Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Խօսքը` Աթէնքի Մէջ Կայացած Հյդ 125-Ամեակի Հանդիսութեան Ընթացքին

$
0
0

Athens1_125_011216f

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ կազմակերպուած տօնակատարութիւններու շարքին վերջիններէն է այսօրուան հաւաքը:

Անոնք առիթ եղան ակնարկ մը նետելու 125-ամեայ մեր անցած ուղիին, տարուած աշխատանքներուն վրայ, մեր հասարակութիւնը առնչակից դարձնելու մեր դիմաց ցցուած հիմնահարցերուն եւ զանոնք դիմագրաւելու համար որդեգրուած կեցուածքներուն ու ծրագիրներուն, ձեռք բերուած յաջողութիւններուն ու արձանագրուած բացթողումներուն:

Վերջապէս առիթ է նաեւ փոխանցելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տեսլականը` մեր հաւաքական իղձերու իրականացման ուղիին վերաբերող: Ձեւով մը ազատ մասնակցութեամբ հաշուետուութեան ժողով, ուր մեր հասարակութեան իւրաքանչիւր անհատ անկաշկանդ մասնակցելու իրաւունքը ունի ու անկէ բխած տեսակէտներն ու վճիռները երբեմն աւելի ծանրակշիռ են, քան ընդունուած որոշումները:

Պէտք չէ զարմանալ, որ 125 տարիներու գործունէութիւնը կը համընկնի մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ճակատագրական ժամանակահատուածին, երբ ազգովին ենթարկուեցանք ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման, բայց նաեւ կարողացանք դաժանագոյն պայմաններու մէջ կերտել հայրենիք ու հաստատել անկախ պետականութիւն:

Ի վերջոյ Դաշնակցութիւնը ծնաւ մեր ժողովուրդին պարտադրուած ծանր ու անմարդկային իրավիճակէն, անոր կրած տառապանքներուն իբրեւ արդիւնք` բնական ծնունդ մը, հետեւաբար չէր կրնար անմասն մնալ մեր ժողովուրդի ճակատագիրի հետագայ հոլովոյթներէն, մե՛րթ ստանձնելով ժողովուրդի ղեկը, մե՛րթ հալածուելով արտաքին թէ ներազգային ուժերէ, երբեմն դիմելով զէնքի` ազատագրական պայքարի, ինքնապաշտպանութեան, եւ կամ իր բողոքը լսելի դարձնելու համար, բայց միշտ, քաղաքական, կազմակերպական թէ քարոզչական հետեւողական աշխատանքներով ունեցաւ վճռորոշ, նոյնիսկ առաջնորդող դերակատարութիւն մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Հայ ժողովուրդը կը պատկանի շարքին այն ազգերու, որոնք իրենց պատմութեամբ ու մշակոյթով հարստացուցած են մարդկութիւնը: Հայը չէ մտածած զաւթել ուրիշին հայրենիքը, գրաւել հարեւանին տունը, չէ փորձած իւրացնել ուրիշին աշխատանքին արդիւնքը, կեղեքել այլոց ու սեփականացնել ուրիշ երկրի հումքը, այլ կառուցած է ի՛րը, վստահած է իր բազուկին, իր ճակտի քրտինքին ու խորապէս ընկալելով քրիստոնէական համամարդկային արժէքները, հաւատացած է բարիին ու արդարին: Ու ո՛չ միայն հաւատացած է բարիին, այլ նաեւ էութեամբ եղած է բարի ու առաքինի, եղած է այնքան բարի, որ իր բարիքին փոխադարձ չարիքը, անարդարութիւնն ու կեղեքումը, միամտաբար մեկնաբանած է իբրեւ անխուսափելի ճակատագիր, փորձած է ինքզինք մեղադրել իր մէջ յանցաւորներ փնտռելով ու աւելի եւս ստրկանալով:

Դժուար էր իր ճակատագիրին համակերպած ու անձնատուր եղած այս կրօնական համայնքին ազգային գիտակցութիւն ներմուծել: Սակայն, հակառակ ամենադաժան հալածանքներուն ու օսմանեան թէ ռուսական բռնատիրական կարգերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարողացաւ կարճ ժամանակի մէջ, իր գործունէութեամբ ու բազում նահատակներու օրինակով, ինքնավստահութիւն ներշնչել ու համոզել, որ հայը, ինչպէս որեւէ ազգ, իրաւունքը ունի ապրելու ազատ, արդար ու համերաշխ ընկերութեան մը մէջ, վայելելու իր աշխատանքին հալալ պտուղը, որոշելու իր ճակատագիրը, անկաշկանդ արտայայտելու իր հաւատքն ու կարծիքը, իրականացնելու իր հաւաքական թէ անհատական իղձերը ու վերջապէս կերտելու իր տարրական իրաւունքը հանդիսացող, բնականոն զարգացման ապահով միջավայրը` ազատ ու անկախ հայրենիքը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարողացաւ նաեւ համոզել, որ այդ իրաւունքի ձեռքբերման համար պէտք չէր գինովնալ մեծ տէրութիւններու սնաբարոյ խոստումներով կամ «հաւասարութիւն ու եղբայրութիւն» քարոզող  կարգախօսներով, այլեւ պէտք էր վստահիլ բացառապէս սեփական բազուկին, հետեւողական ու անդուլ պայքարին:

Այդ պայքարին Դաշնակցութիւնը տուաւ նաեւ գաղափարական հէնք ու, հակառակ ժամանակի հոլովոյթին, միջազգային աշխարհաքաղաքական հիմնական փոփոխութիւններուն, արժեհամակարգերու յեղաշրջման, շարք մը այլ ժամանակակից գաղափարախօսութիւններու խայտառակ ձախողութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծրագիրով ամրագրուած 125-ամեայ գաղափարախօսութիւնը է՛ ու կը մնա՛յ էապէս այժմէական իր բոլոր դրոյթներով:

Քսաներորդ դարասկիզբին ահաւոր դէպքերու հոլովոյթը ու Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին ցեղասպանութեամբ հայ ժողովուրդին հասցուած ծանրագոյն հարուածը կարծես վերջնականապէս լուծած էին Հայկական հարցը ու կը թուէր, թէ պարտութեան մատնուած էր ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարը: Սակայն, հակառակ ամէնէն ծանր պայմաններուն ու համատարած յուսալքութեան, Դաշնակցութիւնը կարողացաւ անգամ մը եւս յոյս ներշնչել ու կերտել հայրենիք ու ստեղծել ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած հոգատար պետութիւն, բազմակուսակցական դրութեամբ, ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած խորհրդարանական ղեկավարման համակարգով:

Պետականութիւն, որ, հակառակ պատերազմական իրավիճակին, իր արժէքային համակարգով, ընկերվարական սկզբունքներով ու ղեկավարման ժողովրդավար դրութեամբ կրնար բաղդատուիլ ու նոյնիսկ գերազանցել ներկայի կարգ մը եւրոպական յառաջդիմական պետութեանց համակարգերը:

Վերջապէս հայրենիք մը, որ կարճ ժամանակի մէջ կարողացաւ աշխարհացրիւ հայկական ներուժը լարել ու պետականութեան հզօրացման եւ հայրենիքի զարգացման ի սպաս հունաւորել` հիմը դնելով հայրենահաւաքի էական ու անժամանցելի գործին:

Կարեւոր էր նաեւ հայու արժանապատուութիւնը վերականգնել ու համաշխարհային մեղսակից լռութեան դիմաց անպատիժ չձգել հայու ճակատագիրի դահիճները: Ու այսպէս, հայոց անկախ պետականութեան սահմաններուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով գումարուած ՀՅԴ իններորդ Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր ու յաջորդող քանի մը տարիներուն բծախնդիր ճշգրտութեամբ կը ծրագրէր ու կը գործադրէր Նեմեսիս գործողութիւնը:

Կարելի չէ գտնել համաշխարհային իրականութեան մէջ սեփական հայրենիքէն վտարուած քաղաքական կուսակցութիւն մը, որ տարբեր միջավայրերու ու պայմաններու մէջ ապրող, աշխարհացրիւ իր ժողովուրդին պետութեան դերը իր ուսերուն վերցնելով, կազմակերպէ համայնքային կեանքը, ստեղծէ կրթական, մշակութային թէ բարեգործական կառոյցներ ու միաժամանակ իր ծրագրային հեռակայ նպատակները իբրեւ ուղեցոյց, վառ պահէ յիշողութիւնը, ազգային ինքնութիւնը, ազատութեան ձգտումը ու, հակառակ մաշեցնող ժամանակին ու ձուլող միջավայրին, կարողանայ այդ ինքնութիւնը վերածել պահանջատիրութեան ու հետապնդուող դատի: Դատ մը, որուն արդարութեան համոզուած երիտասարդներ մղուեցան մինչեւ իսկ գերագոյն զոհաբերութեան, քանդելու համար միջազգային մեղսակից լռութեան պատը:

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրէն, ու, հակառակ տակաւին իշխող խորհրդային բռնապետական կարգերուն ու հետագային, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն, Դաշնակցութիւնը մարդկային, նիւթական թէ քարոզչական բոլոր միջոցներով մասնակցութիւն բերաւ, փոխանցելով այն վճռականութիւնը, որ այլեւս հայ իրականութեան մէջ ներելի չեն ու կրկնուելու չեն հայրենաթափութիւնն ու ջարդը: Իսկ այսօր Դաշնակցութիւնը իր կազմակերպական կառոյցով ու Հայ դատի գրասենեակներով սատար կը կանգնի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման, հզօրացման, վերաբնակեցման ու միջազգային ճանաչման գործերուն:

Պատմական հայրենիքի գէթ մէկ մասնիկին վրայ հայոց անկախ պետականութեան ստեղծումը կարեւորագոյն իրագործումն է հայոց նորագոյն պատմութեան ու մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներու տիրացման շարունակուող պայքարի ճամբուն: 1990-ին Անկախութեան հռչակագիրը եկաւ փաստելու, որ եօթանասունամեայ բռնատիրական ու այլասերող վարչակարգը իր բոլոր ճնշամիջոցներով չէր յաջողած թուլցնել հայրենի մեր ժողովուրդին ազատութեան ու անկախութեան ձգտումը:

Բնականաբար, Դաշնակցութիւնը անմասն չէր կրնար մնալ ճակատագրական այդ պահուն ու զարմանալի չէ, որ հայրենի անկախ պետականութեան սահմաններուն մէջ Դաշնակցութեան գործունէութեան բացայայտումը, որու 25-ամեակն է այս տարի, կը համընկնի նոյն այդ օրերուն:

Դժուար էր Դաշնակցութեան համար, որ ամբողջ տասնամեակներ շարունակ գործած էր օտար ափերուն, իբրեւ վտարանդի պետութիւն, այժմ գործել սեփական հայրենիքի պետականութեան սահմաններուն մէջ, երբ միակուսակցական բռնատիրական համակարգին փոխարէն մէկ օրէն միւսը կ՛որդեգրուէր բազմակուսակցական դրութիւն, տնտեսութիւնը պետական ամբողջական վերահսկողութիւնէն կ՛անցնէր ազատ շուկայական դրութեան ու այս բոլորը` շրջափակման, պատերազմի ու քաղաքական բնականոն գործունէութեան մշակոյթի բացակայութեան:

Այո՛, դժուար էր, սակայն ՀՅԴ Ծրագիրով ամրագրուած էին արդէն անկախ Հայաստանի ընկերային արդարութեան վրայ հիմնուած ու ժողովրդավար ղեկավարման համակարգով հիմնարար սկզբունքները: Ու հակառակ սկզբնական շրջանին Դաշնակցութեան դէմ ծաւալած պետական հալածանքին ու առ այսօր շարունակուող ազգային միասնութիւնը պառակտելու փորձերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կազմակերպական ու քաղաքական ծրագրուած ու պատասխանատու աշխատանքով, իշխանութեան մէջ ըլլալով թէ ընդդիմութեան, կարողացաւ հանգրուանային ձեւով իրագործել իր ծրագրային առաջադրանքները: Պետութիւնը ազգային հիմունքներու վրայ կերտելու ու ազգահաւաքի հեռակայ նպատակներով կարողացաւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը փոխել ու հնարաւորութիւն տալ հայ անհատին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու:

Երբ ազգային անվտանգութիւնը խնդրոյ առարկայ էր, ու Հայ դատի հետապնդման վտանգ կը սպառնար, կազմակերպութեան ամբողջ ներուժը լարեց Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ ու յաջողեցաւ Սահմանադրական դատարանի միջոցաւ իր մտահոգութիւնները ամրագրել:

Քսանհինգ տարիներու հետեւողական ու անշեղ պայքարով, դեկտեմբեր 2015-ին հաստատուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեամբ Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու իր առաջադրանքները իրականացնել ու ապահովել հասարակութեան բոլոր շերտերու քաղաքական դաշտի մէջ ներգրաւումն ու ընդգրկումը, իշխանութեան երեք թեւերու` գործադիր, օրէնսդիր ու դատական մարմիններու վերահսկելիութիւնն ու հաշուետուութիւնը, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն համատեղ կառավարման կարելիութիւնը եւ օրինական միջոցներով իշխանափոխութեան հասնելու հնարաւորութիւնը` այսպիսով նոր հեռանկարներ բանալով Հայաստանի կայուն զարգացման, քաղաքական կեանքի բնականոնացման, ընկերային արդարութեան ու օրէնքի գերակայութեան ոլորտներուն մէջ:

Ու վերջապէս իր սկզբունքային անշեղ մօտեցումներով, իշխանութեան թէ ընդդիմութեան հետ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած բաց խորհրդակցութիւններով, ազգային հիմնահարցերու վերաբերեալ իր անզիջող կեցուածքով, Դաշնակցութիւնը իր անժխտելի տեղն ու դերը ունի, Հայաստանի թէ Լեռնային Ղարաբաղի զոյգ Հանրապետութիւններու կայացման ու հզօրացման մէջ: Ու երթը կը շարունակուի, հակառակ բոլոր աժան «քաղաքական վերլուծաբան բախտագուշակներուն» Դաշնակցութիւնը տակաւին անելիք ունի:

Ու այնքան ատեն որ հայ ժողովուրդը չէ տիրացած իր ամբողջական արդար իրաւունքներուն, չեն վերացած Ցեղասպանութեան հետեւանքները, չէ ճանչցուած Արցախի ինքնորոշման անժամանցելի իրաւունքը, չեն հաստատուած ընկերային արդարութիւնն ու օրէնքի գերակայութիւնը ու չեն հասունացած հայրենահաւաքի բոլոր նախադրեալները, Դաշնակցութիւնը պիտի գործէ:

Թող որ 125-ամեակը առիթը ըլլայ իւրաքանչիւր դաշնակցականի իր երդումը վերանորոգելու ու մեր յայտնի կամ անյայտ, ղեկավար թէ պարզ շարքային, մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերներու սկսած պայքարը շարունակելու, մինչեւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի իրականացումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>