ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
«Դարեր շարունակ փառքի ճանապարհից դուրս մղուած
մի ժողովրդի վերածնութեան ճիգերի խտացումն է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։»ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
Մեր ժողովուրդը տասնամեակներ շարունակ փորձառութիւնը ապրած է մեր ազգային արժէքներու խաթարման եւ խորթացման պոլշեւիկեան ճիգերուն։ Եւ երբ հարցը կը վերաբերի ազգային արժէքներու նսեմացման, թիրախը միշտ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։ Այս ուղղութեամբ պոլշեւիկեան փորձերը մատնուած էին այնպիսի խելագարութեան, որ մինչեւ իսկ շաբաթական հերթականութեամբ Երեւանի մէջ Դաշնակցութեան «թաղումը» կը կատարէին՝ դագաղով եւ լենինեան արարողութեամբ։
Դաշնակցութիւնը թաղելու պոլշեւիկեան բեմականացումները, դաւաճանական յերիւրանքները եւ լկտի հայհոյանքները ապարդիւն ըլլալու աստիճան անհեթեթ դարձած էին։ Սակայն, Հայաստանէն եւ հայութեան սրտէն ու մտքէն Դաշնակցութիւնը վերացնելու պոլշեւիկեան ախտագին մոլուցքը չդադրեցաւ բանելէ։ Իբրեւ մարքսեան տիալեկտիկայի հաւատարիմ աշակերտներ, անոնք հարուածեցին մեր ազգային արժէքներուն։ Մեր արդի պատմութիւնը նենգափոխելով անոնք ջնջեցին Դաշնակցութեան անունը եւ անունները բոլոր հերոսներուն եւ հերոսամարտերուն, որոնք Դաշնակցութիւնը կը բուրեն։ Այսպէս, անոնք պատռեցին հայկական յեղափոխութեան էջերը, արգիլեցին նշումը Մայիս 28ին,Սարդարապատին եւ Հայաստանի հանրապետութեան, քուրջ անուանեցին մեր Եռագոյն դրօշը։
Բոլշեւիկները դիմեցին մեր ազգային արժէքներու եւ գաղափարներու խաթարման ու խորթացման, որպէսզի հայ կեանքէն դուրս վանեն Դաշնակցութիւնը։ Իրենց համար Դաշնակցութիւնը վախազդու էր, վտանգաւոր մրցակից էր։ Անհրաժեշտ էր նենգաւորել մեր պատմութիւնն ու գաղափարը, քանդելու համար Դաշնակցութիւնը։ Եւ հակառակը, նենագաւորել Դաշնակցութիւնը, խաթարելու համար մեր ազգային արժէքները։
Հայութեան թշնամիները, ինչպէս եւ բարեկամները, գիտէին, այսօր եւս կը գիտակցին, որ կարելի չէ անջատել իրարմէ հայութիւնն ու Դաշնակցութիւնը։ Գարեգին Նժդեհի բառերով, «Դարեր շարունակ փառքի ճանապարհից դուրս մղուած մի ժողովրդի վերածնութեան ճիգերի խտացումն է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը։»
Ուստի, նսեմացուր Դաշնակցութիւնը, կը նսեմացնես հայութիւնը։ Նսեմացուր հայութիւնը եւ կը նսեմացնես Դաշնակցութիւնը։ Այս նենգ ձգտումը հետապնդելու համար հարուածը պէտք է ուղղուած ըլլայ հայութեան ազգային արժէքներուն՝ խաթարելով եւ խորթացնելով զանոնք։
Այս բոլորին գիտակից է մեր ժողովուրդը։ Այդ իսկ պատճառով յատուկ գուրգուրանք կը տածենք մեր ազգային արժէքներու պահպանման։ Անոնցմով կը դաստիարակուին մեր նորահաս սերունդները, որպէսզի յարատեւէ մեր վերածնութեան երթը։
Արդ, յատկապէս հայրենի պետական այրերն ու մտաւորականութիւնը ազգային պարտականութիւնը ունին տէր կանգնելու մեր պատմութեան եւ անկէ բխող ազգային արժէքներուն։ Սակայն, ափսո՜ս, այդ գուրգուրանքը բացակայ էր Մայիս 28ի Անկախութեան Օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 99-ամեակին նուիրուած ելոյթներէն եւ հանդիսութիւններէն։
Ի յարգանս Արամ Մանուկեանի յիշատակին եւ Մայիս 28-ի ոգիին, չխօսեցանք այս վտանգաւոր թերացումին մասին։ Հիմա որ աւարտած են Մայիսեան արարողութիւնները, պէ՛տք է խօսինք եւ խօսինք բացէ ի բաց։
Մայիս 28-ն նուաճումն է գաղափարի, ոգիի, կամքի եւ բազուկի։ Կրկին ափսո՜ս, այս չորս նախադրեալները կը բացակայէին Մայիսեան յաղթանակի նուիրուած պաշտօնական թէ կիսապաշտօնական նախաձեռնութիւններէն։
Մայիսեան այդ գաղափարը, ոգին, կամքը եւ բազուկը բացառաբար կը մարմնաւորէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Դարձեալ ափսո՜ս, որովհետեւ վերէն մինչեւ վար մարդիկ պապանձումը ունեցան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ անունը նշելու։
Պարզուող այս մերկ ճշմարտութիւնը միայն մէկ բան կը թելադրէ։ Դիտաւորեալ էր այս աններելի անտեսումը։
Դաշնակցութիւնը երբեք կարիքը չէ ունեցած եւ չէ փնտռած իր անուան փառաբանումը։ Սակայն, Դաշնակցութիւնը նախանձախնդիր եւ պահանջատէր եղած է ու է՛, որպէսզի անխաթար եւ վառ պահուին մեր ազգային արժէքները։
Մեր արդի պատմութեան մէջ Դաշնակցութիւնը եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ հայ քաղաքական գերակշիռ ազդակ։ Այո՛, ամենայն համեստութեամբ այո՛, գերակշռող եղած է ու է Դաշնակցութեան ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս։
Պարզ նայեցէք մեր պատմութեան.- Հայկական յեղափոխութենէն մինչեւ կամաւորական գունդերու կազմութիւնը, մինչեւ Սարդարապատ եւ միւս ճակատները, մինչեւ Մայիս 28ի անկախութեան նուաճումը եւ ազգային պետութեան վերահաստատումը, մինչեւ հայրենիքի եւ պետականութեան վերակերտումը, մինչեւ հայրենական սահմաններու 12 հազարէն 50 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդարձակումը, մինչեւ Նեմեսիս գործողութիւնը, մինչեւ Սփիւռքի կազմակերպումն ու հայուն հայ եւ պահանջատէր պահպանումը, մինչեւ մեր յեղափոխական աւանդներու վերադարձը, մինչեւ Դէպի Երկիր եւ Արցախեան ազատամարտը, մինչեւ հայրենի պետութեան ամրապնդման եւ վերահաստատուած անկախութեան պահպանումը…։ Այս բոլորին հետ, Դաշնակցութիւնը նաեւ եղաւ պահապանը անկախութեան նպատակին, Մայիս 28ին, պետական զինանշանին եւ սուրբ Եռագոյնին։ Այս իմաստով, հայոց արդի պատմութիւնը գրեթէ է՛ նաեւ Դաշնակցութեան պատմութիւնը։
Դարձեա՛լ, հարցին էութիւնը մեր ազգային արժէքներն են, ոչ թէ Դաշնակցութեան, դաշնակցականներու եւ դաշնակցական մարտիկներու փառաբանումը։ Հարցը այդ ազգային արժէքներու աղբիւրին եւ ներշնչարանին մասին է։ Դաշնակցութիւնը, Քրիստափորը, Զաւարեանը, Սերոբ Աղբիւրը, Սեբաստացի Մուրատը, Արամ Մանուկեանը, Չօլոն, Գարեգին Նժդեհը, Դրօն, Սողոմոն Թէհլիրեանը, Լիզպոնի տղաքը, եւ մնացեալ բոլորը աղբիւրն ու ներշնչարանն են մեր ազգային արժէքներուն։
Հայաստանի սահմանները գծուած են իւրաքանչիւր դաշնակցականի եւ դաշնակցական ֆետայիի արիւնով։ Այդ արիւնն է մեր ազգային արժէքներու աղբիւրն ու ներշնչարանը։
Եթէ հայրենի պետական այրերն ու մտաւորականութիւնը ցանկութիւնը ունին շարունակելու եւ վեհացնելու մեր վերածնութեան ճիգերը, պարտաւոր են բարձրաձայն յիշելու եւ նշելու այդ աղբիւրն ու ներշնչարանը, որպէսզի անոնցմով սնանի մեր ժողովուրդը եւ անոնցմով դաստիարակուի մեր նորահաս սերունդը։ Ա՛յս է ազգակերտումի եւ պետականակերտումի ճիշդ ճանապարհը։
Այլապէս, մեր պետական այրերն ու մտաւորականութիւնը ի՞նչէ կը վախնան։ Քառորդ դարէ ի վեր վերանկախացած է հայրենիքը։ Ազատ ու անկախ է։ Սակայն, ըստ երեւոյթին, կը շարունակուի մեր ազգային արժէքներու խաթարման եւ խորթացման վտանգաւոր ուղին։
Վերջ պէտք է դրուի այս աններելի անտեսումին։ Ի վերջոյ, կարելի չէ աղաւաղել եւ մթագնել Դաշնակցութեան պատմական ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը, իբրեւ մեր ազգային արժէքներու աղբիւր եւ ներշնչարան։ Բոլշեւիկները 70 տարի փորձեցին ու ձախողեցան։ Հիմա նորելուկներուն է հերթը ձախողելու։
Մայիս 29, 2017
Լոս Անճելըս