Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Կարծիքներ` ՀՅԴ-Ի Յառաջիկայ Մարտահրաւէրներուն Եւ Ուղղութիւններուն Մասին

$
0
0

6-1-1_111516ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական» էջ-ի յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկերներ Վաչէ Փափազեանի, Լեւոն Աւետանեանի, Շաղիկ Չափարեանի, Հրակ Գարագաշեանի եւ Հրակ Տէտէեանի հետ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յառաջիկայ տարիներու մարտահրաւէրներն ու ծրագիրները թեմայով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.-  Յառաջիկայ 10 տարիներուն ՀՅԴ-ի կարեւորագոյն ուղղութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ: Ի՞նչ է ուսանողութեան դերը:

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Յառաջիկայ տասը տարիներուն  ՀՅԴ-ի ռազմավարական թիրախները կրնան երկու ուղղութիւն ունենալ:

Ա) Ժողովուրդին ցաւը թեթեւցնող, անոր օգնութեան հասնող, թիկունք կանգնող` լաւ կազմակերպուած ընկերային-տնտեսական-քաղաքական նախաձեռնութիւններով եւ անոնց ընկերացող հեռահար քարոզչութեամբ հայրենի ժողովուրդին յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչել, անոր քաղաքական գիտակցութիւնը զարգացնել, օգնել անոր, որ ծայրայեղ գործնապաշտութեան եւ թերահաւատութեան հոգեմտաւոր ոլորտէն անցնի դէպի աւելի դրական, աւելի գաղափարապաշտ ոլորտ, օգնել անոր, որ հաւատք ունենայ իր հաւաքական ուժին հանդէպ, կացութիւններ  յեղափոխելու իր կարողութեան վրայ եւ պահանջատիրական յամառ պայքարով հայրենիքի բազմատեսակ տագնապներուն լուծում գտնելու իր ընդունակութեան նկատմամբ:

Յաջորդ տասնամեակին հայրենիքի մէջ ահա այս պէտք է ըլլայ ՀՅԴ-ի եւ իր ուղեկից միութիւններուն ռազմավարական նոր քայլը:

Բ) Ծրագրուած հետեւողական աշխատանքով սփիւռքը կարելի է վերածել արդիւնաւէտ մեծ ուժի:

Սփիւռքը ներքին մեծ բազմազանութիւն ունեցող իրականութիւն մըն է, որ տկար է իր ներկայ տարտղնուած եւ անշաղկապ վիճակով:  Բազմազանութիւնը եւ տարտղնուածութիւնը վերացնել կարելի չէ: Կարելի է սակայն շաղկապե՛լ:

Լաւագոյն շաղկապները կրնան ըլլալ տնտեսական կապը, մայրենի լեզուն, հայկական մշակոյթը եւ որպէս հայ` գիտակցուած յանձնառութիւնը: Ներկայիս տնտեսական կապը քիչ անգամ եւ պատահական ձեւով միայն գոյութիւն ունի: Գրեթէ ամէնուրեք լեզուն կորսուած է: Գրեթէ ամէնուրեք սփիւռքահայ զանգուածներու կապը հայկական մշակոյթի արտայայտութիւններուն եւ էութեան հետ օրէ օր կը տկարանայ: Ամէնուրեք գիտակցուած յանձնառութիւնը ուժեղ չէ, կը տկարանայ:

Սփիւռքահայութեան բաւական մեծ հատուածի մը պարագային տակաւին ուշ չէ: Կարելի է վերստեղծել  լեզուի շաղկապը: Այդ առաքելութեան մէջ յաջողելու համար, սակայն, պէտք է նախ ամրացուին հայկական մշակոյթին հետ կապի եւ գիտակցուած յանձնառութեան շաղկապները: Անոնց մօտ, որոնք ունին բաւական ամուր կապ հայկական մշակոյթին հետ եւ ունին գիտակցուած յանձնառութիւն դէպի հայութիւն եւ հայու ինքնութիւն, դժուար չ՛ըլլար դէպի հայոց լեզու վերադարձը յաջողցնելը:

Իսկ դէպի մշակոյթ եւ յանձնառութիւն շարժումը յաջողցնելու համար պէտք է, առաջին, լայնածաւալ ելեկտրոնային հոսքով տարտղնուած բոլոր զանգուածներուն հասցնել հայ մշակոյթը` իր անցեալի ու մանաւանդ ներկայի ստեղծագործութիւններով եւ զայն զետեղելով համամարդկային յառաջադէմ արդիական արժէքներու ոլորտին մէջ: Երկրորդ, պէտք է անոնց, կրկին` լայնածաւալ ելեկտրոնային հոսքով, հասցնել լայնածիր քարոզչութիւն: Քարոզչութիւն մը, որուն նպատակը Հայաստանը, հայութիւնը եւ հայու ինքնութիւնը  յատկանշող արժէքները ներկայացնելն է:

Քարոզչութիւն մը, որ պէտք է ըլլայ ազդու` առանց կոպիտ ըլլալու, համոզող` առանց անկեղծութիւնը կորսնցնելու: Քարոզչութիւն մը, որ պէտք է հիմնուի ազգային աւանդներու, բայց միաժամանակ համամարդկային յառաջադէմ արդիական արժէքներու վրայ: Քարոզչութիւն մը վերջապէս, որ պէտք է ձգտի զարգացնել իր ունկնդիրներու քաղաքական գիտակցութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսական կապի շաղկապին, կարելի է եւ անհրաժեշտ` անոր ստեղծման ուղղութեամբ առաջին քայլերը առնել: Այսպէս, պէտք է տնտեսական կապեր ստեղծելու եւ գործակցելու ատակ հայ անհատներուն, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին անոնք, տրամադրել այդ կապերը եւ գործակցութիւնը ստեղծելու ելեկտրոնային միջոցները եւ քարոզչութեամբ ու քաջալերանքով զարգացնել անհրաժեշտ մթնոլորտը եւ տրամադրութիւնները:

Յաջորդ տասնամեակին, սփիւռքի մէջ ահա այս տարբեր տեսակի շաղկապումներու ստեղծման ուղղութեամբ աշխատիլը պէտք է ըլլայ ՀՅԴ-ի եւ իր ուղեկից միութիւններուն ռազմավարական նոր քայլը:

Իսկ Ա. եւ Բ. ուղղութիւններով ուսանողութեան ընելի՞քը. պահանջել, դռները զարնել, մանրամասնութիւնները ուսումնասիրել, քարոզչութիւն տանիլ, եւ երբ շոգեկառքը շարժի, մասնակցիլ եւ ոգի ի բռին աշխատիլ:

ԼԵՒՈՆ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ.- Յառաջիկայ տասնամեակներուն հայ ազգը, իր բոլոր բաղկացուցիչներով, պիտի դիմագրաւէ բազում ընթացիկ եւ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք կ՛առնչուին հայկական զոյգ պետականութիւններուն, Ջաւախքի հիմնախնդրին, բռնագրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանին եւ աշխարհացրիւ հայկական սփիւռքին: Այս մարտահրաւէրները ընդհանրապէս կ՛ունենան գոյութենական բնոյթ, թէկուզ եթէ, որոշ խնդիրներու պարագային, վտանգները չունենան օրհասական արտաքին ու չկրեն նման կշռոյթ: ՀՅ դաշնակցութիւնը, մնալով հաւատարիմ իր էութեան, անմասն չի կրնար մնալ որեւէ ազգային պայքարէ, նոյնիսկ եթէ ինք չըլլայ այդ պայքարի առաջին կայծը տուողը կամ հրահրողը:

Ե՛ւ համազգային տեսլականներէ բխած, ե՛ւ դուրսէն պարտադրուած որեւէ մարտահրաւէրի դիմակալման մէջ իր բնական առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարելու համար ՀՅ դաշնակցութիւնը, տեսանելի ապագային, պէտք է անցնի «վերամշակման» հանգրուանէ մը: Վերամշակում մը, որուն շնորհիւ`  կուսակցութիւնը, իբրեւ շնչող կազմակերպութիւն եւ կառոյց, պիտի արդիականանայ եւ երիտասարդականանայ: Վերամշակում մը, որուն շնորհիւ` կուսակցութիւնը պիտի իւրացնէ աշխատանքային այնպիսի համակարգեր եւ միջոցներ, որոնք իրեն կ՛արտօնեն ուժ եւ ազդեցութիւն հեռարձակել իր թուական ծաւալէն եւ աշխարհագրական տարածքէն բազմաթիւ մղոններ անդին` աւելի քան այն, ինչ գոյութիւն ունի այսօր: Վերամշակում մը, որուն շնորհիւ` կուսակցութիւնը իր զինանոցին մէջ պիտի ունենայ վերոշարադրեալ պայքարները բարեյաջող ձեւով մղելու երբեմն նոյնիսկ միաժամանա՛կ մղելու մարդկային անհրաժեշտ պաշարներն ու հմտութիւնները: Յաջորդ հարիւրամեակին համար Դաշնակցութիւնը, ձեւով մը, հայ ժողովուրդի «A theory of everything»-ին, «ամէն ինչ բացատրող տեսութեան» վերածելու միտող այս վերամշակումի հիմնական միջնորդը կրնայ ըլլալ միայն դաշնակցական ուսանողութիւնը:

ՇԱՂԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ.- Դաշնակցութիւնը պէտք է ըլլայ  նախաձեռնող կուսակցութիւն, սակայն այսօր ան կարիքը ունի իր շարքերու բիւրեղացման` վերադառնալով մեր հիմնական չորս գաղափարաբանութիւններուն, նաեւ ան պէտք է բացուի աշխարհին, որպէսզի օտարներէն օրինակներ քաղէ: Կուսակցութիւնը` որպէս քաղաքական կուսակցութիւն, բաւական աշխուժ է քաղաքական  գետնին վրայ, բայց քաղաքական այդ բոլոր որոշումները պէտք է ըլլան ի նպաստ  ժողովուրդին. այսինքն կուսակցութիւնը միայն քաղաքական որոշումներու աղբիւր չըլլայ, այլ գիտակցելով ժողովուրդին առօրեան` ապահով է անոր ընկերային տարբեր կարիքները: Ըստ ինծի, Դաշնակցութիւնը 125-ամեակ մը եւս գոյատեւելու համար պէտք ունի իր շարքերու ե՛ւ գաղափարական ե՛ւ կազմակերպական հզօրացման, որուն աշխատանքին հունտերը կրնանք ցանել պատանեկան միութեան մէջ:

Այս բոլորին հետ զուգահեռ պէտք է ընթանան Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներն ու թուրքերու եւ քիւրտերու հետ յարաբերութիւններ մշակելը: Պէտք չէ պատահականութիւններու ձգուին այսպիսի հետազօտութիւններ: Ժամանակն է, որ ունենանք յստակ պատմագիտական եւ քաղաքագիտական ռազմավարութիւն: ՀՅԴ-ը ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆներու կարիքը ունի եւ ոչ` կուսակցականներու:

ՀՐԱԿ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ.- Եթէ անգամ մը սերտենք ՀՅ դաշնակցութեան պատմութիւնը, կը նկատենք, որ կարեւոր կը համարուին այն հանգրուանները, ուր Դաշնակցութիւնը որոշ նորութիւն բերած է պատմութեան մէջ: Այդ կրնայ ըլլալ ստեղծումը նոր գործելադաշտի մը, մտածելակերպի մը, փոփոխութեան մը կամ այլ:

Հիմնուելով այս կէտին վրայ` ներկայիս ՀՅԴ-ն նոյնպէս պէտք է ըլլայ յառաջդիմական եւ նախաձեռնող կուսակցութիւն, որովհետեւ միայն ստեղծելով է, որ կարելի է քայլ պահել այսօրուան իրականութեան հետ, միաժամանակ պահպանել եւ գրել պատմութեան նոր էջերը: Սակայն եթէ մեր կեդրոնացումը ըլլայ միայն անցեալի փառքերուն եւ զանոնք պահպանելուն վրայ, ժամանակի ընթացքին կը ծերանանք:

Ներկայիս աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին մարդկային զանազան հարցեր` քաղաքական, կրթական, տնտեսական, ընկերային կամ մշակութային: Մենք չենք կրնար ձեռնպահ մնալ նմանատիպ հարցերու նկատմամբ` ենթադրելով, որ այսպիսիները առնչութիւն չունին հայկական իրականութեան հետ, ընդհակառակը, պէտք է ըլլանք լուծումներ ի յայտ բերող կուսակցութիւն. անոնցմէ օգտուողը պիտի ըլլայ հայը, որ մաս կը կազմէ մարդկութեան: Նոյն տրամաբանութեամբ, այն հարցերը, զորս կը նկատենք յատուկ Հայկական հարց, պէտք է դիտել համամարդկային ակնոցով: Լաւագոյն օրինակը անցեալ տարուան 100-ամեակի ոգեկոչումներն էին, ուր Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացուեցաւ իբրեւ մարդկային դատ, որ հետաքրքրեց ամբողջ աշխարհը, եւ ո՛չ միայն հայութիւնը:

Իբրեւ սփիւռքացած ժողովուրդ, որոշ չափով անկարելի է չշաղուիլ այսպէս ըսուած օտարութեան հետ: Հետեւաբար, ձուլումէ սարսափած «հակա-օտար» քաղաքականութիւն վարելու փոխարէն, նախ կարելի եղածին չափ սորվինք օտարէն եւ փորձենք ներգրաւել զանոնք մեր Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, առիթ տալով, որ նոր Թաներ Աքչամներ ու Ամալ Քլունիներ յայտնուին բեմին վրայ եւ մեր դատը պահանջեն իբրեւ համաշխարհային քաղաքացիներ:

Վերջապէս` այսօր հայկական իրականութեան մէջ մեծ դեր կը խաղան Պոլիսն ու պոլսահայութիւնը: Հրանդ Տինքի մահէն ետք հազարաւոր թուրքեր փողոց իջնելով իրենց ընդվզումը յայտնեցին` ըսելով. «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Հրանդ ենք»: «Նոր Զարթօնք»-ի կազմակերպած ապրիլ 24-ի ցոյցին նորէն մասնակցեցան հազարաւոր հայեր ու թուրքեր, եւ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուեցան երեք հայեր, որոնցմէ Կարօ Փայլան իր արտասանած խօսքերէն մէկուն մէջ երեսփոխաններուն դիմեց հայերէն լեզուով` «բարեւ» բառով:

Շատ հաւանաբար եզրակացութիւններու հասնելու ժամանակը չէ տակաւին, սակայն այսօր կը տեսնենք երեւոյթներ, որոնք աներեւակայելի կը թուէին ասկէ քանի մը տարի առաջ, եւ որոնց նկատմամբ կարելի չէ անտարբեր մնալ:

Մեր հիմնական նպատակն է ունենալ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան, որ ուզենք կամ չուզենք կապուած է նաեւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, հետեւաբար պէտք է քաջալերել մեր երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը գործելու Պոլսոյ մէջ, գործակցաբար պոլսահայութեան յառաջադէմ թուրքերու եւ քիւրտերու, ինչ որ կրնայ հիմը դնել մեր նպատակի ծրագրաւորման եւ իրականացման:

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ.- Ժողովուրդէն ծնած կուսակցութիւն մը պէտք է ընդմիշտ ժողովուրդին մօտ մնայ: Այնուհանդերձ, Դաշնակցութեան հիմնական նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատանեկութեան ու երիտասարդութեան մօտէն ծանօթացումը այս կուսակցութեան, որ ունի 125-ամեայ դարաւոր պատմութիւն, որպէսզի կարենայ ներգրաւել նոր մարդուժ, որ նոր մարտահրաւէրներով կրնայ վերամշակել կուսակցութիւնը: Իսկ ես ալ իբրեւ ուսանող կարեւոր կը նկատեմ համալսարաններէն ներս տարուելիք աշխատանքները` թէ՛ այլ կուսակցութիւններու, թէ՛ ալ երիտասարդութեան հետ, քանի որ, ըստ ինծի, այսօր մենք պէտք ունինք հաղորդակցելու այլ կուսակցութիւններու հետ` անոնցմէ դասեր առնելու նպատակով: Հոս կ՛ուզեմ ընդգծել օրինակը քիւրտերուն, որոնք կուսակցութեան մէջ գործերը հաւասարապէս բաժնուած են, իսկ մեր կուսակցութեան մէջ վերջին  տարիներուն կը տիրէ սեռային խտրականութիւնը, որ հակառակ է ՀՅԴ կանոնագրին, սակայն այս երեւոյթը առայժմ կայ եւ սրբագրութեան կարիքը ունի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles