Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Որքան որ յեղափոխական, նոյնքան եւ գիտութեան ու արուեստի մարդ էր Խրիմեան: Իր գահակալութեան տարիներուն Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը կը ծաղկի ու կը զարգանայ: Ճեմարանի մէջ պաշտօնավարելու կը հրաւիրուի հայ մտաւորականներու փաղանգ մը` Հրաչեայ Աճառեան, Կոմիտաս, Մանուկ Աբեղեան, Գարեգին Յովսէփեանց, Լէօ, Մակար Եկմալեան, Կարա-Մուրզա, Վարդգէս Սուրէնեանց, Փանոս Թերլեմեզեան, Մաղաքիա Օրմանեան եւ ուրիշներ: Ճեմարանի դասախօսներուն մակարդակը բարձրացնելու նպատակով, Խրիմեան, բարերարներու հովանաւորութեամբ, Եւրոպա, Փեթերսպուրկ եւ Մոսկուա կը գործուղէ` Կոմիտասը, Աբեղեանը, Յովսէփեանցը, ապագայ կաթողիկոս Գէորգ Չէօրէքճեանը եւ ուրիշներ:
Խրիմեան նաեւ շինարար մարդ էր: Ս. Էջմիածինի մէջ ան կը կառուցէ նոր թանգարան, նոր հիւրանոց, Սինոդի նոր շէնք, նոր մատենադարան եւ յարակից այլ բաժիններ: Ան կը կառուցէ եւ կը շեշտէ, որ կառոյցները քարերով չեն պահուիր: «Եթէ ներքին բարոյականութիւն չունենանք, հաւատարմութիւն, միաբանութիւն չունենանք, այն ժամանակ հաստատութիւն չի լինիր», կ’ըսէ ան(32):
Ներքին միաբանութեան եւ համերաշխութեան ջերմ պաշտպանն է ան: Խրիմեանի համար կարեւորը հայութիւնն է: Հայ ըլլալ ծագումով եւ լեզուով, մնացեալը երկրորդական է: Իր խօսքերն են. «Կրօնը խղճմտանքի գործն է, եւ Հայրիկի առաջ տարբերութիւն չունի լուսաւորչական, կաթոլիկ, բողոքական հայը: …Ցանկալի է, որ ամբողջ հայ ազգը Լուսաւորչի փարախին յառած լինէր, բայց եթէ իրարմէ տարբեր դաւանութիւններու կը պատկանին, այդտեղ եւս Աստուծոյ մատը կը տեսնեմ, վասնզի գուցէ Աստուած այդ միջոցն է գտել հայ ազգին մէջ լուսաւորութիւն տարածելու համար»(33):
Նշանաւոր է ներքին միաբանութեան կարեւորութիւնը շեշտող Խրիմեանի մէկ կեցուածքը: Կաթողիկոսութեան օրերուն, տարի մը, Պահք բռնելը կամ չբռնելը լուրջ հարցի կը վերածուի Գէորգեան Ճեմարանի աշակերտութեան համար: Կը յայտնուին թեր ու դէմ կարծիքներ: Էջմիածինի միաբաններէն Սուքիաս արքեպիսկոպոս, որուն համար Թորգոմ Գուշակեան եպիսկոպոսը կ’ըսէ` «Պահպանողական ոգիի ամէնէն արտաքնայարդար թիփը»(34), Պահքի առաջին կիրակիի իր քարոզին մէջ ներբող մը կը հիւսէ պահեցողութեան մասին` անուղղակի յարձակում մը գործելով ճեմարանին եւ վեհարանին դէմ:
Խրիմեան, որ ներկայ էր քարոզին, լուռ չի մնար: Տէր Սուքիաս հազիւ քարոզը աւարտած` ժողովուրդին դառնալով յանպատրաստից կը խօսի իր ամէնէն գեղեցիկ քարոզներէն մէկը, ուր օրուան քարոզիչին պատասխանելով` կ’ըսէ. «Ճշմարիտ պահեցողութիւնը ընկերասիրութիւնն է: Պահեցողը ա՛ն է, որ ընկերոջ միսը չ’ուտեր: Պահքը բարոյական կանոն մըն է եւ ոչ թէ՛ նիւթական: Աստուած որքան ուրախ կը լինէր, եթէ Մայր Աթոռոյ միաբաններ, անոնց աւագագոյն անդամները մանաւանդ, այս ոգիով ըմբռնէին եւ գործադրէին Պահքը»(35):
Խրիմեան խնայել չի գիտեր: Միտքէն անցածը լեզուին վրայ է: Հայրապետական իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին ան կը հանդիպի Սեւանի վանքը, ուր կը շարունակուէին ճգնաւորական կեանքի անապատական սովորութիւնները:
– Ի՞նչպէս կ՛անցընէք օրերնիդ,- կը հարցնէ միաբաններուն, որոնք եկած էին իր մօտ:
– Օրն ի բուն աղօթելով, վեհափա՛ռ տէր:
– Անմիտներ, միթէ կարելի՞ է օրն ի բուն աղօթել. կարդացէք նաեւ երբեմն, ու յաճախ գործեցէք. հողը մշակեցէք, ձեռքի փոքր արուեստներ սորվեցէք. հին ճգնաւորներն անգամ ամբողջ օրը չէին աղօթեր, Աստուած չի սիրեր շատախօսութիւնը` կ՛ըլլայ Խրիմեանին պատասխանը:
Այսպէս, Խրիմեան իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան եղաւ պարզ զգացումի եւ գաղափարի մարդ, պարզ կեանքի մարդ, մնայուն գործի եւ սկզբունքի մարդ, իր բոլոր ասպարէզներուն մէջ, Վարագի վանահայրութենէն մինչեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն ու մինչեւ իր վերջին շունչը` 29 հոկտեմբեր 1907, երբ ան իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Էջմիածինի մայր տաճարի մուտքին:
5 մայիս 1892-ին Խրիմեանի կաթողիկոսական ընտրութեան մասնակից 72 թեմերու շարքին կը նշուի նաեւ Պէյրութը` իբրեւ 48-րդ թեմ, որ օրին մաս կը կազմէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Պէյրութը ներկայացուցիչ չէ ունեցած ընտրութեան, այլ ներկայացուած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայացուցիչ Սահակ եպս. Խապայեանով: Խապայեան սրբազան «Այո՛» քուէարկած է Խրիմեանի օգտին(36):
125 տարի ետք, այսօր, յիշատակի այս հանդիսութեամբ, ոչ միայն Պէյրութի, այլեւ Լիբանանի հայութիւնը, այստեղ գտնուող իր ներկայացուցիչներով, կը վերահաստատէ այդ «Այո՛»-ն իր սիրելի Հայրիկին եւ ժողովրդային երգին բառերով կը կրկնէ.
«Ո՛ւր որ ալ լինես, ո՛ւր որ ալ երթաս,
Քու փայլուն ջահէդ, Հայրի՛կ ջան,
Մեզի լոյս կու տաս»:
(Շար. 7 եւ վերջ)
————————————
- «Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 1893, ԻԶ. տարի, թիւ Թ., Ժ., էջ 800:
- Թորգոմ արք. Գուշակեան, «Խրիմեան Հայրիկ», Անթիլիաս, 1990, էջ 136:
- Նոյնը, էջ 193:
- Նոյնը:
- «Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 1892, ԻԵ. տարի, Ե. թիւ, էջ 456-457, 467: