ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Շարունակելով Ազրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ` Մալթայի դրամատան մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթ գտնուած է Ազրպէյճանի ֆինանսական գայթակղութիւններուն կեդրոնը: Լոնտոնի «Կարտիըն» թերթը անցեալ շաբաթ տեղեկացուցած է, որ Մուսքաթի կինը` Միշել, մեծ գումարներ ստացած է նախագահ Ալիեւի դստեր` Լէյլա Ալիեւայի կողմէ:
Մալթայի հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա բացայայտած է «վարկերու ձեւով շարք մը վճարումներ, որոնք ուղարկուած են «Էկրանթ» (Փանամայի մէջ արձանագրուած գաղտնի ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Մալթայի վարչապետին կնոջ): Ամէնէն մեծ գումարը` 1,07 միլիոն տոլար, կ՛ենթադրուի, որ փոխանցուած է անցեալ տարուան մարտին: Ըստ պնդումներու` գումարները փոխանցուած են Pilatus-ի դրամատնային հաշիւէն, որ կը պատկանի Al Sahra FZCO-ի: Կ՛ենթադրուի, որ Al Sahra-ի սեփականատէրը Ազրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դուստրն է», կը գրէ «Կարտիըն»: Մուսքաթ եւ իր կինը կը հերքեն, որ «Էկրանթ»-ի հետ կապուած վճարումներ ստացած են:
Յատկանշական է, որ Մալթայի նոր ելեկտրակայանի բաժնետէրերէն մէկը Ազրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնն է: Pilatus դրամատնային հաշիւներէն մէկը Մալթայի ուժանիւթի նախարար Քոնրատ Միցիի անունով է, իսկ միւսը նախագահ Ալիեւի դստեր` Լէյլա Ալիեւայի: Միցի եւ Մալթայի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Քիթ Շեմպրի «Փանամայի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններ հիմնած են 2013-ին, պաշտօն ստանձնելէ չորս ամիս անց: Երրորդ գաղտնի ընկերութիւնը` «Էկրանթ», ստեղծուած է նոյն ժամանակ, մալթացի միեւնոյն հաշուապահին կողմէ»: Վարչապետ Մուսքաթ եւ իր կինը 2014-ին հիւրընկալած են Ալիեւները, Մալթա կատարած անոնց այցելութեան ընթացքին:
2005-ին նախագահ Ալիեւի կինը` Մեհրիպան Ալիեւա, որ վերջերս իր ամուսնոյն կողմէ նշանակուեցաւ Ազրպէյճանի փոխնախագահ` որպէս անոր հնարաւոր իրաւայաջորդը, ծանօթ է իբրեւ Փանամայի UF Universe հիմնադրամի երկու ղեկավարներէն մէկը, ըստ «Փանամայի փաստաթուղթերու», որոնք հրապարակուած էին Հետաքննող լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ (ICIJ): «UF Universe հիմնադրամը ամբողջական վերահսկողութիւն ունէր ազրպէյճանական AtaHolding դրամական մեծ կուտակման վրայ: 2005-ին նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները, ի լրումն Ազրպէյճանի հարկային ծառայութեան բարձրաստիճան անդամներու, հռչակուեցան որպէս շահառուներ…Բացի այդ, Ալիեւի դուստրերը կը վերահսկեն Փանամայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը եւ երկու այլ ընկերութիւններ` բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներու մէջ: Փանամական ընկերութիւնը զգալի բաժնետոմս ունի Ընկերութիւններու համախմբման մէջ, որ Ազրպէյճանի մէջ կը զբաղի ոսկիի հանքերու շահագործմամբ: Ալիեւի քոյրը միակ բաժնետէրն ու սեփականատէրն է բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներուն մէջ 2005 դեկտեմբերին արձանագրուած ընկերութեան մը: Գրանցման փաստաթուղթերուն մէջ անոր հասցէն նշուած է Լոնտոնի արեւմտեան շրջանը, ուր տուներու միջին գինը կը հասնի 9 միլիոն տոլարի»:
2017 մայիս 9-ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ «Կարտիըն» նաեւ տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները «բացայայտօրէն պահանջած են [վարչապետ Մուսքաթի] հեռացումը` կաշառակերութեան աճող գայթակղութեան, անոր կնոջ ներգրաւուածութեան, փանամական գաղտնի ընկերութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահի դստեր կողմէ ենթադրեալ վճարումներու պատճառով: Եւրոպական խորհրդարանի Հետաքննութեան յանձնաժողովը Մուսքաթը հրաւիրած է Սթրազպուրկի նստավայրը` իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ ցուցմունք տալու համար, սակայն Մուսքաթ մերժած է հրաւէրը»:
Հետաքննող լրագրող Կալիցիա տեղեկացուցած է, թէ կին մը, որ աշխատած է որպէս Pilatus դրամատան սեփականատէր Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինեժատի օգնական, չհրկիզուող պահարանի մէջ յայտնաբերած եւ պատճէնահանած է Միշել Մուսքաթի անունով արձանագրուած դրամատնային հաշիւի ձեւակերպման փաստաթուղթերը: Օգնականը յայտնած է լրագրողին, որ` «իրեն տուած են ընկերութիւններու ցանկ մը, թերեւս ութ կամ տասը անուն, եւ ըսած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ատոնց վճարման գործարքներուն: Անոնց շարքին էին` Willerby Inc.-ը, Tillgate Inc.-ը, Hearnville Inc.-ը, Egrant Inc.-ը եւ Al Sahra FZCO-ը», ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Լէյլա Ալիեւային` նախագահ Ալիեւի դստեր` ըստ Times of Malta-ի: Օգնականը ըսած է, որ ինք տեսած է դրամատնային հաշիւներ բանալու պաշտօնաթուղթերը: «Al Sahra FZCO-ի հարիւր հազարաւոր տոլարներու վճարումները մշտապէս նշուած են որպէս վարկային վճարումներ եւ չեն փոխանցուած Pilatus դրամատան մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն, այլ փոխանցուած են Տուպայի մէջ ունեցած հաշիւներուն… Անգամ մը, ըսած է ան, դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ղանպարի հրահանգներ ստացած է Հաշեմինեժատէն` մօտ 400 հազար տոլարի գումար փոխանցելու մալթացի կնոջ մը, որ կ՛ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ ունի ոսկերչական գործարք: Այդ փոխանցումը պէտք է նշուէր որպէս վարկային վճարում»:
Օգնականը խոստովանած է, որ ինք դրամատան իր պատճէնահանած փաստաթուղթերը յանձնած է Մալթայի իշխանութիւններուն, քանի որ` «Ես այլեւս չէի կրնար հանդուրժողութեամբ կարդալ այդ կեղծիքները, ժխտումները եւ կիսաճշմարտութիւնները: Այդ բոլորը չափազանց շատ էին®»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ