Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հայրենադարձութեան Ծրագիր Կը Մշակէ
Սփիւռքի նախարարութիւնը ծրագրած է 2018-ին ձեռնարկել հայրենադարձութեան վերաբերող հայեցակարգի, ինչպէս նաեւ օրէնքի մշակման: Այս մասին տեղեկացուց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը` պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումին, թէ արդեօք իրատեսական կը համարէ՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` 2040-ին 4 միլիոն բնակիչ ունենալու տեսլականը:
Հ. Յակոբեան յայտնեց, որ պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մարդիկ շահագրգռել` Հայաստան գալու, այստեղ աշխատելու եւ ապրելու համար:
«Ես կը կարծեմ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, ուրեմն նաեւ հաշիւներ, մօտեցումներ, ճշգրտումներ կատարուած են: Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին` ո՛չ միայն բնական, այլ նաեւ մեքենական աճին, մենք 2018 թուականին նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքները. փաստօրէն պիտի մշակենք հայեցակարգ, ուսումնասիրած ենք ուրիշներու փորձը, պիտի մշակենք օրէնք` հայրենադարձութեան մասին, մասնագիտական հայրենադարձութեան համար կը փորձենք աշխատանքներ իրականացնել», ըսաւ նախարար Յակոբեան:
Ըստ սփիւռքի նախարարին, հայրենադարձութեան համար հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ:
«Մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի կարելիութիւնները ներկայացնել` ի՞նչ կրնանք իրենց առաջարկել, մենք կարիք ունինք ինչպիսի՞ մասնագէտներու, որո՞նք պէտք է հրաւիրենք, պայմաններ ստեղծենք: Եթէ անոնք այնպիսի մասնագէտներ են, որոնք պէտք են Հայաստանին, եւ Հայաստանի մէջ նման մասնագէտներ կա՛մ չկան, կա՛մ քիչ են, ի հարկէ պէտք է մտածել անոնց համապատասխան աշխատավարձ տալու մասին, պայման ստեղծելու մասին, որ մարդը գայ: Միայն հայրենասիրութեան մղումով եթէ գայ, կանգնի փողոցը, ատիկա հայրենադարձութիւն չ’ըլլար: Հետեւաբար որոշ պայմաններ պէտք է առաջարկենք: Իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ առաջարկներ ներկայացնէ, եւ մենք փորձենք ընդհանրացնել, ի մի բերել: Լուրջ բան են հայրենադարձութեան նախապատրաստական, կազմակերպչական աշխատանքները»:
Դաշնակցական Երիտասարդները Մասնակցած Են «Հայկական Կուսակցութիւններու Երիտասարդական Ֆորում»-ին
«Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»-ին կողմէ Արցախի մէջ հոկտեմբեր 28-29-ը կազմակերպուած «Հայկական կուսակցութիւններու երիտասարդական ֆորում»-ին մասնակցած են նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները:
Երիտասարդները Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցած են քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան հետ, հնչեցուցած են իրենց յուզող հարցերը եւ անոնց լուծման տարբերակներ առաջարկած են: Ֆորումի աշխատանքները եզրափակուած են մասնակից կազմակերպութիւններու կողմէ հետագայ համագործակցութեան ուղիներու վերաբերող յայտարարութեամբ:
ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Մերուժան Սուլէյմանեանը նշած է, որ դաշնակցական երիտասարդները աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են ֆորումին, նաեւ աւելցուցած է, որ փափաքելի է այն, որ պարբերական բնոյթ կրէ եւ յստակ ծրագիրներու շուրջ որոշումներ ընդունուին:
Արեւմտահայութիւնը Պետական Հոգածութեան Տակ Է. Հրանուշ Յակոբեան
Հոկտեմբեր 26-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ, նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի եւ ՀԲԸՄ հայկական անհատական համալսարանի աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի զարգացման, անաղարտութեան պահպանման, կանոնակարգման ռազմավարութեան եւ հեռահար ուսուցման մասին տեսաժողով:
Հայաստանի տեսաժողովին մասնակցած էին` Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ Եուրի Աւետիսեանը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիքթոր Կատվալեանը, հիմնարկի գիտաշխատողներ Յակոբ Չոլաքեանը եւ Անի Ֆիշենկճեանը, ՀԲԸՄ Հայկական անհատական համալսարանի նախագահ Երուանդ Զօրեանը, տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը, համալսարանի սուրիահայ մանկավարժ Զեփիւռ Խաբլիկեանը, Հիբրիտ ծրագրի ղեկավար Արփինէ Թաւաքալեանը, վարչական գծով տնօրէն Գառնիկ Սեւոյեանը, Մատենադարանի գիտաշխատող Միհրան Մինասեանը, Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի օգնական Քնարիկ Աբրահամեանը, իրաքահայ հասարակական գործիչ Վարանդ Պետրոսեանը, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային կայքի արևմտահայերէնի թարգմանիչ Սօսի Աւագեանը:
Քննարկման Լիբանանէն հեռակապով մասնակցած են` Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեանը, Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեանը, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն Արմէն Իւրնէշլեանը:
Ողջունելով ներկաներուն` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը մասնաւորապէս նշեց. «Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ, մենք կը մշակենք արեւմտահայերէնի զարգացման, անաղարտութեան պահպանման, կանոնակարգման ռազմավարութիւն, եւ այսօր մեր նպատակը բոլոր այն առաջարկներուն, տեսակէտներուն, ծրագիրներուն համախմբումն է, որոնք կ՛օգնեն ամբողջացնելու եւ ստեղծելու մէկ հիմնական, միասնական ռազմավարութիւն: Այսօր Հայաստանի պետական, ակադեմական շրջանակներու մէջ այս հարցը առաջնային է, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկը, պետական կառոյցները, անհատ նուիրեալները, մասնագէտները կը զբաղին արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման հիմնական հարցերով, եւ ես ուրախ եմ, որ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ սփիւռքահայ դասախօսներ, ուսուցիչներ, ոլորտի գիտակներ: Այսօր արեւմտահայերէնը պետութեան հոգածութեան տակ է»: Նախարարը ընդգծեց, որ սփիւռքի մէջ անաղարտ արեւմտահայերէնը կիրարկելի պիտի ըլլայ ե՛ւ դպրոցի, ե՛ւ ընտանիքի, ե՛ւ համայնքային կեանքի մէջ: «Հայաստանի մէջ եւս պիտի պատրաստուին արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, աւագ դպրոցներու մէջ պիտի ուսուցանուի արեւմտահայերէնը` արեւմտահայ գրականութեան զուգահեռ», նշեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը բարձր գնահատեց այսպիսի տեսաժողովներու կազմակերպումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց` նպաստելու համայնքին մէջ լեզուի պահպանման եւ զարգացման:
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեանը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց անդամակցելու Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի լեզուի հիմնարկին մէջ ստեղծուած` արեւմտահայերէնի պահպանման ուղղուած աշխատանքներ իրականացնող աշխատանքային խումբին եւ ներկայացուց նիւթին վերաբերող շարք մը առաջարկներ:
Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն Արմէն Իւրնէշլեանը ընդգծեց արեւմտահայերէն մանկապատանեկան գրականութեան, ժապաւէններու, գծանկարային ժապաւէններու սակաւութեան հարցը:
«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանը նշեց, որ այսօր կարիքը կայ նաեւ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն մասնագիտական բառապաշարներու մերձեցման եւ զարգացման:
ՀԲԸՄ «Հայկական վիրտուալ համալսարան»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեան ներկայացուց անհատական համալսարանի գործունէութիւնը եւ արեւմտահայերէնի տարածման ու զարգացման կարելիութիւնները հեռակայ ուսուցման միջոցով: «Արդէն 20 տարի աշխարհի մէջ լայնօրէն կը կիրարկուի ելեկտրոնային ուսուցումը: Օգտագործելով նորագոյն արհեստագիտութիւններու ընձեռած կարելիութիւնները` մենք 2004 թուականէն սկսեալ կը զբաղինք հեռակայ ուսուցմամբ` ներկայացնելով հայերէնը` իր երկու ճիւղերով, հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը, իսկ ահա վերջերս լայն տարածում գտան նաեւ ճատրակի առցանց դասընթացքները: Մինչեւ օրս ունեցած ենք մօտաւորապէս 23 հազար ուսանող, եւ 35 հայկական դպրոցներ արդէն իսկ կ՛օգտուին մեր դասընթացքներէն: Ունեցած ենք 7-է մինչեւ 83 տարեկան ուսանողներ», նշեց Երուանդ Զօրեանը:
«Հայկական անհատական համալսարան»-ը կ՛իրականացնէ նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղղուած շարք մը ձեռնարկներ` դասընթացքներ անհատներու համար, ուսումնական ծրագիրներ դպրոցներու համար, մշակութային միջոցառումներ, ելեկտրոնային գիրքեր եւ այլն: «Ես շատ ուրախ եմ, որ ուսանողներ ունենալով Եգիպտոսէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ` մենք նաեւ կը ստեղծենք մեծ ցանց մը, ուր տարբեր համայքներու հայերը կրնան ծանօթանալ, մտքեր փոխանակել, նոր ծրագիրներ ստեղծել», ընդգծեց Զօրեանը:
Յայտնենք, որ ելոյթներ ունեցան նաեւ` Մատենադարանի գիտաշխատող Միհրան Մինասեանը, իրաքահայ հասարակական գործիչ Վարանդ Պետրոսեանը, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային կայքի արեւմտահայերէնի թարգմանիչ Սօսի Աւագեանը:
Մարտունիի Մէջ Նուռի Փառատօն
Հոկտեմբեր 29-ին Մարտունիի մէջ կազմակերպուեցաւ նուռի փառատօն:
Այս փառատօնը կազմակերպուած էր Մարտունիի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գասթլօ Մկրտչեանի նիւթական օժանդակութեամբ:
Այս ցուցահանդէսին մօտաւորապէս 55 տաղաւարներով իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի նուռի մշակումով զբաղող պարտիզպաններ: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սահակ վրդ. Շաքարեանը:
«Նուռը միասնութեան խորհրդանիշն է, եւ նռան հատիկներուն պէս այսօր մենք միասնութեան խորհրդով հաւաքուած ենք` սիրով վայելելու բարի պտուղներ», ըսաւ Սահակ վրդ. Շաքարեանը:
Փառատօնին ներկայ էր նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանը, որ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց տաղաւարները: Նախագահը կարեւոր նկատեց փառատօնին կազմակերպումը` տեղական արտադրանքին ներկայացման եւ արտադրողներու խրախուսման տեսանկիւնէն եւ շեշտեց, որ ան պէտք է դառնայ աւանդական:
Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը նշեց, որ Մարտունիի շրջանը խորհրդային տարիներէն ծանօթ է նուռի մեծածաւալ արտադրութեամբ: «Ուրախալի է, որ լաւագոյն աւանդոյթները այսօր կը շարունակուին: Կը կարծեմ` շատ խորհրդանշական է այսօրինակ փառատօնի կազմակերպումը յատկապէս Մարտունիի մէջ, ուր ընդգրկուած են նաեւ մեր հանրապետութեան միւս շրջաններուն պարտիզպանները: Ինչպէս արդէն յայտարարուած է, նուռի արտադրութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պիտի դառնայ տարեվերջին ընդունուելիք գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգի հիմնական ծրագիրներէն մէկը: Կը նախատեսուի պետական մեծածաւալ միջոցներու յատկացում, որպէսզի Արցախը շատ շուտով տարածաշրջանին մէջ դառնայ նուռի արտադրութեամբ զբաղող ամէնէն մեծ երկրամասերէն մէկը», ըսաւ նախարարը:
Մարտունիի վարչակազմի ղեկավար Կարէն Թովմասեանը իր կարգին նշեց, որ վերջին տարիներուն Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուող փառատօնները ցոյց կու տան, որ մեծ կարելիութիւն ստեղծուած է, ոչ միայն բացայայտելու տուեալ շրջանին ներուժը, այլեւ` նոր կապեր ստեղծելու տեղի եւ դրացի շրջաններէն եկած արտադրողներու, նաեւ վերամշակող կազմակերպութիւններու հետ: «Նուռի աճեցումին եւ մշակումին համար շրջանի հարթավայրային գօտիները շատ յարմար են` բնական կլիմայական առումով, սակայն հիմնական հարցը, որ ունին տեղի պարտիզպանները, ոռոգման ջուրի պակասն է, որ հնարաւոր է լուծել ջրհորներու կառուցումով, որ կը խթանէ շրջանի պարտիզպանութեան զարգացումը եւ, յատկապէս, նուռի արտադրութեան ծաւալներու մեծացումը: Յոյսով ենք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան դրամահաւաքի ծրագրով կը լուծուի այդ հարցը», ըսաւ Կարէն Թովմասեան:
Փառատօնին սեփական արտադրութիւնը վաճառքի հանած Մարտունիի Խնուշինակ համայնքէն Հրանդ Շաքարեանը կը յայտնէ, որ նուռի մշակումով կը զբաղի արդէն իսկ եօթը տարիէ ի վեր:
Իսկ Ասկերանի շրջանի Վարդաձոր գիւղէն եկած Եուրա Մելքումեանը յայտնեց, որ այս փառատօնը լաւ կարելիութիւն է վաճառելու ստացուած բերքը եւ նոր ծանօթութիւններ ստեղծելու: «Արտադրողը միշտ չէ, որ կը կարողանայ յարմար գինով վաճառելու իր բերքը, որովհետեւ մեծ ծաւալներու պարագային, կը փնտռենք մեծ քանակով գնող գնորդներ: Այսպիսի միջոցառումները կարելիութիւն կը ստեղծեն նոր գնորդներու հետ ծանօթանալու, անոնց հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերելու, որ աւելի շահաւէտ է», եզրակացուց ան:
Համերգային ծրագրով հանդէս եկան շրջանի բնակչութեան ծանօթ երգիչներ: Փառատօնը աւարտեցաւ տօնական հրավառութեամբ:
Նուռը ե՛ւ իր խորհրդանշական իմաստով, ե՛ւ իբրեւ ազգային զարդատեսակ շատ օգտագործուած է հայկական ճարտարապետութեան, գորգագործութեան, կիրառական արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ: Նուռը ներշնչած է նաեւ հանճարեղ Սերգէյ Փարաճանովը, որուն հանրայայտ ժապաւէնը` «Նռան գոյնը» անոր գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի:
Արդի հայ կիրառական արուեստին մէջ, իբրեւ հայկական յուշանուէր, շատ տարածուած են փայտէ, կաւէ եւ արծաթէ պատրաստուած նուռի գեղօրները, կնոջական զարդարանքները եւ այլն: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս Հայաստանի մէջ նուռը կ՛օգտագործուի բուժիչ նպատակներով, իսկ նուռի գինին իր ուրոյն տեղը ունի հայկական գինեգործութեան մէջ:
Թալիշը Նոր Շունչ Ստացաւ
Անցեալ տարուան քառօրեայ պատերազմէն ամէնէն աւելի տուժած գիւղը` Թալիշը նոր շունչ ստացաւ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի աջակցութեամբ, ներդրում կատարած է մօտաւորապէս 541 միլիոն 331 հազար 200 դրամ` Թալիշի զարգացման համար`
– Գիւղապետարանի, բուժկէտի եւ ակումբի վերակառուցում,
– Հանդիսութիւններու տան շէնքի վերակառուցում,
– Գիւղապետարանի եւ հանդիսութիւններու սրահի շէնքերու տարածքի բարեկարգում,
– 18 տան վերակառուցում եւ վերանորոգում:
Նմանատիպ ծրագիրներ իրականացուած են նաեւ Մարտակերտի շրջանին մէջ, վերակառուցուած են բազմաթիւ բնակելի տուներ:
Եդուարդ Եւ Վերժին Մսըրլեաններու Աջակցութեամբ Շուշիի Մէջ Նոր Մանկապարտէզ Կը Բացուի
Նախագահ Բակօ Սահակեանի ներկայութեամբ, Շուշիի մէջ, 10 հոկտեմբերին բացուեցաւ նոր մանկապարտէզ մը` Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ տէր եւ տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ:
Նախագահ Սահակեան նախադպրոցական ցանցի ընդլայնումը Շուշիի մէջ նկատեց քաղաքի զարգացման կարեւոր գրաւականներէն մէկը եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերար Մսըրլեաններուն` նախագիծի իրականացման համար:
Նախագահը մեծապէս գնահատեց այս աջակցութիւնը` զայն նկատելով հայրենասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:
Նշենք, որ Մսըրլեանները տարիներէ ի վեր Շուշիի մէջ իրենց սեփականութիւնը հանդիսացող կալուածի մը վրայ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներու ցանցին մաս կազմող մանկապարտէզ մը կը հովանաւորէին` հոգալով անոր տարեկան ծախսերը:
Մսըրլեանները տակաւին կը շարունակեն իրենց աջակցութիւնը ՀՕՄ-ի Շուշիի մանկապարտէզին:
Գեղարօտ Համայնքը Նորակառոյց Եկեղեցի Ունեցաւ
Արագածոտնի մարզի Գեղարօտ համայնքին մէջ հոգեւոր զարթօնքի իրական տօնախմբութիւն կար: Գեղարօտցիներուն եւ բոլոր հաւատաւորներուն առջեւ իր դռները բացաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ անունը կրող նորակառոյց եկեղեցին: Անով իսկ իրականացաւ համայնքին վաղեմի երազանքը` ունենալ գործող աղօթատեղի, ուր կ՛իրականացուին հաւատքի, հոգեւոր ապրումներու յագուրդ տալու իրենց պահանջները:
Նորակառոյց եկեղեցին իրականութիւն դարձաւ` շնորհիւ ծնունդով գեղարօտցի Կարլեն Գէորգեանի ազգանուէր բարերարութեան, որուն նուիրատուութեան եւ մեծ ջանքերուն, շնորհիւ` կառուցուած է եկեղեցին, բարեկարգուած է շրջակայքը, պատրաստ` գրկաբացօրէն ծառայելու հաւատացեալ հանրութեան:
Նշենք, որ բացման արարողութեան ներկայ էին Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեանը, Նիգ-Ապարան հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան պատուաւոր նախագահ Աղուան Յովսէփեանը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը կատարած է Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանը: Ան օրուան խորհուրդը ընդհանրացուց պատկերաւոր խօսքով` հայ եկեղեցին համեմատելով Նոյեան տապանի հետ` իբրեւ հոգիի փրկութեան մեծ հանգրուան եւ հայրական տան հետ` իբրեւ ծնողական սիրոյ եւ նեղուած հոգիի փարատման սրբազան օրրան:
Եկեղեցին իբրեւ ընծայ ստացաւ իր առաջին սրբապատկերը, եւ կատարուեցաւ առաջին մոմավառութիւնը:
Հաղորդենք, որ եկեղեցւոյ բացման առիթով հնչեցին շնորհաւորական եւ երախտագիտական խօսքեր: Դպրոցականները տօնը ճոխացուցին իրենց երգ ու պարով: Տօնական օրը շարունակուած է մատաղի մատուցումով եւ աւանդական հիւրասիրութեամբ:
Արցախի Մէջ 7 Բազմազաւակ Ընտանիքներ Նոր Տուներ Ստացան Հիմնադրամէն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 2015-2016 թուականներու հեռուստամարաթոններուն հաւաքուած հանգանակութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու ֆինանսաւորման շնորհիւ կը շարունակէ Արցախի մէջ 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներուն սեփական տուներ նուիրել:
Հոկտեմբեր 23-27 տուներ ստացան Արցախի Ասկերան, Մարտունի, Շահումեան, Հադրութ, Քաշաթաղ շրջաններու Նորագիւղ, Վարանդա, Չարեքթար, Խանձաձոր եւ Վուրգավան գիւղերու բազմազաւակ 7 ընտանիքներ: 7 ընտանիքներու բնակարանամուտերու հովանաւորութիւնը ստանձնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող մեր հայրենակիցներուն` Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեաններուն, Գրիգորեաններ ընտանիքի եւ Ճերի Թրփանճեանին շնորհիւ:
Նորագիւղի մէջ տուն ստացած Շահպազեաններուն եւ Վարանդայի մէջ տուն ստացած Պաղրեաններուն եւ Մուսայէլեաններուն բարերարը ամերիկահայ Անդրանիկ եւ Սեդա Պաղտասարեաններն են: Անդրանիկ Պաղտասարեանը մեծանուն Քըրք Քըրքորեանէն ետք հիմնադրամին միանուագ նուիրատուութիւն կատարած ամէնէն մեծ բարերարն է: Պաղտասարեանի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ` նաեւ կարելի եղաւ կառուցել հիմնադրամին ամէնէն ծաւալուն ծրագիրներէն Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը եւ Թալիշի մէջ իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ:
Չարեքթար գիւղի մէջ Աղաճանեաններն ու Կանդուցները, իսկ Վուրգավանի մէջ Գոքորեանները այսուհետեւ սեփական յարկի տակ պիտի ապրին ամերիկահայ բարերար Ճերի Թրփանճեանի ֆինանսաւորման շնորհիւ: Ճերի Թրփանճեանը այս տարուան մայիսին հովանաւորած էր եւս մէկ բազմազաւակ ընտանիքի բնակարանամուտը Քաշաթաղ շրջանի Միրիկ գիւղի մէջ: Թրփանճեանի հովանաւորմամբ նաեւ կառուցուած են շարք մը դպրոցներ Արցախի մէջ:
Իսկ Քարամեաններու բազմազաւակ ընտանիքը Խանձաձորի մէջ տուն ստացաւ ամերիկահայ բարերարներ Գրիգորեաններու ընտանիքին հովանաւորութեամբ:
Իւրաքանչիւր տուն բաղկացած է 4 սենեակէ, կը համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն, լիովին կահաւորուած եւ ապահովուած է տաք ու պաղ ջուրով, ինչպէս նաեւ` օդափոխութեան համակարգով: Տուներու շինարարութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հետ միասին վերահսկած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը: