Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սպիտակ Տունը Պէտք Է Պատասխանէ Արցախի Վերաբերեալ Տասը Հիմնական Հարցի

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայ համայնքը դժգոհ է Արցախի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութենէն:

Ամէն անգամ, երբ Ազրպէյճանը կրակ բացած է Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը եւ անոր նախորդները, թաքնուելով չէզոքութեան քողին տակ, մեղքը բարդած են հակամարտութեան երկու կողմերուն վրայ: Նման անարդար մօտեցումը խրախուսած է Ալիեւը` աւելի սաստկացնելու իր յարձակումները:

Նման արիւնալի յարձակումները վերացնելու կամ գոնէ նուազագոյնի հասցնելու համար Քոնկրեսի 85 անդամներ վերջերս համատեղ նամակ ստորագրեցին` կոչ ընելով Օպամայի վարչակազմին իրականացնելու հետեւեալ երեք քայլերը երկու երկիրներու միջեւ սահմանին վերաբերեալ. նախ` դուրս բերել դիպուկահարները, երկրորդ` աւելցնել միջազգային համակարգողներու թիւը, եւ երրորդ` տեղադրել կրակոցներու ուղղութիւնը ճշդող սարքեր:  Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանը մերժած է բոլոր երեք առաջարկները, իսկ Հայաստանը, Արցախը եւ Մինսքի խումբի միջնորդները (Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ) ընդունած են զանոնք:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ Ռոյս անցեալ շաբաթ դռնփակ ճեպազրոյց ունեցաւ դեսպան Ուորլիքի հետ` իր եւ քոնկրեսական Էլիոթ Էնկելի կողմէն նախաձեռնած առաջարկներու իրականացման առնչութեամբ: Մինչեւ այդ դռնփակ հանդիպման կայացումը Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը տարածած էր տասը հարցում` դեսպան Ուորլիքի համար: Քանի որ յայտնի չէ` այդ հարցերը արծարծուա՞ծ են քոնկրեսական ճեպազրոյցի ընթացքին, թէ՞ ոչ, ուստի պէտք է խնդրել Օպամայի վարչակազմին հրապարակաւ արձագանգել այդ տասը հարցերուն, որպէսզի բոլորը տեղեակ ըլլան արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ անոր դիրքորոշման:

Պաշտօնական պատասխանի ստացումը ապահովելու համար ես կ՛առաջարկեմ այս հարցումները տեղադրել Սպիտակ տան կայքէջի «Առաջարկներ» բաժինին մէջ: Կայքին մէջ  նշուած է, որ Օպամայի վարչակազմը 60 օրուան ընթացքին հանդէս պիտի գայ պաշտօնական պատասխանով իւրաքանչիւր առաջարկի վերաբերեալ, որ տեղադրուելէ ետք 30 օրուան ընթացքին պիտի հաւաքէ 100 հազարէն աւելի ստորագրութիւն: Ազրպէյճանցիները արդէն օգտուած են այս բացառիկ հնարաւորութենէն` Սպիտակ տան կայքին մէջ տեղադրելով երկու հակահայկական առաջարկ, որոնք համապատասխանաբար հաւաքած են 105686 եւ 126828 ստորագրութիւն: Ինչպէս եւ կը սպասուէր, Սպիտակ տունը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` ի պատասխան ազրպէյճանական երկու առաջարկներուն:

Ստորեւ ներկայացուած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տասը հարցումները, որոնք իբրեւ առաջարկ պէտք է տեղադրել Սպիտակ տան կայքէջին մէջ.

1) Ի՞նչ յատուկ քայլերու ձեռնարկած է (եթէ կան) Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` ապահովելու համար Ռոյս-էնգելի խաղաղութեան հաստատման վերաբերող առաջարկները, մասնաւորապէս արձակազէններու հեռացման, դիտորդներու աւելացման եւ շփման գծի երկայնքին կրակոցների ուղղութիւնը ճշդող համակարգերու տեղադրման վերաբերեալ համաձայնութեան գալու առնչութեամբ:

2) Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շատ համարձակ եւ յստակ էր, որ իր կարծիքով հայկական կողմը ինչ զիջումներ պէտք է ընէ: Արդեօք Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պատրա՞ստ է այս հանրային դիւանագիտութեան համապատասխան նոյնքան բացայայտ եւ յստակ պահանջներ ներկայացնել Ազրպէյճանին:

3) Որո՞նք են այն յատուկ փաստերը, իրաւական փաստարկները եւ քաղաքական նկատառումները, որոնք յանգեցուցած են մեր կառավարութեան կողմէ Քոսովոյի, սակայն ոչ Լեռնային Ղարաբաղի, պաշտօնական ճանաչման:

4) Արդեօք Ազրպէյճանի կառավարութեան ներքին հալածանքներու եւ փտածութեան մասին տուեալները որեւէ կերպ կ՛ազդե՞ն, թէ մեր կառավարութիւնը ինչպէս կը նայի Ազրպէյճանի ձգտումին` տարածելու իր իշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ:

5) Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի կողմէն Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմանատան լիովին փաստագրուած (եւ նկարահանուած) ոչնչացումը այդպէս ալ երբեք չնշուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու կամ կրօնական ազատութեան մասին զեկոյցներուն մէջ:

6) Ի՞նչ է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայ պահանջը (եթէ այդպիսին կայ) ազատ արձակուած եւ մինչ օրս չզղջացող կացնահարող մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը կրկին բանտարկելու վերաբերեալ:

7) Ի՞նչ է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու հայկական ծագում ունեցող քաղաքացիներու ճանապարհորդական սահմանափակումներուն վերաբերեալ:

8) Ինչպիսի՞ն է Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու, յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ, որ յարձակողական  արդի զէնքեր կը վաճառեն կամ կը փոխանցեն Ազրպէյճանին:

9) Ի՞նչ յատուկ սահմանափակումներ գոյութիւն ունին ճանապարհորդութեան եւ կապի առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու եւ պաշտօնատար անձանց ու Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ: Ի՞նչ հիմնաւորումներ կան այս ազատութիւններուն որեւէ սահմանափակման համար: Որո՞նք են նման սահմանափակումներու (եթէ այդպիսիք կան) թուացեալ օգուտները:

10) Ձեր կարծիքով, ի՞նչ օգուտներ կը հետապնդուին (եթէ այդպիսիք կան) Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական հանրայայտ զսպուածութեամբ` Ազրպէյճանի բացայայտ հակահայկական սադրանքները, սպառնալիքները եւ միջսահմանային յարձակումները վիճարկելու ժամանակ:

Կը կարծեմ, որ լայն հնչեղութիւն ստացած առաջարկը կրնայ 100 հազարէն շատ աւելի ստորագրութիւն հաւաքել Սպիտակ տան կայքին մէջ տեղադրման օրէն մինչեւ 30 օր, յատկապէս եթէ նշանաւոր անձերու բազմաթիւ հետեւորդներ նեցուկ կանգնին այս առաջարկին:

 

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«ԵՌԱԳՈՅՆ»

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>