Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

$
0
0

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Երաժշտական Թռիչքով

Երեւանի երաժշտանոցի ուսանող-ջութակահար Մարիամը իր հպարտութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ռուսական «Աէրոֆլոթ» ազգային օդանաւային ընկերութեան օդանաւերէն մէկը` «Պոյինկ 777», կոչուած է հայ համբաւաւոր երաժիշտ – յօրինող Առնօ Բաբաջանեանի անունով, տաղանդաւոր հայու յիշատակը անմահացնելու նպատակով:

Մարիամը գոհունակութեամբ յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը, Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան համապատասխան մարմինին գործակցութեամբ, մօտերս պիտի իրագործէ Հայաստան ¬ Չինաստան ուղղակի թռիչքներու պաշտօնական ծրագիր:

Բայց Մարիամի` հայու հպարտութեան թռիչքը հոս կանգ չ՛առներ, քանի իր ազգականներէն մէկուն օդաչու ըլլալու հանգամանքին բերումով, յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ համագումարեալ ու շահագրգիռ ներկաներուն` պատմելով, որ վերջերս Պոլսէն դէպի բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական բաժինը թռիչք իրագործող «Աթլաս կլոպալ» ընկերութեան մէկ օդանաւը տեղատարափ անձրեւի, խոշոր կարկուտի ու ահաւոր մրրիկի բռնուելով` օդին մէջ լուրջ վնասի ենթարկուած է, օդանաւին ապակիները փշրուած են եւ 121 ճամբորդները ահ ու սարսափի պահեր ապրած են:

Կայծակնահար օդանաւի օդաչուն Ալեքսանտր Յակոբով անունով հայ մըն էր, Ուքրանիոյ քաղաքացի: Հայազգի օդաչուն, թռիչքի վերադարձին, Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Պորոշենքոյին կողմէ պարգեւատրուեցաւ երկրի «Արիութիւն» մետալով:

Ահա՛ տարբեր ոլորտներու ցոլացումը արտայայտող օրինակներ` հայութիւն, հայկականութիւն դրսեւորելու, անոնցմով հպարտանալու, որոնք կը դրսեւորուին ամէն առիթով, մեծ թէ փոքր յաղթանակի, զուսպ թէ ուռճացած հռետորութեամբ, հայու անփոխարինելի վիպապաշտութիւնը արտայայտելու համար:

Թերեւս այս ալ տարաբնոյթ ազդեցութիւն բանեցնող այլ ձեւ մըն է` թաքնուած հայկական չյագեցած ապրումի մը տարբերակը որոնելու, զանազանելու, հոգեկան երաշխիքի մը պատմուճանին տակ խորքային ու չդրսեւորուած հայկականութիւն մը մեկնաբանելու յոյսով:

Իւրաքանչիւր մարդու նկարագիրն ալ, կարծես, կը ձեւաւորուի ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացումներու եւ ազդեցութիւններու անսպառ աղբիւրէն:

Բաղդատականը հետաքրքրական է, քանի հայը,  քիչ մը ամէն տեղ, ինքզինքին համար դրական կարծիք ունի, որովհետեւ իր ժամանակի արհեստագիտութեան հետ անմիջականօրէն յառաջադէմ ու ստեղծարար տեսակէտ ու կեցուածք կը դրսեւորէ, ընդհանրապէս` մեծ դիւրութեամբ:

Հիմա, ի՜նչ ըսենք, պատահական չէ, որ Հայաստանը դէպի դուրս տաղանդներ կը պատուաստէ համամարդկային արժէքներու չափանիշները իր արժեչափերուն ներդաշնակելու եւ իր զարգացող նոր պայմաններուն պատշաճեցնելու համար: Մխիթարական խոստումնե՜ր:

Կը նշեմ այս բոլորը պարզ ոճով ու ամենայն ազնուութեամբ, որպէսզի աւելի բարդ ու խրթին վերլուծումներու չթափանցեմ ու անոնց ոլորապտոյտին մէջ չկորսուիմ:

Ճիշդ է, որ մարդկային գիտութեան տարբեր ու տարբեր մասնագիտութիւններ կան, որ կ՛ուսումնասիրեն կեանքը տարբերակուած անկիւններէ` իր բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ իւրայատկութիւններով, հանգրուաններով ու մասնագիտացած չափանիշներով:

Այվազովսքիի Յուշադրամը

Օտար լեզուներու թարգմանիչ Նուէրը, որուն ընտանիքը արտագնայ աշխատանքի պատճառով Ուքրանիա կը գտնուի, հայավարի ոգեւորութեամբ պատմեց, թէ իր ծնողքէն տեղեկացած է, որ Ուքրանիոյ Ազգային դրամատունը վերջերս շրջանառութեան դրած է աշխարհահռչակ հայազգի ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200¬ամեակին նուիրուած նամականիշ ¬ յուշադրամ մը` «Ուքրանիոյ երեւելի անձերու» շարքի ծիրէն ներս:

Յաւելեալ տեղեկացուց, որ այս տարի Ուքրանիոյ մեծագոյն թանգարաններու մէջ կը ցուցադրուին հայազգի ծովանկարիչին ծանօթ ու մեծ համբաւի տիրացած շարք մը ծովանկարներ: Աւելի՛ն. երկրին մէջ Այվազովսքիի յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական բազմատեսակ ելոյթներ ու ձեռնարկներ կը կազմակերպուին:

Նուէրը վերոյիշեալ ուրախ տուեալները հաղորդելէ ետք, նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ Փարիզի մէջ կայացած «Հայաստանի արուեստը» աճուրդի մը ընթացքին վաճառքի հանուած է Այվազովսքիի «Հայերու ջարդը Մարմարայի ծովուն վրայ» 1886 թուականի ստեղծագործութիւնը, եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք անոր հարազատ վայրը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը չէ՞, եւ թէ` Հայաստանի իշխանութիւնները այդ պաստառին համար պահանջուած 200.000 եւրոն չէի՞ն կրնար ապահովել` առնուազն դիմելով քանի մը մեծահարուստ հայերու, կամ բարերարներու օգնութեան, որպէսզի այս ստեղծագործութիւնն ալ օտար հաւաքածոներու մաս կազմելու փորձութենէն զերծ կացուցուի:

Քիչ թէ շատ հայը կը յատկանշուի փոխադարձ վստահութեան պակասով, եւ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն վերջնական արդիւնքը ընդհանրապէս դժուար կը չափուի, չըսելու համար` անհակակշռելի համեմատութիւններով:

Պահու մը, երբ հնագէտ, թէ հնագիտական գործերով պարապող հայեր, Լոնտոնի, Փարիզի, Յունաստանի, Ամերիկայի, մանաւանդ Պոլսոյ մէջ թէ այլուր, գուրգուրանքով հայկական հնագիտական իրեր կը գնեն ու Հայաստանի թանգարաններուն կը նուիրեն, ուրիշներ ալ մեր հնամենի պատմութենէն հարստանալ կը հետապնդեն` նոյնիսկ թուրքերուն վաճառելով մեր աւանդական պատմութեան անգտանելի գեղօններ:

Մարդկային արժէքներու բաղադրութեամբ խաղալը դժուար, միաժամանակ դիւրին բան է կ՛երեւի:

Պատմութեան մէջ հայը միշտ քանի մը տեսակ եղած է, այս շարժուն ու յարափոփոխ աշխարհի քաղաքական քաղաքակրթութեան հետ կապեր ունենալով, կամ` չունենալով, երբ յատկապէս կ՛ինքնասնուցուի իր ապրումներով, մերթ սպիտակ, մերթ սեւ, մերթ բնորոշիչ` իր ծագումին:

Մարդիկ կան, որոնք կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շատ լաւ բան ըրած են հայրենիքին համար, ուրիշներ ալ շատ քիչ ու վատ բաներ ըրած են: Պատճառը այն է, որ Հայաստանը իր ապրած քաղաքական անիրապաշտութեամբ բազմաթիւ երեսներով երկիր մը եղած է եւ միաժամանակ զոհ դարձած` նախ իր խօսքերուն, ապա նաեւ` իր գործերուն:

Արժէքները ֆոլքլոր չեն եւ Հայաստանի ու հայերու պատմութիւնը սա կամ նա ձեւով պիտի գրուի ու կարդացուի իր իսկ պարտադրած բախտորոշ ժամանակի զուգակշիռներով:

Վերջին խօսքը անշուշտ հանրային շահին կը պատկանի, զգուշ ըլլալով, որ որեւէ պարագայի չպատժենք առաքինութիւնը, չպատժենք խոհեմութիւնը ու իմաստութիւնը:

Պատմական արժէքները ռումբի ծանրութիւն ունին: Չմոռնա՛նք:

Ազդեցիկ Հայեր

Ընկերաբանութեան ճիւղի իր ուսումը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ամբողջացուցած Ռուբէնը պարզեց, որ վերջերս ռուսական հաղորդակցական միջոցներուն մէջ հրապարակուած են տարբեր ոլորտներու աշխարհի 150 ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն անունները, որոնց մէջ կան նաեւ հայեր, ինչպէս` մեծահարուստ գործարարներ Ռուբէն Վարդանեանը եւ Սերգէյ Սարգիսովը, արուեստագէտ եւ աշխարհահռչակ ջութակահար Վլատիմիր Սպիվաքովի կողակից Սաթի Սպիվաքովա, որ իր արուեստին առընթեր, կը վարէ հեռատեսիլի համբաւաւոր յայտագիրներ, տակաւին` ճաշարաններու ցանցի սեփականատէրեր` Արամ Մնացականով ու Ալեքսանդր Օհանէսով: Մնացականեանին ճաշարանը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կը գտնուի:

Վերոյիշեալներէն Ռ. Վարդանեանը ազգային բարերար կը նկատուի, քանի որ հիմնադիրն է Մոսկուայի «Սքոլոքովօ» վարժարանին եւ «Աւրորա» հայաստանեան ծանօթ մրցանակին:

Իր ուրախութիւնը փայլուն դէմքով արտայայտելէ ետք, Ռուբէնին արտայայտութիւնը  այլակերպուեցաւ, ու ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ այսքան հարուստ ու բարերար հայերու կողքին, մեծահարուստ հայ մըն ալ վերջերս ամուսնացաւ ազերի գեղուհիի մը հետ:

Ինքնութիւն որոնելու (ան)որակական հարց մըն ալ` այս մէկը, էական ու տեսաբանական ազգային գիտակցութեան ընդունումը թէ մերժումը հաստատելու համար, նոր իրականութիւններու համակերպելու իբրեւ տատանող ու ցաւցնող փաստ:

Գիտենք, որ հայրենիքը եւ հայկականութիւնը կը սիրենք այն բանին համար, որ մեզ փոքր տարիքէն դաստիարակած են, բայց վստահաբար ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր ուզածին պէս ըլլար, ու համահունչ` մեզի տրուած ազգային ¬ մշակութային դաստիարակութեան:

Չմոռնանք սակայն, որ իւրաքանչիւր հայ երախտագիտութեան պարտք մը ունի հայ ծնած ու հայ ապրած ըլլալուն համար:

Հայ ըլլալու երեւոյթը դաստիարակիչ պիտի ըլլայ բոլոր ժամանակներուն մէջ, եւ այդ դաստիարակութիւնը ո՛չ մրցակցական է, ո՛չ ալ քիչ թէ շատ բառերով կը նկարագրուի` մեզմէ դէպի դուրս եւ դուրսէն դէպի ներս:

Այս բոլորէն վստահաբար դուրս կը մնան այն հայերը, որոնք իրենք իրենց սիրահարած են եւ կը կարծեն, որ հայաշխարհին մէջ որեւէ բան չի կրնար պատահիլ, առանց որ իրենք տեղեակ ըլլան, առանց որ իրենք տնօրինեն: Գէշ բան է, որ անձէդ դուրս ուրիշ բան չես տեսներ:

Չեմ գիտեր, թէ անոնք կանոնին բացառութի՞ւնը կը կազմեն, թէ՞ բացառութեան կանոնը…

Ամենայնդէպս, յաւակնոտութիւնը առաքինութիւն չենք կրնար համարել որեւէ՛ պարագայի:

Հայրենական Մեծ Պատերազմի
Հայ Զոհերը

Ռազմական ակադեմիայի շրջանաւարտ` սպայ Յովհաննէսը խօսեցաւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին` «Հայրենական մեծ պատերազմին» (1941) մասնակցած 500.000 հայերու մասին, որոնցմէ 200.000-ը` Խորհրդային Հայաստանէն, 300.000-ն ալ Խորհրդային Միութեան այլ հանրապետութիւններէ: Անոնցմէ ոմանք 4 տարի ծառայեցին խորհրդային բանակին, ուրիշներ ալ (մօտ 200.000 զինուոր) երբեք չվերադարձան պատերազմի ճակատէն: Մեր լաւագոյն դաշնակիցները մեր նահատակներն են:

Ֆաշական Գերմանիոյ դէմ այս պատերազմին է, որ փայլեցան Արցախի Չարդախլու գիւղէն մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեանը եւ Համազասպ Բաբաջանեանը, ինչպէս նաեւ` զօրավար Նուէր Սաֆարեանը, գնդապետ Ներսէս Բալոյեանը, իսկ Գէորգ արք. Չորեքճեանի հրամանով կազմուած «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլային շարասիւնը յատկանշուեցաւ իր հերոսութիւններով:

Յովհաննէսը չզլացաւ նշելու նաեւ, որ հայկական սփիւռքէն ալ մօտ 20.000 հայազգի զինուորներ զինուորագրուեցան Ամերիկայի հետեւազօրքին, նաւատորմիղին եւ օդային ուժերուն, որոնց շարքին փայլեցան` հրամանատարներ Հայկ Շեքերճեանը, Զաւէն Նալպանտեանը, Ճորճ Ճասքալեանը, Չարլզ Առաքելեանը, Ճոն Խութոյեանը, Ճէյմս Թոփալեանը, Լիւսի Թոփալեանը եւ ուրիշներ, խրամատներու պատերազմին մէջ ոսկորներ ձգելով:

Յովհաննէսը իր խօսքը աւարտեց` մէջբերելով խորհրդային բանակի մարաջախտ Ժուքովի արտայայտութիւնը` հայ կռուողներուն համար, որոնք «անմահացուցին իրենց անունները խիզախ մարտիկներու չնսեմացող փառքով»: Կ՛երեւի, անոնք, որոնք մեզի կ՛օգնեն, մեզմէ աւելի լաւ հասկցած են, թէ իրենց համար որքա՛ն կարեւոր ենք:

Մեծ մարդոց պատմութիւնը կ՛ազդէ հետագայ սերունդներուն վրայ, եւ անոնց պատմական յուշը մինչեւ վերջ կը շալկես ներաշխարհիդ մէջ` ջանալով անոնց օրինակը սեփական օրինակի վերածել, որպէսզի յարգանքով օրինակուիս եւ յարգանք պարտադրես շրջանակիդ ու յետնորդներուդ, զաւակներուդ, ընտանիքիդ, մանաւանդ շրջապատիդ:

Լաւ է, որ աշխարհը ղեկավարուի այնպիսի մարդոցմով, որոնք մտահոգուած չըլլան պատմութեան մէջ անուն ձգելու մասին: Անկախ անկէ, որ իրենց պարտականութիւնը փառաբանող յիշարժան գործը զգայուն հաւասարակշռութեամբ կը յիշատակուի ու կը մնայ մարդկութեան գիտակցութեան ու պատմութեան խտացած անջնջելի էջերուն մէջ:

Անշուշտ, պատմութեան ժամանակաշրջանները աւելի իմաստալից կերպով կ՛արժեւորուին, եթէ զէնքերուն մէջ փամփուշտները եւ թնդանօթներուն մէջէն ռումբերը բոլորովին զեղչուին:

(Շար. 3)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>