Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղթականի Յուշեր

$
0
0

ՇԱՂԻԿ ԿԱՐՕ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համահայկական ողիմպիական խաղերու բացման օրը հասած էր, երեկոյեան ժամը 9:00 էր,  արդէն աշխատանքը աւարտած էր, խոր մտածումներով տարուած` կը քալէր դէպի տուն:

Երկու ամիս առաջ Քեսապէն տեղափոխուած էր Երեւան: «Գեղեցիկ էր Երեւանը, նամանաւանդ գիշերով». երկու ամիսէ ի վեր ամէն օր կը կրկնէր նոյն նախադասութիւնը` զմայլած «կեանքի քաղաքի»` Երեւանի գիշերներով:

Յաղթանակի այգիի մԷջէն կ՛անցնէր, երբ ողիմպիական խաղերու բացման առթիւ հրավառութիւնը սկսաւ. այգի ժամանած բոլոր երեխաները մեծ ուրախութեամբ եւ զմայլած` երկինք կը դիտէին, սակայն իր աչքերը չէին հրապուրուեր հրավառութեան սիրուն գոյներով: Մեկուսացաւ այգիի մէկ անկիւնը, փակեց ականջները: Ո՜հ, որքա՛ն նման էր պայթուցիկներու ձայնը 2014 մարտ 21-ին Թուրքիոյ հողերէն ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ Քեսապ նետուած հրթիռներու ձայնին.  հրավառութիւնը տեւեց ընդամէնը քանի մը վայրկեան, սակայն վայրկեանները կը թուէին տարիներ. կը խեղդուէր իր հոգին, երբ թաց աչքերով տան դուռը փակեց ու hեռացաւ Քեսապէն` ետ դառնալու յոյսով. կարծես երէկ էր, երբ մարդակերպ գազանները գրաւած էին Քեսապը:

Ամիսներ ետք, երբ Քեսապ արդէն ազատագրուած էր թուրքի պիղծ շունչէն, ան կրկին հայրենի տուն դարձած էր, յաղթական էր. սակայն անոր վիրաւոր հոգին դեռ չէր բուժուած:

Հրավառութիւնը հասած էր աւարտին, աչքին առջեւ կը տեսնէր հօր պատկերը` «Պապա,  այսքան զգայուն ըլլալը լաւ չէ»… որքա՜ն կարօտցած էր հայրը… Որքա՜ն կարօտցած էր քաղցրիկ Քեսապը…

Սրբեց թաց աչքերը, գծեց ժպիտ մը դէմքին, որուն միջոցով կը պահէր վիշտն ու կարօտը. հաւաքեց ուժերը, շարունակեց ճանապարհը, ոչ միայն տան, այլ` կեանքի ճանապարհը…

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>