Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Մուզուն
Մալալա Եուսաֆզա երբ երկու տարի առաջ ճամբորդեց Յորդանանի հետ Սուրիոյ սահման` հանդիպելու համար պատերազմէն փախչող գաղթականներու, ան լսեց աղջկան մը մասին, որուն մարդիկ կ՛անուանեն` «Սուրիոյ Մալալան»:
Պարմանուհի Մուզուն Ալմելլեհա գաղթակայանին մէջ վրանէ-վրան կը շրջագայէր` յորդորելով ջղագրգիռ ծնողները` իրենց դուստրերը դպրոց ղրկել, ամուսնացնելու փոխարէն: Գաղթակայանին մէջ, երբ Մալալա կը զրուցէր խումբ մը աղջիկներու հետ, անոր մօտեցաւ պարմանուհի մը եւ ըսաւ. «Սքանչելի է քեզի հանդիպիլը, բայց դուն չէ, Մուզունը զիս մղած է ուսանելու»:
Պարմանուհիներ Մալալա եւ Մուզուն արագօրէն բարեկամացան, եւ երբ Մուզուն ընտանիքով փոխադրուեցաւ Անգլիա, անոնք վերամիացան Պիրմինկհամ քաղաքին մէջ: Երկու պարմանուհիներն ալ մեծցած են պահպանողական իսլամ ընտանիքներու մէջ: Անոնց հայրերը ուսուցիչներ էին, որոնք անոնց մէջ հաստատած են ուսման հանդէպ սէրը: Պարմանուհիներուն կեանքերը ընդմիշտ փոխուած էին երկու տարբեր հակամարտութիւններու պատճառով: Այժմ անոնք աշակերտուհիներ են Անգլիոյ մէջ: Անոնց կեանքերը սկսած են փոխուիլ:
Պիրմինկհամի ընթերցասրահի մը մէջ, ուր անոնք ընտանիքներով հաւաքուած էին լրագրողներու հետ հանդիպման համար, Մալալա յայտարարեց. «Մենք կ՛ուզենք Մալալա-Մուզուն բանակ մը, ոգեւորելու պարմանուհիները, որպէսզի պաշտպանեն իրենց իրաւունքները»: Մուզուն գլխու շարժումով հաստատեց. «Մենք միշտ ուզած ենք միասնաբար աշխատիլ եւ այժմ կրնանք»:
Սուրիոյ աղջիկներու կրթութեան անոնց նախաձեռնած ծրագիրը պիտի սկսի գործել փետրուարի սկիզբը, Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ընթացքին: Մուզունի ամէնէն մեծ մտահոգութիւններէն մէկը տակաւին պարմանուհի հարսնցուներն են: Ըստ օժանդակութիւն յատկացնող գործակալութիւններուն, գաղթական պարմանուհիներու ամուսնութիւնները սկսած են ահազանգային չափերով աւելնալ` այժմ կազմելով գաղթակայաններու մէջ ամուսնութիւններու մէկ երրորդը:
«Բազմաթիւ ծնողներ իրենց կրթութեան եւ սովորութիւններուն պատճառով կը կարծեն, թէ ամուսնացնելով իրենց դուստրերը, անոնց լաւ ապագայ մը պիտի տան: Այդպիսի ծնողներ կիսատ ձգելով իրենց աղջիկներուն ուսումը, չեն անդրադառնար, որ զանոնք պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը ուսում ջամբելն է», կ՛ըսէ Մուզուն:
Կարելի չէ ուրանալ Մալալայի եւ Մուզունի գիտակցութիւնը, նպատակի զգացումը, հակառակ իրենց փոքր տարիքին: «Եթէ մենք կը յուսանք օր մը նոր Սուրիա կառուցել, ատիկա չենք կրնար ընել, եթէ 2 միլիոն գաղթական երեխաները ամբողջութեամբ զրկուին կրթութենէ», կը բացատրէ Մալալա:
Իրենց միտքերուն մէջ կայ այլ նախաձեռնութիւն մը եւս:
«Մենք կը յուսանք ընթացք տալ նոր նախաձեռնութեան մը, որ 2016 թուականը պիտի նշանաւորէ իբրեւ պատերազմի աւարտի եւ խաղաղութեան հաստատման տարի», կը նշէ Մալալա:
«Մենք պէտք է դրական ըլլանք եւ յոյս ունենանք, որ իմ երկիրս պատերազմէ զերծ պիտի ըլլայ», կ՛աւելցնէ Մուզուն:
Սուրիան պատուհասող պատերազմը այս տարի դադրեցնելը փորձաքար մը պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ առաջնորդներուն եւ ամէնէն փորձառու դիւանագէտներուն համար:
Բայց մինչ այդ, աղջիկներու կրթութեան արշաւին մասնակից երկու պարմանուհիները բաւական աշխատանք ունին ընելիք, ներառեալ` իրենց դասերն ու տնային պարտականութիւնները:
«Այս տարի ի՞նչ դասընթացքներու պիտի հետեւիս», Մալալա հարցուց Մուզունի, երբ անոնք ընթերցասրահին մէկ անկիւնը սկսան առանձին զրուցել: Ասիկա սկիզբն է իրենց նոր զրոյցին, որուն մէկ մասը աշխարհի մէջ պիտի լսուի: