ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Տարի մը եւս կը յանձնենք պատմութեան յորձանուտին: Իւրայատուկ տարի մը արդարեւ, հարիւրամեակ` Ցեղասպանութեան: Վիշտի եւ հրաշքի յուշարար տարի մը: Վիշտ եւ հրաշք քրքրող տարի մը: Եւ արդարօրէն, Թէքէեանի օրինակով, ո՛չ միայն կարելի է, այլ նաեւ անհրաժեշտ որ հաւաքաբար հարց տանք:
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, հարիւրամեակէն մեզի ի՞նչ մնաց:
Յետադարձ ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու, որ տքնաջան եւ նուիրական համագաղութային աշխատանքի մը ականատես եղանք ամէնուրեք եւ անարդար չէ յաւակնիլ, թէ ազգովին նուաճեցինք փոքր յաղթանակներ եւ խլեցինք շարք մը դափնեպսակներ: Հարիւրամեակը մեր ազգային պայքարը բարձրացուց համաշխարհային գիտակցութեան, յարգանքի եւ ճանաչողութեան յարաբերական աննախընթաց բարձրաւանդակի մը, որ արժանի էր հարցին էութեան եւ լրջութեան եւ ազդու իր տարողութեամբ:
Դժուար եւ անխուսափելի հարցումը սակայն կը ցցուի մեր դիմաց: Հիմա ի՞նչ:
Ճանապարհը երկար է եւ փշոտ: Արգելքներն ու խոչընդոտները անպակաս: Կը թուի սակայն, թէ մեր հաւաքական կամքը անկոտրում է եւ վճռակամութիւնը հաստատ: Մեր արդար դատի պայքարի ճանապարհին մեր անսասան հաւատքը կը շարունակէ մնալ անխախտ: Հաւատքը կը շարունակէ մնալ արդարութեան ձգտումին եւ ճշմարտութեան բացարձակ ճառագայթումի մեր ապաւէնը: Չենք կրնար սակայն ձեռնածալ մնալ եւ քանի մը յաղթանակներու գինովութեամբ հարբիլ: Պայքարը շարունակել է պէտք: Անդադրում:
Արդարութեան եւ հատուցումի ճամբուն վրայ մեր երազներու եւ պահանջներու ովկիանոսին մէջ լուրջ եւ գիտակից իրատեսութեան անհրաժեշտութիւնը կայ: Հակառակ կտրուած մղոններուն եւ տարուած յաղթանակներուն, շատ հեռու ենք տակաւին երկաթէ շերեփի իւրացումէն եւ պայքարի ճամբուն վրայ անոր գործածութեան կիրարկումէն: Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոգեբանական բոլոր ազդեցութիւնները մեր սերունդի ազգային եւ հաւաքական էութեան մասնիկներ են: Զայն կը շնչենք եւ կ՛ապրինք ամէն օր, Աստուած կը շարունակէ կեանք շնորհել մեզի: Այստեղ արդէն մենք արթնութեան կարօտը եւ պարտադրանքը ունինք եւ անոր ճնշումը կը զգանք:
Ժամանակներու եւ պայմաններու հրամայականի տակ մեր առաջադրանքները, մեր կեդրոնացումները եւ առաջնահերթութիւնները յարափոփոխ ըլլալու կարօտ եւ արժանի են: Ցեղասպանութեան հոգեբանութիւնը չի կրնար մեր հաւաքական կեանքի շուրջօրեայ առանցքը ըլլալ եւ պէտք չէ ըլլայ: Եւ մինչեւ այն օրը, երբ երկրագունդի վրայ գտնուող հայկական հաւաքականութիւնը տիրանայ երկաթէ շերեփին, մեր ուշադրութիւնը հարկ է կեդրոնացնել հետեւեալ երեք անյետաձգելի իրավիճակներուն կամ իրականութիւններուն վրայ եւ անոնցմէ ամէն մէկուն մեր էութենէն իր արժանի բաժինը տալ:
Ա. Հայրենիք
2015-ին մեր հայրենիքը կը բոլորէ իր անկախութեան քսանհինգամեակը: Հակառակ բոլոր յառաջդիմութեան, հակառակ բոլոր մարդկային եւ նիւթական զոհողութիւններուն, հակառակ բոլոր երազներուն եւ տեսիլքին, այսօր մեր հայրենիքը հոն չէ, ուր մենք հաւաքաբար կ՛ուզէինք, որ ըլլար: Կասկած չկայ, թէ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ պատմական յաղթանակը, դարերէ ի վեր մեզի զլացուած եւ միայն երազուած հպարտութիւն առթող իրականութիւն է: Փառք եւ պատիւ Արցախեան հերոսամարտը իրենց արեամբ եւ կեանքով կերտած բոլոր ազատամարտիկներուն: Հոն իսկ սակայն տակաւին խարսխուած չէ յաղթանակը, եւ թշնամին ամէն օր իր վայրագ թափանցումներով նոր կեանք կը հնձէ ճակատներու վրայ:
Ընկերային եւ տնտեսական ապահովութիւնը անբաւարար մակարդակի վրայ է, իսկ արդարութեան նշաձողը անընդունելիօրէն ցած: Հայաթափումը կը շարունակուի, իսկ «Դէպի երկիր» կարգախօսը կը մնայ անլսելիօրէն ղօղանջելի:
Հայրենիքը տակաւին հեռու կը մնայ ինքնաբաւ, ինքնանկախ, եւ աճող ըլլալէ: Այս կացութեան մէջ գտնուող հայրենիքը անտարակոյս կը կարօտի մեր բոլորին լուսարձակին տակ ըլլալու անհրաժեշտութեան: Բոլորս պատասխանատու ե՛նք այս վիճակին եւ բոլորիս պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ այս վիճակէն դուրս գալու համար:
Հայրենիքը եւ մեր հայրենի ժողովուրդը կը մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առաջնահերթութեան գագաթին:
Բ. Սփիւռք
Դարաւոր պատմութեան ճնշող վայրագ պայմաններու ծնունդ հայկական սփիւռքը անհայրենիք մասնիկն է աշխարհով տարտղնուած հայ ժողովուրդին: Ցեղասպանութենէն ետք հսկայածաւալ կերպով տարածուած հայ սփիւռքը հայրենիքի անկախութենէն ետք կ՛ակնկալուէր նօսրանալ եւ փոքրանալ: Դժբախտ իրականութիւնը սակայն հակառակը ապացուցեց եւ սփիւռքը հայրենիքի հաշուոյն … ուռճացաւ: Պատճառներու ուսումնասիրութեան տեղը չէ այստեղ: Կը բաւէ գիտակցիլ իրականութեան եւ անդրադառնալ հսկայածաւալ սփիւռքի կարեւորութեան, թէ՛ ազգապահպանման եւ գոյատեւումի ոլորտին մէջ, եւ թէ հայրենիքի օժանդակութեան սրբազան պարտաւորութեան ծիրին մէջ:
Առ այդ, բնական եզրակացութիւն է ուրեմն, թէ պարտաւորիչ է ունենալ առողջ սփիւռք մը: Այսօրուան իրականութեան ցոլացումը սակայն տարբեր բան ցոյց կու տայ:
Տասնամեակներէ ի վեր հայրենամերձ ազգային ամենաբեղուն աշխատանք տանող, կենսունակ եւ գործունեայ, մշակութային փեթակ հանդիսացող միջին արեւելեան գաղութները կը շարունակուին քայքայուիլ: Սուրիական հայրենիքի Մայր գաղութը վերջին զոհն է այս ողբալի իրականութեան: Կուրութիւն եւ կարճատեսութիւն է չանդրադառնալ այս իրականութեան եւ ափսոսանքով պէտք է հաստատել, որ մեր ազգային ղեկավարութեան գագաթին բազմած շատեր գիտակցութեան այդ խաբկանքը կ՛ապրին:
Սփիւռքի պարագային, գուցէ մենք պատասխանատու չենք քաղաքական եւ պատերազմական այն վիճակին, սակայն բոլորիս հաւաքական պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ փրկելու համար ամէն հրկիզուող սփիւռքահայ գաղութ` յօգուտ սփիւռքի եւ հայրենիքի:
Սփիւռքը եւ սփիւռքահայը նաեւ հարկ է, որ մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան գագաթին, հայրենիքի կողքին:
Գ. Նոր Սերունդ
Իսկ այստեղ արդէն կը միանան սփիւռքն ու հայրենիքը:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի վերջին օրերը կ՛ապրինք: Բայց պէտք է հպարտութեամբ եւ խորին գոհունակութեամբ արտայայտուիլ, թէ հարիւրամեակը եկաւ հաստատել մեր անսասան վստահութիւնը երիտասարդ նոր սերունդին վրայ, որ ազգին ճակատը բարձր պահեց իր հետաքրքրութիւններով, նուաճումներով, ստեղծագործութեամբ, ազգային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ոգիով: Մտային սեւեռում մը երկրագունդի շուրջ կու գայ պատկերացնելու, թէ երբեք մեր ազգային պատմութեան ընթացքին չէ եղած այնպիսի ժամանակ, երբ մենք ունեցած ըլլանք այսօրուան նման խոստմնալից բանակ մը` համալսարանական կամ համալսարանաւարտ սերունդ, որ պիտի կազմէ գիտնականներու, մասնագէտներու, կրթական եւ հանրային գործիչներու, իրաւաբաններու եւ օրէնսդիրներու, գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներու մէջ փայլող խոստմնալից աստղերու ապագայ գումարտակներ:
Մեր հաւաքական պարտականութիւնն է փայփայել եւ գուրգուրալ այս եւ յաջորդող սերունդներուն, օրինակելի առաջնորդութեամբ, որոնք` «եւ հաւատայ, կրանիթեայ ո՜վ Աստուած» օր մը պիտի դառնան երկաթէ մեր շերեփները:
Ահաւա՛սիկ հարիւրամեակէն ինծի մնացած կտակը:
Հաւատա՛նք:
9 դեկտեմբեր 2015