ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Բացէ՛ք հայկական կամ օտար որեւէ օրաթերթ կամ պարբերաթերթ եւ հոն պիտի տեսնէք մահազդներու շարք մը, որ կը գուժէ այս կամ այն մարդուն մահը` ցաւ պատճառելով թէ՛ մահացեալի պարագաներուն եւ թէ՛ անոր բարեկամներուն: Մահը որքան ցաւալի է, նոյնքա՛ն ալ` սոսկալի, որովհետեւ ան վախճանն է անցաւոր կեանքի: Ան կու գայ մեզ բաժնելու հերթով եւ երբեմն ալ առանց հերթի` մեր սիրելիներէն… Ինչ որ շատ տխուր երեւոյթ մըն է: Ի՞նչ կարելի է ընել անոր առաջքը առնելու համար… Ոչի՛նչ. Ճենկիզ Խանն անգամ, իր ամբողջ հզօրութեամբ, անճարակ մնաց անոր դիմաց: Ա՛ն է, որ կ՛ընտրէ մեզ ընդհանրապէս` այլեւայլ միջոցներ պատրուակելով, ինչպէս` ծերութիւն, արկած, հիւանդութիւն, վհատութիւն, բնական աղէտ եւ պատերազմ: Այլ խօսքով, մահացողը անկարող կը զգայ անոր դէմ ինքզինք պաշտպանելու… Ան կ՛առնէ ու կը տանի մարդը` առանց անոր կամքին կամ առանց անոր կարծիքը առնելու:
Միւս կողմէ, սակայն, կայ ուրի՛շ տեսակ մահ մը, որ անզօր է զինք յանդգնօրէն ընկալել ուզող անձին դէմ: Այս անգամ մահն ինքն է, որ կ՛ընկրկի ու տեղի կու տայ, որովհետեւ այն մղիչ ուժը, որ կը խթանէ պայքարը` մահուան դէմ, ուրիշ բան չէ` եթէ ոչ` հայրենիքի հանդէպ տածուած սէրը… եւ եթէ հայրենիքը ոտքի կոխան եղած է, այդ մղիչ ուժը աւելի եւս կը զօրանայ` ծնունդ տալով անձնազոհութեան, որուն յառաջխաղացքը ո՛չ մէկ խոչընդոտ կրնայ կասեցնել: Ա՛յս եղած է պարագան` Հայկ Նահապետին, Քաջն Վարդանին, մեր ջան ֆետայիներուն, Սարդարապատի հերոսներուն եւ, ի վերջոյ, Լիզպոնի հինգին` Սիմոնին, Վաչէին, Արային, Սեդրակին ու Սարգիսին:
Այս վերջինները Հայկական յեղափոխական բանակին պատկանող մարտիկներ էին, նորահաս երիտասարդներ` կեանքով լեցուն, գունագեղ երազներով ուժանակուած, սիրով զեղուն, պարկեշտ, խոստմնալից, մեծահոգի ու բարի: Անոնք ընդվզեցան անիրաւ ու անտարբեր աշխարհին դէմ` ծառանալով թուրքին անհանդուրժելի ուրացումին դէմ, եւ ընտրեցին հայ ֆետայիներու բռնած ուղին` անձնազոհութիւն, որ աշխարհը սթափի իր զազրելի թմբիրէն, եւ թուրքը հասկնայ, որ հայը արթուն կը հսկէ եւ, եթէ հարկաւորուի, նո՛յնիսկ կրնայ դիմել անարդար աշխարհին համար անհասկանալի միջոցներու` վերադարձնելու համար հայապատկան մեր հողերը. թէ` մեր նախնիներու արեան կանչը այնքա՛ն ուժեղ է, որ մեր Տիրոջ` Քրիստոսի նման մե՛նք ալ կրնանք արհամարհել մահը, որպէսզի յարութիւն առնէ հայ ազգը, եւ ազատագրուին մեր համայն հողերը, որ տակաւին կը տնքան թուրքի լուծին տակ:
Այս բոլորը կարելի է ձեռք բերել Լիզպոնի հինգին նման հերոսներու միջոցով: Անոնք գիտակցաբար նետուեցան մահուան գիրկը ու… անմահացան Քրիստոսի նման:
Անոնք հինգ բերդեր են անառիկ…