ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Երեքշաբթի, մայիս 5-ը սովորական օր մըն էր եւ առանց մասնաւոր պատրաստութեան` ժամը վեցին կը մեկնիմ գործի: Ամէն ինչ կ՛ընթանար այնպէս, ինչպէս պէտք էր ընթանար, մինչեւ` ժամը 8:45, երբ բջիջային հեռաձայնը հնչեց: Հակառակ սովորութեանս` բջիջայինը միացուցի եւ միւս կողմէն հազիւ հասկնալի ձայնով կրցայ զանազանել քանի մը բառեր, որոնցմէ առաջինը «հայրս…»-ն էր, իսկ մնացեալը ամբողջացնելու տպաւորութիւնը թողուց, ըսել ուզուածը յստակ էր: Առաջին բառը բաւարար էր, որպէսզի կարենայի հետեւցնել, թէ ի՛նչ կ՛ըսէր, եւ որովհետեւ կարելի չէր շարունակել հեռաձայնի զրոյցը` թելադրեցի, որ կարճ միջոցէ մը ետք կրկին կանչեմ:
Շուրջ քառասուն տարուան բարեկամութենէ ետք, առաջին ու վերջին անգամն ըլլալով, չյարգեց տուած խոստումը: Պատճառը աներեւակայելիօրէն անակնկալ մըն էր եւ նոյնքան անհեթեթ, որովհետեւ մայիսի 5-էն քանի մը շաբաթ առաջ խօսեր էինք ու իր սովորական բարձր ձայնով պատգամած ու սպառնացած էր. «Այս ամառ երբ Լոս Անճելըս գամ, անպայման միասին պիտի ըլլանք ձեր տան մէջ անցեալ անգամուան նման, եւ այս անգամ ձեռքէս պիտի չազատիս: Սեդայէն (կինս) պիտի ստուգեմ, թէ շատ կը յոգնեցնե՞ս զինք: Յուսամ պատասխանը ժխտական կ՛ըլլայ, այլապէս… վիճակդ վիճակ չ՛ըլլար: Երեխաները ինչպէ՞ս են, կ՛ենթադրեմ` հիմա բոլորն ալ համալսարան են: Կը յուսամ` իրենք ալ ներկայ կ՛ըլլան, որպէսզի տեսնեմ զիրենք ու նայիմ, թէ ո՛ւր հասան, որպէսզի միասին ուրախանանք»:
Տնեցիներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւն առնելէ ետք, համաձայնեցանք ամրան անպայման տեսնուիլ:
Ամառը սակայն չէր հասած, երբ, ճիշդ ըլլալու համար, ամառէն մէկ ու կէս ամիս առաջ հանդիպեցանք: Չըլլալիք հանդիպում: Չէի կրնար նոյնիսկ պարզ բարեւ մը տալ, տեսնել, գրեթէ վայելել իր յանկուցիչ ու հանգստացնող ժպիտը, չկար նաեւ ձեռքի ամուր սեղմումը, ողջագուրումը: Այդ արտուղի ու անհեթեթ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ, պահուն պատշաճ թեթեւ մթութեան մը մէջ, ինք յաւիտենօրէն աչքերը փակած ու իր վաստակով անմահացած դէպի յաւիտենութիւն գացող ուղեւորն էր: Կարճ պահէ մը ետք իր հարազատները վերջին վիշտը` սգաւոր ու արցունքի հեղեղը իրենց կոպերով ամբարտակած, բարի ու անվտանգ երթ մաղթեցին իրենց հարազատին, իրենց օճախի խորարմատ կաղնիին: Դագաղը վերջնականօրէն փակուելով ու կնքելով շքեղօրէն ստեղծագործ կեանքի մը վերջնականութիւնը եւ իր հարազատներուն ու բարեկամներուն ձգելով յիշատակը աներեւակայելիօրէն իրաւ, հրաշալի անհատականութեան մը կերպարին, որովետեւ մեր ազնուագոյն գրողներէն մէկն էր իր տիրական կեցուածքով ու անսխալ ինքնավստահութեամբ, եւ որուն խօսքերը ո՛չ մէկ թարգմանիչի կարօտն ունէին, որպէսզի հասկցուէին իր երէց ու հարազատ ընկերներէն` Վարուժանէն ու Սիամանթոյէն, Չարենցէն կամ Բակունցէն, մէկ խօսքով` մեր մշակոյթի ու արուեստի երախտաշատ վարպետներէն:
Այս ամառ չեկաւ, բայց ասկէ երկու-երեք տարի առաջ միասին էինք մեր տան մէջ` մերինները եւ ինք: Տրամադրութիւնը տեղն էր. կը խօսէր, կը պատմէր ու… կը խօսեցնէր երեխաները. Խաչերը արդէն համալսարան կը յաճախէր, Արենին ու ամէնէն փոքրը` Մարզպետը: Եթէ անծանօթ մը ներկայ ըլլար այդ գիշեր, պիտի ներուէր իրեն, եթէ կարծէր, թէ Փիթըրը զանոնք յաճախ կը տեսնէր եւ լաւ կը ճանչնար երեքն ալ: Որովհետեւ իր խօսակցութեան, հարց ու փորձերուն մէջ ոչինչ կար բռնազբօսիկ, հարազատ էր ու հաղորդական, իսկ երեխաները ոչ մէկ նեղութիւն ունէին, չէին տատամսեր, եւ իրենց պատասխանները` տեղին: Հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին ու յարգալից կը պատասխանէին իր հարցումներուն: Սքանչելի էր տեսարանը` համալսարանի պատկառելիօրէն յարգուած, սիրուած ու ակնածանքով ողողուած փրոֆեսէօր-դասախօսը կը խօսէր, կը դասաւանդէր, երբեմն կը պատգամէր իրենց պատանութեան նոր մտած այս երեք պատանիներուն, որոնք զարմանալիօրէն կը հետեւէին իրեն` առանց բառ մը փախցնելու: Չար բախտէս, այդ օրը զուգադիպեցաւ անհանգստութեանս, սոսկալիօրէն անընդմէջ կը հազայի ու հազիւ կը յաջողէի կապ պահել:
Հակառակ հազին` լաւ կերպով կը յիշէի ատկէ շուրջ 20 տարի առաջ մեր խօսակցութիւնը, որուն ընթացքին ըսած էր. «Երբ դասարան կը մտնէի ու կը դիտէի աշակերտներուն դէմքերը, առաջին ու ահռելի միտքը, որ կու գար, կը պատէր զիս, այն անյաղթահարելի թուացող կասկածն էր, որ աշակերտները հետաքրքրուած կրնան չըլլալ, պիտի չհետեւին ինծի հարիւր տոկոսով եւ պիտի ձանձրանային: Այդպիսի հեռանկար մը ինծի համար անտանելի էր, աներեւակայելի: Եւ ուրեմն, իւրաքանչիւր դասապահ, իւրաքանչիւր օր պէտք էր պարունակեր բան մը, դրուագ մը` դասարանին համար, այնքա՛ն անակնկալ, որ պիտի մղէր իւրաքանչիւր աշակերտ` հետաքրքրութեամբ սպասելու յաջորդ դասապահերուն:
Կրնա՞ս երեւակայել. ճիշդ այդ նպատակով, դասախօսած ատենս, երբեմն յանկարծ սեղանի մը վրայ կը ցատկէի, կը բարձրանայի, եւ երեւակայէ, ամբողջ հասակովս սեղանին վրայ, կարծես հասակս կրկնապատկուած ըլլար: Աշակերտները ուրիշ ոչ մէկ ելք ունէին` բացի հետեւելէ իրենց դասախօսին եւ հասկնալէ, ըմբռնելէ այն, ինչը կը բացատրէր, եւ` շաղկապել քննարկուած կտորն ու հեղինակը: Հետեւաբար աշակերտներու մտապատկերին մէջ այդ պահը, այդ դասաւանդելու ձեւը վստահօրէն կը դրոշմուէին անոնց թարմ միտքերու գրական ստորոգելիները քննարկուող գործին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ կ՛արթնցնէին գրականութեան հանդէպ սէրը»:
Ինք կը պատմէր, ու ես իրեն մտիկ ըրած ատենս կ՛երեւակայէի զինք մէկ մեթր բարձրութեամբ սեղանին վրայ` իր մէկ մեթր եւ ութսուն սանթիմեթր հասակով, եւ չեմ կարծեր, որ ոեւէ աշակերտ, ամէնէն անուղղելին իսկ, պիտի համարձակէր երեք մեթր հասակով իրեն դէմ կանգնած դասախօսը խանգարել: Ի զուր չէ, որ զինք պիտի որակէի Փիթըր Սքանչելին:
Իր մասին լսեր էի պոսթընեան տարիներուս ու ծանօթացած` անոր հետ: Նիւ Եորք փոխադրուելէս ետք ծանօթացումը շուտով վերածուեցաւ մտերիմ բարեկամութեան, որովհետեւ Փիթըր զերծ էր դերասանական, կեղծ ու շինծու ծեքծեքումներէ ու յաւակնութիւններէ:
Ժամացոյցի ճշգրտութեամբ ամէն կիրակի կու գար եկեղեցի` Ս. Վարդան մայր եկեղեցի: Կը հասնէինք գրեթէ նոյն ժամուն, ինք` Մենհեթընի կեդրոնէն, ես` Պրոնքսէն: Միշտ իրեն հետ կ՛ըլլային աղջնակն ու տղեկը: Քիչ մը եկեղեցւոյ մէջ մնալէ ետք Փիթըր զանոնք կ՛իջեցնէր եկեղեցւոյ ներքնայարկը, ուր տեղի կ՛ունենային կիրակնօրեայ վարժարանի դասերը: Փիթըր կը մնար մինչեւ պատարագի վերջաւորութիւնը, երբ կ՛աւարտէին նաեւ կիրակնօրեայ վարժարանի դասերը: Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ Փիթըր կը տեսնէր կարելիութիւնը` իր զաւակներուն հայութենէ ամբողջութեամբ չհեռանալու եւ ուսուցչուհիներու ջանքերով հայկականութեան ջամբումը, հայութեան բոյրը առնելու: Այս պարագային, այդ ուսուցչուհիներուն աշխատանքը վատնուած չէր, ինչպէս վատնուած չէր այն հայկականութիւնը, որ ներշնչած էր իրենց հայրը` Փիթըրը, իրենց մեծ հայրը` Փիթըրին հայրը: Փիթըրին էութեան մէջ էր տաղուած այդ հայկականութիւնը, այլապէս ինչո՞ւ ժամավաճառ ըլլալ իւրաքանչիւր կիրակի առաւօտ: Զարմանալիօրէն ու ճշգրիտ արեւելումով, եկեղեցւոյ մէջ կը տեսնէր իր զաւակներուն հայկականութեան պատուաստումը, հայութիւնը:
***
Տարի մը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. որոշեց Աւագ հինգշաբթիի ոտնլուայի օրը հայ գրողներու ոտքերը լուալ: Փիթըրն ու ես մաս կը կազմէինք խումբին: Խորան բարձրացանք: Վարագոյրը փակ էր ու քով-քովի կեցեր էինք: Ամէն ինչ կ՛ընթանար ըստ կարգի, բայց Փիթըր քիչ մը անհանգիստ կը թուէր, կարծէք` բան մը ըսել ուզէր, եւ ինչ որ էր խնդիրը, լուրջ պէտք էր ըլլար, որովհետեւ, երբ բան մը ունենար ըսելիք, ոչ ոքի կը սպասէր ու կ՛ըսէր այն, ինչի մասին որ կը մտածէր: Բարեբախտաբար շատ չձգեց, որպէսզի կարենայի գուշակել, ու կանխելով զիս` հարցուց.
– Չխնդա՛ս: Մենք մեզ այս ձեւով կը խաչակնքե՞նք:
Ու խաչակնքեց: Պատասխանս.
– Շա՛տ ճիշդ ու շա՛տ լաւ, ճի՛շդ… հայու պէս:
Ճառագայթող ժպիտով հաստատեց իր գոհունակութիւնը: Յաճախ, երբ կը ծանօթանանք, կը լսենք հեղինակութիւն շահած կամ ինքն իր տաղանդով հեղինակութիւն պարտադրած ամերիկահայ արուեստագէտի մը կամ գիտնականի մը մասին, կը տարուինք մտածելու, մենք մեզի իրաւունք տալու` չափելու այդ անհատին հայկականութեան տեսակարար կշիռը. որքանո՞վ հայ է, որքա՞ն կը տիրապետէ հայերէնին ու ծանօթ է մեր պատմութեան, մեր գրականութեան, մեր սովորութիւններուն: Այս մօտեցումին համար մենք մեզ պէտք է ներենք, որովհետեւ պատեհապաշտ սրիկաներու, հայրենասիրութեան վաշխառուներու, երբեմն շքանշանակիր աւանակներու հանդիպած ենք եւ` այդ անհատներուն եօթը պորտին սքանչելիօրէն ու ախորժակով հայհոյած, նոյն ատեն, սակայն, մենք մեզ ամէնէն խիստ ձեւով յանդիմանած, գրեթէ դատապարտելու գնով, որովհետեւ կասկածած ենք իրաւ անհատականութեանց անկեղծութեան, մարդկայնութեան, որովհետեւ զզուելիները եթէ կան, եւ կա՛ն, փոքրամասնութիւն են, իսկ ազնիւները կան եւ շատ են ու անոնց մէջ ազնուագոյնը Փիթըրն էր` անկեղծ, ջերմօրէն հաղորդական ու հայրենական ապրումներու մէջ արժանաւոր, փառաւորակից ընկերը Ուիլիըմ Սարոյեանին:
Երկուքը կը բաժնէին նկարագիրի, խառնուածքի յատկանշական, իւրայատուկ երանգ մը. երկուքն ալ բարձրաձայն կը խօսէին, կարծէք` վստահ ըլլալու համար, թէ իրենց խօսակիցը կը լսէր արտայայտուած իւրաքանչիւր միտք: Փիթըրը հայ էր ու հայու պէս աճապարեց միանալու Սարոյեանին ու մեր միտքի ու արուեստի վարպետներուն: Հայաստան` մեր երկիրը, իր արժանաւոր զաւակը գտաւ քիչ մը ուշ, զբաղած էր պատեհապաշտ սրիկաները պատուելով, բայց ի վերջոյ գտաւ ու ծանօթացաւ, որովհետեւ Փիթըրը ուզեց ու վերջին քանի մը տարիներուն տեսաւ իր ու իր պապերու երկիրը եւ իր ուրախութիւնը, իր հրճուանքը հազիւ կը զսպէր վերադարձին: Հայաստանը կը պակսէր իր կեանքին մէջ, բայց այդ եւս ամբողջացուց եւ այդ ծանօթացումին հետեւեցաւ մայր երկրին` իր հարազատ զաւակը գտնելուն ու լաւ ճանչնալուն, իսկ հարազատ զաւակին` իր երկիրը ճանչնալուն:
Հոս, այն հաստատութիւնը` «Պարտ քոլեճ, Նիւ Եորք» ուր կեանք մը ամբողջ աշխատեցաւ ու սերունդներ պատրաստեց, այդ համալսարանը իր անմնացորդ գնահատականը յայտնեց իր սահմաններուն մէջ ամփոփելու անոր աճիւնը` որպէս փաստ եւ արժեւորում Փիթըրին տարիներու վաստակին ու համալսարանի Փիթըրին հանդէպ բարբառող, պերճախօս երախտիքին:
Փիթը՛ր, սիրելի՛ս ու անզուգակա՛ն ընկեր, համաձայներ էինք մօտեցող ամրան Լոս Անճելըսի մէջ միասին ըլլալու կրկին` մեր տան մէջ: Պիտի լուսաւորէիր մեր տունը վարակող ու համակող ժպիտովդ ու… պիտի դղրդացնէիր բարձր ձայնովդ ու պատումներովդ, գրականութեան մասին կարծիքներովդ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կ՛ընէինք Նիւ Եորքի մէջ Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, բայց գրուած է եղեր, որ այս անգամ պիտի չգայիր եւ խոստումդ, անկախ կամքէդ, պիտի չկարենայիր պահել: Միակ պահն էր, որ քեզմէ կախուած չէր ու ոչինչ կրնայիր, կամ ոեւէ մէկը կրնար փոխել: Այս անգամ այցելողը եղայ ես` քեզի բարի ճանապարհ մաղթելու դէպի հոն, ուր արդարներն ու անձնդիր աշխատողները կ՛երթան, դո՛ւն` ազնուութեան ու հարազատութեան կերպար ու տարածիչ եւ պողպատաձոյլ հայոց մտքի արարող եւ աննուաճելի ազատամարտիկ:
Ահա եւ վերջին խօսքը քուկդ է կրկին: Հոս, քեզ պիտի կանչեմ վերջին խօսքդ ըսելու, կրկնելու այն, ինչը արտասաներ էիր երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. հայրապետի ներկայութեան` իբրեւ վաստակաշատ զաւակ ու հաշուետու, եւ «… հեռու թէեւ, բայց` ոչ անհայրենիք, ծնած` օտար ասպնջական հողերուն վրայ, բայց միշտ կապուած մեր հայրենիքին` իւրաքանչիւր բջիջով»: Թորգոմ արքեպիսկոպոսի բացման այս խօսքերէն ետք առաջին խօսք առնողը եղար` իբրեւ վկայ սրբազանի բնութագրումին` «յաւերժօրէն ունկնդիր Էջմիածնայ կամարներու մշտահունչ ղօղանջներուն»: Ահա նաեւ խօսքդ, որ բարբառեցար հայրապետական ներկայութեան.
«… Մեր պարտքն է ըլլալ հոգեւոր զաւակները մեր զոհուած արուեստագէտ նախահայրերուն` իրագործելով, այսինքն աշխարհի մէջ իրականի վերածելով այն, ինչ որ կը մնայ անտեսանելի ու այլապէս լուռ… Թուրքերու համար անցեալը ընդունելու անկարողութիւնը մէկ բան է: Բայց Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան ու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին համար պատմութեան ժխտումը շատ աւելի արտառոց ու բարոյական սխալ մըն է: Ամերիկահայը պարտադրանքին տակն է պատմութեան վկան ըլլալու, որովհետեւ այս պարագային ամերիկահայն է, որ գիտէ պատմութիւնը եւ ոչ անպայման` մղուած տեսակ մը ցեղային ինքնասիրութենէն… Պէտք է սփիւռքահայը տեսնենք, ընկալենք ոչ թէ որպէս ցաւալի զարտուղութիւն կամ դժբախտութիւն, ոչ որպէս խնդրական էութիւն, այլ` որպէս չնախատեսուած հարստութիւն… Առնելով անձնական օրինակ մը, զաւակներս, որոնց մայրը հայ չէ, պիտի չթաղեն ճշմարտութիւնը, այլ ճիշդ հակառակն է, որ պիտի կատարեն` պիտի տարածեն զայն… Նոր է միայն, որ սկսած ենք 1915-ի արհաւիրքէն մենք մեզ գտնելու: Սկսած ենք մտնելու բաւական երկար յետաձգուած արուեստի հասունացման յառաջընթացին մէջ: Այս հասունացումը պիտի պարփակէ աւելի ստեղծագործ ինքնաքննադատութիւն, քան` անմիջական անցեալը, աւելի նուազ ձեւով `այն, զոր պիտի կոչէի հասկնալի, բայց` ոչ միշտ գովելի ցեղապաշտութիւն: Սկսինք մեր գանձերը բաժնել աւելի ազատօրէն, աւելի համարձակօրէն»:
Փիթը՛ր ջան ու անխարդա՛խ ընկեր, քեզի խաղաղ ու անվրդով բարի երթ` հայրենական ակունքներուդ տանող տիեզերքի անծանօթ, բայց ջահալոյս ճանապարհին:
30 յունիս, 2017, Լոս Անճելըս