ՓՈԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Հինէն ի վեր Լիբանանը եղած է, կայ ու կը մնայ մշակոյթներու խաչաւորման երկիր: Հոս իրարու հանդիպած են հին աշխարհի գրեթէ բոլոր մշակոյթները` սկսեալ փարաւոնական ու բաբելական մշակոյթներէն, մինչեւ հելլենիզմը, Հռոմն ու Բիւզանդիոնը: Շնորհիւ Լիբանանի աշխարհագրական նպաստաւոր պայմաններուն եւ շնորհիւ լիբանանցիներու ստեղծագործ եւ շինարար ոգիին` այս երկրին մէջ կազմաւորուած ու զարգացած է արաբական իւրայատուկ մշակոյթ մը, որ իր հերթին սկսած է իր նպաստը բերել միջազգային արուեստի զարգացման ու տարածման մէջ: Մենք հպարտութեամբ կը յիշենք օտար անուններ, որոնք եկած են արեւմտեան երկիրներէ, բնակած են Լիբանանի մէջ, ու այսօր անոնց ստեղծագործութիւնները մաս կը կազմեն Լիբանանի մշակոյթին, ինչպէս` Ժորժ Սիր, Միշլէ եւ կամ Լիմանսքի: Անկախ լիբանանահայերէն` եղած են շարք մը հայ արուեստագէտներ, որոնք պարբերաբար այցելած են Լիբանան, տուած են մէկէ աւելի ցուցահանդէսներ եւ իրենց հետքը ձգած` Լիբանանի մշակութային կեանքին վրայ, ինչպէս` Գառզու, Ժանսէմ, Մուրատով, Աշոտ Զօրեան, Սարուխան եւ այլն:
Այսօրուան մեր ցուցահանդէսը գրաւականն է մշակութային այս գեղեցիկ աւանդութեան շարունակութեան: Մեր ներկայացուցած հինգ կերպարուեստագէտներէն երեքը` Եուրոզ, Վահրամ եւ Վահան Ռումելեան պարբերաբար այցելած են եւ կը շարունակեն այցելել Լիբանան, կ՛ուսումնասիրեն տեղւոյն անցեալի եւ ներկայի մշակութային շերտերը, երբեմն կը ստեղծագործեն նաեւ հոս ու կը ցուցադրեն իրենց գործերը: Յիշատակութեան արժանի է մանաւանդ Եուրոզը, որ 2009-ին եկաւ Լիբանան, ուսումնասիրեց պետեւիներու կեանքն ու կենցաղը եւ երփնագրեց արեւելեան բնոյթի շարք մը գործեր, որոնք անկասկած իրենց լուման կը բերեն արեւելեան մշակոյթին:
Մազմանեանը 1992-ին եկաւ Լիբանան, ապրեցաւ, դասաւանդեց եւ ստեղծագործեց հոս. եւ իր մշակութային հաւատարմութեան ու տաղանդին շնորհիւ` անոր վստահուեցաւ Լիբանանի ամենակարկառուն քաղաքական, մշակութային եւ հոգեւոր դէմքերու կիսանդրիներն ու յուշարձանները, որոնք այսօր զետեղուած են Լիբանանի տարբեր վայրերու եւ կարեւոր հրապարակներու վրայ, ինչպէս` Քամիլ Շամունի, Սաէպ Սալամի, Ռաֆիք Հարիրիի (2 հատ), Ռեմոն Էտտէի, Ժպրան Խալիլ Ժպրանի, Օմար Տաուքի, Գարեգին Բ. վեհափառի, կարտինալ Աղաճանեանի, Մար Շարպելի, Սֆէյր պատրիարքի, Ղասսան Թուէյնիի եւ ուրիշներու: Ան (ինչպէս նախորդ երեք գեղանկարիչները) միջազգայնօրէն գնահատուած արուեստագէտներէն է: Տակաւին անցնող ապրիլին Մազմանեան մասնակցեցաւ Նիւ Եորք Pier 92-ի մէջ կայացած Արթ Էքսփոյի միջազգային փառատօնին եւ իր «Սալոմէ» ստեղծագործութիւնը արժանացաւ քանդակի առաջին մրցանակին:
Իսկ Էդիկ Բերդեանը տարիքով երիցագոյնն է անոնց մէջ, ան եւս մասնակցած է տասէ աւելի միջազգային փառատօներու եւ երբեք յուսախաբ չէ ըրած արուեստասէր հասարակութիւնը: Այս յետտպաւորապաշտական բնոյթի գեղանկարիչը կը պատկերէ մարդը` իբրեւ բնութեան մէկ անբաժանելի մասնիկը, որ կը մերուի շրջապատին ու կը գեղեցկացնէ կեանքը:
Վերջացնելէ առաջ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորիդ, ձեր ներկայութեան, եւ յատկապէս նորին վսեմութիւն Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պր. Սամուէլ Մկրտչեանին, որ միշտ թիկունք կը կանգնի ու կը քաջալերէ լիբանանահայ որեւէ տեսակի փոխյարաբերութիւն, յատկապէս` մշակութային գետնի վրայ:
Ցուցահանդէսի վայրի ընտրութեան վերաբերող մեր որոշումը, որ կեդրոնացաւ այս նորակառոյց շէնքին վրայ, որ մեր համոզումով յաւելում եւ շահ մըն է, ինչպէս որեւէ նոր կառոյց, թէ՛ քաղաքի եւ թէ՛ ընկերութեան հաշուոյն, զոր հարկաւոր է նշել: Այսպիսի առիթներ պէտք է ստեղծել` կարենալ մշակութապէս հաղորդակցելու համար իրարու:
Եւ որովհետեւ մէկ կողմէ արուեստը եւ մշակոյթը կեանքի կենսամակարդակը բարելաւելու եւ անոր գեղեցկութիւնն ու ուժը բացայայտելու լաւատեսական մօտեցումներ, իսկ միւս կողմէ` ճարտարապետութիւնն ու ճարտարագիտութիւնը իրենց հերթին կարեւոր դերակատարութիւն ունին կեանքի որակը բարելաւելու եւ շնչաւորելու տեսակէտէն, ուր ինքնաբերաբար իրաւ արուեստի կարիքը կը զգացուի իբրեւ կեանքի նեկտար: Ըլլայ ատիկա շէնքի բնակիչներուն, թաղի բնակչութեան, թէ շրջանին ընդհանրապէս, որուն մէկ մասնիկն է այս կառոյցը: Այս ցուցահանդէսին միջոցով մենք կը յուսանք խորացնել եւ ամրապնդել մշակութային այն փոխադարձ կապերը, որոնք էն գլխից գոյութիւն ունեցած են շինարարական արուեստի եւ կերպարուեստի միջեւ: