Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախորդ շաբաթ այցելած է Արժանթին եւ Պրազիլ, ուր ունեցած է տարբեր բնոյթի հանդիպումներ:
30 մայիսին Արժանթինի մէջ նախարար Յակոբեան այցելած է Արժանթինի Հայկական կեդրոն: Այնուհետեւ, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեանի ընկերակցութեամբ, ան այցելած է Պուէնոս Այրեսի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հերոսամարտերու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներուն առջեւ: Նախարարին այցելութեան առիթով, բարի գալուստի մաղթանք կատարուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցւոյ առաջնորդարանին մէջ նախարարը հանդիպում ունեցած է Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաղաքիա վրդ. Ամիրեանի, Արժանթինի Հայկական կեդրոնի նախագահ Քարլոս Մանուկեանի, արժանթինահայ բարերարներու, նշանաւոր գործիչներու եւ համայնքային այլ ներկայացուցիչներու հետ:
Հրանուշ Յակոբեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ ՀԲԸՄ դպրոցներու տնօրէններուն, ծնողներուն ու աշակերտներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը խօսած է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող բազմաբնոյթ ծրագիրներու մասին` կոչ ուղղելով աշխուժօրէն մասնակցելու հայապահպանութեան նպաստող այդ ձեռնարկներուն: Հանդիպման աւարտին սփիւռքի նախարարը պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող հարցերուն:
***
Հինգշաբթի, 31 մայիսին նախարարը մասնակցած է Պուէնոս Այրեսի մէջ գումարուած Հայ բժիշկներու միջազգային 12-րդ համագումարին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախագահած է արժանթինահայ յայտնի բժիշկ, վարակաբան Դանիէլ Ստամպուլեանը: Առաջին նիստի ընթացքին խօսք առած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանն ու առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչներուն` ՖԱՅԴԷՔ հիմնադրամին, «Ստամպուլեան» հիմնադրամին եւ ՊԼԱՍ-ի աշխատակազմերուն, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք իրենց անգնահատելի լուման դրած էին սոյն համագումարի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ:
Նախարարը նաեւ յոյս յայտնած է, որ համագումարը կը համախմբէ աշխարհի հայ բժշկական ներուժը` ի նպաստ Հայաստանի առողջապահական համակարգի զարգացման:
***
1 յունիսին նախարար Յակոբեան Պուէնոս Այրէսէն մեկնած է Քորտոպա` հանդիպելու քաղաքային իշխանութիւններուն եւ համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարը տեսակցութիւն ունեցած է Քորտոպայի քաղաքապետ Ռամոն Խաւիեր Մեստրէյի եւ Քորտոպա նահանգի վարչապետ Խուան Քարլոս Մասսէյինի հետ` քննարկելու համար Հայաստան-Արժանթին համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց` հայ համայնքին ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ կոչ ուղղած` առաւել սերտ կապեր հաստատելու Հայաստանի հետ` ներկայացնելով նաեւ նախարարութեան ռազմավարութիւնն ու իրականացուցած ծրագիրները:
Հանդիպումներուն ներկայ գտնուած են Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեան, Քորտոպայի հայկական համայնքի նախագահ Էտուարտօ Թութուշեան, Քորտոպայի Հայ առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Սեփանեան եւ համայնքային այլ ներկայացուցիչներ:
Նախարարը այցելած է Քորտոպայի Սահակ-Մեսրոպ հայկական վարժարան, Ս. Գէորգ եկեղեցի, ՀՅԴ «Անդրանիկ» ակումբ եւ ՀԲԸՄ ակումբ:
Ողջունելով արժանթինահայերը` նախարարը յորդորած է զանոնք չհեռանալ արմատներէն, օտար հողի վրայ պահպանել իրենց հայկական ինքնութիւնը, չմոռնալ մայրենին եւ յաճախ այցելել Հայաստան:
Հանդիպման ընթացքին սփիւռքի նախարարը շնորհակալագիրներ յանձնած է համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ գեղարուեստական խումբերուն` անոնց ծաւալած հայրենանուէր գործունէութեան համար:
***
2-4 յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պրազիլ:
Սան Փաուլոյի` Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան մէջ հանդիպումներ ունեցած է հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու, համայնքային գործիչներու եւ գործարարներու հետ: Հիւպատոսարանին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին սփիւռքի նախարարը Պրազիլի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Հիլտա-Տիրուհի Պուրմայեանը պարգեւատրած է Սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկի յուշամետալ»-ով, իսկ Սան Փաուլոյի մէջ ճանչցուած քաղաքական գործիչ Ալմինու Մոնտէյրու Ալվարես Ալֆոնսոյին հայ ժողովուրդին հանդէպ ցուցաբերած բարեկամական վերաբերմունքին եւ շարունակական աջակցութեան համար ` «Ոսկի մետալ»-ով:
Այնուհետեւ Սան Փաուլոյի Հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է կիրակնօրեայ Ս. պատարագի, այցելած Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ «Արմէնիա» ակումբ:
Սփիւռքի նախարարը ներկայ գտնուած է Ներգաղթի 22-րդ փառատօնին, որուն մասնակցած են` Ռուսիան, Յունաստանը, Սպանիան, Փորթուգալը եւ այլ երկիրներ: Փառատօնին ներկայացուած են նաեւ հայկական մշակոյթը, խոհանոցն ու աւանդոյթները:
Այնուհետեւ Հրանուշ Յակոբեան «Հայաստան» հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յուշարձանին առջեւ:
Սփիւռքի նախարարը այցելած է նաեւ Օզասկոյի հայ համայնք եւ մասնակցած Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող տարեկան աւանդական փառատօնին, ապա այցելած է «ՍԱՄԱ» հայկական ակումբ:
Հանդիպումներուն ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է նախարարութեան հիմնական ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքը, կատարուած աշխատանքները եւ կոչ ուղղած է` առաւել սերտացնելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը` ի շահ եւ ի նպաստ մեր հայրենիքին: Նախարարը մասնաւորապէս շեշտած է պրազիլահայ երիտասարդներու` Հայաստանի հետ սերտ կապեր հաստատելու կարեւոր հանգամանքը, յոյս յայտնելով, որ անոնք այսուհետեւ աւելի գործուն մասնակցութիւն կ’ունենան նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն: Սփիւռքի նախարարը պատասխանած է նաեւ պրազիլահայերը յուզող շարք մը հարցումներու: