Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Խղճազանգիւնն* Նահատակաց. Նուիրուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Աւարտին

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Մարտիրոս հայդուկի հրափողէն պար առած`
վերջին խնկարկման հետ, ծնունդ առի:
Առի ծնունդ, բանաստեղծի յանդուգն գրչի վերջին հարուածով`
բաց թողուած սրուակէն շոգիացած թանաքին հետ:
Հայ մօր վերջին շունչին հետ, զոր անապատի ամպրոպները խլեցին,
աշխարհ եկայ` հողմակոծ Մայրենին հետս գրկած:
Եփրատը օրհնած արիւններուն հետ մեկնեցայ,
հասնելու ձեզ, տարագրուածներու շառաւիղներ:

Արարչին ընծայ վերջին Պատարագին,
անքող թողուած սկիհի գինիին հետ համբարցայ`
Արձակումը չաւարտուած, պահպանիչի աղաղակներուն որպէս արձագանգ:
Աստուծոյ օրհնանքով` իջայ բոլոր սկիհներուն մէջ տարագիր,
որպէս հարիւրամեայ Մաս` հաղորդուելու ձե՜զի հետ, այսօ՛ր:
Հա՛յն է դեռ ամէնուրեք խոշտանգուած, եւ հայրենի՛քն է նենգաբար կիսուած,
եւ դեռ դարն անգամ է քեզի լսարան եւ արժանի, լոկ յապաւա՛ծ ուշադրութեան,
վա՜յ անարժան:

Տեսէ՛ք, կշիռքը խարդա՛խ, որ հակած է մեզի ի վնաս, նժարը կախ:
Ուստի, յարեցայ ամէն հայու մտքին, ուր յիշեցումն եմ անաւարտ Գործին:
Սառած սրտերու արեան հետ լուծուեցայ, ուր ջատագովն եմ վա՛ռ, արդա՛ր Դատին:
Եկայ, անխղճին խղճմտութիւն շնորհելու եւ լծակիցներս խրախուսելու:

Ոճիրները արդարութեամբ մկրտելու եկայ`
հրաւէրն եմ ահա՛ այս Սուրբ Խորհուրդին, ո՜վ դուք սանահայր եւ սանամայր:
Լսեցէ՛ք հարիւրամեայ մարտունակութեան կոչս ձեզ, ամէնօրեայ:
Դատը իր վճռին է կարօտ, իսկ ես` Խղճագանգիւնն* եմ Նահատակաց`
ձեր մէջ անանդորր եւ եռուն…

 

* Խիղճ եւ գանգիւն բառերէ- Խղճի թնդիւն


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>