Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ստացուած Գիրքեր. Հաշուեյարդար (Հեղինակ` Վահէ Էլմաճեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Վահէ Էլմաճեանի «Հաշուեյարդար» հատորը, բաղկացած` 160 էջերէ: «Ապրելու ճակատագրուած վկայութիւն մը» խորագրեալ երկու խօսքով հանդէս կու գայ Ժիրայր Դանիէլեան: Գիրքը բաղկացած է 35 պատմուածքներէ: Հեղինակը կը խօսի Պուրճ Համուտի մէջ անցուցած իր մանկութեան, դպրոցական եւ ուսանողական, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան տարիներու կեանքին եւ տարբեր երեւոյթներու:

Վահէ Էլմաճեան կ՛ըսէ, որ իրենց տունը կը գտնուէր Մարաշ փողոցէն դէպի Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան տանող անցքին վրայ:

Էլմաճեան կը շարունակէ ըսելով.

Գետնայարկ եւ առաջին յարկով տուն մըն էր, ընդամէնը չորս սենեակ: Երբ Յակոբ եղբայրը ամուսնացաւ, նախ բնակեցաւ գետնայարկը: Անոր աւելի յարմար բնակարան մը տալու համար, հայրը տանիքին տարածուող արիշին հիւթեղ կարմիր խաղողի որթատունկը կտրել տուաւ եւ աւելցուց յարկ մը եւս: Ունէին հայ եւ շիա դրացիներ, որոնք թաղին խառն բնակչութիւնը կը կազմէին: Ամէնէն գրաւիչ վայրը Ապու Ժամիլին փուռն էր, ուր սեփականատէրը սկզբնական շրջանին հաց կ՛եփէր, ապա բաւականացաւ միայն «ասրունիէ քաաք»-ի արտադրութեամբ: Ամէն առտու եւ կէսօրէ վերջ, հոնկէ կը բուրէր շուշմայածածկ կսկուծներուն անուշ հոտը, որ կը տարածուէր ամբողջ թաղին մէջ: Փուռէն ճիշդ առաջ կը բնակէր Ապու Մահմուտը, Նեսիմեաններուն գետնայարկը: Դիմացը կը գտնուէր Ապու Խալիլին շէնքը եւ անոր կողքին` Ապու Հասանինը:

Օրնիբուն, շրջուն վաճառորդներ կ՛անցնէին  փողոցէն, որուն գետինը կուպրապատուած չէր տակաւին: Այդ պատճառով ալ, ձմեռները ան կը պարզէր ցեխոտ երեւոյթ մը: «Ասրունիէ» ծախողներու կողքին, հոն կու գային փերեզակներ, «Ղազզըլ պանէթ» ծախողներ, ձիաքարշ կառքերով քարիւղ առաջարկողներ (քանի որ այդ օրերուն ելեկտրական հոսանքը ընդհանրացած չէր, ուստի տուները քարիւղի լապտերով կը լուսաւորուէին), տօնական օրերուն ցպիկներու վրայ կարմիր շաքարով մխրճուած փոքր խնձորներ ծախողներ, եւ այլն:

***

«Լահմաճունի մասնագէտ»-ի մասին խօսելով Էլմաճեան կ՛ըսէ, որ փռապան Եսաւ հանրածանօթ դէմք մըն էր Նոր Մարաշի մէջ: Անոր փուռը կը գտնուէր Մարաշ փողոցի կիսուն, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին ետեւի թաղը, դէպի Արաքս փողոց տանող ճամբուն վրայ: Անոր սեփականութիւնն էր միայարկ շէնքը, ուր ան կը բնակէր եւ որուն գետնայարկը կը գտնուէր փուռը: Եսաւ եւ իր կինը, երեք աղջիկները եւ տղան կ՛աշխատէին հոն, մանաւանդ կիրակի առաւօտները, որովհետեւ յաճախորդները խուռներամ բազմութեամբ կարգի կը կենային իրենց մսաշոթը եփել տալու համար:

Հացի վաճառքէն աւելի, փռապանին մասնագիտութիւնը «լահմաճուն»-ն էր, որուն պատրաստութեան մէջ մեծ համբաւի տիրացած էր ան: Թէեւ Նոր Մարաշի մէջ կը գործէին շատ մը փռապաններ, սակայն Եսաւին փուռին ցուցատախտակին «լահմաճունի մասնագէտ» արձանագրութիւնը իր մօտ կը հրաւիրէր այդ ուտելիքին սիրահարները, որոնք առտու կանուխէն կը բերէին իրենց միսը:

Մսաշոթին խմորը կը բանային Եսաւին կինն ու աղջիկները: Իսկ տղան միսի եւ կանաչեղէնի խառնուրդով պատուած բաց հայսերը հօրը կը փոխանցէր, որպէսզի այս վերջինը զանոնք հնոց մտցնէր եւ եփէր:

 

***

Արեւելեան բժշկութեան մասին խօսելով Էլմաճեան կ՛ըսէ, որ հակառակ ջարդի եւ արհաւիրքի բեկորները ըլլալու հանգամանքին,  Պուրճ Համուտի բնակչութիւնը, յատկապէս Նոր Մարաշինը, տոկացող եւ ցաւի դիմադրող հաւաքականութիւն մըն էր:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ նոր մարաշցիները բժիշկի գացողներ չէին: Միայն հարկաւոր պարագային եւ դրացիներու պնդումին վրայ էր, որ անոնք կը հաւանէին  բժիշկ տեսնել եւ իրենց ցաւին դարման մը գտնել: Կը պատահէր, որ ինչ-ինչ պատճառով մի ոմն յանկարծ մեռնէր: Ժողովուրդը` անակնկալի եկած, «քունին մէջ արիւնը խեղդեր է» կը պատրուակէր եւ կ՛ափսոսար այդ տարաժամ մահը:

Էլմաճեան կը պատմէ ըսելով, որ «արիւն առնող» կիներ կային, որոնք հիւանդ կամ առողջ անհատի մը կռնակին զմելի կը զարնէին տարին անգամ մը «աղտոտ» արիւնը դուրս հանելու համար: Այս արարքը համազօր էր արեան ճնշումը չափելու անհրաժեշտութեան, որ անշրջանցելի միջոցառում մըն է: «Սեւ արիւնը» քաշելու ուրիշ ձեւ մըն ալ ի զօրու էր. անիկա կ՛ապաւինէր տզրուկներու, որոնք խնդրոյ առարկայ անձին մարմինին զանազան մասերուն խրելով ժամեր շարունակ կը ծծէին արիւնը եւ ի վերջոյ յագեցած գետին կ՛իյնային անշարժ:

 

***

Ապրոյեան գործարանի բանուորուհիներուն մասին խօսելով Վահէ Էլմաճեան կ՛ըսէ, որ Պուրճ Համուտը Սին Էլ Ֆիլէն բաժնող գետեզերեայ ճամբուն հիւսիսային կողմը,  նարնջաստանի մը մէջ կը կանգնէր ներքնազգեստներու, հիւսուածեղէններու եւ գուլպաներու Ապրոյեան գործարանը:

Շրջապատի թիթեղաւաններուն եւ Նոր Մարաշի ընտանիքներուն աղջիկ զաւակները կ՛աշխատէին հոն: Երբ կէսօրուան ճաշի ժամը հնչէր, փաղանգներով աղջիկներ գործարանին դարպասէն դուրս կ՛ելլէին, Նոր Մարաշի փողոցներէն անցնելով կ՛ուղղուէին դէպի իրենց տուները` իրենց մէկ ժամուան դադարը անցընելու համար: Անոնք, շաբաթական առաւելագոյնը երեսուն ոսկի գանձելով, թիկունք կը կանգնէին իրենց ծնողներուն եւ կը սատարէին անոնց` ընտանիքի ծախսերուն կիսման գծով:

 

***

Վահէ Էլմաճեան Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքը կը բնորոշէ իբրեւ բարի հովիւ եւ կ՛աւելցնէ.

Կաթողիկոս պատրիարքը հանդիսացաւ  ամէնուն հարազատ հայրը: Թէեւ ինքզինք անարժան համարած էր իրեն տրուած պաշտօնին, այսուհանդերձ ան ընդունած էր բազմիլ պատրիարքական գահին վրայ, քաջ գիտակցելով իրեն վերապահուած դժուարութիւններուն: Պատասխանելով Աստուծոյ կանչին, ան հնազանդեցաւ Անոր եւ սիրով ստանձնեցի իրենց յանձնուած առաքելութիւնը` կատարեալ անձնազոհութեամբ ծառայելու համար իր աթոռին եւ հօտին: Շարունակելով ընթանալ Աղաճանեաններու գծած ուղիէն, ան այցելեց ծուխին փարթամ թէ խոնարհ երդիքները, լսեց իր զաւակներուն ձայնը, ծանօթացաւ անոնց թէ՛ ուրախութիւններուն եւ թէ՛ ցաւերուն, հետաքրքրուեցաւ մանաւանդ կարիքաւորներուն հարցերով եւ փորձեց, ըստ կարելւոյն, ատոնց լուծումներ որոնել:

Գիրքին վերջին բաժինով եւ «Հաշուեյարդար» խորագիրով, Վահէ Էլմաճեան կը նկարագրէ Գ. Հարպոյեան վարժարանին մէջ իր տնօրէնութեան ժամանակաշրջանը եւ պաշտօնավարութեան հետագայ տարիները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>