Լոնտոնի «Սոթըպիզ» նշանաւոր ընկերութիւնը Մոնաքոյի արքայազն Ալպեր իշխանին հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ կազմակերպած է աճուրդ` նուիրուած Ուինսթըն Չըրչըլի մահուան 50-ամեակին:
Աճուրդի գլխաւոր կազմակերպիչներն էին արքայազն Ալպերը, Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Մոնաքոյի դեսպան Էվելին Ճենթա եւ Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան:
Հանգանակուած ամբողջ դրամը յատկացուած է իշխան Ալպերի բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս` կլիմայական փոփոխութիւններու ազդեցութեան նուազեցման, կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ անապատացման դէմ պայքարին:
Աճուրդի հանուած էին Չըրչըլի սիրած խմիչքները, յայտնի վաճառանիշներով հագուստները եւ բազմաթիւ այլ իրեր:
Աճուրդին ընթացքին բոլորին յատուկ ուշադրութեան արժանացած են ծանօթ քանդակագործ Օսքար Նեմոնի քանդակած Չըրչըլի կիսանդրին եւ տասնամեակներու հնութիւն ունեցող շիշ մը «Արարատ» քոնեաքը, որուն պատմութիւնը բաւական ուշագրաւ է եւ հետաքրքրական: Տարիներ առաջ 70 տարեկան այդ եզակի քոնեաքը վաճառքի հանուած էր «Քրիսթիզ» աճուրդի տան կողմէ` աւելի քան 15 հազար փաունտ սթերլինկ արժէքով:
Փաստաթուղթերուն համաձայն` այդ շիշը լեցուած էր նոյն տակառներէն, որոնցմէ ժամանակին Ստալինի դասաւորումով կանոնաւոր յաջորդականութեամբ երկար տարիներ քոնեաք մատակարարած են Չըրչըլին: Այդ բացառիկ քոնեաքը աճուրդի տրամադրած է Արմէն Սարգսեան:
Աճուրդի սրահին մէջ հաւաքուած էին ընտրանի վերնախաւի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Աճուրդին ընթացքին տեղի ունեցածը գերազանցած է բոլոր ակնկալութիւնները. 70 տարեկան կախարդական հեղուկը վաճառուած է 80 հազար փաունտ սթերլինկով (120 հազար տոլար): Աճուրդի ամբողջ տեւողութեան մասնակիցները զարմանքով եւ հիացմունքով կը խօսէին Հայաստանի մասին:
«Մառախլապատ Ալբիոնում հայկական կոնեակի այս աննախադէպ յաջողութիւնը, յոյս ունենք, կը նպաստի «Արարատ» բրենդի համբաւի տարածմանը», գրած է լուրը հաղորդող «Նիուզ»-ի թղթակիցը: