Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (8)

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ուր էլ լինեմ չեմ մոռանայ, բլուր դարձած աղբերը իր…

Իսլամական տօնի մը յաջորդող օրն է: Փողոցներու անկիւնները աղբակոյտերու կը հանդիպինք: Պէյրութաբնակ մեր ազգականներն ու բարեկամները իսլամական տօնին կը վերագրեն այդ մէկը: «Աղբահաւաքները գրեթէ բոլորը իսլամ են եւ արձակուրդի մէջ են: Վաղը, կամ յաջորդ օր ամէն ինչ մաքրուած կ’ըլլայ»:

Քանի՜ քանի՛ «վաղը, կամ յաջորդ օր»-եր իրարու յաջորդեցին: «Վաղը, կամ յաջորդ օր»-երը վերածուեցան «յաջորդ ամիս»-ներու, եւ աղբակոյտերը աճեցան ու բազմացան: Բլուրներու վերածուեցան:

Աղբակոյտ

Աղբակոյտ

Պէյրութի ամէնէն աղքատ թաղամասերէն մինչեւ Ռաուշէի ամէնէն հարուստ թաղամասերը, ուր յարկաբաժիններուն գիները քանի մը միլիոն տոլարով կը գնահատուին, հոն եւս աղբակոյտերու կը հանդիպինք: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն նման խեղկատակութեան չհանդիպեցաւ լիբանանցին: Լիբանան, երկիր մը, որուն մեծագոյն եկամուտը զբօսաշրջութիւնն է: Ո՞ր զբօսաշրջիկը պիտի փափաքի այցելել նման երկիր մը:

Զէնքերու եւ ռումբերու երկարատեւ պատերազմը բարեբախտաբար հասած է իր աւարտին, սակայն պատերազմի նոր հանգրուան մը սկսած է ընդդէմ աղբակոյտերէ գոյացած հաւանական հիւանդութիւններու, որ նոյնքան վտանգաւոր է ու մտահոգիչ: Կրնայ մահացու դառնալ:

«Եու Թուպ»-ի վրայ, ականատես եղայ անհաւատալի եւ անընդունելի տեսերիզի մը: Յորդառատ անձրեւները փողոցները գետերու վերածած են, եւ աղբերը մակոյկներու նման կը ծփան հոսող «գետի» ջուրերուն վրայ` հիւանդութիւն սփռելով:

Նոյնն է պարագան ելեկտրականութեան: Տղաս Լոս Անճելըս ծնած ու հասակ առած է, եւ մէկ բառ արաբերէն չի գիտեր: Մեր Պէյրութ այցելութեան առաջին արաբերէն սորված բառերը եղան «քահրապա» եւ «իշթիրաք»:

1979-ի Պէյրութի արեւելեան շրջանի սուրիական ռմբակոծումներէն ետք, լման 9 կամ 10 ամիս ելեկտրականութենէ զուրկ մնացինք: Ներելի չէր, սակայն` հասկնալի: Ելեկտրականութիւն հայթայթող վայրերն ու գործիքները մեծ վնասներու ենթարկուած էին եւ կարելի չէր մէկ օրէն միւսը նորոգել, մանաւանդ` երկրի մը մէջ, ուր կառավարութիւնը գրեթէ սնանկացած էր: Ներկայիս պատերազմը շատոնց վերջ գտած է (փա՛ռք Աստուծոյ): Ամէն ինչ կարգին է: Լիբանան վերագտած է իր բնականոն վիճակը: Ամէն կողմ` շինարարութիւն: Զբօսաշրջիկները կը վխտան: Ճաշարաններուն ու գիշերային վայրերու առջեւ ժողովուրդը պոչ բռնած է գիշեր թէ ցերեկ եւ… օրուան որեւէ ժամու, յանկարծ ելեկտրականութիւնը կ’անջատուի: Բարեբախտաբար քանի մը երկվայրկեանէն «քահրապա»-ին կը փոխարինէ «իշթիրաք»-ը:

Ի՞նչ է «քահրապա»-ն եւ ի՞նչ է «իշթիրաք»-ը: «Քահրապա», որ արաբերէնով կը նշանակէ ելեկտրականութիւն, մեր գիտցած սովորական ելեկտրականութիւնն է, զոր ելեկտրական ընկերութիւնը կը հայթայթէ, եւ օրինաւոր պետութեան կը պատկանի: «Իշթիրաք», արաբերէնով կը նշանակէ «բաժանորդագրութիւն»:

Անհատական ընկերութիւններ ելեկտրականութիւն արտադրող սարքաւորումներով ժողովուրդին ելեկտրականութիւն կը ծախեն այն ժամերուն, երբ պետական ելեկտրականութիւնը անջատուի: Լիբանանցիին շատ սուղի կը նայի այս մէկը: Այնքան ծախսալից երկրի մը մէջ, յաւելեալ ծախս մը, եւ վճարելու կարողութիւնը ունենան կամ ոչ, ստիպուած են մասնակցելու: Ամէն անգամ, որ «քահրապա»-ն անջատուի եւ «իշթիրաք»-ը գործի անցնի, մարդիկ իրար կ’անցնին: Այդ ժամուն տան քանի մը սենեակներուն լոյսերը չեն կրնար բոլորը միաժամանակ վառել: Արդուկի, կամ լուացքի համար պէտք է սպասել յաջորդ օրուան պետական «քահրապա»-ին: «Իշթիրաք»-ի ժամանակ «ժամացոյցը կը նետէ», ելեկտրականութիւնը դարձեալ կ’անջատուի: Անմիջապէս քանի մը «ոչ կարեւոր» բաներէ պէտք է հրաժարիլ կամ… համբերութեամբ սպասել «քահրապա»-ի վերադարձին, որ  կրնայ կէս գիշերէն ետք ժամանել: «Ոսկի առիթը» պէտք չէ փախցնել: Գիշերուան անուշ քունը զիջելով` լիբանանցի տանտիկինը այդ ժամը կ’անցընէ լուացքով կամ արդուկով: «Դուք Ամերիկայի մէջ չէք գիտեր` ի՛նչ ըսել է ուրախանալ», կատակելով կը պատմէր լիբանանցի հայ կին մը: «Երբ ելեկտրականութիւն ունինք, երբ ջուր ունինք, երբ իրիկուան տուն հասնինք եւ մեր ինքնաշարժը կանգնեցնելու տեղ գտնենք, կ’ուրախանանք: Այս բոլորը բնական երեւոյթներ  են ձեր մօտ եւ արժէքը չէք գիտեր, մեզի նման ուրախանալու հաճոյքը չէք վայելեր»:

* * *

Խաչմերուկի-վրայ

Խաչմերուկի-վրայ

Հասած ենք խաչմերուկի մը, ուր ո՛չ ուղեւորութեան լոյս գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ կանգնելու նշան: Ոստիկան մը նշանակուած է` հսկելու երթեւեկի կանոնաւորութիւնը, սակայն կէսօրուան այդ հեղձուցիչ տաք օդին ոստիկանին հո՞գն է զբաղիլ ինքնաշարժներու կանոնաւորութեամբ: Գործը պարկեշտօրէն կատարէ կամ ոչ, ամսուան վերջաւորութեան նոյն ամսականը պիտի գանձէ: Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Ինչո՛ւ, իր մեծաւորները, խորհրդարանի անդամները այդքա՞ն պարկեշտօրէն կը կատարեն իրենց վստահուած գործը: Անկիւն մը, շուքին քաշուած, բջիջային հեռաձայնը ականջին, խօսելով, միւս ձեռքով, առանց նայելու, ինքնաշարժներուն յառաջանալու նշան կու տայ: Վարորդները շուարած են: Յառաջանալու նշանը իրե՞նց, թէ՞ հակառակ կողմէ եկողներուն է: Մարդկային բնազդ է: Նախ ես, վերջը` միւսները: Ամէն կողմէ կը խուժեն եւ վայրկենական խաչմերուկը լեցուած է անշարժացած ինքնաշարժներով կանգառի մը:

Խճողուած-Օթոսթրատ

Խճողուած-Օթոսթրատ

Ոստիկանը նոյնիսկ չի փորձեր այդ կողմ դառնալ: Հեռաձայնային «կարեւոր»  խօսակցութիւնը կ’արժէ՞ ընդհատել «փոքրիկ» խճողումի մը համար: Լիբանանցիին համար շատ բնական երեւոյթ է ճամբաներու խճողումը:

«Օթոսթրատ»-ի բաւական լայն ճամբաները գիծերով բաժնուած են: 3 գիծ` իւրաքանչիւր ուղղութեան, կը նշանակէ, որ 3 շարք ինքնաշարժներ պէտք է անցնին իւրաքանչիւր կողմէն: Աչքերուս չեմ հաւատար: 3 գիծ ունեցող պողոտայի վրայ 7 շարք ինքնաշարժներ իրար «հրմշտկելով», մէկը միւսէն առաջ անցնելով, մինչեւ իսկ ինքնաշարժները յաճախ իրարու քսելով, ճչակներու եւ հայհոյանքի «համերգ»-ին իրենց համեստ մասնակցութեամբ` ամէն մէկը կը ջանայ ժամ առաջ տեղ հասնիլ:

Զարմանալի ոչինչ կայ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, ուր աւելի քան երկու տարի է կը «կառավարուի» հանրապետութեան նախագահի մը… չգոյութեամբ:

Տասնամեակներ առաջ արտագաղթը ծայր տուած էր պատերազմի պատճառով: Այսօր արտագաղթի նոր հոսանք մը ծայր տուած է ի տես պետութեան անտարբերութեան:

Լիբանանցիին համար այլեւս անհանդուրժելի է: Աղբակոյտերը, առաւել կեանքի անբացատրելի սղութիւնը: Նոյնիսկ Լիբանանի հողին կապուած անձեր սկսած են մտածել այդ մասին:

Ո՞վ է մեղաւորը:

Հակառակ այս բոլորին`

«Աշխարհ անցիր, այս տեղի պէս, պոլ ու առատ քաղաք չկայ,
Հազար, հազար, կին ու աղջիկ, չներկուած շրթունք չկայ,
Պախալին քով, ոսպ ու լուբիա, աժան գնով բան մը չկայ,
Որքան ուզէ, սուղ կը ծախէ, ձեռքը բռնող մէկը չկայ»: (Թուրիկ):

Լոս Անճելըս, 2015

(Շար. 8)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>