Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

«Ազդակ»-ին Հարցազրոյցը` «Զուլալ Եռեակի Անդամներուն Հետ

$
0
0

«Ուզեցինք Հարազատ Մնալ Այն Միտքին, Որ Ժողովուրդէն Ու Անհատներէն Եկած Երգը Սրտէ Կը Բխի, Առանց Գործիքի»

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.

«Զուլալ» եռեակի անդամներ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան իրարու հանդիպած են պատահաբար, սակայն` բարեբախտաբար: Հին բարեկամներ, որոնք միասնաբար երգելու սկսած են 2002 թուականին` նպատակ ունենալով վերամշակել հայկական գեղջկական եւ ժողովրդային մեղեդիները եւ ներկայացնելով անոնց քնարերգութիւնն ու կենսատու ուժը` սատար հանդիսանալու հայկական գեղջական երաժշտութեան զարգացման: Անոնց նպատակը իրականութիւն դարձած է, այդ ալ ո՛չ միայն հայկական կեանքին մէջ, այլ նաեւ` միջազգային, որովհետեւ տարբեր առիթներու եռեակը հանդէս եկած է օտար հանրութեան դիմաց` իբրեւ հայկական երգի դեսպաններ, ինչպէս` «Կեթթի» թանգարան, «Պըրքլի» երաժշտական քոլեճ, «Քառնըկի» դահլիճ, «Քենետի կեդրոն» եւ այլն: 

«Զուլալ»-ը առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Համազգայինի ուսանողական համախմբումին կողմէ եւ տուաւ իւրայատուկ զոյգ ելոյթներ. առաջինը մտերմիկ երեկոյ մ`ը Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, իսկ երկրորդը` համերգ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երկուքն ալ` լիովին յագեցած հայկականութեամբ եւ անմիջականութեամբ:

Այս այցելութեան, ինչպէս նաեւ խումբը մեր ընթերցողներուն ծանօթացնելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Թենի Աբէլեանի, Երազ Մարգարեանի եւ Անայիս Թեքերեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինի Ուսանողական հաւաքին հաճելի եւ ողջունելի նախաձեռնութեամբ եկաք ու անցաք Լիբանանէն`ձեր անմոռանալի դրոշմը ձգելով հոս: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները լիբանանահայութեան հետ եղած զոյգ հանդիպումներէն, լիբանանահայ արուեստասէրը ինչպէ՞ս կը բնորոշէք, մանաւանդ որ դուք տարիներու ընթացքին տարբեր հանդիսատեսներու հանդիպած էք:

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Մենք լաւապէս գիտենք, որ լիբանանահայ ունկնդիրը շատ բծախնդիր է թէ՛ արուեստի ընկալման եւ թէ՛ ազգային նկարագիրի տեսակէտէն: Եւ մենք շատ ջերմ ու գոհունակ զգացինք, երբ ան լայն սրտով եւ գրկաբաց ընդունեց մեզ, թէեւ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ կ’ունենայինք Լիբանանի մէջ, սակայն զգացինք, որ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ ենք,  շատ հանգիստ ու հարազատ էր ամէն ինչ, եւ երախտապարտ ենք ատոր համար:

ԹԵՆԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Իբրեւ եռեակ` նախքան մեր Պէյրութ գալը մենք գիտէինք, թէ լիբանանահայը որքա՛ն ինքնութեան պաշտպան, հայկական ակունքներէն ներշնչուող գաղութի զաւակ է, սակայն երբ եկանք, կապ հաստատեցինք լիբանանահայութեան հետ, համերգներ տուինք, մեր այս տպաւորութիւնը առաւել եւս ամրագրուեցաւ, եւ իրաւացիօրէն վկայեցինք, թէ որքան ջերմ, աշխուժ, ուրախ եւ իւրայատուկ է հայ մշակոյթը, լեզուն, պատմութիւնը, եւ թէ` լիբանանահայութիւնը որքան հետամուտ է անոնց պահպանման: Ասիկա մեզի մեծ հպարտութիւն ներշնչեց:

«Ա.».- Հետաքրքրական եւ ներդաշնակ երրորդութիւն մը կը կազմէք, ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս եռեակը, ինչպէ՞ս հասունցաւ եւ այսօր կը ներկայանայ իբրեւ կայացած խմբակ մը, յատկապէս` ինչո՞ւ Ա քափելլայի ընտրութիւնը: 

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Մենք հանդիպեցանք իբրեւ ընկերուհիներ, բարեկամներ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, քիչ-քիչ անդրադարձանք, որ իւրաքանչիւրս երգի սիրահար է, երգելու տաղանդը ունի, ուստի կարելի է միասնաբար բան մը ստեղծել, իսկ նկատի ունենալով, որ համալսարանին մէջ երեքս ալ Ա քափելլա ոճով երգած ենք, Թենին` ճազային Ա քափելլա երգչախումբին մէջ երգած, ես` փոփ երգչախումբի, Անայիսը` պոլքին երգչախումբ մը ղեկավարած է համալսարանին մէջ, ուրեմն երեքս ալ Ա քափելլայի ենթահող ունէինք եւ տարիներ շարունակ երգած ենք նախքան մեր իրարու հանդիպիլը: Մենք ձգեցինք, որ երգը մեզ ուղղէ, նաեւ մտածեցինք, որ ժողովրդական երգերը ի սկզբանէ ծնունդ առած են, երբ այր մը կամ կին մը առանձին, իր ցաւը կամ թախիծը, ուրախութիւնը արտայայտած է իր սրտէն բխող երգով: Մայր մը, երբ իր զաւակը կը փորձէր քնացնել, երգեց անոր, չկային նուագարաններ, որոնք ուղղութիւն պիտի տային իրեն, այլ ինք առանձին երգեց, նոյնպէս` հողամշակը, երբ յոգնած է, սկսած է սրտէն երգել: Ուրեմն նաեւ եւ յատկապէս ատոր համար է, որ մենք որոշեցինք Ա քափելլա երգել` վերադառնալով հոն, ուրկէ սկսած են տուեալ երգերը: Ճիշդ է, որ ժողովրդական երգերը շատ փոխուած են, երաժշտական գործիքները մեծապէս կը ծաղկեցնեն զանոնք, սակայն ուզեցինք հարազատ մնալ այն միտքին, որ ժողովուրդէն ու անձէն եկած երգը սրտէ կը բխի, առանց գործիքի:

ԹԵՆԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Ինչպէս բոլոր արուեստի խումբերը, որոնք մէջտեղ կու գան, եւ որոնք կեանք ու իմաստ ունին, այս եռեակը քով-քովի եկաւ առանց յստակ նպատակի, սակայն շատ արագօրէն իր ճամբան գտաւ` առանց մեր կողմէ ի գործ դրուած մեծ ճիգի ու հետապնդումի, քով-քովի գալով` մենք զգացինք, որ մեզմէ դուրս միացում մը կար արդէն, մենք մեծ բան մը կը կատարենք, երբ միասին ենք: Անբացատրելի ձեւով մը զիրար գտանք այս աշխարհին մէջ, պատահաբար, սակայն մենք կը հաւատանք, որ արուեստի աշխարհին մէջ եթէ երեւոյթ մը ներկայութիւն դառնալու կոչուած է, ուրեմն ձեւով մը անպայման իր ճամբան պիտի գտնէ:

«Ա.».- Ձեր գործունէութեան ընթացքին աշխատանքներու բաժանում կը կատարէ՞ք, այսինքն` վերամշակումներ, պրպտումներ, նորերու ու հինի միաձուլման աշխատանք եւ այլն, իւրաքանչիւրը ճի՞ւղ մը կը ստանձնէ, թէ՞ միասին կը գործէք:

ԹԵՆԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Մեր եռեակին մէջ իսկապէս ամէն ինչ հաւասար ձեւով կը բաժնուինք` ըլլա՛յ մշակումի, ըլլա՛յ ընթացիկ գործերու պարագային: Կը հաւատանք, որ եռանկիւնը բաւական ուժեղ ձեւ մըն է, անոր մէջ ձայները զիրար կը գտնեն, եւ մշակումները կը ծնին, եթէ մեր եռանկիւնին մէկ կողմը աւելի ծանրանայ, արդէն այդ եռանկիւնը  բնական կերպով իր տեղը չի գտներ, բան մը կը խախտի: Հաստատօրէն կ’ըսեմ, որ մեր ամբողջ գործունէութիւնը միասնականութեան արդիւնք է` ըլլան մշակումները, ըլլան հինի ու նորի մերձեցման աշխատանքները, մենք երբ քով-քովի կու գանք եւ միասնաբար բանի մը վրայ կ՛աշխատինք, միտքերու փոթորկում կը կատարուի, գաղափարներ կը ծնին, այն ատեն արդիւնքի կը հասնինք: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւրս առանձինն երաժշտութիւն կ’ունկնդրէ, անձնական գործեր կ’ընէ խումբին համար, սակայն մեր զուտ խմբային եւ իրական մշակումի գործը կը կատարուի, երբ քով-քովի գանք:

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Ընկերային ցանցերու աշխատանքները կը բաժնենք մեր միջեւ, իւրաքանչիւրը ունի օր մը, որովհետեւ մեր ձայները, միտքերը, տարբեր են, տարբեր բնաւորութիւն ունինք, ուստի արդար չէ միայն մէկ անձի գաղափարները տեղ գտնեն հոն, եւ եթէ այդպէս ընենք, երեքիս ձայները եւ մեր ամբողջական ներկայութիւնը լիիրաւ չ’ըլլար: Յետոյ կայ այն, որ երբ համերգներ կու տանք իւրաքանչիւր անգամ մէկը կը ստանձնէ կապի եւ համադրման աշխատանքները, օրինակ` Պէյրութի պարագային ես ստանձնեցի այդ գործը, Փարիզի պարագային` Անայիսը, Թենին` Լիզպոնի: Ուրեմն աշխատանքն ալ կը բաժնուինք:

«Ա.».- Ի՞նչ աղբիւրներ կ’օգտագործէք ձեր երգերուն համար, յատկապէս` հիներու եւ մոռացութեան մատնուածներու պարագային, կա՞ն մարդիկ, որոնք կ’օգնեն ձեզի:

ԹԵՆԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Կ’ըսեն, թէ փնտռողը կը գտնէ. ժողովրդային երգերու պարագային բաւական գրուած է, արձանագրուած է: Մեր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին, մինչ հին երգեր կը փնտռենք, որպէսզի զանոնք սորվինք եւ մեր երգացակին միացնենք, կը նկատենք, որ շատ են: Կան Հայրիկ Մուրատեանի բոլոր երգապաշարները, Կոմիտասին երգերը հազարներով են, նաեւ կան շատ մը գիրքեր, որոնք այս երգերուն կը մօտենան գաղափարական կողմէ, թէ ի՛նչ են երգերուն նիւթերը, ո՛ւր են կապերը, Պետրոս Ալահայտոյեանը պրպտումներ կատարած է, Բալուի երգերը քով-քովի բերած է, իւրաքանչիւր երգ ուսումնասիրած է, շատ են աղբիւրները, իսկ վերջերս «Արմինիըն միուզիք» ձայնադարանը կայ, որ իսկական գանձ-կայք մըն է, որուն մէջ մեծաթիւ գեղջկական, աւանդական երգեր կան:

«Ա.».- Ընդհանուր գիծերու մէջ խօսինք ցարդ ձեր տուած համերգներուն մասին, նախ հայկական միջավայրի մէջ, ապա` միջազգային բեմերու վրայ:

ԱՆԱՅԻՍ ԹԵՔԵՐԵԱՆ.- Երբ նախորդ տարի Հայաստանի մէջ համերգներով հանդէս եկանք, իւրայատուկ պահեր ապրեցանք: Արդարեւ, թէեւ մեր երգերը ներշնչուած էին մեր նախնիներէն, սակայն կային նաեւ կտորներ` ներկայ Հայաստանի ներշնչումէն ծնունդ առած, ինչպէս նաեւ հոն ներկայ է մեր աշխարհը, ուր մենք կ’ապրինք, մեր օրերը կ’անցընենք:

Մեր գործունէութեան մէջ կայ նաեւ այն, որ մենք մեր երաժշտութիւնը կը ստեղծենք աշխարհի ժողովուրդին համար, ոչ միայն հայուն:

Երբ Նիւ Եորքի մէջ համերգ տուինք «Քառնըկի հոլ»-ի մէջ համախմբուած երեխաներուն, «Միուզիքըլ էքսփլորըրզ» յայտագիրին, այդ 7 հազար ոչ հայ երեխաներուն սորվեցուցինք հայկական աւանդական երկու երգ` «Տոնի եար» (Վան-Վասպուրական) եւ «Թամզարա»  (Բալու): Երբ Նիւ Եորք համերգներ տուինք, զգացինք, որ հին աշխարհէն հատոր մը կը բերենք նոր աշխարհին, մանաւանդ` համաշխարահային նոր սերունդին:

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Բախտաւոր էինք, որ այս տարի առիթ ունեցանք հայ երաժշտութեան դեսպանը ըլլալու Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած տարբեր նախաձեռնութիւններու, երբ «Նիւ Եորք Ֆիլհարմոնիք» նուագախումբին հրաւէրով  բացումը կատարեցինք համաշխարհային սիմֆոնիք նուագախումբին եւ «Նիւ Եորք Ֆիլհարմոնիք» նուագախումբին զոյգ տարեդարձներուն առիթով կազմակերպուած մրցումին, Նիւ Եորքի «Սենթրըլ փարք» զբօսայգիին մէջ, հոն համախմբուած շուրջ 40 հազար մարդոց ներկայացուցինք մեր մշակած եւ յօրինած երգերը` «Ջանիման»-ը եւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հայկական ժողովրդական երգերու շարան: Ասոնք առիթներ են հայ երգը օտարներուն ներկայացնելու:

«Ա.».- Եթէ ուզենք, որ ձեր բազմաթիւ համերգներէն յատկանշական ու ձեզի համար յիշատակելի դրուագ մը պատմէք, ի՞նչ կ’ըլլայ անիկա:

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Ինծի համար կարծեմ համաշխարհային բեմերուն վրայ ապրած պահերն են յատկանշականները, երբ զգացի, որ հետզհետէ նոր մակարդակներու կը հասնինք, իսկ երբ տարիներ առաջ Le Mystère Des Voix Bulgares  հրաշալի խումբին համերգին բացումը ըրինք, գիտակցեցանք, որ նոր տեղ մը հասած էինք: Ամէն անգամ որ նոր հորիզոնի մը հասնինք, չեմ հաւատար, որ հայ երաժշտութիւնը հոս հասած է, եւ որ արժանի է ատոր, բայց եւ այնպէս իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդպէս է, իսկ այդ իրականութիւնը իսկապէս փշաքաղիչ եւ ազդեցիկ է մեզի համար:

ԱՆԱՅԻՍ ԹԵՔԵՐԵԱՆ.-  Շատ իւրայատուկ էր «Քառնըկի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցածը, որովհետեւ այդ պահը, երբ հարիւրաւոր երեխայ, այլազգի, ոչ հայ, սկսան մեզի հետ «Տոնի եար»-ը երգել, փշաքաղուեցանք  եւ իմացանք, որ հայ աւանդական երաժշտութիւնը տեղ ունի աշխարհի բեմին վրայ եւ տեղ ունի դասական, դաստիարկչական, երաժշտական ուսման ծրագիրներուն մէջ:

«Ա.».- Համաշխարհայնացման այս դարուն, երբ ամէն տեսակի արժէք սկսած է իր էութենէն բան մը կորսնցնել, կամ աշխատանք կը տարուի այդպէս ընելու, դուք յանդգնութիւնը ունիք տակաւին կառչելու հարազատին, ո՛չ միայն պահպանելու զայն, այլ նաեւ` հասանելի ու մատչելի դարձնելու հայուն եւ օտարներուն: Ինչո՞ւ այս կառչածութիւնը, հայկական իմաստով թէ օտարներուն մեր մշակոյթը ծանօթացնելու առումով ինչո՞ւ  կարեւոր է այս մէկը:

ԱՆԱՅԻՍ ԹԵՔԵՐԵԱՆ.- Արուեստի աշխարհին մէջ չկայ մէկը, որ անարմատ է, բոլորը տեղէ մը կու գան եւ պատմութիւն մը ունին: Այս իմաստով մենք կը զգանք, որ հայերուն պատմութիւնը, արմատները, երգը, պարը, մշակութային զանազան դրսեւորումները այնքան գեղեցիկ են ու հարուստ, որ անկարելի է զանոնք ուրիշին չփոխանցել եւ առիթ տալ, որ ուրիշներ եւս ներշնչուին մեր մշակոյթէն: Այս առումով ալ մենք շատ մեծ ուրախութեամբ կը փոխանցենք այս երգերը եւ  անոնց առնչուող մեր պատմութիւնները տարբեր ազգերու ու շրջաններու, նաեւ մեծ գոհունակութիւն կ’ապրինք` տեսնելով, թէ զանազան ազգեր ու երաժիշտներ ինչպէ՛ս կը գնահատեն մեր հին ժողովրդական երգերը:

«Ա».- Հակառակ անոր որ կ՛ըսենք, թէ այլասերումը սկսած է տիրական դառնալ, հայը կը հեռանայ իր արմատներէն, այսօր ձեր երգերը շատ դիւրաւ կ՛ընկալուին: Ի՞նչն է ասոր գաղտնիքը:

ԹԵՆԻ ԱԲԷԼԵԱՆ.- Պէյրութի հայերը բախտաւոր են, որ յարաբերաբար աւելի դիւրութեամբ իրենց հայութիւնը կրնան ապրիլ ու զգալ: Նկատելի է, որ գաղութին մէջ հայ ինքնութիւնը պահելը, լեզուն սորվիլը դիւրին է, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ ասիկա բաւական դժուար ճամբայ է, մանուկ մը հայ ու անհատ մը իր արմատներուն մօտիկ պահելը բաւական բարդ խնդիրի վերածուած է: Մեր գաղտնիքը քիչ մը տխուր այս կէտին մէջ է, որովհետեւ երբ մեր երգերուն ճամբով հայութիւնը կը փորձենք ծանօթացնել ու հայ երգերուն, հայկական ոգիին մօտեցնել մեզ ունկնդրողները, մենք կը գործենք այնպէս, որ կարծէք օտարներ են մեր դիմաց եղողները, որոնք շատ բան չեն գիտեր մեր մասին:  Դէպի արմատ մեր ճամբան Միացեալ Նահանգներէն սկսած է, իսկ երբ կը փորձես խիտ անտառի մէջ ճամբայ գտնել, պէտք է քալելու նոր տարածքներ փնտռել, եւ այդ առաջադրանքէն մեկնած` մենք գտած ենք ձեւը, որ այս երգերը մատչելի ըլլան զանազան ժողովուրդներու եւ ականջներու համար: Մեր տարբեր ելոյթներէ ետք նաեւ եկած են հայեր եւ` ըսած, որ զուտ հայերէն լեզուով, երաժշտութեամբ ներկայացուցած մեր երգերը թափանցած են իրենց սրտին խորը, դիտել տալով, որ միեւնոյն երգերը տարբեր ոճերով լսած են, սակայն անոնց իմաստը չէին գիտեր: Մեր գաղտնիքը այն է, որ օտարի աչքով մօտեցած են հայոց լեզուին եւ հայկական երգերուն ու մշակոյթին:

Ճիշդ է, որ զանազան սրահներու մէջ եւ համերգներու ընթացքին տարբեր մակարդակներ կան, ունկնդիրներու տարբեր տեսակներ կան, բայց երբ մենք միացած` այս երգերը կը փոխանցենք եւ կը տեսնենք, որ մեր դիմաց նստած արուեստասէրին աչքերուն մէջ արցունք կայ, շող մը կ’երեւի, կը զգանք, որ մեզի հետ կ’ապրի այդ երգերը, այն ատեն մեր շրջանակը, որ բացինք, երբ սկսանք այս եռեակը, կրկին իր սկզբնական սաղմային վիճակին կը վերադառնայ: Հայկական միջավայրը կարեւոր է մեզի համար: Ճիշդ է, որ մեզի պատիւ է միջազգային բեմերուն վրայ երգելը, բայց խորքին մէջ, երբ կրնանք այս երգերով մէկու մը սրտին ու հոգիին դպչիլ, այն ատեն մեզի համար իւրայատուկ զգացում եւ փորձառութիւն կը ստեղծուի:

«Ա.».- Ձեր սրտի խօսքը` լիբանանահայութեան եւ կազմակերպիչներուն:

ԵՐԱԶ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Շատ ուրախ ենք, շնորհակալ, երախտապարտ` Համազգայինին եւ Համազգայինի Ուսանողական համախմբումին, որ մեզ հրաւիրեցին, մեզի հետ աշխատեցան, լերան պէս մեր թիկունքին կանգնեցան ամէն վայրկեան, մենք սորվեցանք, որ անոնք հզօր են: Տեսանք ու գիտակցեցանք` Համազգայինը բազմաթիւ առումներով հայկականութիւն կը պահէ ո՛չ միայն տեղւոյն գաղութին մէջ, այլ նաեւ` համայն աշխարհին մէջ: Ներշնչուած ենք ու զգացուած, շատ շնորհակալ ենք կազմակերպիչներուն եւ համայն լիբանանահայութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>