Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Լոյս Տեսած Է «Վէմ»-ի 2017 Թուականի Երկրորդ Թիւը

$
0
0

Լոյս տեսած է «Վէմ»-ի 2017 թուականի 2-րդ թիւը` սովորականէն քիչ մը աւելի ծաւալուն եւ հարուստ բովանդակութեամբ, ինչ որ պայմանաւորուած է հանդէսի այս թիւին մէջ տեղ գտած` Սասուն պատմական-աշխարհագրական մարզի նախաեղեռնեան ժողովրդագրութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան եւ անոր կցուած քարտէսի ծաւալներով:

Հեղինակը` Գեղամ Մ. Բադալեան, տարիներու տքնաջան աշխատանքով կրցած է իրականացնել այդ լեռնային հերոսական գաւառի քանի մը հարիւր հայկական գիւղերու տեղորոշումը եւ ներկայացուցած` իւրաքանչիւրին պատմական-աշխարհագրական բնութագիրը: Այս հրապարակումով եզրափակուած է Արեւմտեան Հայաստանի երեք գլխաւոր` Վանի, Կարինի եւ Պիթլիսի վիլայէթները ընդգրկող անոր ուսումնասիրութեան տպագրութիւնը, այսինքն` հայոց պահանջատիրութեան հիմքը դարձած` Ուիլսընեան Հայաստանի նախաեղեռնեան ժողովրդագրական պատկերի վերականգնումը: Որոշ ընդմիջումէ ետք հեղինակը պիտի հրապարակէ նաեւ հայկական միւս վիլայէթներու ժողովրդագրութեան նուիրուած իր ծաւալուն գործը:

«Վէմ»-ի հերթական թիւին մէջ տեղ գտած հիմնական  ուսումնասիրութիւններէն կ՛առանձնանան Երուանդ Գրէկեանի «Քարլ Ֆրիտրիխ Լեման-Հաուպտը եւ ուրարտակապ արքայացանկը» եւ Ալպերթ Ա. Ստեփանեանի «Արեւմտեան պատմագրական կանոնը հելլենիստական Հայքում» հրապարակումները:

Իսկ ահա նորայայտ վաւերագիրներէն մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ Երուանդ Գ. Փամպուքեանի կողմէ վերջերս յայտնաբերուած` Սիմոն Վրացեանի ձեռագիր գրութիւնը` Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան յայտնի պետական-կուսակցական գործիչ Սարգիս Սրապիոնեան-Լուկաշինի հետ 1930-ականներու սկիզբը Գերմանիոյ մէջ իր ունեցած գաղտնի հանդիպման եւ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: Ժամանակին «Կեանքի ուղիներով»-ին մէջ Սիմոն Վրացեան ակնարկելով այդ մասին` հետագայ սերունդներուն ձգած է նման ուշագրաւ պատմական իրողութեան մանրամասնութիւնները բացայայտելու գործը, որուն սկիզբը կարելի է նկատել սոյն հրապարակումը: Հետաքրքրական է նաեւ Համաստեղի կեանքի վերջին տարիներու իւրայատուկ օրագրութիւնը դարձած` Յակոբ Խաշմանեանի հետ անոր հարուստ նամակագրութիւնը` Մարկարիթա Մ՛. Խաչատուրեանին գիտական ծանօթագրութիւններով:

«Վէմ» հանդէսի 2017 թուականի երկրորդ թիւին մէջ գրախօսուած է նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակում մը` ընթացիկ տարուան մէջ Մոսկուայի ընթացքին   լոյս տեսած լեհ-լիթուական ընկերվար-ժողովրդավարութեան հիմնադիրներէն Սթանիսլաւ Թրուսեւիչի (Քազիմիր Զալեւսքի)` Ռուսիոյ ազգային կուսակցութիւններու պատմութեան նուիրուած ուսումնասիրութիւնը, որուն մէկ կարեւոր բաժինը նուիրուած է ՀՅ Դաշնակցութեան 20-րդ դարասկզբի գործունէութեան քննութեան:

«Վէմ»-ի 2017 թուականի երկրորդ թիւը հարուստ է նաեւ այլ հետաքրքրական հրապարակումներով:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Խմբագրական
ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ՀԱՐԵՒԱՆՆԵՐԸ

ՀԻՄՆԱՔԱՐԵՐ
Դաւիթ Ռ. Մոսինեան
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԼԵԶՈՒ, ՓՈՐՁ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Երուանդ Հ. Գրեկեան
ՔԱՐԼ ՖՐԻՏՐԻԽ ԼԵՄԱՆ-ՀԱՈՒՊՏԸ ԵՒ ՈՒՐԱՐՏԱԿԱՆ ԱՐՔԱՅԱՑԱՆԿԸ
«Երեք Ռուսաներ»-ի խնդրի շուրջ

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
Ալպերթ Ա. Ստեփանեան
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԱՏՄԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆԸ ՀԵԼԼԵՆԻՍՏԱԿԱՆ ՀԱՅՔՈՒՄ
Պրագմատիկ Եւ Ողբերգական Պատմութիւնք (անգլերէն)

ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Արսէն Մ. Գլջեան
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ ԵՒ ԱՐԻՍՏՈՏԵԼԸ

Թադէոս Վ. Տօնոյեան
ՉԱՐԵՆՑԻ «ԵՍ ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ՏԱՂԻ ԲԱՌԸ

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Նայիրա Ժ. Մկրտչեան
«ՊԱՏՄԱԿԱՆ (ԱՆ)ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ» ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԵՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹԸ
Հայկական Տրամասային Կառուցումները Անցեալից Ներկայ

ՄՇԱԿՈՅԹ
Սարգիս Գ. Պետրոսեան (Գիւմրի)
ԸՆՁԱՌԻՒԾԸ` ՈՐՊԷՍ ԱՐՔԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Մի Հին Տեքստի Անագրամայում Եւ Մի Ժայռապատկերում

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ
Սուսաննա Գ. Յովհաննիսեան
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԸ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՅՈՐՁԱՆՈՒՏՈՒՄ

Արարատ Մ. Յակոբեան
«ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՏԵՌՈՐԻՍՏՆԵՐԻ ԳՈՐԾԸ»
Մանուկ Խուշոյեանի Սպանութեան Իրական Պատմութիւնը

ԳԻՏԱԳՈՐԾՆԱԿԱՆ
Արմէն Ց. Մարուքեան
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ
Ճանապարհային Քարտէսի Ուրուագիծ

Կարէն Հ. Խաչատրեան
ՌԱԶՄԱԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ (1991-1993 ԹԹ.)

ԼՐԱՏՈՒ
Ալբերտ Ա. Խառատեան
Գէորգ Ս. Խուդինեան
ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉԸ
Ակադեմիկոս Վլադիմիր Բարխուդարեանի Յիշատակին

ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Գ. Խ. – Կազիմիր Զալեւսկի ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆՈՒՄ

ԱՐԽԻՒ
Ա-Դօ
ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻՆ
Անդրանիկ Օզանեան եւ Թովմաս
Նազարբէկեան. Զուգակշիռներ
Պատրաստեցին` ՌուբԷն Հ. Գասպարեանը եւ Ռուբէն Օ. Սահակեանը

Երուանդ Գ. Փամպուքեան (Պէյրութ)
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ – ՍԱՐԳԻՍ ՍՐԱՊԻՈՆԵԱՆ – ԼՈՒԿԱՇԻՆ ԳԱՂՏՆԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարգարիտա Մ. Խաչատրեան
ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԻ ՕՐԱԳԻՐԸ
Համաստեղի Եւ Յակոբ Խաշմանեանի Նամակագրութիւնից

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Գեղամ Մ. Բադալեան
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ
Մաս Ութերորդ: Սասուն Պատմաաշխարհագրական Մարզը Եւ Բաղէշ (Պիթլիս) քաղաքը

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>