ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Քալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած` ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին:
Այսօր կանուխէն եկած էի, որ մեր հինգ տարեկան թոռնիկը` Վանան, «փողոցը չմնար»: Անգիր պաշտօնս էր, որ զինք ճիշդ ժամուն «վերցնէի» ու բերէի տուն: Ապա, կերակրելէ ետք, միասին քիչ մը պէտք էր ժամանակ անցընէինք: Այսպէս, իր պուպրիկներով եւ կամ ալ խաղալիքներով անպայման միասին պէտք էր, որ խաղայինք, մինչեւ որ մայրը իր գործէն ելլելով` «հասնէր» ու զինք առնելով տուն տանէր, յաջորդ օրը նոյնը կրկնելու խոստումով:
Է~հ, թոռնիկ է. ո՞ր մեծ հայրը, կամ մեծ մայրը կրնար մերժել կամ դժկամիլ: Իրողութիւն է, որ Ամերիկայի մէջ պապիկներն ու նանիներն են, որոնք թոռներ «կը մեծցնեն», «հոգ կը տանին» եւ ոչ թէ` ծնողները, որովհետեւ այս վերջինները ժամանակ իսկ չունին: Գործէն տուն, տունէն գործ: Ահա՛ Ամերիկա: Հաւատացէ՛ք: Բայց անկեղծօրէն ըսելով` ինծի համար միշտ հաճելի եղած էր թոռնիկ տանիլ-բերելը, խաղցնելը, խաղալը եւ այլն: Կանաչ օրերս կը յիշէի: Իմ այդ տարիքիս եւ թերեւս ալ անկէ ալ աւելի փոքր, մեր բնակած թաղի միւս ծայրն էր մեր դպրոցը, ու ամէն օր մեծ մայրս կու գար ու զիս կը դիմաւորէր` խարբերդցիական ոճով «ղատատ առնիմ» մը բարձրաձայն ըսելով: Ու ես աշխարհի չափ ուրախ էի: Իսկ հիմա…
Ինծի համար այդ օրերու կարօտը անկասկած որ գոյն ունէր: Երազի եւ գեղեցկութեան փնտռտուք կար: Բայց մենք չէինք հասկնար:
Ու ահա որոշուած ժամուն Վանան կարօտով «պապի՜կ» մը պոռալով` դուրս կու գայ դպրոցի դռնէն: Կը փաթթուինք: Ձեռքէն առնելէ ետք իր «ծանր» պայուսակը, կը սկսինք միասին դէպի մեր ինքնաշարժը քալել: Վայրկեանին կը յիշեմ, որ տունը ձգելէս առաջ կինս ապսպրած, աւելի ճիշդ, պատուիրած եւ հրահանգած էր, որ արդէն ինք Վանային սիրած ճաշերը պատրաստած էր` քիւֆթէ, բրինձով փիլաւ, միթ պոլ եւ այլն:
– Դուն իրեն այս բոլորը շարէ՛, ա՛լ ինքը գիտէ, եթէ սիրտը ուրիշ բան ուզեց, գնէ՛, «չուճուխը» մի՛ նեղացներ,- ահա քեզի թելադրանք-հրահանգ:
Այս պատճառով հազիւ ինքնաշարժ նստած, առաջին հարցումս եղաւ.
– Աղջի՛կս, ի՞նչ կ՛ուզես ուտել, սիրտդ ի՞նչ կ՛ուզէ,- շարեցի կնոջս «պատրաստածները»: Լման ցանկը հատիկ հատիկ ըսի եւ կրկնեցի, համոզիչ ձայնով:
– Դո՛ւն գիտես, պապի՛կ,- պատասխանեց Վանան արագ եւ անմեղօրէն:
Հասկնալի էր: Ամէն բան յստակ էր: Այս արդէն ինքնին կը պարզաբանէր, կամ կը նշանակէր, թէ իր ուզածը ուրիշ բան էր: Ինք այսօր ուրիշ նախընտրութիւն մը ունէր մտքին մէջ:
– Ես բա՛ն չեմ գիտեր, դո՛ւն ես անօթին եւ դո՛ւն որոշէ,- ըսի աւելի համոզիչ եւ մեղմ: Ոչ մէկ պատասխան: Հիմա ինքնաշարժին մէջ խորհրդաւոր լռութեան տհաճ ներկայութիւնը կար: Զգալի էր: Հասկնալի էր նաեւ, որ այս փոքրիկ աղջկան գլխուն մէջ կատարեալ շփոթ կար եւ կամ ալ` միտքերու քաոս: Ուստի հարց-պատասխանը չերկարելու համար անմիջապէս ըսի, որ նախ աթոռի գօտին կապէ, կոճկուի եւ ապա հարցումիս յստակ եւ վերջնական պատասխանէ: Այս մէկը իսկապէս հրահանգ էր: Իր կարգին, ինք գլուխը իր ափերուն մէջ առած, դէմքին վրայ տեսակ մը նոր ստուերներ նստեցուցած ու խռպոտ ձայնով պատասխանեց.
– Պապի՛կ, ատկէ կ՛ուզեմ,- ըսաւ բարի ու ներողամիտ ժպիտով մը:
Իսկապէս, որ բառը ամէն բանի սկիզբն է, ըսած էին մեծերը: Ճիշդ էին: Սակայն մտածումն է, որ ամէն ինչ շարժումի մէջ կը դնէ: Կեանքը գեղեցկացնող ջերմութիւն: Ուստի մարգարէ ըլլալու պէտք չկար: Իր ուզածը այդ «չիքըն նակեթ» կոչուած հաւու տապկուած կտորներ էին, նաեւ` տապկուած գետնախնձոր «ֆրենչ ֆրայզ»-ով միասին, այդ նշանաւոր «Մըք Տանըլծ»-էն:
– Լա՛ւ, սիրո՛վ,- ըսի հանդարտ անկեղծութեամբ մը:
Յանկարծ, ո՜վ հրաշք, դէմքը պայծառացաւ: Կարծես մէջը պահած էր իր երազը: Անմիջապէս ինքնաշարժս ուղղեցի դէպի այդ «օրհնեալ» ճաշարանը, որ իր թաղին մէջ ունէր նաեւ յատուկ պատուհաններ, ուրկէ կրնայիր, առանց ինքնաշարժէդ իջնելու, նախ առաջինէն` պատուէրդ տալ եւ ապա, յաջորդին անցնելէ ետք, վճարել, իսկ վերջինէն` ստանալ պատուէրդ:
Վանան շատ կը սիրէր այս մէկը: Գոց սորված էի: Ինք կ՛ապսպրէր եւ ինք կը վերցնէր: Անոր համար այս անգամ ալ ինք մեծ ուրախութեամբ եւ հրճուանքով նախ իր նախընտրածը ապսպրեց: Ապա ինքնաշարժս քշեցի դէպի երկրորդ պատուհան: Հանեցի տասնոց մը: Երկար մազերով աղջիկ մը ձեռքը երկարեց ու ինձմէ առաւ դրամս: Կրկնեց ապսպրանքին արժէքը եւ վերադարձուց երկու տոլար եւ քանի մը սենթեր, ու պատուիրեց, որ անցնինք առաջ:
Ապահովութեան գօտիս քակած էի ու կը պատրաստուէի դրամս տեղաւորել գրպանս, երբ յանկարծ Վանային մեղմ ու համոզիչ ձայնը լսեցի.
– Պապի՛կ, երբ դուն երթաս, ասոնք ինծի՞ պիտի տաս:
Երկինքէն ինկածի պէս եղայ: Նայեցայ դէմքին: Այդ վայրկեանին ինք մտերիմ դիմագիծ մը ունէր: Փորձեցի արագ մը վերլուծել իր արտասանած «երթաս»-ը:
– Ո՞ւր պիտի երթամ,- ըսի ինքզինքս չհասկնալ ձեւացնելով,- գիտեմ, որ հիմա՛ տուն…
– Ո՛չ, ո՛չ,- շարունակեց անմեղունակ ձայնով մը,- չհասկցար, ըսի` եթէ դուն «կան» երթաս:
– Այո՛, կը հասկնամ, սակայն ո՞ւր «եթէ երթամ»,- ըսի նոյն ոճով եւ հարցականով:
– Պապի՛կ, «այ մին»` ըսել կ՛ուզեմ, երբ դո՛ւն հոս, գետնին վրայ եթէ չըլլաս…
– Օ՜հ, այսինքն եթէ մեռնի՞մ,- ըսի ծանր վէրք ստացողի մը ձայնով:
– Այո՛…- ըսաւ քիչ մը ամչնալով, փոքր յանցանք գործողի բառերով:
Հասկնալի էր: Այս տարիքին այսքա՜ն յանդգնութիւն, քիչ մը շատ էր: Արդեօ՞ք այս երկրի օդէն էր, թէ ոչ ջուրէն կը սորվէին այսքան «բաներ»: Չեմ գիտեր: Մեր այդ տարիքին արդեօք կրնայի՞նք… Վանան ձեռքս քանի մը տոլար տեսած էր ու կը կարծէր, որ ես իսկապէս իրեն համար մեծահարուստ պապիկ մըն էի, ու հիմա ինք կ՛ուզէր տէրը դառնալ այդ «ժառանգին»: Կեղծ հիասթափութեան խորշոմներ դէմքիս վրայ, նախ բացատրեցի եւ ապա խոնարհ ժպիտով մը ներքին հաշտութեան տպաւորութիւնը ձգելու համար ըսի.
– Այս բոլորը քուկդ են, պապի՛կս,- ըսի պարզ, հանդարտ եւ ապահով ձայնով եւ աւելցուցի.
– Միայն դո՛ւն առողջ մեծցիր:
Տպաւորիչ, նոյնքան հանդիսաւոր, իր ձայնը թողաց եւ աչքերէն կարծես գունաւոր կայծեր արձակուեցան: Յետոյ խաղաղ նայուածքով մը, որ յուշ կը պատմէ, եւ աւելի՛ն, համակրանք կը յայտնէ, ըսաւ.
– Պապի՛կ, գիտե՞ս, «այ լաւ եու», բայց ես չեմ ուզեր, որ դուն շուտով «երթաս»:
Հասկնալի էր: Գիտէի, որ հիմա ինքնաշարժին մէջ ունէի հաճելի նոր եւ անմեղ խօսակից մը, եւ մանաւանդ` փոքր եւ անկեղծ «խորհրդակից» մը, որ կեանքդ դէպի ուրախութիւն կ՛առաջնորդէ, եւ որուն ձայնը քեզ կեանքի կը կանչէ:
Հաստատապէս թոռնուհիիս` ինծի հանդէպ ունեցած սէրը տակաւին կը պահէր իր պայծառութիւնը: