ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Յաջորդ երգը աշուղ Ֆահրատի «Հայ զինուորի սկզբունքը» երգն է, որ բոլորիս ծանօթ է իբրեւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»:
Նախ երկու խօսք` Ֆահրատի(2) մասին: Ֆահրատ նաեւ Ֆէյրատի, բուն անուն-ազգանունը` Խաչատուր Գէորգեան, ծնած է 1867 թուականին, Տիրաքլար (ներկայիս` Շիրակի մարզի Կառնուտ), մահացած է 1921 թուականին, գիւմրի: Հայ աշուղ, երեք տարեկան հասակին կուրցած է:
Մանուկ հասակին ծնողները Խաչատուր Գէորգեանը յանձնած են աշուղ Ֆիզահիի խնամքին, որ անոր սորվեցուցած է սազ եւ ջութակ նուագել: 1884 թուականին նշանաւոր աշուղներ Ջիւանին, Զահրին եւ Ճամալին անոր շնորհած են վարպետի կոչում` տալով Ֆէյրատի մականունը:
Յօրինած է հերոսապատման թեմայով ասքեր, գրած է երգեր` Րաֆֆիի, Խաչատուր Աբովեանի, Ծերենցի, Մուրացանի գրուածքներու հիման վրայ: Ստեղծագործած է հայերէն եւ թրքերէն, սակայն թրքերէն երգերը չեն պահպանուած եւ մոռցուած են: Գրած է մաքուր գրական հայերէնով` համեմուած իր ժամանակի կենդանի լեզուի բառ ու բանով:
Ֆահրատը կը համարուի գիւմրիի աշուղներու վերջին նշանաւոր ներկայացուցիչը: Անոր գործերը ամփոփուած են «Երգիչ Ֆահրատի ողբերն ու հառաչները» գիրքին մէջ, Ալեքսանդրապոլ, 1906(3):
Ստորեւ կը ներկայացնենք երգին երկու տարբերակներն ալ, բնագիրը առաջինն է, որ վեց համարէ կը բաղկանայ եւ հոն ներկայացուած է Խանասորի արշաւանքի, Զէյթունի, Սասունի ապստամբութիւններու եւ Պանք Օթոմանի գրաւման մասին:
Երկրորդ տարբերակը «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» վերնագրուած է, եւ ընդհանրապէս վերջին քանի մը տասնեակ տարիներուն հրապարակուած յեղափոխական երգարաններուն մէջ այդպէս ներկայացուած է մեզի: Միւս կողմէ, հոն Պանք Օթոմանի գրաւման բաժինը արդէն դուրս է, հետեւաբար կը բաղկանայ չորս համարէ: Կարգ մը երգարաններուն մէջ երկրորդ տարբերակին հետ լոյս տեսած են տարբեր-տարբեր հինգերորդ համար մըն ալ, որ հոս չենք ներառած:
Ֆահրատ սոյն երգը կը սկսի ներկայացնելով, որ խումբ մը հայ մարտիկներ` ֆետայիներ, «Պարսկաստանի խորքից եկած նամակ»-ի մը թելադրանքով, անակնկալ եւ յանդուգն կը մեկնին պատերազմի դաշտ: Անշուշտ արշաւանքը յստակ է մեզի, որ կատարուեցաւ քրտական մազրիկ ցեղախումբի բնակավայրին վրայ` պատժելու համար թուրքին ընձեռած սանձարձակութեան զոհ գացած հայուն պատուհասը դարձած ցեղախումբը:
Հոն, թէեւ Զէյթունի, Սասունի եւ, ինչպէս ըսինք, Պանք Օթոմանի մասին եթէ նշումներ կան, սակայն հիմնական պատումը Խանասորի արշաւանքն է: Երգի տողերուն մէջ են արշաւանքին ղեկավարները` Իշխանն ու Վարդանը, հոն են նաեւ մարտիրոսացած ֆետայիները:
Ֆահրատ, այնուհետեւ երգին մէջ համապարբակ ձեւով ներկայացուցած է հայու ուժականութիւնը, ուր յատկապէս կը շեշտուին հայ ֆետայիներու կարողականութիւնն ու անկոտրում կամքը եւ թշնամիի արժանի պատիժին գաղափարները: Խրոխտ ու առնական բառերով եւ կշռոյթով այս երգը արժանացած է հայ ժողովուրդի բուռն գնահատանքին, եւ երեք դարերէ ի վեր կ’երգուի նոյն ժողովրդականութեամբ եւ ծանրութեամբ:
Կշռութաւոր քայլերգային ոճով` իսկապէս սքանչելի գործ մը:
Հայ Զինուորի Սկզբունքը
Մենք անկեղծ զինուոր ենք առանցի(4)վիճակ,
Պէտք է(5) սուրբ ծառայենք երկար ժամանակ,
Պարսկաստանի խորքից եկել է նամակ.
Գնում ենք բարով,
Կ’ուշանանք տարով,
Արիւն, սուր ու թուր,
Պատերազմի դաշտ
Կը սպասէ մեզի:
Դուշմանը տուեց մեզ ջանֆիտայ անուն,
Այդ անուան համաձայն` տեսաւ զօրութիւն,
Մենք չենք սիրել ազատ կեանքի բռնութիւն,
Ուխտել ենք կռուել,
Այդ սիրով մեռնել,
Համոզուած ենք որ
Միայն զէնքով կայ
Հային փրկութիւն:
Պանքի պաշարումը, Յոյն պատերազմից(6),
Աւելի մեծ սարսափ թողեց սուլթանին,
Զէյթունը քաջ կերպով յաղթեց գազանին,
Կեցցէ Զէյթունը,
Խրոխտ Սասունը,
Կուսակցութիւններն
Անխտիրօրէն –
Պարծանք հայութեան:
Ստամպուլը(7) պէտք է լինի արեան ծով,
Ամէն կողմից կռիւ կը սկսուի շուտով,
Կոդուրից դէպի Վան անցնել շտապով(8),
Աջից Վարդանը,
Ձախից Իշխանը(9),
Գրաւել Աղբակ,
Տարածել սարսափ,
Փառք Դաշնակցութեան:
Անհաւատ ժողովուրդ, հրաշք կը սպասէք,
Գետ չէք տուել, ծովի չափ կը բամբասէք,
Դարձեալ հայ զինուորը չէ յուսահատուած.
Առանցի գանգատ,
Կռւում է ազատ,
Գործին հարազատ,
Երկաթի կամքով
Տանում ամէն բան:
Մեր զարգացած խիղճը մեր սուրբ օրէնքն է,
Հաստատ համոզմունքը մեր անյաղթ զէնքն է,
Մարդասէր իտէալն մեր սկզբունքն է.
Կեցցէ՛ հայրենիք,
Կեցցէ՛ իղձ-փափաք,
Անյաղթ կը մնայ
Անթիւ դարէդար
Աստուածահաճոյ մեր վեհ դրօշակ:
Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք
Մենք անկեղծ զինուոր ենք, առանց ի վիճակ:
Ուխտել ենք ծառայել երկար ժամանակ,
Պարսկաստանի խորքից եկել է նամակ,
Գնում ենք բարով, կ’ուշանանք տարով,
Արիւն, սուր ու հուր, պատերազմի դաշտ կը սպասեն մեզի:
Դուշմանը մեզ տուեց ջան ֆետայ անուն,
Այդ անուան համաձայն տեսաւ զօրութիւն,
Մենք չենք ուզեր ազատ կամքի բռնութիւն,
Ուխտել ենք կռուել, այդ սիրով մեռնել,
Համոզուած ենք, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն:
Ստամբոլը պիտի լինի արեան ծով,
Ամէն կողմից կռիւ կը սկսի շուտով,
Կոդուրից Բաշկալա անցնենք հեշտ կերպով,
Աջից Վարդանը, ձախից Իշխանը,
Գրաւենք Աղբակ, տարածենք սարսափ, փա՜ռք Դաշնակցութեան:
Բաշկալա գաւառում, այն պատերազմին,
Աւելի մեծ սարսափ տիրեց սուլթանին,
Քաջ Զէյթունը յաղթեց վատ չար գազանին,
Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը, Դաշնակցութիւնը
Բախտաւոր օրեր պարգեւեց հայուն:
*
* *
Յաջորդ երգը «Խանասորի քայլերգ» վերնագրով «Կռուեցէ՛ք տղերք…» երգն է, որ երգարաններու մէջ յիշատակուած է «Խանասորի քայլերգ» վերնագրով, եւ մենք տասնեակ տարիներ այդպէս ճանչցած ենք եւ` երգած:
Հոս ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնենք, որ սոյն երգը մենք բացատրողական եւ պատմական տուեալներէ մեկնելով` սրբագրում մը կը կատարենք եւ ընթերցողին կը ներկայացնենք ճիշդ բնութագրումով:
Դժբախտաբար Խանասորի արշաւանքը բնութագրելու տեսակէտէն ոչ մէկ նշում կայ այս երգին մէջ: Խանասորի արշաւանքին որպէս մասնակից` կար միայն մէկ մարտիկ Մարտիրոս անունով` Մարտիրոս Ասատուրեան, ոզմեցի, երկրագործ, 35 տարեկան, ամուսնացած(10): Իսկ գալով նահատակներուն, ընդամէնը 19(11) էր եւ ոչ մէկ Մարտիրոս անունը կրող ֆետայի կար:
Սիմոն Ս. Թորգոմեան, որ ականատես է 1896 թուականի Վանի կոտորածներուն, կը գրէ.- «Թուրք եւ քիւրտ խուժանը աւելի կը կատաղէր, երբ բոլոր դիրքերէն մեր հերոսները կը կռուէին խելայեղ գոռում գոչումներով` երգելով Պողազ-Քեասանի քայլերգը` «Կռուեցէ՛ք տղերք…»ը(12):
Այստեղ յարմար կը նկատենք կարճ տեղեկութեամբ մը ծանօթացնել Պողազ-Քեասանի (թրք.` կոկորդ կտրող, մորթող) կռիւը, որպէսզի ընթերցողը իրազեկ դարձնենք ամբողջ եղածին եւ կատարենք մեր կարեւոր սրբագրումը:
1895 թուականին Վանի շրջանը անհրաժեշտ կարիք կ’ունենայ զինամթերքի: Այս իսկ պատճառով կը կազմուի 40 հոգիէ բաղկացած դաշնակցական ֆետայական խումբ մը, որպէսզի զինամթերքը հասցնէ Վան: Այս խմբակին խմբապետը Նիկոլն էր` իրեն հետ ունենալով նաեւ Վազգէն Տէրոյեանը: Այս խմբակին կ’ուզեն միանալ Արմենական կուսակցութեան անդամներ, թիւով 10 հոգի: Այսպէս, 1895 հոկտեմբեր 23-ին 50 հոգինոց մարտախումբը, Նիկոլի գլխաւորութեամբ ճամբայ կ’ելլէ Պարսկաստանէն դէպի Վան:
Ճամբան խստաշունչ ցուրտը կ’ըլլայ անողոք: Ֆետայիներուն ոտքերը կը սառին: Սահմանը անցնելէ առաջ խմբապետը արդէն իսկ կը ստիպուի ետ ճամբել ֆետայիներէն մէկը: Բայց ահա, սահմանէն անդին, երկու ուրիշներ` արմենական զինագործ Ուստա Փանոս եւ Սալմաստցի Աբգար, ցրտամահ կ’ըլլան:
Բայց եւ այնպէս, ի գին գերմարդկային ճիգերու, խումբը կը շարունակէ ճամբան ու կը հասնի թրքական սահմանէն 20 քմ ներս գտնուող Սարա գիւղի Ինկիզ-Թափա կոչուող բարձունքը, ուր կը պաշարուի մլանցի, մակուրցի, թակուրցի եւ շամսցի 1.500 քիւրտերու կողմէ:
Անհաւասար ուժերով անխուսափելի կռիւը կը տեւէ երկու օր եւ պատճառ կը դառնայ Հաֆթուանցի Աւետիսի նահատակութեան: Հոկտեմբեր 26-ին, երեկոյեան խումբը կտրելով թշնամիի պաշարման շղթան, անընդհատ դիմադրութեամբ կ’երթայ եւ կ’ապաստանի հայաբնակ Պողազ-Քեասան գիւղը: Ի վերջոյ խումբը կը հասնի Պողազ-Քեասան գիւղը եւ երկուքի բաժնուելով` կը պատսպարուի մարագներու մէջ: Յոգնած եւ ուժասպառ հայդուկները կրակ կը վառեն իրենց ցրտահար մարմինները տաքցնելու համար, բայց շատ չանցած` կը պաշարուին զինեալ քիւրտերու կողմէ:
Նիկոլ եւ արմենական Ներսէս Պօղիկեան(13) 20-25 հոգիով կը թաքնուին իրենց հանդիպած առաջին մարագը, մինչ խումբին մնացեալ մասը Ղարաբաղցի Յարութիւնին հետ կը թաքնուի մէկ այլ մարագ:
Շատ չանցած` խումբին շարժումներուն կրնկակոխ հետեւած քիւրտեր կը պաշարեն Նիկոլի գտնուած մարագը եւ ֆետայիներուն կ’առաջարկեն անձնատուր ըլլալ, որ ապարդիւն կը մնայ: Քիւրտերը կ’որոշեն ծուխի եւ կրակի մէջ խեղդել ֆետայիները: Մարագի շուրջը կը շարեն չորցած խոտի խուրձեր եւ կրակի կու տան զայն:
Քանի մը յանդուգն քիւրտեր ալ տանիքներէն ցատկելով` կ’անցնին այն մարագին վրայ, ուր ֆետայիները կը գտնուին եւ կը սկսին կրակել ներսը: Ֆետայիները պատին փակած եւ շուարած` կը մտածեն իրենց ընելիքին մասին: Նիկոլ վճռական կարգադրութիւն մը կ’ընէ: Ընկերներուն կ’ըսէ, որ հետեւին իրեն եւ կը բանայ մարագին դուռը: Հրացանի կոթով ցիր ու ցան կ’ընէ խոտի այրող խուրձերը եւ վրայէն ցատկելով կը վազէ դէպի դիմացի լեռը: Այս բոլորը տեղի կ’ունենան շատ արագ: Տանիքներէն քիւրտերը կը կրակեն: Նիկոլ շարունակելով իր վազքը` դէմ դիմաց կու գայ ծառի մը տակ բազմած քիւրտերու եւ կրակելով կը սպաննէ զանոնք: Յետոյ յայտնի կ’ըլլայ, որ երկու քիւրտերը` Միլիազիմ Չնդին եւ դերհազարապետ Շաւեշը, քիւրտերու ցեղապետներն էին եւ անոնց սպանութիւնը սարսափահար կ’ընէ մնացեալ քիւրտերը, որոնք փախուստի կը դիմեն:
«Աւա մրով նինա, աւա տուման ա (սա մարդ չէ, սա տուման փոթորիկ է) կ’ըսեն քիւրտերը եւ երգեր կը հիւսեն Դումանի քաջութեան մասին»(14):
Մինչ այդ, Նիկոլի օրինակին եւ հրահանգին հետեւելով` ֆետայիները մէկ-մէկ դուրս կու գան մարագէն` պոռալով «Մահ կամ ազատութիւն», եւ կ’աճապարեն հասնիլ Նիկոլի օգնութեան: Ուստի պաշարուած կացութիւնը կը փոխուի յարձակողականի, ինչ որ փախուստի ու պարտութեան կը մատնէ քիւրտերը: Խումբը շարունակելով իր ճանապարհը, կը հասնի Վան` ճամբու ընթացքին զոհ տալով 4-5 ընկեր, ներառեալ` ցրտահարները: Քանի մը օր ետք ապահով կը հասնի նաեւ Վ. Տէրոյեանի խումբը:
Այս դէպքէն ետք Նիկոլի անունին կ’աւելնայ Դուման (Տուման) այսինքն մուխ, փոթորիկ կամ ղարա-դուման (սեւ մառախուղ, փոթորիկ): Այստեղէն ալ անոր Նիկոլ Դուման անուանումը(15): Նոյն այս դէպքէն ետք քիւրտերը նաեւ երգեր կը հիւսեն Նիկոլ Դումանի մասին` վեր առնելով անոր սխրագործութիւնները: Քիւրտերուն յատուկ է այն սովորութիւնը, որ կռուի պարտութեան ընթացքին թշնամիին գովաբանական երգեր կը հիւսեն(16):
Պողազ-Քեասանի կռիւը պատմելէ ետք կը շարունակենք մեր բուն նիւթը լուսարձակի տակ առնել, ուստի կը կարդանք «Դրօշակ», 1896, մարտ 1-ի մէջ. «Երիտասարդ Մարտիրոսը Բողազ-Քեասանի կռուից յետոյ գիւղը մնալով, նահատակւում է»(17), ինչպէս նաեւ` «Վասպուրական» գիրքին մէջ, որ տեղ գտած է ռազմերգի հեղինակին մասին` Միհրդատ Եսայեանին կենսագրականը, ուր կը յիշուի «Կռուեցէ՛ք, տղե՛րք»-ը: Նիկոլ Դումանի խումբին կռիւը (1895 թուականին) Պողազ Քեասան գիւղին մէջ, դարձած է ոգեւորութեան եւ ներշնչման աղբիւր Միհրդատին, որ գրած է յիշեալ երգը եւ յօրինած` նաեւ անոր ռազմաշունչ եղանակը(18): Միայն հոս «Փոքրիկ հերոսը» յիշուած է «Կարիբջանեան»(19)մականունով:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԿՈՒԼԻԿԵԱՆ(20) – Կարիբջանեան, յանդուգն ու յեղափոխական ոգիով օժտուած, 1894 թուականին կը մտնէ ՀՅԴ-ի շարքերը: 1895 թուականին դեռ 17 տարեկան էր, երբ ֆետայի կը դառնայ: Նոյն տարին Նիկոլ Դումանի յայտնի Պողազ-Քեասան գիւղի կռուի ընթացքին, Մարտիրոս անօրինակ քաջութեամբ կռիւ կը մղէ թշնամիներուն դէմ եւ կը նահատակուի: Միհրդատ Եսայեան «Կռուեցէք տղերք»-ի բառերն ու երաժշտութիւնը յօրինած է ի յիշատակ իր ընկերոջ` Մարտիրոսին: Ռազմերգին վերջին տողին յիշուած է «Ահեղ կռուին մէջ մի փոքրիկ հերոս, անմոռանալի կտրիճ Մարտիրոս»:
Խանասորի Քայլերգ
Կռուեցէք տղերք, կռուեցէք քաջ քաջ,
Անվեհեր կանգնած թշնամուն առաջ,
Ցանկալի է մեզ միշտ ազնիւ մահը,
Հեռու մեզանից ոսոխի ահը:
Յառաջ խիզախենք իբրեւ նահատակ,
Ի զուր թող չանցնի մեզնից մի գնդակ:
Մեզ տօնախմբեն մեր նախնի քաջեր,
Մեզի կը սպասեն մեր հէգ եղբայրներ,
Չծնանք ազատ, գէթ մեռնինք ազատ,
Մեր սիրտն ու հոգին պահենք անարատ:
Այս անգամին ալ ցոյց տանք թշնամուն,
Թէ ի՛նչ է Հայուն ուժն ու քաջութիւն:
Ահա քիւրտերը փախչին սարսափած,
Ահա դիակներ արեամբ շաղախուած,
Կրակ տեղացէ՛ք, անդադար կրա՛կ,
Փառք Դաշնակցութեան, առատ է գնդակ,
Օ՛ն, կռուինք, տղերք, մինչեւ շունչ վերջին,
Արժանի լինենք փառաց պսակին:
Կռուինք յուսալով, մերն է ապագան,
Մեռնինք, բայց կեցցէ՜, կեցցէ՛, Հայաստան,
Այսպէս յորդորեց եւ ինկաւ արին,
Թողլով մեզ անուն յիշատակ բարին,
Ահեղ կռուի մէջ մի փոքրիկ հերոս,
Անմոռանալի կտրիճ Մարտիրոս:
Վերոնշեալ երգը թէ՛ բառերու եւ թէ՛ երաժշտական կառոյցով մեր ֆետայական-մարտական երգերու լաւագոյններէն է եւ երգուած է յաճախ մարտերու ընթացքին: Հետեւաբար մեր պրպտումներէն կը հետեւցնենք, որ Խանասորի արշաւանքին ծառայած է իբրեւ քայլերք եւ առաջնորդած հարիւրաւոր ֆետայիներ դէպի Խանասորի դաշտ` մարտի, ուր ոգեւորութիւն եւ ուժ ներշնչած է մեր ֆետայիներուն` ռազմաշունչ ըլլալուն համար:
Առ այդ, «Խանասորի քայլերգ» վերնագիրը փոփոխութեան պէտք է ենթարկուի եւ ըլլայ «ՓՈՔՐԻԿ ՀԵՐՈՍ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ»:
Հետեւաբար, պատմական տուեալներով հիմնաւորելէ ետք կը նկատենք, որ Պողազ-Քեասան գիւղի անօրինակ կռիւը, հակառակ որ օժտուած է հայերէն երգով, սակայն ան վերագրուած է Խանասորի արշաւանքին: Արդ, վերոյիշեալ յայտնաբերումէն ետք ի յայտ կու գայ, որ տակաւին մեր յեղափոխական կարգ մը երգերը սրբագրելու եւ վերանայելու կարիքը կայ, ուրեմն այս մեկնակէտէն ելլելով` անհրաժեշտ է, որ մեր մամուլը արձագանգէ նման կարեւոր նիւթը, կորուստէ փրկելու միտումով:
*
* *
25 յուլիս 1897 թուականին Խանասորի դաշտին մէջ տեղի ունեցած պատժական արշաւանքը նկարագրող եւ անոր առթած հպարտանքն ու պարծանքը գովերգող եղանակաւորուած պատմութիւն գրուեցան նաեւ երգով, որոնց համար յարմար նկատեցինք այս ենթագլուխը:
Վերջապէս, կը հաստատենք, որ Խանասորի արշաւանքին նուիրուած երգերուն արծարծումը, գեղարուեստական օգտագործումն ու դերակատարութիւնը իրենց մեծ դերը ունեցան թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն` հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ քարոզչութիւն:
Վերոյիշեալ երգերը երգած են բազմաթիւ երգչախումբեր եւ երգիչ-մեկնաբաններ` զանազան երաժշտական մշակումներով, ամէն մէկը բնականաբար իր յատուկ ոճով: Տակաւին կան այլ երգեր, որոնք թէեւ ուղղակիօրէն չեն առնչուած Խանասորի արշաւանքին հետ, սակայն անոնց մէջ ներառուած է «Խանասոր» բառը, ինչպէս` «Օրօր, բալա՛ ջան» երգի վերջին տողը «Խանասորը քեզ կանչում է, օրօր, օրօր, բալա՛ ջան» եւ այլն:
Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած յայտնաբերումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք կարգ մը եզրայանգումներ երեք եզրերու վրայ` գաղափարական, քաղաքական եւ երաժշտական:
1.- Խանասորի գործողութեամբ կը նուիրագործուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համաժողովրդային դիմագիծը եւ յեղափոխական լայնամտութիւնը:
2.- Խանասորի արշաւանքը կը ներկայանայ իբրեւ արտայայտիչը ռազմաքաղաքական արդի մտածողութեան, որ միջազգային սահմաններուն վրայ կը գծէր կարելիութիւնը` հայկական քաղաքական ուրոյն դերակատարութեան:
3.- Խանասորի արշաւանքին նուիրուած երգերը մինչեւ այսօր կ’երգուին: Քանի որ կ’երգուին, ուրեմն կ’ապրին: Կ’ապրին, որովհետեւ յաջորդող սերունդներուն մէջ իր ուժականութիւնն ու այժմէականութիւնը տակաւին չէ կորսուած, աւելի՛ն. դաստիարակած է:
4.- Այսպիսով, հայոց հասարակական-քաղաքական կեանքի մէջ հերոսներն ու կատարուած հերոսութիւնները իրենց դրոշմը ձգեցին այս երգերու բնոյթի ու կենցաղավարումի հանգամանքներուն վրայ:
5.- Խանասորի արշաւանքը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ անդին` գաղափարական ու բարոյական ըմբռնում ու ենթահող ունի իր ցուցական բնոյթով ու իր հանգամանքով:
Արդարեւ, այս աշխատասիրութիւնը ըլլալով երաժշտական բնոյթի հետազօտական գործ, սակայն` դէպքի կամ արարքի յիշատակման ի խնդիր, առ այդ, իր մէջ ինքնաբերաբար կ’ընդգրկէ նաեւ պատմական եւ քաղաքական հոլովոյթ եւ բնութագրում: Այս իսկ պատճառով կ’ընդգծենք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Խանասորի արշաւանքով հայ ժողովուրդին բարոյական կորովն ու դիմադրողականութիւնը վառ պահեց: Միւս կողմէ` զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը:
Արշաւանքի այսօրուան պատգամը հայ ժողովուրդի արդար դատին մէջ պահանջկոտ ըլլալն է` պատժելու համար բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն խոչընդոտել հայութեան արդար իրաւունքներուն տիրացումը:
Անառարկելի է անկրկնելի Նիկոլ Դումանի ռազմա-քաղաքական եւ յեղափոխական-մարտական տեսութիւնը, յատկապէս` իր գաղափարական դրուացքով ու լայնախոհութեամբ. համատեղ. քիւրտ մազրիկ ցեղի պատժական արշաւանքի կայծակնային գաղափարը եկաւ ցոյց տալու, որ ՀՅ Դաշնակցութեան դատաստանէն կարելի չէ խուսափիլ երբեք:
Այսօր հայ ժողովուրդը իր սփիւռքեան եւ հայրենի բաղկացուցիչ մասերով հաւասարապէս կարիքն ունի հոգեփոխութեան` դուրս գալու ապազգային մթնոլորտէն, ետդարձ կատարելու այլասերման հոլովոյթէն, թօթափելու պարտուողական եւ յանձնուողական տրամադրութիւնները:
Խանասորի արշաւանքին երեւոյթը տասնեակ տարիներ շարունակ դաստիարակիչ եւ ուսուցանելիք կողմեր ունեցաւ եւ տակաւին կ’ունենայ: Իրերայաջորդ սերունդներ ազատագրական զինեալ պայքարի մարտիրոսներէն ուժ առին, եւ որոնց պատգամը այսօր տիրական կը մնայ նոր սերունդներուն մէջ` պահանջատէր ու պայքարող ըլլալու, մինչեւ հայութեան իրաւունքներու ձեռքբերումը: Մինչեւ Հայ դատի արդար լուծումը: Վերջապէս, խանասորներ են, որ կը կերտեն մեր ազգային լինելութիւնը, հայրենիքն ու արժանապատիւ կեանքը:
————————
(2) Կարգ մը տեղեր յիշատակուած է «Ֆարհատ»:
(3) «Հայկական Սովետական Հանրագիտարան», 12-րդ հատոր, Երեւան, 1986, էջ 614:
(4) Բնագրին մէջ գրուած է «առանցի» կը կարծենք, որ «առանցի» բառը պէտք է հասկանալ «առանձին»:
(5) Բնագրին մէջ գրուած է «պէտքէ»:
(6) Տարածուած է սոյն տողի այլ տարբերակ` աննշան փոփոխութիւններով. «Բաշկալա գաւառում` այն պատերազմին»:
(7) Բնագրին մէջ գրուած է «Ստամբօլը»:
(8) Նշեալ տողին կայ հետեւեալ տարբերակը` «Կոտորենք Բաշկալա, անցնենք հեշտ կերպով»:
(9) Բնագրին մէջ գրուած է «իշխանը»:
(10) Աւօ, «Խանասորի արշաւախումբը», Պէյրութ, 1986, էջ 106:
(11) «Դրօշակ», 1897, թիւ 11, սեպտ. 13:
(12) Տե՛ս, նոյն տեղը, էջ 82:
(13) Կարգ մը տեղեր գրուած է Բօզիկեան (Պոզիկեան): Օրինակ, տե՛ս, Ստեփանեան Յովակ, «Նիկոլ Դուման», ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական «ԿԱՅԾԵՐ» մատենաշար – թիւ 5 , Պէյրութ, 1997:
(14) Տե՛ս, «Հորիզոն», 1914, սեպտեմբեր 28:
(15) Տե՛ս, նոյն տեղը:
(16) «Դրօշակ», 1896, փետրուար 10, էջ 36:
(17) «Դրօշակ», 1896, մարտ 1, էջ 54:
(18) «Վասպուրական», Վենետիկ Ս. Ղազար, Մխիթարեան տպարան, էջ 260:
(19) Տե՛ս, նոյն տեղը, էջ 278:
(20) «Հայրենիք» ամսագիր ԺԴ. տարի, թիւ 11, սեպտեմբեր 1936, էջ 78:
Օգտագործուած Աղբիւրներ
– Ամուրեան Անտրէ, «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պարսկաստանում, 1890-1918», Թեհրան, 1950:
– Անձնական արխիւներ:
– Աւօ, Խանասորի արշաւանքը, Պէյրութ, 1986:
– «Դրօշակ», 1896, փետրուար 10:
– «Դրօշակ», 1896, մարտ 1:
– «Դրօշակ», 1897, թիւ 11, սեպտ. 13:
– Համլետ Գէորգեան, Նիկոլ Դուման, Երեւան, 2002:
– «Հայաստան երգարան», Օհաննէսեան եղբայրներու պատասխանատուութիւն, Պէյրութ, 1932:
– «Հայկական սովետական հանրագիտարան», 12-րդ հատոր, Երեւան, 1986
– «Հայրենիք» ամսագիր ԺԴ. տարի, թիւ 11, սեպտեմբեր 1936:
– «Հորիզոն», 1914, սեպտեմբեր 28:
– «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», Հրատարկութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950: Պատրաստած է Սիմոն Վրացեանը, որուն կը պատկանին հատորի բոլոր անստորագիր գրութիւնները:
– Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Բ. հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1973:
– «Վասպուրական», Վենետիկ Ս. Ղազար, Մխիթարեան տպարան:
– Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. հատոր, Փարիզ, 1932: