Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին մտայղացումը աշխարհի տէ ֆաքթօ մեծ պետութեան` Չինաստանի առաջարկն էր: Աշխարհագրականօրէն այդ տարածաշրջանէն հեռու Փեքինը, իր տնտեսական ներկայութիւնը յաւելեալ կերպով զօրացնելու համար շտապ հասանելի ճամբաներու կարիքն ունէր: Բնականաբար տարածաշրջանին մէջ այդպիսի չինական մտայղացում Անգարայի եւ յատկապէս Պաքուի ախորժակը պիտի բանար, որոնք շուտով գործի լծուեցան ու իրագործեցին այս մտայղացումը: Անշուշտ անոնք ալ իրենց հաշիւներն ունէին եւ ըստ այնմ կառուցեցին աւելի երկար ուղի մը` նկատի ունենալով, որ աւելի կարճը, որ Հայաստանէն կ՛անցնէր, խոչընդոտներ պիտի ստեղծէր:
Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 30-ին, ներկայութեամբ հիւրընկալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ յատուկ հրաւէրներ յղած էր թէ՛ գործակից եւ թէ՛ գաղափարակից երկիրներուն: Այս հրաւէրին ընդառաջած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը, Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլին, Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլա Արիփովն ու Ղազախստանի վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւը:
Հանդիսաւոր էր բացման արարողութիւնը, ուր մասնակից երկիրներուն դրօշակները կը ծածանէին անդրանիկ ճեպընթացին վրայ:
Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը անգամ մը եւս շրջանին մէջ ղեկավարութիւն ներշնչող, սուլթանամէտ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, որ` 21-րդ դարու նորաստեղծ այս Մետաքսի ճամբան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք մըն է:
Յստակ է, թէ ճամբորդէ եւ զբօսաշրջիկէ աւելի` ապրանքի փոխադրութիւնն է, որ 826 քմ (513 մղոն) երկարութիւն ունեցող այս երկաթուղային առիւծի բաժինը պիտի խլէ: Առաջին տարեշրջանին համար կը նախատեսուի մէկ միլիոն ճամբորդ եւ …6,5 միլիոն թոն ապրանք:
Բնականաբար այս երկաթուղին ունի իր քաղաքական պատգամը, յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն շրջափակումն է որ կը շարունակուի, մանաւանդ երբ գոյութիւն ունի Թիֆլիս-Գիւմրի-Կարս տարբերակը:
Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ շրջանցելով Հայաստանի սահմանները, այս երկաթուղին, Վրաստանի տարածաշրջանին մէջ կ՛անցնի հայաբնակ Ջաւախքի շրջաններէն, որոնք արդէն իսկ ուղղակիօրէն ազդուած էին քանի մը տարիէ ի վեր կատարուած երկաթուղիի շինարարական աշխատանքներուն պատճառով: Տեղացի վրացիներ ալ սկսած էին մտահոգուիլ, մանաւանդ որ թուրք մցխեթներ սկսած էին հաստատուիլ շրջանին մէջ:
Տեղին է հարցադրել` մետաքսի ճամբա՞յ, թէ՞ համաթուրանական ճեպընթաց:
Իսկ այլ հարցադրում մըն ալ տեղին է կատարելը. վերջերս Անգարայի հետ սիրաբանող Մոսկուան ալ հեռու կը մնայ եկամուտ ապահովող այս տնտեսական հաշիւներէն: Նորաստեղծ ուղին փաստօրէն կը դիւրացնէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, ինչպէս եւ Չինաստանի ու Եւրոպայի միջեւ ապրանքներու փոխադրութիւնն ու առեւտուրը` առանց օգտագործելու Ռուսիոյ լայնատարած սահմանները: