Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ցուցահանդէս` Յանուն Լիբանանեան-Հայկական Մշակութային Կապերու

$
0
0

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ գործակցութեամբ` AD & D Sarkissian partners եւ YM Development հիմնարկներուն, չորեքշաբթի, 17 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոազ արք»-ի կազմակերպած հերթական մէկ խմբային ցուցահանդէսին բացումը` «Միր Օմար-450» կառոյցի սրահին մէջ (Քլեմանսոյի շրջան, Միր Օմար փողոց):

«Նոազ արք»-ի տէր եւ տնօրէն, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք ներկայ արուեստասէր հասարակութիւնը, այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանութեան, յանձինս` Սամուէլ Մկրտչեանի, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, Պէյրութի նահանգապետութեան եւ քաղաքապետութեան, յանձինս` Զիատ Շպիպի (ներկայացուցիչ` Արամ Մալեանի) եւ յարակից այլ կազմակերպութիւններու, ինչպէս` ՍՈԼԻՏԷՐԻ, որոնք ոչ միայն տարիներու ընթացքին նեցուկ եղած են «Նոազ արք»-ի ձեռնարկներուն, այլեւ մեծապէս սատարած`   լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու ամրապնդման ու զարգացման: Ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ AD & D Sarkissian Partners եւ YM development հաստատութիւններուն, որոնք սիրայօժար կերպով իրենց գեղեցիկ շէնքին այս յարմարաւէտ սրահը տրամադրած են ներկայ բարձրորակ ցուցահանդէսին համար: Այս բոլորէն ետք դոկտ. Հերկելեան ամպիոն հրաւիրեց Փոլ Սարգիսեանը, որ արաբերէն լեզուով իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց ներկաներուն: Անոր շահեկանութեան համար Փ. Սարգիսեանին խօսքը թարգմանաբար կու տանք քովի սիւնակներով:

Վերջաւորութեան խօսքը տրուեցաւ Լիբանանի մէջ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ       Մկրտչեանին, որ իր հերթին դրուատական խօսքեր ուղղելէ ետք «Նոազ արք»-ի եւ անոր  նման այլ ցուցասրահներու տարած մշակութանուէր աշխատանքներուն, շեշտը դրաւ լիբանանեան-հայկական մշակութային կապերու աւելի ամրապնդման ու զարգացման վրայ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>