Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Վիգէն Դարբինեան Լիբանանահայ Արուեստասէրներուն Հետ Եւ Անոնց Համար` Նոր Ձայնասկաւառակով Եւ Հին Ու Նոր Երգերով

$
0
0

Ն. Բ.

Կրկին Լիբանան է, բարեբախտաբար:

Կրկին իր հարազատ եւ հզօր ձայնը, նուրբ եւ եռացող զգացումները պիտի փոխանցէ լիբանանահայ արուեստասէրին, կրկին պիտի հաստատէ, որ հայ երգը կ՛ապրի իր հայկականութեան մէջ` թէ՛ իբրեւ երաժշտութիւն, եւ թէ՛ իբրեւ բառ ու մեկնաբանութիւն:

Շաբաթ, 3 յունիսին «Վասպուրական» սրահին մէջ, կիրակի, 4 յունիսին Այնճարի մէջ, իսկ շաբաթ, 17 յունիսին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սիրուած հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Դարբինեան պիտի երգէ լիբանանահայ արուեստասէրներուն, պիտի ապրի անոնց հետ, ապրեցնէ զանոնք իր երգերով: Կարօտ կայ իր մէջ, նաեւ` զինք սիրողներուն, այդ կարօտը նաեւ պէտք է փոխանցուի նոր սերունդին, որ կ՛ունկնդրէ իր երգերը, սակայն թերեւս չի լսեր անունը, որովհետեւ որոշ ժամանակաշրջանէ մը ի վեր ան, դժբախտաբար, տեղ չէ գրաւած Լիբանան հրաւիրուած արուեստագէտներուն ու երգիչներուն կարգին…

Վիգէն Դարբինեան իր ծննդավայրը չէ եկած ձեռնունայն, այլ իրեն հետ բերած է իր «Վերադարձ»-ը` երկու ձայնասկաւառակներէ բաղկացած,  21 հեղինակային երգեր` թէ՛ բառերու, եւ թէ՛ երաժշտութեան:

 

Վիգէն Դարբինեան կը պատմէ իր նոր ձայնասկաւառակին մասին. «Վերադարձ», որովհետեւ երբ երկու-երեք տարի կը հեռանամ բեմէն եւ ժողովուրդին հետ հանդիպումի կարօտը շատ կը մեծնայ մէջս, անպայման այդ հեռաւորութենէն ետք վերադառնալ կ՛ուզեմ, եւ այս նոր ձայնասկաւառակով այդ վերադարձն է: Խոստովանիմ, որ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած պատերազմական վիճակը, սուրիահայութեան ապրած դաժան օրերը եւս իրենց ազդեցութիւնը ունեցան վրաս, այս առիթով ալ այս նոր երգերուս մէջ տեղ գտաւ «Աւաղ, աղէտ, աւար»-ը, որովհետեւ իսկապէս սուրիահայութեան եւ քեսապահայութեան ապրածը մեծ ողբերգութիւն է: «Վերադարձ»-ով ես ալ վերադարձայ, վերադարձան յիշատակներս` Լիբանանի, Սուրիոյ, ընկերներս, սէրեր, առանձնութիւն, մայր…»:

Վիգէն կը խոստովանի, որ իր երգերուն առանցքը կեանքն է, առօրեան, երբ կ՛ապրիս, կը դիտես, զգացումներ կը ծնին մէջդ, երեւոյթները ապրումներու դուռ կը բանան, այդ բոլորը ներշնչում կու տան, բառերը կը սահին իրարու ետեւէ, երաժշտութիւնը կ՛ուղեկցի բառերուն, իսկ երբեմն հակառակը, բոլորն ալ ապրումներու արդիւնք են, եւ այս բոլորը կը վերածուին երգի, «երբեմն նոյնիսկ ես կը զարմանամ, որ երգը ծնած է արդէն…»:

«Միշտ գրած եմ եւ կը գրեմ մնալով պարզ, զգացումով` առօրեայ կեանքս, ապրումներս, ազդուած դէպքերէն, անցուդարձերէն, առանց վերլուծումներու կամ փիլիսոփայութիւններու:

Ես մտաւորական ըլլալ չեմ ձեւանար, ո՛չ ալ կ՛ուզեմ հեռանալ կեանքի բեմէն: Երգը ունկնդրելի եւ հաճելի է իր պարզութեան մէջ, զուգակշիռ ընկերակցութիւնը միշտ եղած է ընտրութիւնս, ամբողջացնելու երգը: Յարդարելու, կեղծելու կամ ծածկելու կարիք չեմ զգացած: Երգս կարելի է մեկնաբանել առանց նուագի ընկերակցութեան` իմաստը հաղորդել երգելով», կը հաստատէ ան:

Վիգէն Դարբինեան միայն հայերէնով երգելու մասին խօսելով կ՛ըսէ, որ իր առաջադրանքն է հայկական մշակոյթին, երգարուեստին բան մը տալ, զայն հարստացնել բանով մը, որովհետեւ օտարը կարիք չունի մեզի, սակայն հայկականը պէտք ունի հայուն, որպէսզի գոյատեւէ, զարգանայ, թարմանայ, շարունակուի, փոխանցուի սերունդէ-սերունդ: «Հայ երգին հաւատարիմ մնալը, հարազատ ոճն ու ոգին պահելը ինծի համար ամէն ինչէ կարեւոր է, հայկական կշռոյթը` վեց-ութերորդը շատ գեղեցիկ է, պէտք է պահպանել զայն, թերեւս ոմանք կը դժուարանան, սակայն այդ է իսկականը: Ըսեմ, որ երբ վերջին ձայնասկաւառակը կ՛արձանագրէին, ինծի ընկերացող երաժիշտներուն մեծամասնութիւնը ֆրանսացիներ էին, անոնք կը զմայլէին լեզուին, առանց իսկ հասկնալու զայն, անոնք եղանակէն առաջ կը գնահատէին լեզուն, պէտք է ապրինք լեզուն»:

Վիգէն Դարբինեան այն արուեստագէտն է, որ հայկական ոճով սկսած է ու այդպէս ալ կը շարունակէ մինչեւ այսօր: Ըստ անոր, ասիկա դիտումնաւոր չէ եղած, այլ ինքնաբերաբար, որովհետեւ հայկական հարազատ ոճն է, որ կը խօսի իրեն, եւ զոր կ՛ուզէ փոխանցել հայ արուեստասէրին, նոր սերունդներուն:

Յառաջդիմած կոչուած աշխարհը կը մտահոգէ Վիգէնը, որովհետեւ համաշխարհայնացումը կուլ կու տայ շատ բան, հաւաքական աշխարհը արդէն կորսուելու վրայ է, մարդիկ դարձած են առանձին, բաժնեկցելու, ձեռք երկարելու, իրարու հետ ըլլալու, ապրելու, լալ ու ուրախանալու առիթները նուազած են, այդ մասին ալ ինք կ՛երգէ:

Վիգէն Դարբինեան կ՛երգէ շատերու մասին, նաեւ` կը խօսի շատերու սրտին ու անոնց սրտէն:

 

Զոյգ ձայնասկաւառակներուն ուղեկցող գեղեցիկ ձեւաւորումով եւ երգի բառերը պարունակող գիրքին նախաբանին մէջ կը կարդանք Վիգէնին գրիչէն.

Յիշատակներ, դէպքեր, ընկերներ,
Ընտանիքի անդամներ կ՛այցելեն,
Գրիչս մղելով գրելու օրագիրի նման…
Դո՛ւն ալ ունիս յուշեր…
Պատկերներ շրջանակուած:
Ջահել հասակի սիրոյ արարներ:
Երազներով լեցուն գրուած նամակներ:
Գեղեցիկ, երջանիկ դիպուածներ:
Առանձնութիւն ու անսլաք մինակ ժամեր:
Հնչերանգներ, սիրային մղումներ:
Բաժանումներ, հանդիպումներ, անջատումներ… ծնողքին կարօտ:
Օտարութեան մելամաղձոտ անորոշ դարձուածքներ:
Անընդունելի իրականութիւններ…
Աւա՛ղ, «յառաջդիմած» աշխարհին:
Անարդար եւ շարունակական աղէտներ մեր ժողովուրդին…
Հայուն, ի դրացի նոյն թշնամիէն, հալածուած դարերէ ի վեր:
Այսօր այդ նոյն թուրքը կը շարունակէ ջարդի յայտագիրը` ամբողջացնելու իր ծրագիրը… կը մեղանչեմ:
Դո՛ւն ալ, գիտեմ, կը տառապիս:
Դուն ալ ունիս այս օրագիրիս նման տրցակուած էջեր,
Նամակներ մտքիդ մէջ, քու հետդ, մէջդ, սրտիդ եւ մտքիդ ցոլացումները:
Ես կ՛երգեմ զանոնք.
Քեզի կ՛ուղարկեմ քանի մը էջ…
Վերադառնալու, քեզ գտնելու ջանքով:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>