Այս սպասումով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հինգշաբթի, 27 յուլիս 2017-ին ողջունեց համալսարանաւարտները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ` իրենց ի պատիւ տրուած ընթրիքին ընթացքին: «Ոեւէ ընկերութեան ամէնէն կենսական երակը կը կազմեն մասնագիտութեամբ թրծուած երիտասարդ համալսարանականները: Անոնք է, որ ընկերութեան կեանքը կը դնեն զարգացման ու յառաջդիմութեան մնայուն ընթացքի մէջ: Անոնք է, որ տուեալ ընկերութիւնը կը բանան ներկայ աշխարհի նոր զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն եւ կ’առաջնորդեն դէպի նոր հորիզոններ: Առանց մասնագիտութեամբ հարուստ երիտասարդութեան, ընկերութիւն մը պիտի մնայ մարդկային կեանքի լուսանցքին վրայ` կորսնցնելով իր դիմագիծն ու դերակատարութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ»: Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց համալսարանաւարտներուն առաւել աշխուժութեամբ ու հետեւողականութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերել հայ կեանքին` շեշտելով. «Մեր կեանքէն ներս մարդուժի կարիքը զգալի է ամէն տեղ ու բոլոր մարզերէն ներս: Առաւել քան երբեք, այսօր մենք հրամայական կարիքն ունինք մասնագիտութեան տէր երիտասարդներու, որպէսզի մեր կեանքը դարձնենք աւելի կազմակերպ ու կենսունակ` զայն առաջնորդելով դէպի նորանոր իրագործումներու»: Ապա նորին սրբութիւնը յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է գործնապէս զօրակից ու աջակից դառնալու համալսարանական թէ համալսարանաւարտ մեր երիտասարդներուն` բոլոր գաղութներէն ներս:
Յիշենք, որ սոյն զրոյց-հաւաքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի ատենապետ` Յակոբ Հանտեան: Ան բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց երիտասարդները իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները ներկայացնելու եւ բարձրաձայն մտածելու հայ կեանքը յուզող հարցերու շուրջ, եւ առաւել քան տասը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց մտահոգութիւնները կիսեցին ներկաներուն հետ:
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ կը գործեն Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը (ՀՀՀ): Երկու միութիւններն ալ ունին իրենց ուղեգիծները, վարչութիւնները եւ խորհրդատու միաբան հայրեր: Անոնք յաճախակի առիթներով կ’այցելեն վեհափառ հայրապետին` լսելու համար անոր թելադրանքները: