- ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ Թորոս Թորանեանի «Մեծ եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ երկիր երթալն է ճիշդ» գիրքը, բաղկացած` 45 էջերէ:
Գիրքին առաջին մասը` «Մեծ եղեռնի նահատակներու թոռներուն մէջ կը շարունակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը», պատմած է Յարութիւն Խորոզեան եւ խմբագրած Թորոս Թորանեան:
Յարութիւն Խորոզեան, մարաշցի, թրքախօս ընտանիքի զաւակ, վկայութիւն կու տայ իր ընտանիքի գողգոթայի եւ Եղեռնի օրերուն ապրած դառնութիւններուն մասին:
Մեծ հայրը իբրեւ բանուոր մասնակցած է Պոլիս-Պաղտատ երկաթուղագիծի կողքին քարակերտ ճամբու շինարարութեան աշխատանքին եւ յետոյ շղթայակապ աքսորուած ու սպաննուած: Չորս զաւակները` Ասատուր, Յակոբ, Շատարեւ եւ Նոյեմզար կը մնան որբ եւ կը ճաշակեն գաղթականութեան բոլոր դառնութիւնները: Կալանաւորները կը բռնեն մահուան ճամբան: Նոյեմզար եւ Շատարեւ կը կորսուին, սովէն ու ծարաւէն եւ յոգնութենէն կը մահանան:
Ընտանիքէն կը մնան երեք հոգի` Ասատուր, Մաթիկ եւ Յակոբ: Ճամբան կը թալանուին:
Առաջին համաշխարհային պատերազմը աւարտեցաւ 1918-ին:
Գաղթի ամէնօրեայ չարչարանքներէն պատրաստած Ասատուր կը հիւանդանայ: Մինչ այդ ընտանիքով հաստատուած են Իսկենտէրուն եւ տուն մըն ալ կառուցած:
Աելքսանտրէթի սանճաքի Թուրքիոյ կցումէն ետք Խորոզեանները կրկին կը բռնեն գաղթի ճամբան եւ կը հաստատուին Հալէպի Ճեմիլիէ թաղամասը: Ասատուր կ՛ամուսնանայ Լուսին Քեքլիկեանի հետ եւ կ՛ունենան չորս զաւակ` Յարութիւն, Խաչիկ, Կարապետ եւ Սարգիս: Չորսն ալ կը տիրանան նախնական ուսումի եւ կ՛ըլլան Մարաշի հայրենակցական միութեան Վասպուրական կազմակերպութեան սկաուտներ ու կը զինուին հայկականութեամբ: 1970-ին անոնք Լիբանան կը փոխադրուին: Ասատուր կը հասնի 95 տարիքին: Չորս եղբայրները սիրով կ՛ապրին Պէյրութի մէջ, հասնելով նիւթական ապահովութեան եւ բարձր ուսում տալով իրենց զաւակներուն: Կ՛ուզեն հայրենիք ներգաղթել, բայց իրենց կը պասկի վճռակամութիւնը:
Գիրքին երկրորդ մասը` «Երկիր երթալն է ճիշդ», հեղինակը կը կոչէ փորձագրութիւն (էսսէ): Կը նկարագրէ Հալէպի Սիւլէյմանիէ թաղի հայկական քէմփին մէջ անցուցած իր մանկութիւնը, որբութեան թշուառութիւնները, դպրոցական օրերը եւ Մեսրոպեան վարժարանը:
Թորանեան կ՛ըսէ, որ Հալէպի մէջ ամէն հայ դպրոցը ունէր իր գրադարանը: Կային տպարաններ` Անի, Տիգրիս, Հալէպ, Տէր Սահակեան, Արաքս եւ այլ անուններով: Կային երկրորդական վարժարաններ`
ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան ճեմարանը, Համազգայինի Քարէն Եփփէ ճեմարանը, Կիլիկեան Կրթասիրացը եւ Բեթէլ ճեմարանը:
Գաղութը ունեցաւ թատրոններ, երաժշտանոց, պարուսոյցի սրահներ եւ գեղանկարչութեան նուիրուած սրահներ:
Հեղինակը կ՛ըսէ, որ երազային Հալէպը, որ այսօր գրեթէ դարձած է կիսով աւերակոյտ, ինչպէ՞ս լքել հեռանալ:
Թորանեան կը շարունակէ ըսելով, որ նախապէս երկիր ըսելով կը հասկնայինք Արեւմտեան գրաւեալ Հայաստանը, յետոյ երկիր ըսելով հասկնալ սկսանք Կիլիկիան, իսկ հիմա երկիր ըսելով կը հասկնանք անկախ Հայաստանը, որ կռուանն է հասնելու ամբողջական Հայաստանի:
Ուրեմն, երկիրն երթալն է ճիշդ, կը հաստատէ Թորանեան. երկիր մեկնելով հեղինակը ինքզինք պարտական կը զգայ երկու երկիրներու` Սուրիոյ եւ Հայաստանի: Ան Հալէպէն մեկնումը , բաժանում չի նկատեր, այլ` միացում երազներուն Երեւանի, ուր Հալէպը կը տանի իր բազմադարեան բերդով, որ բարձրացուցած է հայոց Մեծն Տիգրան արքան: