Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Կարին (Կարինի Օրիորդաց վարժարան)
19-րդ դարուն աղջիկները տղոց հաւասար ուսում չէին ստանար: Հարուստներու աղջիկները քիչ մը հայերէնի եւ քիչ մըն ալ ֆրանսերէնի անձնական դասեր կ’առնէին, իսկ աղքատները ատոնցմէ ալ զրկուած էին:
Հայ կնոջ ընկերային եւ իրաւական կացութեան համար պայքարած առաջին գրագիտուհին եղած է Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901): Ան կը շեշտէր, որ կիները այրերու հաւասար կրթութիւն պէտք է ստանան: Տիւսաբ կ’առաջարկէր, որ աղջիկներու կրթութիւնը հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի, եւ անոնք ստանան տղոց հաւասար ուսում, որպէսզի հետագային կարենան ազատօրէն ասպարէզի ընտրութիւն կատարել: Շնորհիւ Սրբուհի Տիւսաբի նմաններուն արծարծած յառաջադէմ գաղափարներուն, հայ աղջիկներ Պոլսոյ մէջ սկսան թաղային վարժարաններ յաճախել: Հիմնուեցան նաեւ աղջկանց վարժարաններ:
1866 թուականի դրութեամբ` Պոլսոյ մէջ գործած է 46 հայկական վարժարան (32 արական, 14 իգական)` 4700 աշակերտ, 1472 աշակերտուհիներով: 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ երկսեռ վարժարաններ հիմնադրուած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր գաւառներու կեդրոններուն, ապա նաեւ գիւղերուն մէջ:
Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցին 1855-ին կը հիմնադրէ երկու անջատ դպրոցներ, որոնք գործել սկսած են 1855-էն, մէկը` մանչերու, միւսը` աղջիկներու:
Գրող, հասարակական գործիչ Պերճ Պռոշեան հիմնադրեց Շուշիի (1864) եւ Երեւանի Գայանեան (1866) դպրոցները: Հայ աղջիկներու համար բացուած առաջին դպրոցներէն է Շուշիի Մարիամեան (Մարիամ Հախումեան) օրիորդաց դպրոցը, որ հիմնադրուած է 1864-ի: Շուշիի Մարիամեան դպրոցը Արցախի մէջ սկիզբը դրաւ կանանց կրթութեան:
Կարինի (Էրզրում) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքին մէջ 1870-ին հիմնադրուած է Հռիփսիմեան օրիորդաց դպրոցը, որ նախապէս կոչուած է Թարգմանչաց վարժարան, այնուհետեւ` Հռիփսիմեան վարժարան: Առաջին ուսումնական տարեշրջանին (1870-1871) այդ դպրոցը կը յաճախէին 291, իսկ 1882 թուականին` 400 աշակերտուհիներ: Վարժարանի ուսուցիչներէն եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը: