Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Ակնարկներ` Երեւանեան Առօրեայէն

$
0
0

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Թաքսիին Մէջ

Սփիւռքահայ կիներ թաքսի կը նստին: Թաքսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կողքի փողոցէն կը շրջի: Անանցանելի է հրապարակ տանող պողոտան:

– Ինչո՞ւ հոսկէ եկաք,- կը հարցնէ, վարորդին կողքը նստած սփիւռքահայ կինը:

– Չէ՞ք տեսնում պրոպկան (խցանում, խճողում), Հանրապետութեան հրապարակում համերգ է տեղի ունենում,- կը պատասխանէ վարորդը:

– Իսկ ի՞նչ է համերգին առիթը,- կը հարցնէ ուրիշ սփիւռքահայ կին մը:

– Երրորդ հանրապետութեան տօնակատարութիւնն է, որքան որ գիտեմ,- կը պարզաբանէ կողքին նստած սփիւռքահայը:

– Հապա, չտեսա՞ք, շաբաթ մըն է պատրաստութիւն կը տեսնեն` բեմ կը սարքեն, լոյսեր ու ձայնային գործիքներ կը տեղաւորեն,- կը շարունակէ հրապարակին մօտ տան մը մէջ բնակող ու այդ շրջանի անցուդարձերէն տեղեակ սփիւռքահայ կին մը:

– Ինչու մենք երե՞ք հանրապետութիւն ունինք,- կը մասնակցի բանէ անտեղեակ թաքսիի յաճախորդներէն մին:

– Պա, չգիտէ՞ք, առաջին հանրապետութիւնը մոռացուել է, երկրորդը` մահացել, երրորդը մահաքունի մէջ է, չգիտենք էլ ինչքա՞ն է շարունակուելու,- կ՛երգիծէ վարորդը:

Մսավաճառին Մօտ

Սփիւռքահայ կինը արեւելահայ մսավաճառին.

– Ուղեղ ունի՞ք:

– Որ ուղեղ ունենայի, հաստատ էստեղ չէի լինի, քուրօ ջան.- կէս կատակ, կէս լուրջ կը պատասխանէ մսավաճառը:

Այ քեզ բա՜ն…

Հանրակառքին Մէջ

Սփիւռքահայ երիտասարդ յաճախորդ մը Կոմիտաս թաղամասէն կանգառէ մը հանրակառք կը բարձրանայ: Խճողուած հանրակառքին մէջ նստելու տեղ չըլլալուն պատճառով ան հանրակառքին առաստաղի ձողէն կախուած բռնակներէն մէկը կը բռնէ ու զուարթ դէմքով կը սպասէ տեղ հասնելուն: Դէմը կանգնած երկու երիտասարդներ ի տես իր աչքերուն փայլքին ու զուարթ դէմքին` կը սկսին զրուցել իրեն հետ.

– Դրսից էք երեւում, սփիւռքահայ էք, էդպէս չէ՞,- կը հարցնէ անոնցմէ մին:

– Այո, LA-էն եմ,- կը պատասխանէ սփիւռքահայը:

– Օ՜օ, Լոսի՞ց էք եկել ու արդէն ծանօթ էք աւթոպուսների՞ն,- կը շարունակէ միւսը:

– Կ՛ուզեմ լսել հայերէն ու ականջս լեցնել հայերէն հնչիւններով, անոր համար պաս ելայ:

– Դուք շատ հայասէր ու հայրենասէր էք երեւում, ինչպէս բոլոր սփիւռքահայերը,- երգիծական շեշտով կը շարունակէ առաջինը:

– Ի՜նչ գեղեցիկ է Երեւանը, ի՛նչ աղուոր է մեր հայրենիքը,- գինովցած հայրենասէրի զգացումներով կ՛արտայայտուի սփիւռքահայը:

– Ի՞նչ անենք գեղեցկութիւնը, ախպե՛ր ջան, մեզի փող ա պէտք, փողը ամէն ինչ կը գեղեցկացնի, կը զարդարի:

– Ո՛չ, եղբա՛յր, դրամը ամէն ինչ չէ: Տե՛ս, տե՛ս ահա Մասիսը. ի՜նչ լաւ է, գիտէ՞ք, ամէն առտու արթննալ ու տեսնել անոր ձիւնածածկ գագաթը, պահապան հրեշտակի նման թեւերը պարզած է, տե՛ս, ի՞նչ գեղեցիկ է…

– Լա՛ւ էլի, դուք էդտեղ, դրսում նստած բան չէք իմանում, մենակ հայրենիք, հայրենիք էք երազում, պա, ինչի՞ չէք կարում էստեղ ապրէք ու մի քանի ամսից գաղթում էք ուրիշ երկրներ:

– Մասիսը մեր վրայ է ծիծաղում, դար մըն է, ինչ սպասում է, որ կը գայ տուն, չի իրականանում իր երազանքը, էս մի փուռ հողն էլ իսկի չենք կարում պահենք, պա՞:

Զբօսայգիին Մէջ

Յունահայ, միջին տարիքի տղամարդ մը հինգ տարեկան իր աղջկան ձեռքէն բռնած` Երեւանի գեղեցիկ պողոտաներուն, զբօսայգիներուն մէջ զմայլանքով կը շրջի: Զբօսայգիի ծառերուն, ծաղիկներուն հմայքը կ՛ըմբոշխնէ ան մանկան հետ: Հայրենասիրութեան դաս մըն է կարծես, որ երկա՜ր-երկար խօսելով ու հանդարտ քայլերով յառաջանալով` կ՛աւանդէ իր ձագուկին, բայց յունարէն կը խօսին անոնք. ու յանկարծ իր իսկ մոռցած հայերէնէն մի քանի բառ յիշելով ձնծաղիկ մը կը քաղէ ու` «Լուլուտի (յունարէն` ծաղիկ), ծաղիկ», կ՛ըսէ աղջկան ու կարծես կը ստիպէ անոր, որ կրկնէ իր հնչիւնները: Հայրը կը յամառի, մանուկը` նոյնպէս: Ի վերջոյ հայրը կը յանձնէ ծաղիկը աղջկան, բայց տակաւին յիշողութեան մէջ կ՛որոնէ ուրիշ հայերէն բառեր, ու կը յիշէ «ջուր»-ը ի տես զբօսայգիի պուլպուլակէն ցայտող քաղցրահամ ջուրին, կը մօտենան պուլպուլակին ու այս անգամ աղջկան` «Ներօ (յունարէն` ջուր), ջուր», կ՛ըսէ ու ետ կը պահէ ջուր խմել փափաքող ձագուկը, մինչեւ որ ան արտաբերէ հայերէն հնչիւնը: Մանուկը կը հակառակի ու բարձրաձայն կը գոչէ.

– Օխի, ներօ, ներօ… (յունարէն` ոչ, ջուր, ջուր…)

Ու հօրը ձեռքը ձգելով կը վազէ պուլպուլակէն ջուր խմելու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>