Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Անդրադարձ. Սպասելով «Իրաւարար»-ի Որոշումին

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիա Պունտըսթակի անդամներուն «Ինճիրլիք» ռազմակայանին գտնուող գերմանացի զինուորներուն այցելել արգիլելէն ետք, անոնց նաեւ արգիլեց այցելել Քոնիայի ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն: Թրքական իշխանութիւնները այդ արգելքին սահմանումով գործեցին մարտավարական սխալ մը. անոնք թուրք-գերմանական հարցը վերածեցին Թուրքիա-ՕԹԱՆ հարցի մը:

Թուրքիան արդէն ՕԹԱՆ-ի հետ լարուածութիւն ստեղծած էր ռուսական «Էս-400» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք ձգելու իր լուրջ մտադրութեամբ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց, որ 2,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ այդ գործարքը հարցեր կը յառաջացնէ, որովհետեւ այդ համակարգերը «երբեք համատեղելի պիտի չըլլան» ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Անգարա, Արեւմուտքի ուժանիւթային քաղաքականութեան ու շահերուն հակասելով` ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ առեւտուրի մարզերուն մէջ աշխուժօրէն կը գործակցի Արեւմուտքին կողմէ տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկուած Ռուսիոյ հետ: Թուրքիան նաեւ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան մօտ բողոք ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու դէմ` թրքական պողպատի ներածման դէմ ամերիկեան կողմին կիրարկած միջոցառումներուն պատճառով: Սուրիոյ հարցով եւս գոյութիւն ունին Թուրքիա-Արեւմուտք, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ լուրջ տարակարծութիւններ:

Վերոնշեալ եւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ այլ տարակարծութիւններն ու խնդիրները մտածել կու տան, թէ Թուրքիան ուշ կամ կանուխ ինքզինք պիտի գտնէ լուրջ կացութեան մը դէմ յանդիման, որովհետեւ ինչպէս ֆութպոլի մէջ, այնպէս ալ միջազգային քաղաքականութեան մէջ խաղի կանոնները խախտողը բնականաբար կ՛ենթարկուի տուգանքի կամ մինչեւ իսկ խաղէն դուրս կը դրուի: Կը մնայ սպասել «իրաւարար»-ի որոշումին եւ տեսնել այդ տուգանքին բնոյթն ու տարողութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>