Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Վերյիշելով 1950-1970-ի Պէյրութը Եւ Շրջակայքը Գ.

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Փոքր բերդաքաղաք` պատմական Պէյրութը ունէր միայն շուրջ 240 հազար քառ. մեթր ուղղանկիւն տարածութիւն` արեւելքէն արեւմուտք շուրջ 400 մեթր լայնքով, իսկ հարաւէն հիւսիս, ծով` շուրջ 600 մեթր երկայնքով եւ ութ դարպասներով: Մօտաւորապէս այժմ Պիէլի վերածուած ու անհետացած Այն Մրէյսիի եւ Զէյթունիյէի ծովեզերքէն` Նորմանտի պանդոկի շրջանի Աւընիւ Ֆրանսեզէն մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ, Կրանտ Թէաթր եւ Ազարիէ շէնքեր:

1870-ական Պէյրութ բերդաքաղաքէն բաժին մը կամարներով կառոյցը ձախին, խան էր

Մանարա շրջանը եւ փարոսը` 1942-ին.

Քաղաքը ընդլայնելու որոշումով մը 1800-ական տարիներուն սկսան քանդել հռոմէական պարիսպը եւ դարպասները` Պապ Իտրիս, Պապ Խարիժա, Պապ Ալտիրքա, Պապ Ալսանթիա, Պապ Ալտապպաղա, Պապ Ալսարայա, Պապ Ապու Նասըր եւ Պապ Եաագուպ` քաղաքին հարաւի` «Յակոբին Դուռ»-ը, մօտաւորապէս Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մօտ` Ռիատ Սոլհ հրապարակին շրջանը: Ըստ 1820-ին կատարուած մարդահամարի մը, այս Պէյրութի մէջ կը բնակէին 400 հայեր եւ ասորիներ, ազգութիւնը առանձնաբար չեն հաշուած: Իւրաքանչիւր դարպասի պահակութիւնը եւ բանալին վստահուած էր համանուն գերդաստանին, օրինակ` հայազգի Յակոբին, Իտրիս ընտանիքին եւ այլն (1), (2), (3):

Ս. Նշան մայր Եկեղեցւոյ առջեւի զառիվեր ճամբան աստիճան եղած է մինչեւ 1940-ական թուականներու վերջերը, եւ աստիճաններուն շուրջը` պղնձագործներու արհեստանոցներ եւ շուկայ: Մայրս (1922-1999) 1936-ին Կիպրոսէն Լիբանան հաստատուելէն ետք, Նոր Հաճընի իրենց բնակարանէն քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճ դասընկերուհիներով երթուդարձը հետիոտն կը կատարէր` օգտագործելով Ս. Նշանի աստիճանները: Երեց եղբայրներս նոյնպէս կը յիշեն աստիճանները:

«Յակոբին դուռը» գծագրութիւն, Պապ Ալսարայա 1920-ին,

Պապ Իտրիս 1800-էն առաջ

Քաղաքին ընդարձակումը դանդաղօրէն շարունակուեցաւ, եւ 1953-ին` Պէյրութի վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նոր օրէնքով մը, առաջին անգամ ըլլալով արտօնութիւն տրուեցաւ մինչեւ 9 յարկանի շէնքերու կառուցումին, գոյութիւն ունեցող նեղ փողոցներու երկայնքին… Այդ թուականէն ետք քաղաքը սկսաւ խճողուիլ բարձր շէնքերով` առանց ապահովելու հանրային տարածութիւններ ու լայն ճամբաներ: Օրինակ, Համրա փողոցը, որ նախապէս գիւղական տեսք ունեցած է, պարտէզներով ու ցանցառ բնակարաններով, ցած ու տեսանելի հորիզոնով, այդ թուականէն ետք սկսաւ արագօրէն զարգանալ եւ վերածուիլ բնակարանային, զբօսաշրջային ու տնտեսական երբեմնի կեդրոնին: Նմանապէս, նոյն կշռոյթով կառուցուեցան Ռաուշէի, Մանարայի, Վերտէօնի, Ռաս Պէյրութի եւ այլ թաղամասերը:

 

Հին Համրա փողոցի տուներէն մէկը 1960

Համրա փողոցը ձիւնով ծածկուած` 1963-ին

Պէյրութի բնակիչներուն համար բնական էր հետիոտն ուղղուիլ դէպի դպրոց, գործատեղի, կեդրոնական շուկաներ, կամ` այցելել ազգականներու եւ բարեկամներու, թէեւ ելեկտրական հանրակառքին կողքին կար ոչ պետական մեծ ու միջակ չափի հանրակառքերու ծառայութիւն. այսպէս` Տորա-Նահր, Պուրճ (այդպէս կը կոչուէր կեդրոնական Պէյրութը` Նահատակաց հրապարակը) երթուդարձի ուղին, վարձքը` 10 դահեկան, կայարանը` սինեմա Մեթրոփոլի կողքի փողոցը: Նոյնպէս հանրակառքեր կային դէպի գիւղերը եւ քաղաքները ուղղուող, կայարանը` Օփերայի, այժմու Վըրճին Մեկասթորի կողքի փողոցը, ծովու կողմի փողոցին մէջ, եւ Նահատակաց հրապարակի հիւսիսային կայարանի յատուկ հատուածին մէջ:

 

Պէյրութի երբեմնի շուկաները 1975-էն առաջ (4)

Այլ փոխադրամիջոց մըն էր հինգ մասնակիցներով` «սերվիս» վարձակառքերու դրութիւնը: Էշրեֆիէի բնակիչներուն համար` Պուրճ-Ժեհթաուի-Էշրեֆիէ-Քարամ Զէյթուն (Հայաշէն)` երթուդարձի սերվիսը մէկ ուղղութեամբ 15 դահեկան էր, կայարանը` սինեմա Ամփիրի քովնտի անցքին մէջ: Նոյն ծառայութիւնը կար նաեւ երեք փողոց վեր, կայարանը` Տըպպաս հրապարակ, Ս. Եղիա եկեղեցւոյ առջեւի փողոցին մէջ: Նաեւ կային ազատ շրջագայող սերվիսներ` Տորայէն Պուրճ եւ Պուրճէն Ամերիկեան համալսարան-Մանարա, կամ Համրա` Ապու թալեպ, վարձքը` 25 դահեկան:

Իսկ Պուրճէն դէպի Զոքաք Պլաթ, Քանթարի, Համրա, Ամերիկեան համալսարան եւ Մանարա երթուդարձի սերվիսի կայարանը Ասէյլի կը կոչուէր, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող Քափիթոլ եւ Ամիր շարժապատկերի սրահներուն երկու կողմի ճամբաները միացնող ստորգետնեայ կառատան մէջ` այժմ ինծի ծանօթ, շէնքին սեփականատիրոջ անունով: Անարդար ու դաժան` Պէյրութ քաղաքի կեդրոնական շուկաներու եւ յարակից տարածութիւններու կալուածները անիրաւ կերպով իւրացնող, Պէյրութի պատմական ու աւանդական դիմագիծը կործանող, դարերու հնութիւնները փճացնող կամ հողին տակ թաղող Սոլիտեր ընկերութիւնը պարտադրեց Ասէյլի ընտանիքին գնել իրենց իսկ պատկանող, պատերազմէն չվնասուած սեփական շէնքը, ինչպէս նաեւ ոչնչացուց Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի շէնքը` առանց փոխարէնը նոյն շրջանին մէջ նոյն տարածութեամբ դպրոց մը կառուցելու փոխհատուցումով… եւ նոյնպէս, իւրացուց ու քանդեց շատ շատերու կալուածները:

Ոսկերիչներու շուկան եւ հօրս գործատեղին

Բանջարեղէնի եւ պտուղի շուկայի մուտքերէն

Մինչեւ 1970-ական տարիները, 1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ,  գերվաճառատուները ընդհանրացած չէին տակաւին, եւ ժողովուրդը իր գնումները կը կատարէր Պէյրութի ժողովրդային ու մասնայատուկ կեդրոնական շուկաներէն: Նահատակաց հրապարակին արեւմտեան կողմը կար Միջին Արեւելքի ամենամեծ ոսկերիչներու շուկան, որուն աջ կողմի փողոցի երկայնքին կը գտնուէր ամէնէն բանուկ ժողովրդային շուկան` Սուք Սըրսոքը, Սուք Էլ Քանտարժին, Սուք Էլ Էրմենը եւ Սուք Նուրիյէն, իսկ ձախ կողմի փողոցը` Սուք Տապպուսը:

Ազարիէ շէնքին դիմաց, մարոնիներու Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կողքի աստիճաններէն վար կը սկսէր ձուկի եւ ողջ հաւու շուկան, իսկ մայր ճամբու եզերքին կը գտնուէր լիբանանեան զովացուցիչ «Ժալլուլ»-ի գործարանը, խորունկ խանութի մը մէջ` արտադրութիւնը անցորդներուն տեսանելի: Բոլոր այս շուկաները նեղ թաղերով իրարու միացած էին մինչեւ Մաարատ շուկայ եւ խորհրդարանի հրապարակ: Իսկ Պապ Իտրիս շրջանին մէջ կար աւելի ընտրանի` Սուք Թաուիլը, Սուք Եասմինը` ծաղիկներու շուկան, սուք էլ Ֆրանժը, Սուք Պեզիրկանը, Սուք Այեասը, Սուք Ժամիլը եւ Սուք Սայեարը: Իւրաքանչիւր Սուք` շուկայ, ունէր իւրայատուկ ապրանքի տեսականին եւ անոր համապատասխանող յաճախորդները: Տես` վերի քարտէսը:

Խարկուած, աղացած ու պատրաստ սուրճը նորութիւն էր 1960-ական տարիներուն, ինչպէս նաեւ «ֆարրուժ»-ը` յատուկ սարքի մէջ դառնալով եփած հաւը, որուն ռահվիրաներէն էր Տըպպաս հրապարակի հանրածանօթ Աթալլան, իսկ բոյրը շուկային մէջ տարածած սուրճը` ոսկերիչներու շուկային կից «Պեն Ազարը». այս երկուքէն կը կատարէինք մեր գնումները:

Նորմանտիի կամ Զէյթունիէի շրջանը ծանօթ էր մեզի, քանի որ մօրաքրոջս ամուսինը արդուկիչի գործատեղի մը ունէր այնտեղ` Սթարքոյէն Նորմանտի տանող փողոցին աջին` Մեթրոփոլ պանդոկին դիմաց: Պանդոկներուն եւ յաճախորդներուն արդուկի գործերը կը կատարէր: Պանդոկներու այս հարեւանութիւնը ճոխացուց մեր գրադարանը. օտար, անգլիախօս զբօսաշրջիկներ իրենց վէպերը` գրպանի գիրքերը եւ ամսաթերթերը պանդոկին մէջ կը ձգէին, եւ պաշտօնեաները հաւաքելով զանոնք քեռայրիս կը բերէին, որ իր կարգին ուսանած էր մինչեւ համալսարանի առաջին տարին: Ան այս գիրքերը մեզի կու տար. այս միջոցով, օրինակ, ծանօթացանք ու սկսանք գնել 1952-ին սկսած երգիծական «Մետ» եւ «Սիք» ամսաթերթերը:

Նորմանտիի ծովուն վրայ երկարող 1960-ական սրճարանը, աջին` Սթարքօ համալիրը

Նորմանտի եւ աջին` Սեն Ժորժ պանդոկները եւ Զէյթունիյէ պողոտան 1956-ին

Մեր դրացիներէն ոսկերիչ պարոն Կարապետը եւ քոյրը` էօժենին, Պելլա անունով միջակ չափի ճերմակ եւ գանգուր մազերով շուն մը ունէին: Այս իւրայատուկ շունը զովացուցիչ եւ գարեջուր կը խմէր ու տան օրուան ճաշը կ՛ուտէր: Մեր եւ իրենց տան միջեւ պարտէզ էր, եւ մանկութեանս յաճախ կ՛այցելէի անոնց` շան հետ խաղալու համար, իսկ պարոն Կարապետը ամէն անգամ օտար մակնիշով լաւորակ տուրմ ապահոված կ՛ըլլար ինծի համար, որմէ բաժին կը հանէի Պելլային: Պարոն Կարապետը, հօրս նման, վարպետ ոսկերիչ էր, սակայն մասնագիտացած էր արաբական եւ իսլամական սղոցի գործ «Մա Շա Ալլահ»` գիրերը մէջ-մէջի գեղագրական մետալիոններ շինելու մէջ: 1958-ի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով վերջնականապէս Ալէյ փոխադրուեցան եւ Պելլան յանձնեցին բարեկամի մը:

Քանի մը տարի ետք, երբ ընտանեօք Նորմանտիի ծովեզերքը կը քալէինք, շան մը հաչոցը լսեցինք, որ երթալով կը զօրանար, ետեւ դարձայ, եւ ի՜նչ զարմանք, Պելլան էր, աղտոտած ու գրեթէ մոխրագոյն դարձած` պոչը շարժելով վրաս կը ցատկրտէր` «աղաչական» ձայներ հանելով: Անհաւատալիօրէն, շուրջ հարիւր մեթր հեռաւորութենէն, եւ քանի մը տարի անցած, հոտս կը ճանչնար տակաւին: Սրտաճմլիկ էր տեսարանը, սակայն Պելլան պէտք էր իր տիրոջ վերադարձնել: Կարճ փնտռտուքէ ետք հայրս գտաւ տէրը, շուրջ հարիւր մեթր ետին, ճամբուն դիմացի կողմը գտնուող կաթողիկէներու գերեզմանատան պահակը: Բաժանումը դժուար եղաւ, ու երկար ժամանակ կը խուսափէի այդ շրջանը երթալէ:

Պէյրութի խորհրդանիշներ` Նահատակաց երբեմնի հրապարակը 1960-ին եւ Սեն Ժորժ պանդոկը աջին` 1930-ին

Պանդոկ Սեն Ժորժը, կառուցուած` 1927-ին, Պէյրութ թերակղզիի ծովեզերեայ ծոցերէն մէկուն ցցուն ծայրամասին վրայ, ճարտարապետը` ֆրանսացի Օկիւսթ Փերէ եւ Անթուան Թապեթ, Լիբանանի մէջ առաջին շէնքն էր, որ այժմու պողպատ եւ պեթոն օգտագործող ոճով կառուցուած է: Կառոյցը դարձաւ Պէյրութի եւ Լիբանանի խորհրդանիշը` զբօսաշրջային աշխարհին մէջ: Վերի նկարը պանդոկին լաւագոյն պատկերը չէ, սակայն ցոյց կու տայ ծովափը, որ ճամբուն հաւասար մակարդակի վրայ էր 1930-ական տարիներուն: Այժմ անիրաւ Սոլիտէր ընկերութիւնը գործածելով պետութեան մէջ իր լծակները` աւելի քան տասը տարիէ ի վեր արգելք կը հանդիսանայ պանդոկի նորոգութեան եւ օգտագործելուն: Հրէշային մոլուցքով մը կ՛ուզեն նա՛եւ բնաջնջել երբեմնի Պէյրութի այս խորհրդանիշը, այնպէս` ինչպէս բնաջնջեցին մայրաքաղաքին աւանդական հին շուկաները եւ հնութիւնները:

 

25 մայիս 2017
(Շար. 3)

————————————-

(1) ( http://irresistible.alrifai.com/2017/02/22/the-tale-of-beiruts-historical-gates/ )

(2) ( http://portal9journal.org/articles.aspx?id=54 )

(3) ( http://almashriq.hiof.no/lebanon/900/930/930.1/beirut/reconstruction/davie/Davie-text.html )

(4) ( http://projectivecities.aaschool.ac.uk/portfolio/yasmina-el-chami-from-multipli-city-to-corporate-city/ )


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>