ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Տարօնեաններ Եւ Դարօնեան Մը…
Հիմա որ բացատրած եղանք Տարօնը, այլեւս դիւրին է ենթադրել, թէ ինչո՛ւ հայրենահան սասունցիներն ու մշեցիները սիրած են ու կը սիրեն ՏԱՐՕՆ կոչել իրենց մանչ զաւակները:
Ասիկա իրենց կորսուած հայրենիքին նկատմամբ սիրոյ ու կապուածութեան ցուցանիշ մըն է: Նորածին երեխան երբ Տարօն անունով կը մկրտուի, կարծէք` անոր հետ միասին կը վերածնի Տարօն աշխարհը, կորսուած երկիրը, կարծէք, կը վերյառնէ գէթ մեր ապրումներուն մէջ:
Բայց Տարօնը միայն իբրեւ անուն չէ՛, որ կ՛ապրի մեր շուրջ: Ունեցած ենք եւ ունինք նաեւ «Տարօնեան» մականունը:
Եւ ճի՛շդ հոս ես պիտի ուզեմ ոգեկոչել տարօնցի երկարամեայ ուսուցիչ, գրաբարագէտ եւ արձակագիր ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆԸ (1896-1967):
Այս տարի (2017) կը լրանայ հայ դպրութեան այս նուիրեալ ծառային մահուան 50-ամեակը:
Մոռցուած անուն մըն է ան ալ, շատերու նման: Նոր ու միջին սերունդները ոչինչ լսած են իր մասին: Թերեւս զինք յիշեն լոկ Պէյրութի Ս. Նշան Ազգ. վարժարանի հին շրջաններու աշակերտները, որովհետեւ Եդ. Տարօնեան 1942-57 տնօրէնի պաշտօն վարած է այնտեղ:
Տարօնեան ծնած էր Բաղէշի (Պիթլիս) Խուլթիկ գիւղը: Հետագային (1961) ան արդէն պիտի անմահացնէր իր գիւղին անունը` պատրաստելով ու հրատարակելով անոր ինքնուրոյն բարբառին նուիրուած ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, որ յագեցած էր ազգագրական ծանօթութիւններով:
Եդուարդ Տարօնեան պատանի տարիքին Պոլիս գալով` նախ յաճախեր էր Էսայեան վարժարան, յետոյ ալ աշակերտեր էր Յովհաննէս Հինդլեանի Նոր դպրոցին` այնտեղ ուսուցիչ ունենալով Եղիշէ եպս. Դուրեանն ու Դանիէլ Վարուժանը, որոնք խմորեր էին իր մէջ գրականութեան ճաշակը եւ հին ու նոր լեզուներու հանդէպ սէրը:
Եղեռնի շրջանին անցեր էր Ժընեւ` հետեւելով «Ժան Ժաք Ռուսօ» մանկավարժական հիմնարկի դասընթացքներուն` հոնկէ վկայուելով 1919-ին: Այդ թուականէն սկսեալ, աւելի քան 35 տարի ինքզինք ամբողջովին պիտի նուիրէր ուսուցչական ասպարէզին` Պոլսէն Ժընեւ, Հալէպ եւ Պէյրութ:
Գրած է պատմուածքներ, որոնք նախ լոյս տեսած են Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին մէջ եւ այլուր, յետոյ ալ մէկտեղուած են առանձին կողքի մը տակ («Համասփիւռ»,1959):
Մշակած է նաեւ մանկապատանեկան պատմուածքներ, որոնց մէկ մասը ամփոփած է «Մանկապատում» վերնագրով ժողովածուի մը մէջ (1952), զոր պատկերազարդած է ծաղրանկարիչ Տիրան Աճեմեանը: Այս հատորին յառաջաբանին մէջ Տարօնեան կը խոստովանէր, որ իր պատմուածքներուն ոճը իրական իմաստով մանկական չէ, բայց կ՛աւելցնէր.
– Հայ մայրն է, որ յանձն պիտի առնէ այս գիրքը կարդալ ու բացատրել իր ծունկերուն փարած երեխաներուն, եւ այս պատկերն ալ ուրախառիթ է: Այս ձեւով, հայ մայրը իր մանուկներուն սիրոյն, պահ մը ի՛նքն ալ պիտի մանկանայ, եւ ինչպէս որ ամէնէն դժուարամարս սնունդը մայրական կուրծքին մէջ կը հրաշափոխուի անուշ ու արդար կաթի, այսպէս ալ այս պատմուածքներու լեզուն հայ մօր շրթունքներէն անցնելով` մտերմիկ ու դիւրըմբռնելի զրոյցի մը պէս պիտի շոյէ ականջները իր մանկիկին:
Տարօնեան հմուտ էր ֆրանսերէնի ու, առ այդ, կատարած էր թարգմանութիւններ, ինչպէս` Անտրէ Տիւմայի «Յաւերժական ներկայութիւն»-ը:
1944-ին, հրապարակագիր Մանուկ Ասլանեանի մահէն ետք, Եդ. Տարօնեան ամբողջ տարի մը ի՛նք է որ ստանձնած էր Պէյրութի «Ազդարար» շաբաթաթերթին խմբագրականները գրելու պարտականութիւնը` դրսեւորելով ազգային ու քաղաքական հարցերու խոր հմտութիւն:
Եղած է շատ պարկեշտ մտաւորական մը` ապրելով գրեթէ աննշմար:
1957-ին կաթուածահար կ՛ըլլայ ու շուտով ալ կը կորսնցնէ իր զոյգ աչքերուն լոյսը, ըստ կարգ մը հաւաստի վկայութիւններու, տարիներ առաջ գլխէն ստացած տմարդի ու վայրագ հարուածի մը պատճառով, հայանուն մարդոց ձեռամբ… Այդ վիճակով ճիշդ տասը տարի կ՛ապրի շատ տառապալից կեանք մը` անկողինին գամուած ու առանց ընտանեկան խնամքի: Կը մահանայ Ազունիէի (Լիբանան) հայոց բուժարանը, 25 հոկտեմբեր 1967-ին:
Մ. Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն»-ի անդրանիկ տպագրութեան Բ. հատորին մէջ (1956, Գահիրէ), տեղ տուած է Տարօնեանին` կենսագրականով ու սիրուն պատմուածքով մը: Անդրանիկ Ծառուկեան, որ աշակերտած է իրեն Պէյրութի Հայ Ճեմարանը, իր մահուան վաղորդայնին ոգեկոչած է զինք «Նայիրի» շաբաթաթերթին մէջ (5 նոյեմբեր 1967): Իսկ տարիներ անց, իր վաղեմի ուրիշ մէկ աշակերտը` Մեսրոպ արք. Աշճեան, Փարիզի «Յառաջ»-ին մէջ ընդարձակ յօդուածով մը (19-21 յուլիս 1996) վեր հանած է այս «մոռցուած դէմք»-ին արժանիքները` դպրոցական օրերէ յամեցող քաղցր յուշերով:
***
Եդ. Տարօնեանի կողքին, պիտի ուզէի յիշատակել նաեւ ուրիշ Տարօնեան մը` ՀՐԱՉ ՏԱՐՕՆԵԱՆԸ, որ յիսունական ու վաթսունական թուականներուն աշխուժ դէմք մը եղած է Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութեան շրջանակին, ինչպէս նաեւ` ֆրանսահայ գրականութեան մէջ առհասարակ:
Հրաչ Տարօնեան ծնած էր 1917-ին Տէտէաղաճ (Թրակիա, Յունաստան), ուր «Տարօնեան» վարժարանին մէջ աշակերտած էր բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցին: Հետագային, չորս տարի ալ պիտի յաճախէր Մխիթարեաններու Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը:
Վկայեալ ատամնաբուժ մը ըլլալու կողքին, սիրած է մասնաւորաբար թատրերգրութիւնը ու քսան տարեկանէն սկսեալ ֆրանսահայ բեմին համար հեղինակած է տասի չափ թատերախաղեր: 1961-ի վերջերը Փարիզի մէջ սկսեր է հրատարակել «Բիւրակն» անունով գրական-ազգային ամսաթերթ մը, երեք տարի շարունակաբար: Յետոյ թերթը յանձներ է այլ գործընկերներու: Մահացած է 1990-ին:
***
Ունինք նաեւ հայրենի գրականագէտ մը` ՍԵՐԳԷՅ ԴԱՐՕՆԵԱՆԸ (1925-1990):
Ինչպէս նշմարեցիք արդէն, «Տարօնեան» մականունը արեւելահայ մեր զարմիկներուն մօտ դարձեր է «Դարօնեան»…
Փրոֆ. Սերգէյ Դարօնեան Խորհրդային Հայաստանի համբաւեալ գրականագէտներէն մին էր, համալսարանի մէջ` ռուս գրականութեան ամպիոնի վարիչ: Ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ ունի բանաստեղծներ Միքայէլ Նալբանդեանի եւ Նայիրի Զարեանի մասին: Սակայն ինչ որ գրած է, ընդհանրապէս ռուսերէն է:
Ուրկէ՞ կու գար իր «Դարօնեան» մականունը: Արմատներով տարօնցի՞ մըն էր արդեօք, տեղեակ չեմ: Թէեւ ստոյգ է, որ իր ծննդավայրը հին ու նոր Հայաստաններէն հեռո՜ւ տեղ մըն է` Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքը…
***
Տարօն-Տուրուբերանի հայր. միութեան հիմնադրութեան դարադարձին առիթով, ոգեկոչելէ ետք մեր նախնիներն ու երէցները, ի՞նչ կարելի է մաղթել նորերուն, որոնք Տարօնը չեն տեսած կամ չեն ճանչցած, բայց անոր բնական ժառանգորդներն են օտար ափերու վրայ:
Երկու մաղթանք` Սասնոյ բարբառով.
– Կանա՛չ էղնի ձեր արեւ:
– Զձեր ազգի արեան վրէժ չեղնի՛ մոռնէ՜ք:
(Շար. 5 եւ վերջ)
Հալէպ