ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Նախ մտածում… արդեօք ընելիքդ առաջա՞րկ է քու գաղափարակից ընկերներուդ, թէ՞ կոչ` գաղափարակից հանրութեան… յետոյ կը համոզուիս, որ երկուքն է, միասին, Դաշնակցութեան ընդարձակ եւ ճիւղաւոր ընտանիքին: Ընդվզումի մը զգացումն է, որ աւելի հին է, քան` կոթողաբանի մը գրառումը, կամ` պատմաբանի մը սայթաքումը, կամ` երգիչի մը զառանցանքը…
Հին է, բայց վերջին շաբաթներու թափած իւղով կրակը սկսաւ ճարճատիլ: Եկէք` թոյլ չտանք, որ ճարճատող կրակը այս անգամ մարի… Քաղաքավար լեզուն եւ սիմպոլիզմը այստեղ սրուակին մէջի զգացումներու ճնշումէն խցանի պէս կը թռչին, եւ կը սկսին զգացումները հոսիլ մաքուր եւ յստակ… Երկար-բարակ նախաբաններու վրայէն պիտի ցատկեմ կրկնութիւն չընելու համար, թէ մեզի համար ի՛նչ կը նշանակէ 1918-ի անկախութիւնը… կամ ինչպէ՛ս մենք զայն կերտող դաշնակցականներուն եւ ոչ դաշնակցականներուն կը նայինք իբրեւ սրբութիւններ… եւ թէ` ինչպէ՛ս անկախութեան խորհուրդը պղծողներուն եւ անկախութեան այրերը յետմահու վարկաբեկողներուն կը նայինք իբրեւ սրբապիղծներ: Պիտի չխօսիմ այդ բոլորին մասին: Պիտի խօսիմ միայն այդ սրբապիղծները պատժելու մասին: Պատիժ, զոր երբեք չմոռնան: Պատիժ, որ զիրենք նաեւ օրինակ ծառայեցնենք բոլոր անոնց, որոնք մտադիր են մօտիկ կամ հեռու ապագային քալել այդ ճամբէն: Շատ մտածելու պէտք չկայ նման մարդոց յարմար պատիժ մը որոնելու համար… պատրա՛ստ է, նուաստացնող եւ ցաւցնող.
- Ո՛չ մէկ առիթով հրաւիրել զանոնք որեւէ ձեռնարկի, Հայաստանի եւ մանաւանդ Սփիւռքի մեր գաղթօճախներուն մէջ:
- Մեր մամուլին մէջ տեղ չտալ անոնց գրութիւններուն:
- Անտեսել անոնց ներկայութիւնը ամէնուրեք:
- Առիթ չտալ անոնց` մասնակցելու որեւէ համագումարի, գիտաժողովի, ասուլիսի…
- Առցանց չտարածել անոնց գրած կամ անոնց մասին գրուած որեւէ լուր կամ տեղեկութիւն:
- Մեր գրադարանները մաքրագործել անոնց գիրքերէն կամ ուսումնասիրութիւններէն, որոնք կրնան խարդախուած ըլլալ` զիրենք հեղինակողներուն պատմութիւնը պղծելու փորձին պէս:
Այսքան` սկսելու համար եւ առանց նուազագոյն իսկ ճիգին… եւ` առանց նոյնիսկ մէկ կաթիլ քրտինքի: Թող երթան պտտին, խօսին, գրեն ուրիշներու հրաւէրով… պարապ սրահներու մէջ, ամայի սեղաններու շուրջ… Թերեւս ամայութիւնը եւ պարապութիւնը առիթ մը ըլլայ ինքնաքննարկումի եւ ինքնասրբագրման… Եւ յանկարծ ձեր մտքով չանցընէք, թէ վաստակաւոր մշակութաբան է, պատմաբան է, գիտնական է, արուեստագէտ է… Սրբապղծութեան յանցանքը արդարանալի չէ որեւէ ձեւով, եթէ նոյնիսկ ինքը` պղծողը, այլ սուրբ մըն է… Իսկ պատմութիւնը աղաւաղողներուն ո՛չ գիրքը պէտք է, ո՛չ ուսումնասիրութիւնը, ո՛չ «գիտական » աշխատանքը, ո՛չ երգը եւ ո՛չ ալ պարը:
Կը յիշէ՞ք` մեր դպրոցներու աշակերտներէն դրամ կը հանգանակէինք եւ դեռ կը հանգանակենք, որպէսզի ձեռնարկներ կազմակերպենք, կոթողաբաններ եւ պատմաբաններ հրաւիրենք, անոնց գիրքերը գնենք… քաջալերենք…
Սրբապղծութեան վրայ բարդենք նաեւ ապերախտութիւնը…