ՊԵՏԻԿ
Տարիներէ ի վեր Հայկական երեսփոխանական պլոքը ունի իր գրասենեակը, որ ցարդ շատերու կը մնայ անծանօթ իր գոյութեամբ եւ գործունէութեամբ:
Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ին մէջ ծանուցում մը կը յայտարարէր երեսփոխանական գրասենեակի երկրորդ բաժինի բացումը` «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, Էշրեֆիէ հայութեան ծառայելու համար…
Այս պիտակը` «Հայկական երեսփոխանական պլոքը»-ը հիմնուած է քաղաքական եւ ընկերային հարցերու համար, սակայն միշտ ունեցած է մէկ գլխաւոր նպատակ` պաշտպանել Լիբանանի հայ գաղութին իրաւունքները եւ ծառայել Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այդ «գրասենեակին», ան ըլլալէ զատ հայ երեսփոխաններուն հանդիպման վայրը` ուսումնասիրելու կամ մշակելու Լիբանանի ու լիբանանահայութեան առնչուող հարցեր ու ծրագիրներ, կոչուած է նաեւ ծառայութիւններ մատուցելու լիբանանահայութեան, մանաւանդ` օրինական կամ կալուածային բարդ հարցերու մէջ, կացութիւններ, ուր պէտք ունինք իրաւական ցուցմունքներու, նոյնիսկ` գործնական աջակցութեան:
Այո՛, մենք ունինք ազնիւ ու անշահախնդիր ազգայիններ, որոնք շնորհիւ պետական անձնաւորութիւններու հետ իրենց սերտ կապերուն` ազնուօրէն եւ անշահախնդիր կերպով օգտակար կ՛ըլլան անփորձ ազգայիններու, երբ անոնք բարդ կացութեան մատնուին, սակայն, դժբախտաբար , ունինք նաեւ «հայանման» մարդիկ, որոնք պարագաներու բերմամբ կրնան հասած ըլլալ որոշ դիրքերու, սակայն առանց տատամսելու` այդ կապերը վերածած կ՛ըլլան շահագործման աղբիւրներու ու իրենց «ծառայութիւնները» ի գործ կը դնեն ի շահ իրենց ագահ ու անհատակ գրպաններուն:
Ճիշդ այսպիսի պարագաներու, եւ որպէսզի պատեհապաշտներու զոհ չդառնանք, անվարան դիմենք երեսփոխանական գրասենեակ` ստանալու համար ճիշդ ու անվերապահ թելադութիւն եւ նոյնիսկ` գործնական օժանդակութիւն:
Թարմ ու տխուր դէպքեր կը մղեն այս կոչը ընդհանրացնել:
Շատ անգամ հասարակ խօսակցութեան նիւթ եղած է այն, թէ մեր երեսփոխանները ի՛նչ կ՛ընեն ժողովուրդին, ինչպէ՞ս օգտակար կ՛ըլլան: Ահաւասիկ ձեզի` լաւագոյն ցուցմունքը, երբ օժանդակութեան պէտք ունիք, ու անճար եւ յուսահատ` ձեր հարցերուն լուծումը մի՛ փնտռէք անպիտակ մարդոց քով, որ զոհ չդառնաք անոնց նիւթապաշտութեան, այլ դիմեցէք գրասենեակ ու ստացէք ճիշդ ու վստահելի ցուցմունքները` անվճար:
Գրասենեակը ունի նաեւ այլ կարեւոր յանձնառութիւններ, ինչպէս` երբ զանազան նախարարութիւններ կարիք կ՛ունենան մասնագիտացած որակաւոր պաշտօնեաներու, եւ նոյնիսկ երբ լիբանանեան բանակը կոչ կ՛ուղղէ զինուորական որոշ զօրամասերու միանալու, նորագիրներու դիմումնագիրները կը ներկայացուին գրասենեակ:
Նոյն ծիրին մէջ հայկական հաստատութիւններ, երբ պաշտօնեայի պէտք ունենան եւ կամ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ գործ կը փնտռեն, անվարան կրնան դիմել այս գրասենեակը, որ կոչուած է ժողովուրդին ծառայելու:
12/06/2017