Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ.
Հայաստանի մէջ Փորթուգալի պատուոյ հիւպատոս, երկար տարիներ առաջ Հայաստան հաստատուած եւ մինչեւ օրս ժրաջանօրէն գործող, հայրենիքի մէջ տարբեր ներդրումներու եւ գործարարութիւններու նախաձեռնող Սեմ Սամուէլեան «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ իր փորձառութեան, Հայաստան հաստատուելու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն` խորհուրդ տալով հայութեան գոյատեւման ուղին նկատել հայրենիք վերադարձը:
«Ա.».- Հայաստանի մէջ ձեր` պատուոյ հիւպատոսի նշանակման մասին խօսինք, ի՞նչ է ձեր գործելադաշտը:
ՍԵՄ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ.- Փորթուգալի կառավարութիւնը տարածաշրջանին համար դեսպանատուն ունի Մոսկուայի մէջ. նկատի ունենալով, որ նպատակը չկար նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր երկիրներուն մէջ դեսպանատուներ հաստատելու, որոշուեցաւ հիւպատոս նշանակել Միջին Ասիոյ, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ: Իմ նշանակումիս հետաքրքրական բաժինը հետեւեալն է. նկատի ունենալով, որ մեծաթիւ հայեր չկան Փորթուգալի մէջ, նաեւ` Հայաստանի մէջ փորթուգալցիներ, կառավարական մարմիններ հարցուցած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին, թէ ո՛վ կը ճանչնայ, եւ ան տուած է անունս: Եկան` հարցազրոյց կատարեցին ու զիս ընտրեցին քանի մը թեկնածուներէն:
Տարբեր աշխատանքներ կը կատարենք. իբրեւ զբօսաշրջային գրասենեակի տնօրէն` տարբեր խումբեր եւ ճամբորդական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ կը ղրկեմ Հայաստանէն Փորթուգալ, որպէսզի տեղեկութիւն քաղելու նպատակով շրջագայութիւններ կատարեն եւ Հայաստան վերադառնալով` զբօսաշրջական համապատասխան թղթածրարները առաջարկեն: Նոյնն է պարագան Լիզպոնէն Հայաստան եկող ճամբորդական գրասենեակներուն եւ Հայաստանի վերաբերող տեղեկութիւններ տարածող ընկերութիւններուն: Մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ կան, ներկայիս աշխատանք կը տանինք, որպէսզի պատրաստուի հայերէն-փորթուգալերէն խօսակցական կայք, յառաջիկայ կամ միւս տարի կը փափաքինք Ժապաւէններու փառատօն մը կազմակերպել, Հայաստանի մէջ փորթուգալական ժապաւէններ ցուցադրել եւ այլն: Չենք կրնար ըսել, որ շատ աշխուժ գործունէութիւն ունինք, որովհետեւ ամբողջ Փորթուգալի մէջ 20-30 հայ հազիւ ըլլայ, իսկ Հայաստանի մէջ հազիւ 3-4 փորթուգալցի կայ: Բայց եւ այնպէս առեւտուր կայ, կան ընկերութիւններ, որոնք արտածումներ կը կատարեն դէպի Փորթուգալ եւ այլն: Հիմնականին մէջ զբօսաշրջութեան եւ թեթեւ ճարտարարուեստի արտածում կը կատարուի երկու երկիրներուն միջեւ: Իբրեւ հիւպատոսի` կը դիմեն ինծի, եթէ հարցեր կամ խնդրանքներ ըլլան:
Նշեմ, որ Հայաստանը եւս նշանակեց դեսպան Փորթուգալի մէջ, ինչ որ կը դիւրացնէ աշխատանքը, ան նոյն անձն է, որ Վատիկանի մէջ ալ դեսպանն է Հայաստանի` Միքայէլ Մինասեանը:
«Ա.».- Հիւպատոս ունենալը նաեւ քաղաքական իմաստով կրնայ իր օգտակարութիւնը ունենալ, որպէսզի մեր Դատին ու տագնապներուն վերաբերող, ըստ կարիքի, պարզաբանումներ կատարուին ձեր իսկ կողմէ` պաշտօնապէս:
Ս. Ս.- Իբրեւ պատուոյ հիւպատոս` դիւանագիտական կեցուածք արտայայտելու իրաւունք չունիմ, ատիկա վերապահուած է Մոսկուայի դեսպանին, սակայն ես տեղեակ կը պահեմ տեղի ունեցածին մասին, եւ անոր հիման վրայ ան կրնայ կողմնորոշուիլ ու կեցուածք դրսեւորել:
«ԱԶԴԱԿ».- Դուք այն հայրենադարձներէն էք, որ Հայաստան գացիք այնպիսի պահու, երբ տակաւին պետութիւնը կայացման իր առաջին քայլերը կ’առնէր: Հակառակ դժուարութիւններուն` մնացիք Հայաստան, իբրեւ հայրենիք հաստատուող սփիւռքահայ` բաւական մեծ փորձառութիւն շահեցաք, իսկ այսօր արդէն յաջողութեան հասած էք: Ձեր փորձառութեան ընդմէջէն մեր ընթերցողներուն հետ, խնդրեմ, բաժնեկցիք այն, որ վերջնականապէս հայրենիք հաստատուիլը, հոն տարբեր ծրագիրներու նախաձեռնելը որքանո՞վ օգտակար է անձին, հայրենիքին եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ պէտք է յաղթահարէ:
Ս. Ս.- Առաջին հերթին նման բան բնականաբար հայրենիքին օգտակար է, որովհետեւ եթէ սփիւռքահայ մը ներդրում կը կատարէ` թէ՛ մտային, թէ՛ ժամանակի եւ թէ՛ տնտեսական առումով, ուրեմն ասիկա ի շահ Հայաստանին է. երկրորդ` երբ հոն աշխատանքի կը ձեռնարկէ, ուրեմն հարկ պիտի վճարէ, աշխատաւորներու կարիք պիտի ունենայ, ուրեմն աշխատանքի առիթներ պիտի ստեղծէ, առեւտուր պիտի ընէ կամ ինք պիտի արտադրէ® այս բոլորը դրական անդրադարձ պիտի ունենան անշուշտ: Իսկ թէ նման քայլ մը որքանո՞վ սփիւռքին օգտակար է, ատիկա ամբողջովին այլ հարց է, որովհետեւ կայ սփիւռքի մէջ մարդուժի կարիքի հարց, այսինքն պատրաստուած մարդուժի եւ յատկապէս աշխուժ միութենականի հեռացումը գաղութէն կրնայ ազդել անոր վրայ:
Մարտահրաւէրները կը փոխուին իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի համաձայն: Երբ առաջին անգամ ես գացի Հայաստան` 2001-ին, տնտեսական առումով գրեթէ ոչինչ կար, ճաշարան երբ բացի, արդէն անիկա ընկալուեցաւ իբրեւ շատ լաւ բան մը, նորութիւն մը, նոյնն էր պարագան պանդոկին կամ հագուստի վաճառատան: Ներկայիս պատկերը լրիւ տարբեր է, բոլոր բնագաւառներուն մէջ մրցակցութիւնը առկայ է, Հայաստանի առեւտրականները արդէն կը սերտեն Հայաստանի շուկային կարիքները եւ համապատասխան ներածումներ կ’ընեն, նաեւ կը փորձեն հայկական դրոշմ ունեցող արտադրութիւններու ձեռնարկել եւ այլն:
Կայ իրականութիւն մը, որ Հայաստան տեղափոխուողներուն մէջ կան հիմնական քանի մը ուղղութիւն ունեցողներ. կան անձեր, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց զաւակներուն 100 տոկոս իբրեւ հայ կազմաւորուելու միակ երաշխաւորուած վայրը Հայաստանն է, ուր սպառնալիքներ չկան: Ասիկա էր իմ պարագաս: Այս խումբին պատկանողներուն համար աշխատանք ունենալ-չունենալը երկրորդական է: Երկրորդ խումբի անդամները աշխատանք կը գտնեն, ապա կը փոխադրուին, ասիկա եւս լաւ ձեւ է, որովհետեւ մարդ իր ապրուստը կ’ապահովէ, ապա իր սփիւռքեան կեանքը ձգելով` նոր կեանքի կը սկսի հայրենիքի մէջ, որպէսզի անկանխատեսելի անակնկալներու ու պատահարներու ալ առաջքը առնէ:
Երրորդ խումբին պատկանող անհատը իր կեանքին մէջ ծայրայեղ փոփոխութիւն կ’ուզէ յառաջացնել, սփիւռքի մէջ դժգոհ է իր կեանքէն` կա՛մ տնտեսապէս, կա՛մ ասպարէզի իմաստով: Ան կ’որոշէ Հայաստան երթալ եւ ամբողջովին այլ ասպարէզի մէջ գործել, ասիկա քիչ մը վտանգաւոր է եւ` ոչ գործնական, որովհետեւ եթէ Հայաստանի նման երկիր պիտի տեղափոխուիս, ուրեմն պէտք չէ արհեստդ փոխես, մանաւանդ եթէ անիկա պահանջուած չէ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ նոր ասպարէզը նոր մարտահրաւէրներ կ’ենթադրէ, ուր մնաց` նոր ասպարէզ նոր երկրի մը մէջ, որ թէեւ հայրենիք է, սակայն հոն նոր եկողը անտեղեակ կ’ըլլայ ընդհանրապէս պայմաններէն, աշխատանքային գործելաոճէն եւ այլն: Օրինակս տամ, երբ Հայաստան գացի եւ ճաշարան բացի, շատ բան չկար Հայաստանի մէջ, սփիւռքահայ ընկերներս ինծի համար հոթ-տոկ, քեչափ, մութարտ կը բերէին, եկող-գացողները պահածոներ կը բերէին իրենց հետ, մինչեւ այսօր ասոնք կը յիշուին` իրենց յուզականութեամբ եւ վիպապաշտութեամբ, սակայն գործնական չեն: Բարեբախտաբար այդ օրերը անցած են, այսօր ամէն ինչ կայ արդէն Հայաստանի մէջ: Ըսեմ նաեւ, որ երբ գացի, 24 տարեկան էի, ընտանիք չունէի, առանձինս դիւրին էր յարմարիլ, դժուարութիւնները շրջանցել: Սակայն ներկայիս, երբ երեք զաւակի տէր եմ արդէն, չեմ կրնար նոյն արկածախնդրութեան դիմել, պէտք է նկատի ունենամ, որ ինձմէ կախեալ անձեր կան: Նոյնն է պարագան ոեւէ սփիւռքահայու, որ նախ եւ առաջ պէտք է Հայաստանը ուսումնասիրելու նպատակով այցելութիւն մը տայ, մանաւանդ որ այսօր գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ թռիչքներ կան Պէյրութ-Երեւան, նաեւ պէտք է դուրս գանք «ես գիտեմ»-ի հոգեբանութենէն եւ հարցնենք փորձառուներուն, մանաւանդ որ կան յատուկ գրասենեակներ, կազմակերպութիւններ, որոնք տեղեկութիւն եւ խորհուրդ տալու պատրաստակամ են միշտ: Վերջինները շատ անկեղծ կերպով կը բացատրեն դժուարութիւնները, ուղղութիւն կու տան, կ’ըսեն, թէ ի՛նչ բանի կարելի է յոյս կապել կամ ի՛նչ ասպարէզ Հայաստանի մէջ ձախողութեան դատապարտուած է: Օրինակ, Լիբանանի մէջ «Ալմազա» գարեջուրը նշանաւոր է ու սիրուած, սակայն Հայաստանի քաղաքացիին համար անիկա ոչինչ կ’ըսէ, մանաւանդ որ ինք բազմաթիւ այլընտրանքներ ունի Հայաստանի մէջ: Ուրեմն շատ կարեւոր է գիտնալ, թէ ինչ որ Լիբանանի մէջ յաջողած է, պայման չէ, որ Հայաստանի մէջ եւս նոյն յաջողութեան արժանանայ, ամէն ինչ կախեալ է շուկայէն` պահանջի եւ սպառումի յարաբերակցութենէն: Հայաստանի մէջ ապրող քաղաքացիին քիմքը աւելի սովոր է ռուսական խոհանոցին եւ եւրոպականին, որ ներկայիս արդէն մեծապէս տարածուած է: Սակայն ասոր զուգահեռ, շեշտեմ, որ կան բնագաւառներ, ուր ներդրում կատարելը շատ օգտակար եւ` արդիւնաւէտ է. օրինակ` գիւղատնտեսութեան ոլորտը, քանի որ մենք մաս կը կազմենք Եւրասիական միութեան, որուն անդամ են Ռուսիան, Ղազախստանը եւ Պիելոռուսիան, իսկ այդ երկիրներուն մէջ օդը շատ ցուրտ է, ուրեմն բազմաթիւ արտադրութիւններ, պտուղներ ու բանջարեղէններ Հայաստանէն կ’արտածուին: Հոս ալ հարցը անհրաժեշտ քանակը ունենալն է, փոքր պարտէզի մը տուած բերքով կարելի չէ քայլ պահել նման առեւտուրի հետ, պէտք է ընդարձակ տարածքներու վրայ ըլլայ ցանքը: Հայաստանի մէջ հողը աժան է, կարելի է գնել ու մշակել, սակայն անպայման պէտք է վերահսկուի եւ հետեւողականութիւնը պահուի: Նոյնիսկ խումբ մը գործարարներ միասնաբար կրնան նման աշխատանքի ձեռնարկել:
Կը կրկնեմ` հիմնականը այն է, որ սփիւռքահայը անիրական ակնկալութիւններով չգայ Հայաստան, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ նախ պէտք է սերտել շուկան, ապրիլ հայաստանեան կեանքը, ապա որոշել` փոխադրուի՞լ, թէ՞ ոչ:
«Ա.».- Հիմա որ խօսեցանք ակնկալութիւններուն մասին, անդրադառնանք նաեւ այն մօտեցումին, որ երբեմն առկայ է սփիւռքահայերուն մօտ, թէ հայրենիքը պէտք է յաւելեալ դիւրութիւններ տայ, կարելիութիւններ ստեղծէ, իսկ եթէ դժուարութիւններ ծագին, այն ատեն կ’ըսուի, որ հայրենիքը կը մերժէ իր զաւակները:
Ս. Ս.- Դժբախտաբար յաճախ այս մատնանշումն ու քննադատութիւնը լսած եմ այն մարդոց կողմէ, որոնք տակաւին անգամ մը իսկ Հայաստան չեն այցելած, ինչ որ շատ վիրաւորական է:
Այս մասին խօսելէ առաջ խօսիմ այլ կարեւոր երեւոյթին մասին, որ հինէն ի վեր սփիւռքահայուն եւ հայաստանցիին միջեւ կար. յարաբերելու հարց, որ ժամանակի ընթացքին աւելի մեղմացաւ: Ես երբ նոր փոխադրուեցայ Հայաստան, այս լարուածութիւնը շատ աւելի սուր էր, երբ ըսէի Լիբանանէն եմ, զիս արաբ կը նկատէին, պարսկահայը հայաստանցիին համար պարսիկ էր, իսկ պոլսահայը` թուրք, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանէն ձեւաւորուած է այն գաղափարը, որ սփիւռքահայը թշնամի է, հանգիստ կեանք կը վայելէ տարբեր երկիրներու մէջ, ստիպուած է օգնել հայրենիքին եւ այլն: Խորքին մէջ սփիւռքահայուն եւ հայաստանցիին միջեւ, առանց երկխօսութեան ու կապի, կար ժխտական մօտեցում մը, քիչ մը վանողական, ինչ որ անհիմն է, յստակ պատճառներ եւ տուեալներ չկան այս տրամադրութեան համար: Սակայն այսօր պատկերը այլ է, սփիւռքահայերու մնայուն այցելութիւններով այդ սխալ տպաւորութիւնը փոխուած է, Հայաստանի մեր հայրենակիցները սկսած են հասկնալ ու տեսնել, թէ սփիւռքահայուն կեանքը դիւրին չէ, պատերազմներու հետեւանքներու ենթակայ է, տնտեսական մեծ տագնապներու անդրադարձը իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ անոր վրայ: Նոյնն է պարագան սփիւռքահայուն, որ հայաստանցիին հետ կապ հաստատելով, զբօսաշրջային թէ այլ այցելութիւններու ատեն անոր հետ յարաբերութիւն մշակելով` կը նկատէ, որ ըսուածները անպայման ճիշդ չեն, անշուշտ կան տարբերութիւններ, սակայն անոնց դրական կողմը պէտք է տեսնել, նաեւ` նուազ լարուածութեամբ մօտենալ ամէն ինչի, որովհետեւ փոփոխութիւնը յանկարծակի կերպով չ’ըլլար, այլ ժամանակի կը կարօտի, եւ այս իմաստով արդէն բաւական ճամբայ կտրած ենք:
Վերադառնալով հարցումիդ, թէ սփիւռքահայը հայրենիք կու գայ այն մտայնութեամբ, որ պետութիւնը պէտք չէ իրմէ տուրքեր գանձէ, սակայն այդ պարագային տեղացին ալ հարց պիտի տայ, թէ ինք ինչո՞ւ պիտի վճարէ այդ բոլոր տուրքերը: Ի վերջոյ ասիկա հայրենիք ըլլալու կողքին, երկիր է, պետութիւն է, ունի օրէնքներ, կանոններ, որոնց ենթակայ է ամէն մարդ: Ուրախալի է, որ ներկայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի օրով արտաքին ներդրումները քաջալերելու քաղաքականութիւն մշակելու նախաձեռնութիւն կայ, գիտակից, ատակ եւ մասնագէտ տղաք այս գծով աշխատանք կը տանին, յոյսով ենք, որ անիկա իր դրական արդիւնքը կու տայ: Պետութենէն ակնկալութիւններ ունենալու այս մօտեցումը յատկապէս առկայ է հին սերունդին մօտ, նոր սերունդը այդպէս չէ, ինք նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, պետութենէն հաշիւ կը պահանջէ, կենսոլորտային եւ ընկերային հարցեր կը հետապնդէ, յատկանշական է, որ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքար տանող առաջիններն էր, իսկ ներկայիս անոնց երթը կը շարունակեն կամ անոնց կողքին են նաեւ հայաստանցիները:
Վերջին տարիներուն Քեսապէն եւ Գամիշլիէն երիտասարդներ Արցախի մէջ հողամշակութեամբ կը զբաղին, շատ աշխուժ են, լաւապէս կը գործակցին իրարու հետ, նոյնիսկ կը զարմացնեն տեղացիները, մանաւանդ որ անոնք հողագործ են, լաւապէս կը հասկնան գիւղատնտեսութենէն: Հայաստանի մէջ եւս բաւական ընդարձակ հողատարածքներ մշակուած են, բերք կու տան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ կատարուած ներդրումները իրենց նպատակին կը ծառայեն, արդիւնք կու տան: Վերջապէս օղակները բարեյաջող կերպով իրարու կը միանան, եւ մեր միութեան շղթան կը կազմուի:
Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ ներկայիս գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ ներդրում ընել ուզողներուն համար բոլոր տուեալները կան` կաթիլային համակարգ, պարարտանիւթեր, մատակարարներ, գիւղատնտես մասնագէտներ, սերմի տարբեր տեսակներ եւ այլն: Այս կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ ներդրումը միայն առեւտուրի վրայ չէ հիմնուած: Նոյնը կարելի չէ ըսել ճարտարարուեստի պարագային, որովհետեւ միւս երկիրներուն հետ բաղդատած` մենք մրցունակ չենք, կան թեթեւ ճարտարարուեստի ճիւղեր, սակայն` ոչ հզօր ու հիմնական:
«Ա.».- Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ նախապէս կար այն մտայնութիւնը, որ սփիւռքը դրամ ուղարկելու կոչուած է, անկէ ետք ան կատարելիք չունի: Այսօր բարեսիրական աշխատանքները կամ այլ ընկերային ծրագիրներ կը կատարուին ուրիշ ձեւով, դրամ տրամադրելով չ’աւարտիր ամէն ինչ, այլ հիմնադրամներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ գետնի վրայ իրե՛նք կը հետեւին աշխատանքներուն, մարդ գործի կը լծեն, կը հետապնդեն եւ անձամբ ներկայ կը գտնուին ծրագիրի յաջող պսակման:
Ս. Ս.- Հարցը այն է, որ եթէ ենթադրենք, թէ Հայաստանի մէջ որոշ ժամանակաշրջանի համար կարիք կայ 10 միլիոն տոլարի, որպէսզի երկիրը ոտքի կանգնի, մենք` սփիւռքով, մեր ջանքերով ատոր մէկ առ հարիւրը կրնանք ապահովել: Հիմա հարցումը այն է, որ այդ տոկոսը ո՞ւր պիտի ուղղուի: Այսօր տակաւին կան երեխաներ, որոնք անօթի կը քնանան, կան ընկերային շատ ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներ, սահմանին վրայ տակաւին զինուոր կը մեռնի, եւ անոր ընտանիքին հոգալու պարտաւորութիւնը ունինք: Առ այդ, շատ ողջունելի է թիրախային հասարակական կազմակերպութիւններու ստեղծումն ու տարած գործունէութիւնը, օրինակ` ԱՐԱՐ կազմակերպութիւնը կը հոգայ ծախսերը սահմանին վրայ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն, ինչ որ իսկապէս հպարտալի է, «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը կ’օժանդակէ Հայաստան տեղափոխուիլ ուզող սփիւռքահայերուն, տեղեկութիւններ եւ ուղղութիւններ կու տայ, «Դէպի Հայք»-ը երիտասարդներուն եւ ուսանողներու յատուկ ծրագիրներ կը մշակէ, առիթ կը ստեղծէ հայաստանեան կեանքը ապրելու, հոն աշխատելու, ապա ճշդելու, թէ ի՛նչն է լաւագոյն տարբերակը: Բազմաթիւ են նման միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, որոնք յստակ թիրախ ճշդած եւ այդ ուղղութեամբ կ’աշխատին: Նկատելի է, որ նման կազմակերպութիւններու մեծամասնութեան ղեկավարները, բարերարները, գործադիր մարմինի անդամներէն ոմանք դաշնակցական են, տարբեր երկիրներէ եկած կուսակցական եւ միութենականներ են: Այս մասին մենք ընդհանրապէս չենք քարոզեր, սակայն ասիկա իրականութիւն է:
«Ա.».- Խօսինք Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն մասին, որոնք, հայաստանցիներուն վկայութեամբ, նոր մշակոյթ բերին, յատկապէս` ծառայութեան բնագաւառին մէջ:
Ս. Ս.- Թէեւ սուրիական պատերազմի ողբերգութեան պատճառով սուրիահայերը Հայաստան փոխադրուեցան, սակայն անոնք սքանչելի դրական ներդրում ունին հայրենիքի մէջ: 10-15 հազար հայեր փոխադրուեցան Հայաստան, անոնք իսկապէս ընդհանուր զարգացում ունեցող, նախաձեռնող, արժէքաւոր, գիտակից, ուսեալ, փորձառու, թեքնիք բնագաւառին մէջ թէ՛ ուսում եւ թէ փորձառութիւն ունեցող տարրեր են, որոնց կարիքը կայ Հայաստանի մէջ: Հայրենիքը վերահարստացաւ եւ աւելի զօրացաւ սուրիահայերով:
«Ա.».- Քու փորձառութենէդ մեկնած, քու կոչդ ու խօսքդ` լիբանանահայ երիտասարդութեան:
Ս. Ս.- Եթէ մարդիկ համեմատեն Աւստրալիա տեղափոխուիլը Հայաստան տեղափոխուելուն հետ, կը հաստատեմ, որ շատ տարբեր բաներ են: Հայաստան կը տեղափոխուիս դուն քեզ փրկելու եւ երկրիդ օժանդակելու համար, Հայաստանը միշտ ալ հոն պիտի մնայ եւ գոյատեւէ, այսինքն եթէ մէկը հայրենիք կ’երթայ իբրեւ զոհողութիւն, ատիկա ճիշդ չէ: Մենք Հայաստան կը հաստատուինք, հոն կը գործենք զայն զօրացնելու եւ անով զօրանալու համար: Ասիկա ամէն մարդու ընտրանք չէ, շատեր եկած, փորձած են յարմարիլ, սակայն չեն կրցած, զգացած են, որ մշակութային եւ կենցաղի տարբերութիւնը շատ մեծ է: Շատեր կը կարծեն, որ հայ ըլլալով` կրնան բոլոր պարագաներու հայրենիքի մէջ ապրիլ, սակայն Հայաստան հասնելէ ետք կ’անդրադառնան, որ լիբանանցի են պատկանելիութեամբ, վարժ են իրենց ծննդավայրի կեանքին ու կենցաղին, երբեմն` անկարող Հայաստանին յարմարելու:
Բայց եւ այնպէս ինծի համար այլընտրանք չկայ, եթէ ես հայ պիտի մեծնամ, հայրենիքի մէջ պիտի երաշխաւորեմ ատիկա: Սփիւռքի գոյատեւումը ժամանակի հարց է, գաղութները հետզհետէ պիտի ձուլուին, ասոր օրինակները բազմաթիւ են, այսօր կը տեսնենք Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Ուրեմն, եթէ մենք մեզ պիտի փրկենք, ատիկա ընենք մեր հայրենիքի մէջ, ուր հոգ չունինք, թէ մեր զաւակները հայու հետ պիտի ամուսնանան, թէ՞ չէ, լեզուն պիտի մոռնա՞ն, թէ՞ ոչ: Անձնապէս միշտ պատրաստ եմ ոեւէ հայու հետ կիսելու իմ փորձառութեամբս ձեռք ձգածս, բաժնեկցիլ գիտելիքներս, ուղղութիւն տալ, որպէսզի կարելի եղածին չափ օժանդակենք ներդրողներու դիւրին եւ հեզասահ գործունէութեան:
Հայրենիք տեղափոխուիլ որոշողները պէտք է նկատի ունենան, որ ուղին դիւրին չէ, պայքարի եւ հետեւողական ջանքի կը կարօտի, իսկ եթէ իրենք պատրաստակամ չեն ատիկա ընելու, ուրեմն նախընտրելի է մնան սփիւռքի մէջ, շարունակեն իրենց ստեղծած գործը: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ պէտք է գիտակից ըլլալ, որ մէկ օրէն միւսը ամէն ինչ պիտի չփոխուի եւ մեր ուզածին պէս պիտի չըլլայ: Այս մօտեցումով եթէ նախաձեռնենք, անպայման յաջողութեան կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ: