ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
«Մայ կրենտփերենց օտիսի. ֆրամ Ուրֆա էնտ Կերմիր թու Պէյրութ» գիրքը կը ներկայացնէ յուշերը երկու հայորդիներու, որոնք փրկուած են Մեծ Ցեղասպանութենէն:
Բերկրուհի ծնած է Կերմիր գիւղը, Կեսարիոյ շրջան, ապա բռնագաղթը զինք տարած է Գոնիա, Մանիսա, Զմիւռնիա, Քալամարիա, Փոր Սայիտ եւ վերջապէս Պէյրութ:
Յովսէփ Ալահայտոյեան ծնած է Ուրֆա, ճաշակած է պատերազմի դառն օրերը:
Երկու վերապրողները 30 յուլիս 1931-ին կազմած են իրենց բոյնը` հեռու իրենց սիրելի ծննդավայրերէն:
Գիրքը գրուած է իրենց թոռնիկին` Շուշանին կողմէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր մեծ հօր եւ մօր` Բերկրուհիին, որուն հետ ապրած է իր մանկութեան տարիներուն: Շուշան բնաւ չէ ճանչցած իր մեծ հայրը, սակայն անոր յուշերը կարդալով` շատ լաւ գիտցած է անոր ով ըլլաը: Շուշան մանկութեան մեծ մօրմէն շատ բաներ լսած է թուրքերուն մասին, դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն: Ան միշտ իր մեծ մօրմէն խնդրած է, որ պատմէ այդ դժբախտ օրերուն մասին:
Բերկրուհիի մահէն ետք, երբ օր մը Շուշան, մայրը` Ռուբինա, մօրաքոյրը` Յասմիկ եւ մօրեղբայրը` Պետրոս, Բերկրուհիին տունը կը պարպէին, կը գտնեն Յովսէփին յուշերը, զորս վերջինս մտադրած էր հրատարակել, սակայն չէր կրցած իրականացնել իր երազը: Երբ 2007-ին Հրանդ Տինք զոհ կ՛երթայ անարգ ոճիրի մը, Շուշան կը մտածէ բան մը ընել այս անարդարութեան դէմ: Օր մը Շուշան մօրը կը հարցնէ. «Ի՞նչ ձեւով կրնամ տարբերութիւն մը յառաջ բերել»:
Տիկ. Ռուբինա կ՛ըսէ. «Ըրէ՛, ինչ որ նշանաւոր հայերը կ՛ընեն: Ուր որ երթաս, խօսէ՛ Ցեղասպանութեան մասին, որպէսզի ամէն մարդ գիտնայ ճշմարտութիւնը»:
«Մօրս խօսքերը մտիկ ըրի», կ՛ըսէ Շուշան եւ կ՛որոշէ գրել մեծ մօրը եւ հօրը պատմութիւնը: Ուրֆայէն եւ Կերմիրէն դէպի Պէյրութ, իսկ գիրքին երկրորդ բաժինը Շուշանին մեծ հօր անձնական յուշերն են:
Շուշան գիրքը կը սկսի նկարագրելով իր մեծ մօրը հետ ունեցած հաճելի պահերը: Բերկրուհի խնամած է Շուշանը, երբ անոր ծնողները տունէն դուրս եղած են: Անոնք յաճախ միասին տեսերիզներ դիտած են, նարտի խաղացած են: Յաճախ Շուշան իր թաւջութակի փորձերը մեծ մօրը ներկայութեան ըրած է: Բերկրուհի մեծ համբերութեամբ եւ քաջալերանքով հետեւած է իր թոռնիկին:
Բերկրուհի ամէն կիրակի ներկայ կը գտնուէր եկեղեցւոյ պաշտամունքին, որմէ ետք կ՛երթար ճաշի` իր աղջկան տունը: Իսկ գիշերները, երբ քնանալու ժամը գար, Շուշան մեծ մօրմէն կը խնդրէր, որ իրեն պատմէր իր անցեալի յուշերը:
Բերկրուհի միշտ Շուշանին կ՛ըսէր. «Աւելի լաւ է չյիշել այդ օրերը», բայց վերջինին պնդումներուն վրայ տեղի կու տար եւ կը պատմէր: «Վերջին անգամ, երբ հօրս տեսայ, երեք կամ չորս տարեկան էի: Թուրքերը տարին զայն եւ բանտարկեցին: Չկրցայ հօրս մնաք բարով ըսել: Օր մը, երբ բանտէն դուրս հօրս կը սպասէինք, երկու զինուորներ զայն դուրս հանեցին: Հայրս հեռուէն տեսաւ զիս եւ ըսաւ. «Բերկրուհի՛, ապահով եղէք, կը սիրեմ ձեզ»: Վերջին տեսնելս եղաւ:
Նոյնիսկ տարիներ ետք միշտ կու լար Բերկրուհի, երբ Շուշանին կը պատմէր իր պատմութիւնը, արցունքները անպակաս էին աչքերէն: Ան բնաւ չէ կրցած վայելել հայրը, նոյնիսկ` իր մանկութեան տարիներուն: Գաղթը կը սկսի, Բերկրուհի եւ իր հարազատները կը ձգեն իրենց ծննդավայր Կերմիր գիւղը եւ կ՛երթան Զմիւռնիա, քաղաք մը, որ ապահովութիւն կը խոստանար վայրենի թուրքերէն: Բայց հոն ալ կացութիւնը աւելի լաւը չէր: Թուրքը իր ծրագիրը հոն ալ կը գործադրէր:
Բերկրուհի կ՛ըսէ. «Շէնքի մը մէջ էինք, երբ կիներ ըսին` եկէ՛ք, մեր հագուստներով Անգլիոյ դրօշակը կարենք եւ դնենք շէնքին տանիքը, այդ ձեւով կը փրկուինք»: Բերկրուհիի մօրեղբայրը` Թադէոս Սահակեան, դրօշակը կը դնէ շէնքին տանիքը, եւ երբ թուրք զինուորները կու գան, կը կարծեն, թէ անգլիական շէնք մըն է եւ այդ ձեւով կը փրկուին:
Մեծ մայրս, երբ այս բաները կը պատմէր, արիւնը գլուխս կը խուժէր: Հպարտ կը զգայի, որ այս ձեւով 1922-ին ազատած էին: Մեծ մօրս յիշողութիւնը շատ զօրաւոր էր: Դէպքերը կը յիշէր եւ կը պատմէր մանրամասնօրէն: Երբ այս պատմութիւնները կը լսէի, կ՛անդրադառնայի, որ ասոնք պարզապէս հեքիաթներ չեն, այլ` իրական կեանքէ քաղուած դառն դէպքեր: Սահմռկած էի մեծ մօրս ապրած ոդիսականով:
Բերկրուհիին մեծ հայրը, որ մեծ պարտէզներ եւ այգիներ ունէր, երբ օր մը կը վերադառնար տուն, գողեր կը կողոպտեն զինք, կը վիրաւորեն ու կը փախչին: Շատ չանցած` քովէն կ՛անցնի իր գործաւորներէն մէկը, կը տեսնէ իր տիրոջ վիճակը, կ՛առնէ, կը տանի տուն, սակայն բժիշկներու չգոյութեան պատճառով մեծ հայրը կը մահանայ: Բերկրուհիին հայրը` Վահան Սահակեան, որ տան անդրանիկ զաւակն էր, այդ ժամանակ 15 տարեկան էր: Տարիներ կ՛անցնին այդ դէպքէն: Վրայ կը հասնի 1915-ի բռնագաղթը: Բերկրուհի եւ իր ընտանիքը կը տարագրուին իրենց գիւղէն եւ կ՛ուղղուին անորոշ կողմեր: Իրենց տարիներու թուրք դրացիները կ՛առաջարկեն Բերկրուհիի մեծ մօր, որ իր աղջիկները ամուսնացնէ թուրք տղոց հետ, որպէսզի փրկուին, սակայն մեծ մայրը կը մերժէ ուրանալ իր հաւատքը եւ ազգը: Շրջան մը կ՛ապաստանին Գոնիա, ուր իր մօրեղբայրը կը ճանչնար յոյն մարդ մը, որ կ՛աշխատէր շոգեկառքի կայարանը: Սակայն հոն ալ երկար չեն կրնար մնալ: Կը հասնին Զմիւռնիա, եւ 1922-ի տխրահռչակ հրդեհը կը հալածէ զիրենք եւ կը քշէ դէպի ծովեզերք, ուր շատ մը հայեր ու յոյներ ապաստանած էին, որպէսզի հրդեհին զոհ չերթան: 15 օր ծովեզերքը կը մնան: Բերկրուհիի մտքին մէջ յաւիտեան դրոշմուած կը մնայ ծովուն երեսը ծփացող անհամար դիակներու պատկերը: Թուրքերը կու գան եւ ծովեզերքը գտնուող այր մարդիկը կը հաւաքեն ու կը տանին: Կը մնան միայն կիներն ու երեխաները:
Թուրք եւ յունական կառավարութիւնները կը համաձայնին եւ ժողովուրդը կը փոխադրեն Միտիլլի կղզին: Շրջան մը Բերկրուհի, մայրը եւ մեծ մայրը հոն կ՛ապրին: Բերկրուհի ձեռագործ կը սորվի, իսկ մայրն ալ կը կարէր, որպէսզի կարենային իրենց ապրուստը ապահովել: Կ՛իմանան, որ իրենց հօրեղբայրը` Թադէոս Սահակեան Պէյրութ կ՛ապրէր: Կը նամակցին: 14 ամիսներ վերջ Բերկրուհի եւ հարազատները կը փոխադրուին Պէյրութ: Բերկրուհի կը սկսի յաճախել Ս. Նշան վարժարան, որուն ընթացքը փայլուն նիշերով աւարտելէ ետք ուսումը կը շարունակէ Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ:
Բերկրուհի Պէյրութի մէջ ջութակի դասընթացքներու կը հետեւի: Յակոբ Իւվեզէեանին հետ մաս կը կազմէ անոր երգչախումբին: Միշտ կ՛երգէր, մանաւանդ կը սիրէր Կոմիտասի «Կռունկ»-ը եւ կը շեշտէր անոր բառերը` «Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու գաս, խապրիկ մը չունի՞ս»` այն յոյսով, որ թերեւս հօրմէն լուր մը կրնար առնել:
Բերկրուհի կը ծանօթանայ Յովսէփին, որ նոյն բակին մէջ կ՛ապրէր ուրիշ հայորդիներու կողքին: Յովսէփ Ալահայտոյեան, որ եկած էր Ուրֆայէն, կը տեսնէ Բերկրուհին, որ խարտեաշ մազերով եւ կապոյտ աչքերով գեղեցիկ աղջիկ մըն էր: Բերկրուհի 17 տարեկան, իսկ Յովսէփ 34 տարեկան` կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան աղջիկ մը` Յասմիկ, որ փոքր տարիքին կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ: Անկէ ետք կը ծնին` Պետրոսը, Յասմիկը եւ Ռուբինան:
Գիրքին մէջ կան նաեւ Եղիսաբէթ Ալահայտոյեանին վկայութիւնները: Ան նկարագրած է Ուրֆայի սովորութիւնները, տօները, հարսանիքները: Կը բացատրէր, թէ ինչպէ՛ս հայերը, ասորիները եւ յոյները միասին կ՛ապրէին: Վերջապէս, կը յիշէ գաղթի օրերը եւ միսիոնարները, որոնք օգնած են իրենց: Անոնցմէ կարելի է յիշել Քարէն Եփփէն, Փափա Քունցլըրը…
Բերկրուհի իր ծերութեան տարիներուն կը կորսնցնէ իր յիշողութիւնը: Չի ճանչնար իր ընտանիքին անդամները, ինչ որ կը նեղացնէր զանոնք: Բայց հետաքրքրական էր, որ կը յիշէր 1915-ի օրերը: Երբ իրեն հարցնէին այդ սեւ օրերուն մասին, ամէն բան մանրամասն կը պատմէր:
Գիրքին երկրորդ բաժինը Յովսէփ Ալահայտոյեանի յուշերն են: Յովսէփ ծնած էր Ուրֆա, 1895-ի ջարդի օրերուն, ուր մօտաւորապէս 300.000 անմեղ հայեր զոհ գացին: Յովսէփ կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ մեծ դժուարութեամբ կրցած է իր դեղագործութեան ուսումը ստանալ: Յիշած է իր պատանեկութեան օրերը ու նաեւ գրած է օտար միսիոնարներու եւ անոնց աշխատանքին մասին, Ուրֆայի մէջ:
Շուշան կ՛ըսէ. «Ես բնաւ չեմ ճանչցած մեծ հայրս: Բայց երբ իր յուշերը կարդացի, վերադարձայ իր արմատներուն` Ուրֆա, ուր ինք փրկուած էր 1895-ի ջարդերէն: Բողոքական դպրոց աւարտելէ ետք, աշխատած է որպէս դեղագործի օգնական` տեղւոյն գերմանական հիւանդանոցի մը մէջ: Ուզած է շարունակել ուսումը Դամասկոսի մէջ: Դժուար մուտքի քննութենէ մը ետք յաջողած է մտնել համալսարան, սակայն պատերազմի պատճառով ուսումը կիսատ կը մնայ: Կը վերադառնայ Ուրֆա եւ հոն դարձեալ գերմանական հիւանդանոցին մէջ որպէս դեղագործի օգնական կ՛աշխատի մինչեւ 1915:
1915-16 տարիներուն կը բանտարկուի եւ կ՛ապրի օրհասական օրեր` տէր-տիրական չունենալով եւ ամէն օր կախաղան ելլելու մղձաւանջով: Բանտէն ելլելէն ետք կու գայ Պէյրութ` ուսումը շարունակելու: Շրջանաւարտ կ՛ըլլայ եւ կը վերադառնայ Ուրֆա եւ կը միանայ բանակին: 1918-ին կը փախչի բանակէն: 1922-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ:
Մեծ դժուարութեամբ հիմնած է իր անձնական դեղարանը, Պէյրութի Պապ Իտրիս թաղամասին մէջ, սակայն 1975-ի պատերազմին պատճառով դեղարանը կը թալանուի: Յովսէփ ճանչցուած էր որպէս «Խաղաղութիւն էֆենտի» եւ այդ պատճառով ալ դեղարանը կոչուած էր «Խաղաղութեան դեղարան»:
Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` եղած է հիմնադիր անդամներէն Ուրֆայի հայրենակցական միութեան: Երկար տարիներ մաս կազմած է Համազգային մշակութային միութեան` իբրեւ գանձապահ եւ վարչական: Յստակօրէն կը խօսէր եօթը լեզուներ: Պարգեւատրուած է լիբանանեան կառավարութեան կողմէ` իր 50 տարուան մարդասիրական ծառայութիւններուն համար:
Շուշան կ՛ըսէ. «Հակառակ անոր որ տարիներ անցած են մեծ մօրս մահէն, սակայն միշտ կը յիշեմ անոր գեղեցիկ դէմքը, կը լսեմ անոր քաղցր ձայնը, որ ինծի «ճանիկ» կը կանչէր, եւ միշտ անոր ներկայութիւնը կը զգամ»:
Շուշանի նպատակը եղած է գրել իր մեծ մօրը մասին, սակայն երբ գտած է մեծ հօրը յուշերը եւ լսած է Եղիսաբէթին վկայութիւնները, զանոնք ալ աւելցուցած է գիրքին մէջ, ինչ որ հարստացուցած է զայն: «Անոնց պատմութիւններուն եւ յուշերուն ընդմէջէն ծանօթացայ Ուրֆայի եւ Կերմիրի իրենց ծննդավայրին: Տեղեկացայ, որ հայերը մշակութասէր ժողովուրդ մը եղած են»:
Գիրքին մէջ կան նաեւ յօդուածներ, որոնք Շուշան քաղած է այդ ժամանակաշրջանի «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի թիւերէն եւ օգտագործած է իբրեւ փաստացի զուգահեռ` իր մեծ հօր եւ մեծ մօր յուշերուն: Գիրքը գրուած է անգլերէն հասկնալի լեզուով եւ հաղորդական ոճով:
Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան ծնած է Պէյրութ: Յաճախած է Հայ աւետարանական քոլեճ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է: Մասնագիտացած է կենսաբանութեան մէջ, Հայկազեան համալսարանին մէջ, ապա` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի:
Ան նաեւ աւարտած է Լիբանանի պետական երաժշտանոցը: Ներկայիս անդամ է Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին` իբրեւ թաւջութակահար: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ:
Իր պատանեկան տարիներուն գրած է կարճ պատմութիւններ եւ բանաստեղծութիւններ:
Վարձքդ կատար, Շուշա՛ն: Իսկապէս երբ կը կարդայի, ես ալ մտքովս այդ տեղերը գացի, ուրկէ գաղթական ելած են մեր նախնիները: Երբ 2010-ին խումբ մը բարեկամներով այցելեցինք Այնթապ, Մարաշ, Ուրֆա, հասանք մինչեւ
Վանայ ծով, վերադարձին` Խարբերդ, Նեմրութ, Մուսա Լեռ եւ Քեսապ, շատ անտրամադիր էի, կը զգայի, որ մարդիկ ինչպէս այդքան երկար ճամբայ քալած են անօթի, ծարաւ, յոգնած: Բայց նոյն ատեն ալ ուրախ էի, որ առիթը ունէի այցելելու այդ տեղերը, որոնց մասին լսած էի:
Սակայն բոլոր անոնք, որոնք այդ տառապանքները ապրեցան, կրնան վստահ ըլլալ, որ պիտի չմոռցուին, որովհետեւ իրենց յաջորդները կը յիշեն եւ կը գրեն ու ցոյց կու տան աշխարհին, որ չեն կրնար ջնջել հայը աշխարհի երեսէն, որովհետեւ անոնք ունին ժառանգորդներ:
Մեր պարտականութիւնն է շարունակել անոնց գործը, որ սկսած էին գաղթի այդ օրերուն եւ անկէ ելք: Վստահ եմ, որ Մեծ հայրդ ու մայրդ վերէն քեզ կը դիտեն ու հպարտ են քեզմով: