ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Զ. Դատավարութիւնը Եւ Անոր Արձագանգները
79 օր տեւած նախնական հարցաքննութենէ ետք, 2 յունիս 1921-ին կը սկսի Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը: Իր պաշտպան փաստաբաններն էին` դոկտոր Թէոտոր Նիմայեր` օրէնսդրութեան փրոֆեսէօր Քիլի համալսարանէն, Ատոլֆ ֆոն Կորտոն` իրաւական գաղտնի խորհրդական եւ Եոհաննէս Վերթաուէր` իրաւական խորհրդական:
Թեհլիրեանի համար երբեք կարեւոր չէր, թէ ի՛նչ վճիռ պիտի տար Պերլինի դատարանը, որովհետեւ ինչպէս յայտնեցինք` հրաշալի գոհունակութիւն մը համակած էր անոր հոգեկան աշխարհը:
Դատավարութիւնը կը տեւէ երկու օր: Աւարտին երդուեալներու գլխաւորը` Օթթօ Ռայնիքէ կը կարդայ հետեւեալը.
«Պատուով եւ խղճով կը վկայեմ, որ`
«Յանցաւո՞ր է ամբաստանեալ Սողոմոն Թեհլիրեանը 1921-ի մարտ 15-ին Շարլոթթենպուրկի մէջ դիտաւորեալ կերպով մարդ մը` Թալէաթ փաշան` սպաննած ըլլալուն համար:
«Ո՛չ»:
«Օթթօ Ռայնիքէ, երդուեալներու գլխաւոր:
«(Մեծ շարժում սրահին մէջ եւ ծափահարութիւններ:
«Նախագահ.- Ես կը ստորագրեմ որոշումը եւ կը խնդրեմ պ. քարտուղարէն` նոյնը ընել եւ հրապարակել զայն:
«Քարտուղարը կը կարդայ որոշումը, որ կը թարգմանուի ամբաստանեալին:
«Նախագահ.- Այժմ կը տրուի հետեւեալ դատավճիռը.
««Ամբաստանեալը անպարտ կ՛արձակուի պետական սնտուկին հաշուոյն»:
«(Նոր շարժում եւ ծափահարութիւններ):
««Համաձայն երդուեալներու որոշումին` ամբաստանեալը յանցաւոր չէ իր վրայ իբրեւ մեղադրանք ծանրացող պատժելի արարքին համար»:
«Յետոյ կը ծանուցուի հետեւեալ որոշումը.
««Բանտարկութեան հրամանը ամբաստանեալին նկատմամբ կը ջնջուի»:
«Պաշտպան փաստաբանները, իր հայրենակիցները եւ ներկայ հասարակութիւնը կը շնորհաւորեն ամբաստանեալը» (67):
* * *
Թալէաթի սպանութիւնն ու Թեհլիրեանի դատավարութիւնը ունի բազմաթիւ նշանակութիւններ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին գետնի վրայ:
Առաջին. Թեհլիրեանի ահաբեկումը եւ դատավարութեան արձագանգները կայծակնային արագութեամբ տարածուեցան հայ ժողովուրդին մէջ, որ ցնծութեան մէջ էր: Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը հանդարտեցուց հայութեան հոգեկան տառապանքը: 1915-ի հայ նահատակներուն աճիւնները հանգիստ առին, իսկ Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն հոգիներուն վրայ զով հով մը փչեց: Մղկտացող սրտերը հանգստացան, ազատ շունչ առին, դէմքերը պայծառացան: Հայ ժողովուրդը իր ներաշխարհի խորերէն երկար օ՜խ մը քաշեց, ֆրէօյտեան հաւաքական քաթարսիս մը արտաշնչեց: Դիւցազնատիպ հերոսին միակ փամփուշտը հանդարտեցուց կիրքերը եւ վերականգնեց հայու արժանապատուութիւնը:
Թեհլիրեանի անպարտ արձակուիլը աւելի հմայք ստեղծեց հայութեան մէջ իրեն նկատմամբ. աւելի անմահացաւ ան հայ ժողովուրդի աչքին: Իրաւամբ, ան եղաւ խորհրդանիշը հայկական վրէժխնդրութեան` «Հայ Նեմեսիս»-ին:
Երկրորդ. Թալէաթի ահաբեկումին չափ եւ աւելի անմահացաւ մեծ աղմուկ հանեց Թեհլիրեանի դատավարութիւնը: Կ՛ըսեն, որ ամբողջ Պերլինը եւ Եւրոպան այդ օրերուն, կ՛ապրէին ու կը շնչէին այդ դատավարութեամբ, թէ` շատ քիչ անգամ գերման մայրաքաղաքը եւ եւրոպական մայրաքաղաքները այդքան բուռն հետաքրքրութեամբ եւ հոգեկան այդքան սուր լարումով հետեւած են որեւէ դէպքի:
Բոլոր նկատառումներէն վեր, Սողոմոն Թեհլիրեանի վրէժխնդրական արարքը քաղաքական նշանակութիւն ունի: Եւ` «դժուար է խորաչափել քաղաքական կշիռը այն գնդակին, որ […] Թեհլիրեանի ձեռքով պարպուեցաւ Թալէաթի վրայ: […] Հսկայ մայրաքաղաքը զգում էր կարծես, որ դատասրահում դատւում էր ոչ թէ մի պարզ հայ, այլ դատւում էր համայն մարդկութիւնը, որ անպատիժ ձգեց մի անմեղ ժողովրդի նկատմամբ գործադրուած ապրիլեան անօրինակ Եղեռնը» (68):
Թեհլիրեանի արարքը չէր կրնար քաղաքական չըլլալ, մանաւանդ երբ նկատի կ՛առնենք դատավարութեան ամբողջ ընթացքը:
Գերմանական դատարանը շատ աշխատեցաւ, որ քաղաքական բնոյթ չստանայ դատավարութիւնը: Թեհլիրեանի պաշտպան փաստաբան Նիմայեր տեղ մը կ՛ըսէ. «Պ. նախագահը դատավարութեան առաջին օրը ըսաւ, թէ մենք քննելու չենք այս դէպքը դատական ընթացիկ հարցերէ տարբեր ձեւով: Ուրեմն այս դատավարութիւնը քաղաքական դատավարութիւն մը պիտի չդառնայ: […] Ես կը կարծեմ, որ մենք կրցանք գործնական մնալ: Եթէ դուք ծանօթանայիք այն ստուար նիւթին, որ մենք կրնայինք ներկայացնել ձեզի, այն ատեն կու տայիք մեզի ամենախղճամիտ ինքնասահմանափակման վկայականը» (69):
Ինչ ալ ըլլայ սակայն, դատավարութեան ընթացքին եղած ելոյթները եւ Ցեղասպանութեան հրապարակումները չէին կրնար քաղաքական չդարձնել դատավարութիւնը: Այսպէս. պաշտպան Ատոլֆ Ֆոն Կորտոն կը յայտարարէր` ի շարս այլ բաներու. «Թեհլիրեանը, ինչպէս իր բոլոր ցեղակիցները, համոզուած էր, որ Թալէաթն է բոլոր սարսափներուն հեղինակը. եւ դուք ցոյց տուիք, որ կը հաւատաք ատոր: […] Բաւական է այն պարզ ու անվիճելի իրողութիւնը, որ քանի մը ամսուան ընթացքին 1.800.000 հայերէ 1. 400.000-ը տեղահանուած են, եւ այդ վերջիններէն մէկ միլիոնը` սպաննուած: […] Խնդրեմ` դուք ինքներդ կը խորհիք, հնարաւո՞ր է ատիկա առանց համակարգեալ ղեկավարութեան` վերէն: Իրապէս թուրք կառավարութիւնը այնքան անզօ՞ր էր, որ ի վիճակի չըլլար այդ աղէտին դէմ միջոցներ ձեռք առնելու…» (70):
Այլ պաշտպան մը. Եոհաննէս Վերթաուէր կը հաստատէր, այլ բաներու կարգին. «Մէկ միլիոն սպաննուածներու, ամբողջ ժողովուրդի մը վրիժառուն է, որ կանգնած է այդ ժողովուրդի բնաջնջման պատասխանատու անձին, բոլոր տանջանքներուն հեղինակին դիմաց: […] Ան, այսպէս, վար կ՛իջնէ, ներկայացնելու համար արդարութեան ոգին ընդդէմ բռնի ուժի սկզբունքին: Ան վար կ՛իջնէ, ան` ներկայացուցիչը մարդկութեան ընդդէմ հակամարդկայնութեան, ներկայացուցիչը արեւային իրաւունքին ընդդէմ խաւար անիրաւութեան: Ան կու գայ իբրեւ ներկայացուցիչը ճնշուածներուն` ընդդէմ ճնշողներու հաւաքական ներկայացուցիչին: Ան կու գայ յանուն մէկ միլիոն սպաննուածներու ընդդէմ մէկուն, որ ուրիշներու հետ միասին այդ ոճիրներուն բեռը կը կրէ» (71):
Բոլոր ելոյթներուն մէջ ամէնէն տպաւորիչը գերմանացի արեւելագէտ եւ հոգեւորական Եոհան Լեփսիուսինն էր, որ մանրամասն, ընդարձակ եւ բացառիկ վկայութիւն մը տուաւ իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած հայկական ջարդերու մասին: Լեփսիսուս ջարդերու ատեն արդէն հրատարակած էր «Գաղտնի տեղեկագիր Հայաստանի ջարդերուն» աշխասիրութիւնը: Աւելի ուշ ան հրատարակեց «Գերմանիան եւ Հայաստանը» գործը, որուն նիւթերը կը կազմեն Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան փաստերը: Լեփսիուսի ելոյթը ցնցիչ տպաւորութիւն ձգեց դատաւորին եւ փաստաբաններուն վրայ, որոնք անտեղեակ էին ջարդերուն: Ան կ՛ըսէր.
«Տեղահանութիւնը, ընդհանուր աքսորը, որ արդէն 1915 ապրիլին որոշուած էր, կը վերաբերէր Թուրքիոյ ամբողջ հայ ժողովրդեան […]: Թուրքիոյ բնակչութեան մէջ կար պատերազմէն առաջ` 1.850.000 հայ: […] Մօտաւորապէս 1.400.000 հայ տեղահան եղած են: Ի՞նչ կը նշանակէ այս միջոցառումը: Թալէաթի կողմէ ստորագրուած հրամանագրի մը մէջ կը գտնուի սա խօսքը. «Աքսորավայրն է Ոչնչութիւն»: Համաձայն այս հրամանագրին, արեւելեան Անատոլուի նահանգներէն դէպի հարաւ տեղահան եղող ամբողջ բնակչութենէն միայն 10 առ հարիւրը աքսորավայր պիտի հասնէր. մնացած 90 առ հարիւրը ճամբան արդէն պիտի սպաննուի, բացի ոստիկաններէն եւ քիւրտերէն առեւանգուած կիներէն ու աղջիկներէն` մնացածը անօթութենէ եւ ուժասպառութենէն պիտի մեռնէին»(72):
(Շար. 6)
—————————-
67.- Քիւրքճեան, անդ, էջ 304-305:
68.- Վահան Նաւասարդեան, «Երկու խօսք», Քիւրքճեանի մէջ, անդ, էջ 16-17:
69.- Քիւրքճեան, անդ, էջ 300:
70.- Նոյն տեղ, էջ 234:
71.- Նոյն տեղ, էջ 280-281:
72.- Նոյն տեղ, էջ 170-172: