Հայաստանի Անկախութեան
Նուիրուած Ձեռնարկներ
Քեսապ
27 մայիսին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան եւ հանրապետութեան 99-րդ տարեդարձը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի նախակրթարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Ղազարեանը, որ արժեւորումը կատարեց մայիս 28-ին` ընդգծելով անոր դերը հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ:
Օրուան բանախօսն էր Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի միջնակարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սեւան Պետուրեան-Աշըգեանը: Ան ընդգծեց մայիս 28-ի ստեղծման պատմակերտ հանգամանքը, արժեւորեց ՀՅԴ-ի առաջնորդող դերակատարութիւնը, վեր առաւ Ա. հանրապետութեան իրագործումները` բաղդատական զուգահեռներով զանոնք համեմատելով այսօրուան Հայաստանի կարգ մը երեւոյթներուն հետ, յատկապէս ընդգծելով հզօր Հայաստան կերտելու ազգային առաջադրանքին իրագործման համար Ա. հանրապետութեան աւանդներուն այժմէական կենսունակութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Գամիշլի
* 28 մայիսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ի յիշատակ մայիս 28-ի դիւցազնամարտերու 99-ամեակին, որուն աւարտին առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն մայիսեան եւ արցախեան հերոսամարտերու անմահ նահատակներուն յիշատակին:
Նոյն օրը երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սեդրակ Ղուկասեանը, որ նկատել տուաւ, թէ հայրենիք կերտելը Հայաստանի վերջին հողակտորին վրայ եւ անկախ պետութիւն ստեղծելը իր թուաքանակին կէսը զոհ տուած հայ ժողովուրդի արի արանց զաւակներուն կողմէ պատմակշիռ սխրագործութեանց մեծագոյնն է:
Օրուան խորհուրդին մասին խօսեցաւ Աբիկ Քեհեայեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ մայիսեան դիւցազնամարտի անդրադարձը հայ ժողովուրդին վրայ, շեշտելով, որ այդ յաղթանակով կանգ առաւ հայոց պատմութեան դժուար ընթացքը` իր վրայէն թօթափելով բռնատիրական վարչակարգերու լուծը եւ յայտարարեց, թէ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը ինքն է տէրը իր ճակատագրին եւ իր որոշումով պիտի ապրի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան: Ան նաեւ մատնանշեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դերակատարութիւնը այս յաղթանակին մէջ` շեշտելով, որ պայքարը պիտի շարունակուի եւ ծաւալի` քանդելով ամէն խոչընդոտ, մինչեւ որ հայութիւնը հասնի իր նպատակին:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ 1918-ի հերոսական կռիւներու ժամանակագրութիւնը:
Յունաստան
28 մայիսին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ:
Օրուան նախագահ-հանդիսավար Արաքսիա Գանապետեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ մայիսը մեր ազգին համար նոր շունչով, նոր յոյսով, ապրելու հերոսական մարտերու ու նշանակալից յաղթանակներու ամիս է:
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին անունով խօսք առաւ Գրիգոր Մարուքեանը: Ան շեշտեց, որ Յունաստանի Հայ երիտասարդական միութիւնը կը հաւատայ, որ հայ ազգը պիտի գոյատեւէ եւ իր վսեմ նպատակները իրականացնէ, աւելցնելով, որ մենք, որպէս անկախութեան 4-րդ սերունդը, պէտք է պատուենք մեր հերոսները, որոնք զոհուեցան պատուական Հայաստանին համար:
Օրուան բանախօս Սմբատ վրդ. Սապունճեան պատմական տուեալներ թուեց անկախութեան մասին` հաստատելով, որ 28 մայիսը լոկ անկախութեան տօն չէ, այլ հայոց պատմութիւնը յեղաշրջող այն սերմն է, որ մեզի տուաւ անկախութեան արժէքը` իմաստաւորելու մեր կեանքերը: Ան նկատել տուաւ, որ անկախութեան շնորհիւ մենք ունեցանք մեր պետական առաջին համալսարանը, ունեցանք մեր բանակը: Այդ անկախութիւնը յաւերժացուց մեր ազգային արժէքները եւ մեզի շնորհեց մեր եռագոյն դրօշը, երեք գոյներ, որոնք դարձան համայն հայութեան պատիւը:
Ան կոչ ուղղեց 28 մայիսի ոգիով տոգորուած` նորոգելու մեր ուխտը այն հերոսներուն հանդէպ, որոնք նահատակուեցան ազգին համար:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի խաչքարի հրապարակ, ուր կատարուեցաւ հաւաքական «Յաղթանակի շուրջպար» մը:
Քուէյթ
Ազգային Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը
26 մայիսին Քուէյթի Ամերիկեան դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը:
Վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան ներկայացուց վարժարանի միամեայ գործունէութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ծնողներու հետ գործակցութիւնը, աշակերտի հոգեվիճակը, նիւթական իրավիճակն ու յառաջիկայ ծրագիրները: Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը տքնաջան աշխատանքով լեցուն էր, որ համբերանքով, աշխատանքով, կամքով եւ դրական համագործակցութեամբ բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով հասաւ իր աւարտին: Ան յորդորեց զիրենք վերարժեւորելու իրենց հաւաքական եւ անհատական աշխատանքը` զանոնք նոր կարելիութիւններով հարստացնելու նպատակով: Ապա անդրադառնալով Ազգ. վարժարանի ծաւալած բեղուն գործունէութեան եւ առաքելութեան` հաստատեց, որ 57 տարիներու անխափան երթը Քուէյթի Ազգ. վարժարանին համար յաղթանակ մըն է, իսկ Քուէյթի հայ համայնքին համար` թելադրական պատգամ մը, աւելցնելով, որ անոր գոյատեւման գաղտնիքը կը կայանայ զոհողութեան եւ ծառայութեան գաղափարներուն մէջ:
Հայերէնով ուղերձը արտասանեց շրջանաւարտ Սէրլի Թովմասեան, որ իր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանին` կոչ ուղղելով իր սերնդակիցներուն ըլլալու միշտ աշխատասէր, պահպանելու իրենց ինքնութիւնը եւ չմոռնալու, որ կը վկայուին հայկական վարժարանէ մը, որուն բարգաւաճման համար Քուէյթի գաղութը ոչ մէկ ճիգ խնայած է:
Արաբերէնով ուղերձը կարդաց շրջանաւարտ Կասիա Աբիկեանը, որ շրջանաւարտներուն անունով ըսաւ, որ թեւակոխելով անկիւնադարձային սոյն հանգրուանը` հպարտութեամբ եւ սրտի գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տան դպրոցական իրենց կեանքին, վառ յոյսերով ընթանալու դէպի ապագայի նոր հորիզոններ: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն, որոնց հետ կիսեց մանկութեան եւ պատանեկութեան անմոռանալի յուշեր եւ միասնաբար հասան այս պատմական օրուան:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն մէջ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր սրտի խօսքն ու բարեմաղթութիւնները կը յայտնէր ներկաներուն:
Աւարտին, Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը:
Հայր սուրբը հայրական օրհնութեամբ եւ սրտի խօսքով ողջունելով շրջանաւարտները փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրենց պարգեւեց ինքզինք վերանորոգող սերունդ մը եւ մաղթեց, որ անոնց կեանքերը լի ըլլան վերանորոգութիւններով, իրենք զիրենք վերանորոգեն եւ լաւատեսութեամբ դիտեն ապագան, որուն պատասխանատուները իրենք են ասկէ ետք: Ան շեշտեց, որ Քուէյթի Ազգ. վարժարանը սովորական գիտութեան կեդրոն մը չէ, այլ` հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող կրթօճախ, որուն յարկին տակ հայ ուսանողները կը կերպարանափոխուին, գիտելիքներով կը զինուին ու կը զօրանան. այլ խօսքով, իսկական հայեր կը դառնան` աւելցնելով, որ հայրենիքը, սփիւռքը, Քուէյթն ու բոլոր գաղութները կարիքը ունին խիզախ, յանձնառու ու քաջարի հայորդիներու, որոնք կը տագնապին հայ ժողովուրդի տագնապներով, կը պայքարին ամէն տեսակի դժուարութիւններու դէմ եւ երբեք չեն ընկրկիր կեանքի փոթորիկներուն դիմաց, այլ իրենց անձերը կ՛ընծայաբերեն հայրենիքի ու սփիւռքի հզօրացման ի խնդիր:
Լոնտոն
Հայոց Բանակի Կազմաւորման Եւ Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ «Թէքէեան խնամակալ մարմին»-ին, վերջերս տեղի ունեցաւ հայոց բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Լոնտոնի «Թէքէեան խնամակալ մարմին»-ին անունով Վարդան Ուզունեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի միասնութիւնը, որուն շնորհիւ իրագործուեցաւ Արցախի ազատագրումն ու անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ` ապրիլեան պատերազմին մէջ թշնամիին դէմ տարած յաղթանակը: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շարունակել միասնական աշխատանքը` ի նպաստ հայրենիքի զարգացման, ամրապնդման ու բարգաւաճման: Վ. Ուզունեան կարեւոր նկատեց նաեւ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման անհրաժեշտութիւնը:
Գնդապետ Ռոմիկ Մարգարեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Արցախի ազատագրման դժուար ուղիին ձեռքբերումներով, փորձութիւններով ու մարտահրաւէրներով: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բրիտանացի բարեկամներուն, յատկապէս` պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին, արցախեան խնդրի քաղաքական լուծման հարցին մէջ մեծ աւանդ ունենալուն համար:
Աւարտին շնորհաւորական խօսքով եւ աղօթքով ելոյթ ունեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, իսկ գնդապետ Ռոմիկ Մարգարեան շնորհակալական մետալ յանձնեց օրուան հանդիսավար ազատամարտիկ, Շուշիի ազատագրման մասնակից լոնտոնաբնակ Արա Պետրոսեանի:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Սամուէլ Թադէոսեանի հեղինակած Շուշիի ազատագրման նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը:
Յունաստան
Կոմիտաս Արք. Օհանեան Կ՛այցելէ Քրիստոսի Խաչափայտին Եւ Սրբուհի Հեղինէի Աճիւններուն
27 մայիսին յունահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեանի եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, ինչպէս նաեւ` յունահայոց Թեմական ժողովի երեսփոխան Պօղոս Չոլաքեանի, այցելեց պատմական, տասներորդ դարու սրբուհի Վառվառայի տաճարը, ուր կը գտնուին, վերջերս Վենետիկէն բերուած, Կոստանդիանոս կայսեր մօր` Սրբուհի Հեղինէի աճիւնները, ինչպէս եւ` անոր յայտնաբերած Քրիստոսի խաչափայտէն մեծ մասունք մը, որ դրուած է ի տես հաւատացեալ ժողովուրդի ուխտաւոր այցելութեան:
Տաճարի մուտքին սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Ֆանարի եպս. Աթենաղորասի (ընդհանուր տնօրէն` Ափոստոլիքի Տիաքոնիայի), Իղնատիոս Սոտիրեատիս վարդապետին (քարտուղար` համաուղղափառ եւ համաքրիստոնէական կապի ժողովին) եւ Սրբուհի Վառվառայի տաճարի հովիւին` Տամասքինոս Տամեանաքիս վարդապետին կողմէ:
Հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը:
Այնուհետեւ սրբազան հայրն ու իր ընկերակիցները ճաշի հիւրը եղան Աթենաղորաս սրբազան հօր: Տեղի ունեցաւ շահեկան խօսակցութիւն` Հայ եկեղեցւոյ աւանդապահութեան մասին եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւնները պահելու առումով:
Քանատա
Մարդկութեան Եւ Ցեղասպանութեանց Կանխարգիլման Համար Քայլարշաւ
«Մոնրէալ` Իրաւանց քաղաք» ձեռնարկներու ծիրին մէջ 27 մայիսին կայացաւ Մոնրէալի «Մարդկութեան եւ ցեղասպանութեանց կանխարգիլման համար քայլարշաւ»-ի երրորդ երթը, որ կը զուգադիպէր Մոնրէալի 375 եւ Քանատայի 150-ամեակներուն:
Քայլարշաւի հաւաքը սկսաւ Մոնրէալի Գեղարուեստից թանգարանի «Խաղաղութեան տաղաւար»-ի մուտքին: Քաղաքապետի, պաշտօնական ներկայացուցիչներու եւ մոնրէալահայ համայնքի հոգեւոր ու կազմակերպական առաջնորդներու գլխաւորութեամբ, քայլերթը ընթացաւ քաղաքի կեդրոնի պողոտաներէն` հասնելու համար «Փլաս տիւ Քանատա» հրապարակը, ուր գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր: Ելոյթ ունեցան` Սօսէ Պէօճեքեան, Հրակ Չինչինեան, քայլարշաւի կազմակերպիչ` Քեպեքի հայ համայնքի միացեալ մարմինի անդամ Նուշիկ Էլոյեան, Մոնրէալի քաղաքապետ Տենի Քոտեր, «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»-ի ընդհանուր քարտուղար Սալիլ Շեթին, Քեպեքի միջազգային հարցերու եւ ֆրանսախօսութեան նախարար Քրիսթին Սեն Փիեռ եւ «ՄԻԿԶ»-ի պատուոյ անդամ, ցեղասպանութեանց կանխարգիլման գործիչ, նախկին ծերակուտական զօր. Ռոմէօ Տալեր, քանատական ժառանգի նախարար Մելանի Ժոլի, ստրկութեան դէմ պայքարող մաւրիտանացի գործիչ Պիրամ Տահ Ապէյտ, Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան: Կարդացուեցաւ նաեւ Քեպեքի վարչապետ Ֆիլիփ Քույարի առաքած յատուկ ուղերձը: Բոլոր ելոյթ ունեցողները շեշտեցին, որ պատմութեան արիւնոտ դասերը մտահան պէտք չէ ընել, աւելցնելով, որ ժամանակն է միացնելու ուժերը` պայքարելու համար բոլոր անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն դէմ:
Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մոնրէալ` իրաւանց քաղաք» ձեռնարկներու ծիրին մէջ գտնուող երրորդ եւ վերջին ձեռնարկը, որուն ընթացքին շնորհուեցան «Էմնըսթի»-ի տարեկան «Խղճմտանքի դեսպան» մրցանակները: Այս տարուան մրցանակակիրներն էին` ամերիկացի աշխարհահռչակ երգչուհի Ալիշիա Քիզ, Քանատայի տեղաբնիկներու իրաւունքներուն համար պայքարող գործիչներ` Մելիսա Մոլըն Տիւփուի, Ուիտիա Լարիվիեր, Մելանի Մորիսըն, Սինտի Պլաքսթոք, Տիլայլա Սոնտըրզ եւ ծերակուտական Մըրրէյ Սինքլէր:
Սպանիա
«Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մէկդարեայ Լռութիւն» Գիրքին Շնորհահանդէսը Մայորքայի Մէջ
19 մայիսին Անթրաքսի (Մայորքա, Պալէարեան կղզիներ) քաղաքային գրադարանի համագումար-դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. մէկդարեայ լռութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը:
Մարի Քարմեն Կարսիա նկատել տուաւ, որ շնորհահանդէսին ցուցադրուած էին նաեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին վերաբերող կարգ մը իրեր (օրինակ` սաղաւարտ, զինամթերք եւ այլն): Ուշադրութեան արժանի էին մոմերն ու ծաղիկները, զորս կը նուիրուէին երկար եւ տխրահռչակ գաղթի ճանապարհին զոհուած հայորդիներուն: Ան շեշտեց, որ կարեւոր է կենդանի պահել պատմական յիշողութիւնը, այլապէս դատապարտուած կ՛ըլլայինք կրկին վերապրելու անցեալին տեղի ունեցած տանջանքները, որ ծանր փորձութիւն էր ոչ միայն հայութեան, այլեւ համայն մարդկութեան համար:
Արթուր Ղուկասեանի կողմէ ընտրուած համահեղինակ Ամաթօ Քարպոնել իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գիրքի հրատարակման պատճառներուն եւ կարդաց անոր էջերուն մէջ տեղ գտած իր նիւթը: