Աւարտեցաւ 2015 տարուան հոգեւոր լսարանը, որ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ամէն հինգշաբթի օր կը կատարուէր առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Սոյն հոգեւոր լսարանը կ՛ընդգրկէր Ս. Գիրքի սերտողութիւն կիներու հետ` «Մօտէն ճանչնանք եկեղեցին եւ Աստուածաշունչը» խորագիրով:
Այս հոգեւոր լսարանին նպատակն էր ուղղել հաւատացեալները ճշմարիտ ձեւով սերտելու եւ ըմբռնելու Աստուածաշունչին պատգամները եւ զանոնք գործադրելու իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Այս աղօթաշարքերը եւ սերտողութիւնները կը վարէր Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան: Լսարանի ընթացքին տեղի կ՛ունենային` սաղմոսասացութիւն, շարականներու երգեցողութիւն եւ աղօթք:
Չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ին լսարանի եզրափակիչ օրը եղաւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ, ուր 60-է աւելի լսարանի կիները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած նորաշէն թանգարանը: