Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Արշաւանք Մը, Որ Դպրոց Է Ամէն Բանէ Առաջ (Խանասորի 120-ամեակ)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Իրօք, դպրոց` ազգակերտումի, միասնականութեան խորհրդանիշի,  ազգային արժանապատուութեան պահպանման, յանդուգն, խիզախ եւ նախանձախնդիր ոգիի առաւել պայծառացման, կազմակերպչական աշխատանքի, ռազմական տաղանդի եւ վրէժխնդիր կեցուածքի:

Աւելի՛ն. դպրոց` զոհի հոգեվիճակէն  ձերբազատելու, հաւաքական  որոշում կայացնելու, յեղափոխական մտածողութեան ամրակայման, գաղափարական աշխարհի ջրդեղման, բարբարոս թշնամին իր որջին մէջ հարուածելու, հայ գեղջուկին, նորահաս երիտասարդին ու նուիրեալ ֆետայիին կորովն ու բարոյահոգեբանական վիճակը բարձր պահելու հրամայական պահանջի եւ մասամբ նորին:

Մէկ խօսքով` հող, հայրենիք ու Հայաստան պաշտպանելու հրաւէր-դպրոց մըն է անիկա` իր լուսաւոր եւ նուիրական արտայայտութեամբ:

Արդ, հարց կրնայ տալ իւրաքանչիւր հայորդի, թէ ինչո՞ւ այս աստիճան կը չափազանցենք մեր գնահատումին մէջ, երբ սոսկական արշաւանք մը կ՛արժեւորուի իբրեւ դպրոց: Այլ խօսքով, ինչո՞ւ  ռազմական դիպաշարի մը կ՛ագուցենք դաստիարակիչի, ուսուցողի եւ ոգեշնչողի խորհուրդը:

Աւելի՛ն. հաւանաբար ըսուի նաեւ, որ հայոց պատմութեան էջերուն արդեօք նմանօրինակ ֆետայական կամ զինուորական գործողութիւններ չե՞ն արձանագրուած, մարտական աշխատանքներ տեղի չե՞ն ունեցած,  որ այս մէկը կ՛առանձնացուի 120 տարիէ:

Ուրիշ մըն ալ կրնայ ակնարկել, թէ տասնամեակներ շարունակ եւ անընդմիջաբար, հայ իրականութեան (յատկապէս սփիւռք) մէջ, այս արշաւանքին մասին գրուած են այնքա՜ն մտորումներ, երգուած երգե՜ր եւ  կազմակերպուած անհաշուելի ձեռնարկներ ու տօնահանդէսներ, որոնք, այսպէս ասած, պատճառ չե՞ն դարձած անոր տակաւ իմաստազրկումին:

Այլապէս ալ եղած են ու տակաւին գոյութիւն ունին հայ այրեր ու հաւաքական շրջանակներ (հակադաշնակցական), որոնք ամէն պատեհ առիթի եւ ցարդ ցոյց տուած են իրենց արհամարհանքը, չըսելու համար ատելավառ մօտեցումը, դալուկ հոգիի պզտիկութիւնը (պարզապէս գաղափարական հակառակութենէ մղուած) այս եզակի արշաւանքը պիտակաւորելու եւ նսեմացնելու:

Բարեբախտաբար կան նաեւ հայկական այլ կուսակցութիւններու պատկանող հայորդիներ, պատմաբաներ եւ հրապարակագիրներ, որոնք իրենց անաչառ դատողութեամբ եւ անկեղծ մօտեցումով կ՛արժեւորեն Խանասորայ արշաւանքը իբրեւ ազգային արժանապատուութեան պահպանման, մէկութեան սատար կանգնող եւ վրէժխնդրութեան ցուցանիշ յեղափոխական արարք:

Իսկ ինչո՞ւ դպրոց, երբ արեան հեղեղ պատեց դաշտ մը ամբողջ, երբ «կարկուտ» տեղաց լեռներ ի վար, երբ որոտաց ծաւի երկինքն անգամ, երբ սուիններու փայլքը ճառագայթեց արեւու նման, երբ սարսափի ու վախի բացագանչութիւններ լսուեցան շուրջ բոլոր, երբ հսկայ տարածք ունեցող վրանաքաղաք մը հրոյ-ճարակ դարձաւ, երբ թշնամի հորդաներ անակնկալի եկած ու ահաբեկուած, միաձայն գոչեցին` «ֆետային եկաւ»:

Այո՛, հաստատապէս, դպրոց եղաւ Խանասորը, որովհետեւ հայոց արժանապատուութիւնը բարձր պահող ֆետային արշաւեց եւ փախուստի մատնեց վեհերոտ թշնամին` քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբը, որ համարձակած էր անարգօրէն զէնք բարձրացնել ֆետայական խումբի մը դէմ, որ հեռացած էր Վան-Այգեստանէն եւ կ՛ուզէր ապաստան գտնել պարսկական հողին վրայ:

25 յուլիս 1897 – 2017:

Հայ յեղափոխութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցող արշաւանքի մը մասին է խօսքը:

Ուրոյն տեղ այն իմաստով, որ անիկա յեղափոխական արարք մը ըլլալու առընթեր, նաեւ կը պարփակէ քաղաքական կեցուածքի եւ հաւաքական որոշումի յստակ դիմագիծ:

Այլապէս ալ անոր եզակի դերը իր բովանդակ արժեհամակարգով չի սահմանափակուիր տուեալ թուականին մէջ, այլ անոր թողած ռազմական ազդեցութիւնն ու գաղափարական իմաստը, խորհուրդն ու թելադրականութիւնը կը շարունակեն թեւածել հայոց աշխարհի տարածքին` հասնելով արծուեբոյն Արցախ:

Խանասորայ արշաւանքի 120-ամեակ:

Եւ դեռ կը յիշե՛նք հպարտօրէն, առանց դոյզն երկմտանքի եւ ճակատաբաց, հակառակ այն դառն իրականութեան որ ցաւի ու արեան հեղեղի պատճառ դարձաւ այս արշաւանքը, երբ յետռազմական յաջող գործողութեան, զազրաբարոյ թշնամին յարձակեցաւ բազում գիւղերու վրայ եւ ջարդի ենթարկեց հայ անզէն ժողովուրդը:

Հապա արշաւանքէն քանի մը տարի առաջ (1895-6), նոյն ճակատագիրին զոհը չէ՞ր հայութիւնը, երբ համիտեան ջարդարար մոլուցքին  ու թալանին ենթակայ եղաւ ամբողջ Արեւմտահայաստանը:

Միթէ նոյն ճակատագիրին զոհ պիտի չըլլայի՞ն Վան-Այգեստանի գիւղերն ու ամբողջ հայութիւնը, եթէ երբեք զէնք չբարձրացնէին եւ կռուէին խիզախօրէն:

Ամբողջ շաբաթ մը Վանի հայութիւնը իր երեք կուսակցական միաւորներով եւ քաջարի ղեկավարներով կրցաւ դէմ դնել բարբարոս յարձակումներուն եւ կասեցնել թուրքին յառաջխաղացքը: Անոնք` հայ յեղափոխականները, շնորհիւ իրենց միասնական կամքին ու հայաբոյր կեցուածքին ցոյց տուին հզօր դիմադրականութիւն եւ փրկեցին  շրջանի ժողովուրդը:

Սակայն, ինչպէս միշտ, մէկ կողմէ եւրոպական երկիրներու ստապատիր խոստումները եւ միւս կողմէ թուրքի ճնշումները պատճառ դարձան հայ յեղափոխականներու (800 հոգի) հեռացման Վասպուրական աշխարհէն եւ անոնց դրացի երկիր մուտք գործելուն:

Եւ ահա կը պատահէր անխուսափելին, թուրք կանոնաւոր բանակը կը հետապնդէ հայ յեղափոխականները եւ կը փորձէ ամէն գնով բնաջնջել զանոնք: Հակառակ քաջարի ֆետայիներու մղած անհաւասար մարտին եւ ուժեղ դիմադրութեան, թուրք-քիւրտ բարբարոսութիւնը կը սեղմէ օղակը, եւ տղաքը կը կռուին մինչեւ վերջին շունչ:

Այս մարտերու ընթացքին հայ յեղափոխութիւնը կը կորսնցնէ իր հաւատաւոր ղեկավարներէն ընտրանի մը: Փաստօրէն, արմենական Աւետիսեան, հնչակեան Մարտիկ եւ դաշնակցական Պետօ կը նահատակուին իրենց կորիւններուն հետ միասին եւ իրենց զուլալ արեամբ կ՛որոգեն հայրենի հողը ու փառքը կը հիւսեն հայոց արդի յեղափոխութեան:

Տղոց նահատակութիւնը ցնցիչ էր:  Բարբարոս թուրքն ու քիւրտը ապրեցան հրճուանքի պահեր, հայութիւնը բարոյալքուած էր, կը մնար մէկ ճառ` վրէժխնդրութիւն:

Եւ ծնունդ կ՛առնէր Մազրիկ ցեղը պատժելու միտքը: Եւ ահա լոյսին կու գար հայ յեղափոխութեան լուսաւոր էջերուն վրայ իր եզակի դրոշմը հաստատած Նիկոլ Դումանի մտայղացումը` կազմակերպել այնպիսի արշաւանք, հասցնել այնպիսի հարուած մը, որուն ուժգնութիւնը պիտի զգետնէր նոյնինքն ոճրագործը:

Հայդուկապետ, ռազմագէտ, երկաթեայ կամքի տէր եւ անզուգական ֆետայի Նիկոլ Դումանի միտքը կ՛որդեգրուի դաշնակցական Ռայոնական ժողովին (1896-7) կողմէ, հակառակ առկայ բազում այլ տեսակէտներու եւ կեցուածքներու:

Արշաւանքի կազմակերպումը իր բոլոր մանրամասնութեամբ կը վստահուի հայդուկապետ Նիկոլ Դումանին: Ան տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատի իր լրումին հասցնել ստանձնած գործը: Անսովոր տարողութեամբ աշխատանքի կը լծուի դաշնակցական Նիկոլ Դուման, եւ, ինչպէս միշտ, կը յաջողի կազմել աւելի քան 250 հոգինոց արշաւախումբ մը, իր սպառազինութեամբ եւ մարտական պատրաստուածութեամբ:

Արշաւանքին մաս կը կազմէին այնպիսի հերոսներ, որոնք ունէին վաստակ եւ հեղինակութիւն: Ճիշդ է, որ արշաւանքին ղեկավարութիւնը չվստահուեցաւ Նիկոլ Դումանի, այդուհանդերձ, ան իբրեւ յիսնապետ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ յաջողութեամբ պսակեց իր սրբազան առաքելութիւնը:

Արաուլ լերան լանջին համախմբուած տղաները, կանուխ առաւօտուն տուին համազարկի ազդանշանը եւ յարձակման անցան  թշնամիին դէմ, որ կայք հաստատուած էր Խանասորայ դաշտին վրայ:

Հայ ֆետայիներու կողմէ արձակուած փամփուշտի հեղեղը ահ ու սարսափի մատնեց մազրիկ ցեղախումբը, որուն ցեղապետը` Շարաֆ բէկը, կին ծպտուած, հազիւ թէ կրցաւ փախուստ տալ մարտադաշտէն:

Վախկոտ քիւրտը վրիժառու տղոց համազարկին ուժգնութեան դիմաց  ծունկի եկաւ, դարանակալ մազրիկը  հայ մարտունակ բազուկին, կամքին, կորովին ու յանդգնութեան ականատես ըլլալով` ուղղակի շշմեցաւ եւ վայնասուն փրցուցած փախաւ կռուի դաշտէն:

Հայութիւնը կեղեքող ու սպաննող զազիր քիւրտը անակնկալի եկած հասկցաւ, որ հայ ֆետայիին արժանապատուութիւնը խոցող ամէն անհատ ու հաւաքականութիւնը ենթակայ է պատիժի եւ ուժեղ հակազդեցութեան:

Բարոյալքուած հայութիւնը վերագտաւ իր կորովն ու ապրելու կամքը: Հայ երիտասարդութիւնը կրկին մկրտուեցաւ արշաւանքի խորհուրդով եւ նետուեցաւ պայքարի դաշտ:

Հզօր կամքի տէր Նիկոլ Դումանի մտածումն ու աշխատանքը իր բարերար ազդուութիւնը ունեցաւ ամբողջ յեղափոխութեան վրայ: Անոր մարտականի ուսմունքին առընթեր նաեւ իր ճառագայթող հաւատամքը փայլատակեց, երբ ան կոչ ուղղեց ֆետայիներուն` պատերազմի դաշտին վրայ խնայել մանուկի, կնոջ ու ծերունիի կեանքը. երբե՛ք, ձեռք չբարձրացնել անոնց վրայ:

Ահա Խանասորեան հաւատամքի մեծութիւնը, դաշնակցական հայդուկապետի կամքին հզօրութիւնը, թշնամիին դէմ անխնայ ըլլալու անոր ռազմական ուսմունքը:

Երէկ ու այսօր նոյն է խորհուրդը: Արցախի ազատագրական պայքարը վկայութիւնն է ըսուածին, գրուածին ու պատգամին:

Տէր մնանք Խանասորայ հաւատոյ հանգանակին:

21 յուլիս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>