Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մտածումներ` խորհրդաժողովի մը վաղորդայնին:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Կան հայեր, որոնք կը տագնապին իրենց եւ իրենց յաջորդներու ինքնութեամբ, ուրիշներ ալ կան, որոնք զէնքերը վար դրած են, այդ տագնապը չունին, քաղաքացին յաղթած է ազգի անդամի գիտակցութեան: Այս ուրիշները ամէն օր քիչ մը աւելի կը բազմանան: Արդարացման տարազ է «ծագումով հայ» ըլլալու վիճակը:
Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոս Արամ Ա., ազգային վերականգնումի միշտ հետամուտ, ի տես սփիւռք(ներ)ի հոլովոյթին, խումբ մը մտաւորականներ հրաւիրած էր, Հայաստանէն եւ սփիւռք(ներ)էն, իր եւ անոնց տագնապի զգացողութիւններու զանազանութիւնները քննարկման ենթարկելու: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար, սփիւռք(ներ)ու կացութեան իրազեկ քաղաքական գործիչ, Հրանուշ Յակոբեան: Երեք օրերու ընթացքին, Պիքֆայայի վանքի խաղաղ մթնոլորտին մէջ, Լիբանանէն, Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, այլ արաբական երկիրներէ եկած հայեր խօսեցան` կենսափորձէ մեկնելով եւ գիտական մօտեցումներով:
Հաւանօրէն եղած արտայայտութիւնները պիտի ամփոփուին հատորի մը մէջ: Քիչեր պիտի կարդան այդ հատորը: Մինչ այդ, սակայն, հայու ինքնութեամբ տեւելու մղձաւանջային խնդրին մասին պէտք է խօսիլ հրապարակայնութեամբ, հաղորդակցական բոլոր միջոցներով, լսելու եւ լսուելու մնայուն լարումով: Իրենց ինքնութեան ստորոգելիները կորսնցուցած ժողովուրդներ դատապարտուած են անհետացման, ձուլուելու` ուրիշ ամբողջի մը մէջ: Այդ անհետացման ընթացքը թափ առած է ժամանակակից քաղաքակրթութեան մէջ, զոր կը բնորոշենք համաշխարհայնացումով: Լեզուներ կը կորսուին` իրենց հետ տանելով բազմադարեան ինքնութիւններ:
Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, իւրաքանչիւր տասնհինգ օր, որ կ’անցնի, իրեն հետ կը տանի լեզու մը…
Առանց քաղաքական, քաղաքավարական եւ մարդորսական ճապկումներու, պէտք է խօսիլ ինքնութեան պահպանման եւ անով ազգի հզօրացման ստորոգելիներու մասին: Այս պարագային` հայութեան, մեր ազգի հզօրացման, քանի որ ինքնութեան պահպանումը անձին բարենիշ տալու չի ծառայեր, ինքնութիւնը հաւաքականութեան լինելութեան նկարագիր է, եթէ ան չապրուի հաւաքականութեամբ մը, կը դառնայ պչրանք (coquetterie): Շրջապատի ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է, քան` մեր դասական «հայապահպանման» միջոցները: Հետեւաբար ինչպէ՞ս կը ներկայանայ այսօր հայու ինքնութիւնը:
Պիքֆայայի հայու ինքնութեան տագնապեցնող հարցին նուիրուած խորհրդաժողովին կը մասնակցէին երիտասարդ, միջին եւ երէց սերունդներուն պատկանող անձեր, որոնք ինքնութիւն պահած էին: Հետզհետէ սեղմուող շրջանակ մը, որ կը դիտէ միւսները, որոնք զանգուած են: Այդ միւսներէն ներկայացուցիչներ եթէ հրաւիրուած ըլլային, զիրենք լսէինք, իրենց կացութիւնը եւ փորձը իմանայինք` առանց ենթադրութիւններու, պատուհան կը բացուէր «ախտորոշում» ընելու, գիտնալու, թէ ինչպիսի՛ հոլովոյթով, ի՞նչ բան(եր) կորսնցնելով, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, կրնայինք կացութիւնը ըմբռնել, եւ թերեւս` հակազդել:
Հիմա աւարտած է խորհրդաժողովը: Ինչո՞ւ շրջանային մակարդակով նման խորհրդաժողովներ չկազմակերպել` զանոնք բանալով ժողովուրդին առջեւ, մտահոգութիւնը բերելով համաժողովրդական մակարդակ: Հայու ինքնութեան պահպանման հարցի լուծումը կեդրոնաձիգ չի կրնար ըլլալ, գաղութներ եւ համայնքներ պէտք է շահագրգռել, նախ` որպէսզի տեղեակ ըլլան, իւրացնեն մտահոգութիւնը եւ ապա նախաձեռնեն: Պիքֆայայի խորհրդաժողովին թղթակցութիւններով անդրադառնալը լաւ է, տեղեկութիւն կու տայ, բայց հայկական լրատուամիջոցները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), արտայայտութիւնները պէտք է հրատարակեն եւ հրաւիրեն հասարակութիւնը որ խօսի, կարծիք յայտնէ, մասնակցի անհանգստութեան եւ մտածէ ելքի մասին:
Եթէ զանգուածային հետաքրքրութիւն ստեղծուի ինքնութեան հարցին շուրջ, եթէ ան չմնայ փակ շրջանակի մէջ, այդ կ’ըլլայ սկիզբ գիտակցական «յեղափոխութեան» մը: Նախաձեռնութիւնը յաջողած կ’ըլլայ, եթէ լրագրողը, առեւտրականը, ուսուցիչը, արհեստաւորը, արուեստագէտը, քահանան, թոշակառու երէցը, տագնապին եւ մասնակցին լուծում գտնելու աշխատանքին: Այսինքն պիտի փորձուի՞ տագնապի գիտակցութիւնը դարձնել համազգային վերաբերում: Ինչպէս միշտ, խորհրդաժողովներու մասնակիցները համոզուածներ կ’ըլլան եւ կը փորձեն զիրար քիչ մը աւելի համոզել: Ինչպէ՞ս զանգուածը բերել մասնակցութեան:
Արամ Ա. կաթողիկոս նախաձեռնեց, որպէսզի այս էական հարցը անհատական անհանգստութիւն ըլլալէ դադրի, դառնայ հրապարակային: Աւելի կամ նուազ իմաստուն ըլլալու խնդիր չկայ, այլ` աստիճանական մաշումի առաջքը առնելու եւ վերականգնումի: Ինչպէ՞ս բոլորին գիտակցութեան բերել ինքնութեան ստորոգելիները, զանոնք պիտի չթուեմ տարակարծութիւն չստեղծելու եւ ենթակայական առաջնհերթութիւններու մասին չխօսելու համար:
Եւ ի հարկէ զանգուածը հետաքրքրելու եւ յաջողելու համար հարկ է երթալ դէպի ժողովուրդը, որ պատուանդանն է ազգին: Այսինքն մեծ քաղաքներու եւ մեծ կեդրոններու մէջ տպաւորիչ ելոյթները անբաւարար են, բոլոր պարագաներու, միշտ ուղղուած կ’ըլլան փոքրամասնութեան մը, հարկ է հասնիլ իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ, իր միջավայրին մէջ, իր թաղին մէջ, հասնիլ ոչ միայն հետաքրքրուողներուն, այլ նաեւ` անտարբերներուն, լուռ մեծամասնութեան, նահանջողներուն:
Եթէ ազգին շահը կը պահանջէ, որ երթանք դէպի առանձնացածները, հեռաւորները, այդ պէտք է ընել, որպէսզի կարելի ըլլայ գումարել միաւորները:
Այսինքն ամբոխային ցուցադրականէն անդին անցնելով` ընել այնպէս, որ օտարացածը եւ այլասերածը վերանուաճուին:
Զարմանալի կրնայ թուիլ թերեւս, բայց այս հարցը մեծապէս օգտակար կ’ըլլայ, եթէ անիկա քննուի նաեւ Հայաստանի մէջ, ոչ միայն Երեւան:
Այս աշխատանքը մեր ընթացիկ աղմկարարութիւններէն տարբեր ոչ վարժապետական խորք եւ որակ կը պահանջէ, ներդրում եւ յանձնառութիւն: Որակ, որ տարբեր է յաջողութիւն համարուած բարձրախօսային աղմկակարարութեամբ յորդող սրահներէ:
21 յուլիս 2017, Նուազի-լը-Կրան