Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Տատրակ Կամ Մշոյ Գեղամ. Վերահաս Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը

$
0
0

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Վերահաս  Աղէտի Մը Արթուն Դիտորդը. Գրել` 
Յիշատակագրելու Համար

Իբրեւ Տարօնի գրագէտը` Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ՛ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն` Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն ու լիճերը կենդանացնող առասպելները, մարդն ու բնութիւնը կապող յարաբերութիւնները: Առաջնորդարանի քարտուղարի իր պաշտօնին բերումով, ան տեւաբար ականատես է եղած ամէն տեսակի թշուառութիւններու եւ ընդվզումով է լեցուած` անարդարութեան դէմ:

Գեղամի այն պատմուածքներն ու պատումները, որոնք հասած են մեզի, հրատարակուած են 1890-1914, մեծամասնաբար` 1908-ին, Կոստանդնուպոլսոյ հայատառ մամուլին մէջ («Մասիս», «Արեւելք», «Հայրենիք», «Բիւզանդիոն», «Բիւրակն», «Մանզումէի Էֆքիար», «Ազատամարտ», «Ժամանակ», «Սուրհանդակ», «Լոյս»): Պատմուածքներուն նիւթը Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերու բնակչութիւնն է, Եփրատով եւ անոր վտակներով ոռոգուած, Տարօնի նախալեռներով շրջապատուած Մշոյ դաշտի պատմութիւնը:84 Գետերը, լեռները եւ նահանգները նշուած են հայկական ճիշդ տեղանուններով, որոնք ժառանգուած են միջնադարեան պատմագրութենէն եւ աշխարհագրութենէն: Գիւղերը յաճախ յիշուած են ոչ թէ ամբողջական անուններով, այլ` այբուբենի գլխագիր մէկ գիրով (Չեխովի պատմըուածքներու օրինակով), բացառութեամբ Սուրբ Կարապետէն, որ վանք ու վանական տարածք ըլլալով` ամբողջական անունով կը վկայակոչուի տեւաբար:

Այս պատումներուն ներկայացուցած դէմքերը միմիայն հայեր են: Երբեք ակնարկ չի կատարուիր թուրքերուն, իշխանութեան վարչական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ոստիկանութեան կամ բանակին մասին: Շատ հազուադէպօրէն կը խօսուի քիւրտերու85 մասին` շրջանին մէջ քոչուորութիւն ընող եւ համիտիէի86 խումբերուն մասնակցող: Աւելի եւս սակաւ են ակնարկները մուհաճիր մահմետականներու, չերքեզներու, չեչեններու, ինկուշներու, ուբիխներու կապակցութեամբ, որոնք 19րդ դարու Կովկասի ռուսական նուաճումէն ետք, շարունակաբար եկած եւ հաստատուած էին շրջանին մէջ: Արդեօք «գրագէտի հայեա՞ցք»` այս ոճը, որուն համար երկիրը եղած է ու կը շարունակէ մնալ «Հայաստան», թէ՞ ոճը մարդու մը, որ կ՛ապրի Ապտիւլ Համիտ Բ.ի բռնատիրական համակարգին եւ օսմանեան գրաքննութեան, միանգամայն պատրիարքարանի հսկող աչքին տակ, եւ որ միաժամանակ ներշնչուած է բարենորոգումներու յոյսերով, նաեւ մասնակից` յեղափոխական շարժումի մը:

Իրապաշտ գրագէտ` Գեղամ, իր պատումներուն մէջ կ՛արտայայտէ աշխարհէն ունեցած իր յոռետես ընկալումը: Տարօնի գիւղերէն փոխանցած անոր պատկերը ճնշող է: Սովի ու թշուառութեան մէջ տարուբերող հայ գեղջուկներու իրավիճակը կը հանդիսանայ շարունակ կրկնուող նիւթը իր պատումներուն, որոնց հերոսները լքուած, աղքատութեան գիրկը ինկած որբեր եւ մանուկներով բեռնաւորուած երիտասարդ կիներ են, կամ` հողազուրկ, պարտքերու տակ կքած անյոյս գիւղացիներ, որոնք, ինչպէս Սարգիս Աղբար,87 Պոլսոյ մէջ թափառելով եւ պանդուխտներու շարքերը խտացնելով` լուծում կը փնտռեն իրենց տառապանքին: Մեծամասնութիւնը համալի (բեռնակիր)88 վերածուելով, կը դատապարտուի մինակութեան եւ ալքոլամոլութեան: Արտագաղթը, որ կը համարուի «Երկիր»ը իր բնակչութենէն պարպող աղէտ, ունի իր տնտեսական եւ քաղաքական դրդապատճառները: Միաժամանակ առաջին համաշխարհայնացումին հետեւանքները զգալի են Անատոլիոյ գիւղական համայնքներուն մէջ: Այս բոլորին դիմաց, Գեղամի պատգամը բարոյախօսի մը արդարութեան եւ կրթութեան յորդորն է:

Տարօնի կիներու ճակատագիրը Գեղամի աշխատութեան առաջնահերթ նիւթերէն է: Կինը, կամ աւելի ճիշդ` երիտասարդ կինը, այն էակն է, որ ամէնէն աւելի առարկան է իր ուշադրութեան եւ գութին: Մահմետական աշխարհի մէջ մեկուսացած հայկական ընկերութիւնը կը յաջողի յարատեւել կիներու` խիստ օրէնքներու վրայ հաստատուած «փոխանակում»ով:89 Արդարադատ պատմիչ` Գեղամ խելացի կերպով կը ներկայացնէ աւանդոյթներու կարեւորութիւնը իրերայաջորդ սերունդներ համախմբող «մեծ ընտանիքին»90 մէջ, հօր կամ անդրանիկ որդիի կողմէ անոր վարումը «պատիւ»ի եւ «ամօթ»-ի ուժեղ զգայնութեամբ, նոյնիսկ` ամէնէն համեստ ընտանիքներուն մէջ: Ան կը դատապարտէ երիտասարդ աղջիկներու պարտադրեալ ամուսնութիւնը հայրենական գիւղերէն հեռու գտնուող եւ յաճախ իրենցմէ շատ աւելի տարեց տղամարդոց հետ: Երիտասարդ կինը իր նոր ընտանիքին մէջ, քողածածկ, չափահասներու մօտ համրութեան դատապարտուած` ենթակայ է կեսրոջ իշխանութեան, ինչպէս` «Շողիկի յիշատակին» պատմուածքի երիտասարդ ու անպաշտպան հերոսուհին, որ մահով միայն կ՛ազատագրուի իր տանջանքներէն91: Երիտասարդ կինը կրնայ ամուսնական բրտութեան զոհ դառնալ, կամ ամուսնութեան յաջորդ օրն իսկ լքուիլ պանդուխտ ամուսնոյն կողմէ, մնալ անպաշտպան` ընկերութեան մը մէջ, ուր եկեղեցին կ՛արգիլէ ամուսնալուծումը: Երեխաները, աղջիկ ու տղայ, միասին կը մեծնան գիւղի փողոցներուն ու դաշտերուն մէջ, սակայն կրտսեր տարիքէն իսկ իգական ու արական աշխատանքները յստակօրէն կը բաժնուին: Աղջիկները մայրերու եւ մեծ մայրերու կողմէ նախանձախնդրօրէն կը պահպանուին, եւ յաճախ արբունքի տարիքէն առաջ նշանուելով կամ ամուսնանալով` կը հեռանան հայրական տունէն: Թէեւ տասնեօթը կամ տասնութ տարեկանին մանչերը արդէն ամուսնութեան տարիքի են, այդուհանդերձ, աղքատութիւնը, որ անյաղթահարելի արգելք մըն է, սեռական եւ զգացական մեծ զրկանքներու պատճառ կը հանդիսանայ: Այդ անգութ աշխարհին մէջ սէրը բացակայ չէ: Ան տեւաբար կը նշուի երգերու, ոտանաւորներու եւ աւանդավէպերու մէջ, եւ գիշերները թոնիրի92 շուրջ համախմբուած չափահասներու զուարճալի խօսակցութիւններու նիւթ կը դառնայ: Սէրը հազուադէպօրէն կը յայտարարուի` բացի այն պարագայէն, երբ երկու սիրահարները կը յաջողին փախուստ տալ եւ վանքի մը մէջ ապաստան գտնելով պարտադրել ընտանիքներուն` զիրենք ամուսնացնել: Գեղամ միաժամանակ կրնայ նրբութեամբ նկարագրել շրջանի սովորոյթներուն համապատասխանող երկու երիտասարդներու սէրը: Տարօնի երիտասարդները բարձրահասակ են, առողջ եւ ամրակազմ եւ ունին անկեղծ հայեացք: Երիտասարդ աղջիկները յաճախ խարտեաշ են, այտերը` միշտ վարդագոյն, եւ «եղնիկի աչքեր» ունին: Սէրը կը ծնի պատահական հանդիպումի մը ընթացքին, սրընթաց փոխանակուած նայուածքի մը առիթով: Անիկա կ՛աճի ամօթխածութեամբ, չարախօսութիւններէ հեռու, լռութեան մէջ, առանց խոստովանութեան, առանց հպումի: Այս սէրը միշտ դժբախտ սէր մըն է, որուն կրակը կը մարի երիտասարդ աղջկան ամուսնութեամբ:

Գեղամի պատմուածքներուն մէջ, որոնց հերոսները հողագործ են կամ հովիւ, ինչպէս ամէնուր` կան հարուստներ ու աղքատներ: Լեռնային այս երկրին մէջ, ուր կեանքը դաժան է, մարդկային յարաբերութիւնները բիրտ են, աղքատները միշտ ենթակայ` խիստ վերաբերմունքի, ինչպէս կ՛ընէր Մխոն:93 Հարուստները (ռէս, տանուտէր…) թիւով շատ չեն: Ունին տարածքներ, անասուններ եւ ցանք: Դրամ փոխ կու տան: Անոնք անողոք պարտատէրերն են խեղճ գիւղացիներուն, որոնք գրաւոր կամ բերանացի պայմանաւորուած են պարտք վերցնելու  վաշխառուական տոկոսներով: Պարտք, որ կը տեւէ, կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ կը հարկադրէ արդէն իսկ հարկերու տակ կքած գիւղացին` կորսնցնելու իր հողը, լքելու ընտանիքը, եւ գիշերը ճամբորդող շարասիւնի մը միանալով` քառասնօրեայ ճամբորդութենէ ետք Անատոլիոյ խորերէն հասնիլ Պոլիս…

Ըստ Գեղամի` Տարօնի բնակչութեան վերագրած հաւաքական հոգեբանութեան, գիւղացիները պարզամիտ են, անկեղծ եւ պարկեշտ, իսկ հարուստները` խաբեբայ եւ վայրագ: Հարուստներու ամբարտաւանութեան կը պատասխանէ աղքատներու խոնարհութիւնը: Սակայն հարուստ եւ աղքատ ունին հասարակաց մէկ յատկանիշ, այն է` մեծահոգութիւնը, ու ատկէ անբաժանելի` հիւրընկալութեան մղումը: Գեղամ ստեղծած է գիւղական եւ նախնական աշխարհ մը, ուր երեւակայականը բացակայ չէ բնաւ: Տարօնի գիւղացին ամբողջովին անտեղեակ է հայկական քրիստոնէական ու աստուածաբանական նրբութիւններէն, սակայն կը պաշտէ իր Աւետարանն ու Նարեկը94 աշխարհը կը դիտէ իր հաւատքի աչքերով: Իր ճակատագիրն ու իր տեղը այս աշխարհին մէջ բնորոշելու համար ան միշտ կ՛ապաւինի «Աստծոյ կամքին»: Բայց այս պարզ մարդը` տգէտ ու միամիտ (այս եզրը յաճախ կ՛օգտագործուի), ժառանգորդն է աւանդոյթներու, գիրքերէն դուրս` բերանացի փոխանցուած աւանդոյթներու, երկրի մը մէջ, ուր յօրինուեցաւ հայկական այբուբենը:

Քրիստոնեայ, բայց եւ յստակատես` Գեղամ խստօրէն կը քննադատէ տեղական հայ կղերը: Յաճախ գիւղական քահանաները հազիւ գիտեն կարդալ, ու նուազ եւս` գրել: Իրենց մատուցած պատարագը բերանացի սորված են, եւ յաճախ ո՛չ իրենք, ո՛չ ալ իրենց հօտը կը հասկնայ արտասանուածին իմաստը: Յուսախաբ ընող հաստատում, որ կը փաստուի նաեւ կաթողիկէ ու բողոքական միսիոնարներու դիտարկումներով: Գրաճանաչ քահանաները բացառութիւն են, եւ ժողովուրդի դիւրահաւանութիւնը անոնց կը վերագրէ հրաշագործ կարողութիւն, այնքա՛ն գիրքն ու «գրուած»ը անոր աչքին ունի հմայեկի արժէք: Այս բոլորը Գեղամին կը ներշնչեն զուարթախոհութեամբ համեմուած երկու հրաշալի պատմուածքներ95: Վերջապէս, քահանաները կը վարձատրուին գիւղացիներուն կողմէ` նուիրատուութեամբ կամ սնունդի պաշարով, ու թէեւ անհրաժեշտ են մկրտութեան, ամուսնութեան եւ յուղարկաւո րութեան համար, բազմաթիւ են նաեւ այն թշուառ գիւղերը, որոնք քահանայ չունին: Գեղամի միակ վէպը` անաւարտ մնացած «Տիրացուն եւ ժամկոչը»96, կը ներկայացնէ մրցակցութիւնը ռէս Մարգարի եւ Սուրբ Կարապետ վանքի դպիր, տիրացու Մարտոյի, ուսանած` Սուրբ Կարապետի վանքը, ուր սովահար վանականներ կը ջանան խլել որբերու հացը: Ագահ այս երկու էակները կը համաձայնին` օգտուելով գիւղացիներու միամտութենէն` անխնայ շահագործելու համար զանոնք: Ընկերաբանական այս վէպը, զուրկ` սիրային «հանգոյց»-է, մեծ յաջողութիւն չունեցաւ Պոլսոյ մէջ:

Տարօնի վանքերը, որոնք պաշտուեր են Գեղամէ, եւ ուր ան շրջագայեր է գտնելու համար հայ մշակութային ժառանգութիւնը, ցուցակագրելով զանոնք97, յաճախ աւերուած են ու լքուած: Աւելի՛ն. այն վանքերուն մէջ, ուր ուսուցիչներու եւ գրագէտներու բացակայութեան դեռ կ՛ապրին ծերացած քանի մը վարդապետներ, կրօնական դպրոցները դադրած են գործելէ, գրչագրատուները անհետացած են, ձեռագրերը չեն խնամուիր, աղբը կը նետուին, կամ անոնց էջերը կ՛օգտագործուին լուսամուտներու խորշերը գոցելու համար: Գեղամ բանաստեղծական լեզուով ու կսկիծով կը պատմէ 1887-ին Առաքելոց վանք իր այցելութեան եւ տապալուած խաչքարերու փլատակներու մէջ Սրբոց Թարգմանչաց նշխարները փնտռելու մասին:98

Ան չի խօսիր երբեք, կամ` կը խօսի հազուադէպօրէն, այս բոլորին պատճառներուն` պատերազմի, ջարդի, երկրաշարժի մասին: Միջնադարեան կարօտախտով տարուած, միշտ կը դիմէ անցեալի մեծերուն, կը վկայակոչէ Մովսէս Խորենացին, կ՛ափսոսայ, որ այս վանքերը այլեւս չեն կատարեր հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդի եւ դաստիարակի դերը: Գեղամի ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ Սուրբ Կարապետը, որ յայտնի ուխտատեղի ըլլալով` ամէն տարի կը համախմբէ մինչեւ Կովկասէն ու Պարսկաստանէն եկող ուխտաւորներու խուռն բազմութիւն մը:99

Ֆրանսերէնէ թարգմանեց`
ՀԵՐՄԻԿ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ

(Շար. 5)

——————————————-

84.- Յ. Պետրոսեան, Ճեմարանականներ, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Էջմիածին, օգոստոս 2012, էջ 107-119:
85.- «Լուսնեակ գիշերով ուղեւորութիւն մը ի Մուշ (Այց մը քրդաց վրաններուն)», «Մասիս», թիւ 34-25,  1889, բանաստեղծական բացառիկ պատմուածք մը:
86.- Համիտիէ, 1891-ին կազմուած քիւրտ հեծելազօր: (Եզրը ստեղծուած է Ապտիւլ Համիտի անուան հիման վրայ):
87.- «Սարգիս աղբար»-ը, «Արեւելք», թիւ 1943, 1890:
88.- Ամուրի տղամարդիկ կամ սիլա կատարողներ (ընտանիքի հօր ժամանակաւոր պանդխտութիւն, որմէ ետք հերթաբար զայն կը փոխարինեն որդիները), պանդուխտները ժողովրդական երգերու մէջ յիշուած հայրենաբաղձ գաղթականներ են:  Համալները, մեծամասնաբար անգրագէտ են, եւ կը բնակին հաւաքական պանդոկներու` խաներու մէջ: 1875-ին Պոլսոյ մէջ անոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 45.000-ի: Անոնց միջոցով է, որ հայ մտաւորականութիւնը կը ծանօթանայ երկրի իրականութեան: Տես նաեւ` V. Kh. Davidian, Simon Hagopians՛s Hamal painting and Hrant՛s Letters of the bantoukhd, Ph. University of London, 2013:
89.- Եկեղեցին կ՛արգիլէր ամուսնութիւնը ընտանիքի անդամներուն միջեւ՝ մինչեւ «եօթը պորտ» (ինչ որ կը համապատասխանէ երրորդ աստիճանի ընտանեկան կապակցութեան):
90.- Ընտանիքը կրնար իր տանիքին տակ համախմբել մինչեւ 30-40 հոգի: Տես. J.P. Mahé, Structures sociales et vocabulaire de la parenté et de la collectivité en arménien contemporain, Revue des Etudes Arméniennes 18, 1984, էջ 327-345:
91.- Հրատարակուած` «Մանզումէի Էֆքիարի» թիւ 414-ին մէջ, 1902: Պատմուածքը կը ներկայացնէ Հայկանուշի` Գեղամի աւագ աղջկան կերպարը: Աւանդական սովորոյթներուն հետեւելով` ան իր դեռատի աղջիկը ամուսնացուցած էր անծանօթի մը հետ: Հայկանուշին մահը իրեն համար յաճախանք պիտի դառնար, մինչեւ` կեանքին վերջը:
92.- Թոնիրը կեդրոնական ջեռոց մըն է` փորուած գետնին մէջ, որուն պատերուն վրայ կը թխուի թթխմորով պատրաստուած հացը: Երբ հանգած է, անոր տաքութենէն օգտուելով` տնեցիները կը համախմբուին անոր շուրջ:
93.- «Փոր-մշակը», «Մասիս», 15, 1902:
94.- Առանձնաշնորհեալներու մօտ նախնիներէն ժառանգուած մատեան: (Հոգեւորական, բանաստեղծ, փիլիսոփայ` Գրիգոր Նարեկացիի Մատեան ողբերգութեանը, որ կը կոչուի նաեւ Նարեկ):
95.- «Թղթաբաց», «Մասիս», 14, 1902: «Վեցհազարեակն ու թղթարար Մարտոն», «Արեւելք», թիւ 5277-5289, 1903:
96.- Հրատարակուած` «Արեւելք»-ի մէջ, 1896, թիւ 3685-3750, եւ ամբողջութեամբ վերարտադրուած` «Տարօնի աշխարհ»-ին մէջ (մէջբերուած` թիւ 5), էջ 209293:
97.- «Տարօնի վանքեր»-ը (մէջբերուած` նոթ թիւ 6), էջ 90-94: Յիսուն վանքերու բացատրական ցանկ:
98.- Նոյն տեղը, էջ 61-67:
99.- Նոյն տեղը, էջ 19-59:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>