Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

$
0
0

Արիւնահեղ Գօտեմարտեր Չոնկչոն Գետի Ափերուն Եւ Ամերիկեան Ուժերուն Նահանջը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Չինական ուժերու յարձակում

Չինական ուժերու Քորէա մուտքէն քանի մը օր ետք Սթալին որոշեց օդային պաշտպանութիւն տրամադրել: Սակայն խորհրդային «Միկ 15» օդանաւերը ռազմաճակատի գիծերուն պիտի չմօտենային եւ հարիւր քիլոմեթրէն աւելի մօտ պէտք չէ թռչէին:

Չինացիք, սահմանային գօտիին մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելէ եւ ամերիկեան ու հարաւքորէական ուժերը որոշ հեռաւորութեան վրայ ետ մղելէ ետք, որոշեցին 1950 նոյեմբերի վերջաւորութեան սկսիլ երկրորդ յարձակողականը, որուն նպատակակէտը Փիոնկեանկի եւ Սէուլի ազատագրումը պիտի ըլլար:

Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը Չոնկչոն գետի ափերուն կեդրոնացած էին, չին-քորէական սահմանէն 80 քիլոմեթր հարաւ: Շրջակայ բնակավայրերը` Չոնկճու, Եոնկսան-տոնկ, Իփուք, Քուճանկ-տոնկ, Թոքչոն եւ Եոնկվոն ճակատի գիծերէն որոշ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին: Գլխաւոր ճանապարհը կ՛երկարէր Սինանճուէն Անճու, Քունու-րի եւ Փուքչանկ-նի: Քունու-րիէն հարաւ, դէպի Սունչոն ճամբան կը հասնէր Փիոնկեանկ:

Փիոնկեանկ ռազմական ճամբարի եւ ամերիկեան ուժերու համախմբման կեդրոնի վերածուած էր: Քաղաքի մէջ եւ շրջակայքը ամուր դիրքեր, զինուորական կեդրոններ ու պաշտպանական յենակէտեր հաստատուած էին:

Չոնկչոն գետի հիւսիսային բարձունքները ռազմագիտական արժէք կը ներկայացնեն: Չինացիք որոշեցին ամէն գնով նախ բարձունքները գրաւել եւ այնուհետեւ անցնիլ Փիոնկեանկի ազատագրման:

Քորէայի հիւսիսային այդ գօտիին մէջ սաստիկ ցուրտ եղանակ էր եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 34 ցոյց կու տար:

***

Զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր ռազմական ծրագիր մը պատրաստեց, արագ ու վճռական հարուածով մը ճակատի գիծը ճեղքելու, չինական ուժերը երկուքի բաժնելու եւ Եալու գետի ափերը հասնելու համար: Ամերիկեան 8-րդ եւ հարաւքորէական երկրորդ զօրաբանակները ճակատի գիծերուն վրայ կեդրոնացուեցան: Յարձակումը պիտի ղեկավարէր զօրավար Ուալթըն Ուոլքըր: Հարաւքորէական ուժերը կը գտնուէին զօրավար Եու Ճայ Հունկի հրամանատարութեան տակ:

Հարաւքորէական ուժեր Չոնկչոն գետի մօտակայ դիրքերուն մէջ

Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը յարձակումը սկսան 24 նոյեմբեր 1950-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Ամերիկեան ուժերը արեւմուտքէն եւ կեդրոնէն, իսկ հարաւքորէական ուժերը արեւելեան կողմէն սկսան յառաջանալ:

Հարաւքորէական ուժերը յարձակման անցան ճակատի թոյլ նկատուած կէտէն եւ չինական ուժերու ուժեղ կրակին բռնուեցան: Նոյն պահուն ամերիկեան հրետանին գրոհի անցաւ: Չինական յառաջապահ ուժերը չյաջողեցան երկար դիմանալ եւ տկար դիմադրութենէ մը ետք  քանի մը դիրքերէ քաշուեցան:

Քիչ ետք ամերիկեան օդուժը գործի լծուեցաւ, բայց չինական հակաօդային թնդանօթներու կրակին բռնուեցաւ եւ քաշուեցաւ:

Մինչեւ երեկոյ տեւած բախումներէ ետք ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը գրաւեցին Չոնկճուէն Եոնկվոն երկարող գիծը:

Գոհաբանութեան օրն էր եւ ամերիկացի զինուորներուն համար հնդկահաւ պատրաստած էին: Ընթրիքին, զինուորներուն կորովը բարձր էր, ուրախ էին, յաղթանակ արձանագրուած էր եւ կռուի մէջ ուշադրութիւն չէին դարձներ: Ծնունդի գիշերը վերջնական յաղթանակը տօնելու մասին կը խօսէին: Երեկոն տօնական մթնոլորտի մէջ անցաւ:

Այդ գիշեր եւ մինչեւ առաւօտ չինական 230 հազար հոգի հաշուող 13-րդ զօրաբանակէն 130 հազար զինուորներ բարձունքներուն վրայ դիրքաւորուեցան եւ հակայարձակման ծրագիր պատրաստեցին: 6600 զինուորներէ բաղկացած ջոկատներէն առանձին զօրամիաւորումներ կազմուեցան: Սակայն մեքենազէն ուժերը տկար էին եւ չինացիք մտահոգ էին. հետախուզական տուեալները կը հաստատէին, որ ամերիկեան ու հարաւքորէական ուժերը զինական գերակշռութիւն կը վայելեն: Չինացիք յատուկ պատկերացում չունէին հակառակորդի ռազմական ծրագիրներու մասին:

Նոյեմբեր 25-ի առաւօտուն ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը վերսկսան յառաջխաղացքը, բայց կէսօրին կանգ առին: Չինացիք ուժեղ կրակի տակ առին յարձակող ուժերը եւ յարձակման անցան ճակատի ամբողջ երկայնքին:

Անխնայ ռմբակոծումներու տարափին տակ ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը սկսան նահանջել եւ դիրքաւորուիլ:

Եոնկսան-տոնկէն Եոնկվոն երկարող ճակատի գիծին վրայ չինացիք իրերայաջորդ յարձակումներ շղթայազերծեցին: Արեւմտեան կողմէն հարաւքորէական հետեւակազօրքի առաջին զօրագունդը եւ ամերիկեան հետեւակազօրքի առաջին ջոկատը յարձակման ենթարկուեցան չինական 66-րդ զօրագունդին կողմէ: Եոնկսան-տոնկի հարաւքորէական եւ ամերիկեան դիրքերը տկարացան: Կեդրոնի գօտիին` Քուճանկ-տոնկի մէջ չինական 39-րդ եւ 40-րդ զօրագունդերը կռուի բռնուեցան ամերիկեան 9-րդ զօրագունդին հետ: Արեւելեան կողմէն` Թոքչոնէն եւ Եոնկվոնէն չինական 38-րդ եւ 42-րդ զօրագունդերը յարձակման անցան հարաւքորէական երկրորդ զօրաբանակին դէմ:

Չինական զօրքեր յարձակման պատրաստ վիճակի մէջ

Չինական հետախուզական տուեալներ կը հաստատէին, որ հարաւքորէական երկրորդ զօրաբանակը ամէնէն զօրաւորն էր եւ դժուարամատչելի վայրերու մէջ պաշտպանական յենակէտեր հաստատած էր: Հետեւաբար չինացիք որոշեցին հարաւքորէական հետեւակազօրքի 7-րդ զօրագունդի դիրքերուն վրայ յարձակիլ:

Մինչ հարաւքորէական ուժերը պաշտպանական դիրքեր կը հաստատէին, չինական երկու զօրագունդեր հասան Չոնկչոնի ափերը, պատրաստուելով ամերիկեան 8-րդ զօրաբանակի դէմ յարձակումին:

Քիչ ետք չինացիք հասան հարաւքորէական ուժերուն դիմաց եւ անակնկալի բերին զանոնք: Հարաւքորէական ուժերը քանի մը դիրքերէ քաշուեցան:

Չինացիք ամերիկեան գիծերէն ներս անցան եւ սկսան յառաջանալ դէպի Թոքչոն: Երեկոյեան Թոքչոնի ամերիկեան կայազօրը պաշարուեցաւ:

Նոյեմբեր 26-ի առտուան ժամը 4:00-ին չինացիք յարձակման անցան Թոքչոնի ամերիկեան կայազօրին վրայ եւ մինչեւ յետմիջօրէ տեւած կռիւներէ ետք գրաւեցին Թոքչոնը:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ հարաւքորէական ուժերը նահանջեցին դէպի արեւմուտք եւ ամերիկեան հետեւակազօրքի երկրորդ զօրագունդին միացան:

Հարաւքորէական հետեւակազօրքի 8-րդ զօրագունդը նահանջը շարունակեց մինչեւ Եոնկվոն: Քիչ ետք չինացիք գրաւեցին Եոնկվոնը, որմէ ետք հարաւքորէական ուժերը նահանջեցին աւելի հարաւ, դէպի շրջակայ բլուրները: Այնուհետեւ  չինական Մենկսանի յառաջացող ուժերը յարձակման անցան հարաւքորէական կայազօրին վրայ:

***

Ձիւն ու սառնամանիք էր, զինուորները ցուրտէն կը սառէին եւ քաոսային վիճակ ստեղծուած էր: Հարաւքորէական երկրորդ զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Եու Ճայ Հունկ հրամայեց հակայարձակման անցնիլ եւ շրջապատել չինական ուժերը:

Մինչ հարաւքորէական ուժերը հակայարձակման կ՛անցնէին, չինացիք իրենց դիրքերէն յառաջխաղացին եւ հարաւքորէական ուժերը ուժեղ կրակի տակ առնելով ջախջախեցին:

Նոյեմբեր 27-ին հարաւքորէական ուժերը մեծ մասամբ բնաջնջուեցան:

Չինացիք սկսան համախմբուիլ Չոնկչոնի աջ ափին, ամերիկեան 8-րդ զօրաբանակին դիմաց: Զօրավար Ուոլքըր հրամայեց պաշտպանական գիծեր հաստատել:

Ամերիկեան հետեւակազօրքի 9-րդ գումարտակը շարժեցաւ դէպի հիւսիս եւ Չոնկչոն գետի երկայնքին դիրքաւորուեցաւ, իսկ 38-րդ գումարտակը աջ թեւին վրայ կեդրոնացաւ: Չինացիք սկիզբը տկար դիմադրութիւն ցոյց տուին: Ամերիկացիք յառաջացան դէպի Սոմին-տոնկ, որ Քուճանկ-տոնկի եւ Թոքչոնի միջեւ կարեւոր դիրքի վրայ կը գտնուի:

Համեմատական հանդարտութենէ ետք չինացիք յարձակման անցան եւ յառաջացան դէպի Սոմին-տոնկ. այնուհետեւ անոնք քալեցին դէպի Չոնկչոն գետի ափերը, արեւմտեան կողմէն թեւանցեցին ամերիկեան ուժերը եւ գրաւեցին Քուճանկ-տոնկը:

Ամերիկացիք ուժեղ դիմադրութիւն կազմակերպեցին գետը անցնիլ փորձող չինական ուժերուն դէմ եւ ծանր կորուստներ պատճառեցին անոնց: Չինացիք շարունակեցին իրերայաջորդ յարձակումները:

Չինական յարձակումներուն դէմ պաշտպանուելու համար ամերիկացիք սկսան պաշտպանական գիծ հաստատել Քունու-րիի մէջ:

Չինական բանակի հրամանատարութիւնը, զինուորներուն կորովը բարձրացնելու համար այդ երեկոյ համերգ կազմակերպեց: Երգի ու երաժշտութեան ձայները մինչեւ ամերիկեան դիրքերը կը հասնէին:

Նոյեմբեր 27-էն 28 լուսցող գիշերուան ընթացքին չինացիք սաստկացուցին յարձակումները: Ամերիկացիք նահանջեցին դէպի Քունու-րի:

***

Ամերիկեան մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած էին Չոնկչոնի հիւսիսային հարկատու Քուրիոնկ գետի ափերուն: Չինացիք յարձակման անցան Իփսոթի շրջանէն եւ սկսան յառաջանալ: Ամերիկացիք բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ ծանր կորուստներ պատճառեցին յարձակողներուն, բայց յետոյ, Քուճանկ-տոնկի անկումէն ետք, նկատի ունենալով որ չինական ուժերու օղակին մէջ կրնան իյնալ, զօրավար Ուիլսըն հրամայեց քաշուիլ Իփսոթէն: Օդուժի պաշտպանութեան տակ ամերիկացիք սկսան նահանջել: Բայց հետեւակազօրքի 24-րդ գումարտակը չինական ուժերու ուժեղ կրակին բռնուեցաւ եւ մասամբ շրջափակուեցաւ: Նահանջող զօրքի շարքերուն միջեւ կապը կտրուեցաւ: Գնդապետ Ճոն Քորլի միայն մէկ ջոկատ կրցաւ համախմբել եւ ձեռնամարտի մղել: Նոյեմբեր 28-ի երեկոյեան նահանջող զօրքերը հասան ամերիկեան պաշտպանական գիծերը:

Չինական ուժերու յառաջխաղացք դէպի Չոնկչոն

Մինչ Իփսոթի մէջ բուռն կռիւներ կը մղուէին, չինացիք միաժամանակ յարձակման անցան Եոնկսան-տոնկի վրայ, մտան հարաւքորէական դիրքերէն ներս եւ գրաւեցին անոնց պաշտպանական գիծերը: Հարաւքորէական 11-րդ եւ 15-րդ գումարտակները եւ ամերիկեան հետեւակազօրքի 35-րդ գումարտակը կտրուեցան իրենց հրամանատարական կեդրոններէն: Հարաւքորէացիք նահանջի ճամբան բռնեցին, բայց ամերիկացիք պաշարուեցան եւ քանի մը ժամուան կռիւներէ ետք հասան քաղաքին կեդրոնը: Նոյեմբեր 29-ին հարաւքորէական եւ ամերիկեան ուժերը քաշուեցան Եոնկսան-տոնկէն:

***

Քունու-րի գիւղը, Չոնկչոնի հարաւային հարկատու Քեչոնկ գետի ափին, ճամբաներու խաչմերուկ մըն է: Հոն հաստատուած էր ամերիկեան 9-րդ բանակի հրամանատարական կեդրոնը:

Ճակատի գիծը ամրապնդելու համար զօրավար Ուոլքըր հրամայեց պաշտպանական գիծեր հաստատել Քուճանկ-տոնկէն մինչեւ Քունու-րի:

Նոյն ժամանակ Քորէա հասած թրքական բանակի զօրագունդ մը, զօրավար Թահսին Եազըճըի հրամանատարութեամբ, դիրքաւորուեցաւ Քունու-րիի մէջ:

Չինացիք նախ ճամբաները կտրեցին մեկուսացնելու համար Քունու-րին, եւ այնուհետեւ նոյեմբեր 28-ին յարձակման անցան: Ամերիկացիք հրետանային կրակի տակ առին յարձակողները եւ աշխատեցան կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը, բայց չյաջողեցան եւ իրենց յառաջապահ դիրքերէն քաշուեցան: Դիրքէ դիրք բուռն կռիւներ մղուեցան:

Թրքական զօրագունդը ճակատի գիծէն 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Սինեմրիի մէջ տեղակայուեցաւ: Նոյն պահուն չինական 342-րդ զօրագունդը յարձակեցաւ թրքական դիրքերուն վրայ եւ պաշարեց զանոնք: Բուռն կռիւներէ ետք, յաջորդ առտու թրքական զօրագունդը դուրս եկաւ պաշարման շղթայէն եւ ամերիկեան հետեւակազօրքի 2-րդ գումարտակին միացաւ:

Ամերիկեան հետեւակազօրքի 23-րդ գումարտակը Քունու-րիէն հիւսիս պաշտպանողական գիծեր հաստատեց:

Ամերիկեան ուժերու յառաջխաղացք 24 նոյեմբեր 1950-ին

Նոյեմբեր 29-ի առաւօտուն ամերիկեան հետեւակազօրքի 38-րդ գումարտակը հրաման ստացաւ Քունու-րիէն հիւսիս-արեւելք երկարող բլուրները գրաւել: Բայց մինչ այդ չինական 112-րդ զօրագունդը սկսաւ տարածուիլ բլուրներուն վրայ: 38-րդ գումարտակը աւելի ցածադիր լանջերը գրաւեց: Ամերիկեան եւ չինական զօրքերը իրարմէ մէկուկէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին:

Այդ օրերուն Թոքիոյի մէջ համագումար կար, որուն մասնակցելու գացած էր զօրավար ՄաքԱրթըր: Թոքիոյի մէջ ան իմացաւ, որ ամերիկեան 8-րդ բանակի աջ թեւը եւ թիկունքը վտանգուած են: Ան զօրավար Ուոլքըրի հրամայեց նահանջել, նախքան չինական ուժերը պաշարեն 8-րդ բանակը:

Համագումարի աւարտին, նոյեմբեր 29-ին զօրավար Ուոլքըր հրամայեց 8-րդ բանակի բոլոր միաւորներուն նահանջել եւ պաշտպանական գիծեր հաստատել Սունչոնի շուրջ, Քունու-րիէն 48 քիլոմեթր հարաւ:

Չինացիք յարձակումը սաստկացուցին. ամերիկեան հետեւակազօրքի 2-րդ գումարտակը յաջողեցաւ պահ մը կասեցնել անոնց յառաջքաղացքը եւ փրկել 8-րդ բանակին աջ թեւը:

Երեկոյեան չինական երկու գումարտակներ յարձակեցան հետեւակազօրքի 38-րդ գումարտակին վրայ. ամերիկացիք ուժեղ պաշտպանութիւն ցոյց տուին:

Չինացիք անցան Քեչոն գետը եւ կտրեցին ճամբաները: 38-րդ գումարտակը մեկուսացուեցաւ:

Նոյեմբեր 30-ի առտուան ժամը 4:00-ին 38-րդ գումարտակը անցաւ Քեչոնը: Չինական ուժերը հակակշիռ հաստատեցին Քունու-րիի վրայ:

Զօրավար Փենկ չինական ուժերուն հրամայեց կտրել Քունու-րիէն Սունչոն ճամբան: Սունչոնի շուրջ տեղակայուած էր ամերիկեան 9-րդ բանակը:

Չինացիք պաշարեցին 8-րդ բանակը եւ սկսան  յառաջանալ դէպի Փուքչանկ-նի:

Նոյն ժամանակ Քորէա հասած անգլիական եւ աւստրալիական զօրամիաւորումները ճակատ հասան եւ դիրքեր հաստատեցին Քունու-րիէն Սունչուն ճամբուն վրայ:

Չինական բանակի յարաճուն ճնշումներուն վրայ ամերիկեան ուժերը նահանջեցին եւ յառաջացեալ դիրքերը լքելով Սունչոնի մէջ կեդրոնացան:

Քանի մը օր տեւած կռիւներու ընթացքին ամերիկացիք տուին շուրջ 11 հազար զոհ. չինացիք եւս ծանր կորուստներ տուին, տալով շուրջ 45 հազար սպաննուած եւ վիրաւոր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>