաղկանայ երեք թառամած առարկութիւններէ` մաքառում, թշնամիին հետ աշխատակցութիւն եւ զոհարկութիւն: «Հայերն էին, որ մեզ սպաննեցին»-ը թութակի մը ըրածին պէս պիտի կրկնուի գիտաժողովներու շարանով մը: Եւ մենք ալ պիտի պարենք սովորական մեր եղանակներով: Ապրիլ 24 -25 պաշտօնական արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Անզաքի օրը տօնելու, որ ո՛չ մէկ կապ ունի Ցեղասպանութեան հետ: Եւ պիտի լսենք առատ առասպելներ Տարտանելի մէջ կատարուած քաջագործութիւններուն մասին: Բայց մեր պատմութիւնը լսող ոեւէ մէկը պիտի չգտնենք:

Մեզի հանդէպ քանի՞ նոր նզովանք պէտք է կատարուի, որ մենք հակումն ունենանք .

– Մեր պետութիւն հիմնող արիւնոտ գործընթացը հաշուեյարդարի ենթարկելու,

– Ծանօթանալու եւ յիշելու , թէ ինչպէ՜ս անվնասակար, արդիւնաբեր, աշխատասէր, տաղանդաւոր, խաղաղասէր ժողովուրդ մը, որ Անատոլիոյ մէջ կ՛ապրէր, ջնջուեցա՜ւ հոն ապրող ռամիկներու կողմէ,

– Զգալու ծուծը այն բռնութեան, որ մղեց անբախտ հայերը ճչալու «Ո՛ւր էիր Աստուած» 1915-ի ամրան, երբ ամէն ինչ ցուրտ էր ու խաւար,

– Գիտնալու, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող միլիոններ հաշուող հայութիւնը այսօր իսկապէս պակսած է գրեթէ ոչինչի՛: Իսկ հոն ապրող մնացորդացն անոնց , ծածկա՛ծ է իր ինքնութիւնը, կամ` իսլամացած, մէկդի աւլելով «ցեղասպանութի՞ւն էր կամ ոչ» առեղծուածը, կամ` «ո՞վ որուն սպաննեց» հարցումը: Եւ ականջ դնենք մեր խղճի ձայնը յստակօրէն լսելու,

– Հասկնալու, որ, Հրանդ Տինքի ըսածին պէս, փետրազարդեալ մշակոյթի մը ցեղասպանութիւնն էր, եւ ահագին քաղաքակրթութեան մը կորուստն էր, որ տեղի ունեցաւ,

– Ըմբռնելու, որ իր ոչ իսլամ քաղաքացիները այլեւս չեն ապրիր այս հողին վրայ, եւ ատիկա երկրին հզօրագոյն կորուստն եղաւ,

– Պարփակելու, որ Ցեղասպանութիւնը (այդ խաւարի օրերուն` հայերը «Մեծ եղեռն» անունը կու տան) աղէտ մըն էր, որ պատահեցաւ ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ` ամբողջ երկրին,

– Նկատելու, որ կորուստը սպաննուած, աքսորուած եւ փախուստ տուած մեր ոչ իսլամ քաղաքացիներուն կորուստն էր մեր քաղքենի, կայտառամիտ մտաւորականութեան, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան,

– Արժեւորելու նզովքը գրաւուած ինչքին, կալուածներուն եւ… երեխաներո՜ւն,

– Ըստ արժանւոյն ըմբռնելու, գրող Եաշիր Քեմալի իմաստութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Ուրիշ թռչուն մը չի կրնար բարգաւաճիլ լքուած բոյնի մը մէջ: Ան որ բոյն կը կործանէ, չի կրնար բոյն ունենալ: Զրկանքը զրկանք կը ծնի»,

– Հասկնալու, որ անոնք, որոնք կը դրժեն վերոյիշեալ կէտերը, կ՛ընեն ատիկա իմաստութեան կորուստէ մը որ կը բխի ցեղասպանութենէն:

Հայոց ցեղասպանութիւնը Մեծ եղեռնն է Անատոլիոյ: Մեծագոյն եւ մայր բանադրանքը այս հողին:

Անոր անէծքը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ մենք կը դրժենք խօսիլ անոր մասին: Ճանչնա՛նք, հասկնա՛նք եւ նկատի՛ առնենք զանիկա…

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պատեհութիւն մը կ՛առաջադրէ մեր սովորութիւնները տնօրինելու, դիմացինը հասկնալու եւ սկսելու հաւաքական բուժման…

Թարգմանեց`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ

*Ճենկիզ Աքթար երկարամեայ աշխատակիցն է Թուրքիոյ «Զաման» եւ «Թարաֆ» օրաթերթերուն: Ճ. Աքթարի այս յօդուածը լոյս տեսաւ «Զաման»-ի 6 յունուար 2016-ի համարին մէջ (Յ. Մ.)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>