ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ազրպէյճանական խնձորի ընդվզեցուցիչ շրջանառութիւնը Երեւանի շուկաներուն մէջ բնականօրէն տեղի տուած է պետական պատկան մարմիններու միջամտութեան` բացայայտելով կաշառակերութեան ստոյգ պարագաներ:
Կաշառակերութի՛ւն, որուն միջոցով յանցագործ տարրեր կրցած են յաջողապէս ճեղքել սահմաններու վերահսկողութեան պատը… Ես այս է, որ կը հասկնամ «Արմէնփրես»-ի լրատուութենէն: Իշխանութիւնները արդէն առանձնացուցած ըլլալ կը թուին օրինախախտման արմատները (իմա` մաքսանենգնե՛րը) եւ կաշառակեր պաշտօնեաներու ինքնութիւնը ճշդա՛ծ. ու նաեւ առած ըլլալ կը թուին անհրաժեշտ քայլերը` յանցաւորները պատժելու եւ հսկողութեան որակը բարձրացնելու: Եւ առ այդ, «Արմէնփրես»-ի միջոցով կ՛ուզեն հաւաստիացնել հանրութիւնը, որ ամէն ինչ արդէն հակակշռի տակ է: Այսինքն` business as usual, սիրելինե՛ր: Հանգստացէ՛ք:
Դուք հանգստացա՞ք:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ ոչինչ կայ հանգստացնող այս հաւաստիքներուն մէջ: Կ՛երեւի իշխանութեան դիւանակալները դեռ չեն անդրադարձած, որ այս մէկը շատ հեռու է «փողոց»-ի հերթական կաշառակերութիւններէն: Այստեղ թշնամի երկիրն է, որ մտած է հայկական շուկայ: Ա՛ն է, որ կրցած է մօտենալ մեր սահմանագիծին: Ա՛ն է, որ կրցած է գործընկերութիւն հաստատել մեր երկրի ապօրինութեան դաշտերէն ներս: Կրցած է կաշառել օրէնքի սպասաւորները: Եւ, ի՜նչ գոռոզութիւն, ան կրցած է համոզել մեր մայրաքաղաքի «խանութպան»-ները, որ լիովին ընդունելի է (նորմա՛լ է) եւ բացարձակապէս ապահո՛վ` անթաքոյց առաջարկել թշնամի երկրին ապրանքը:
Ինչպէ՞ս լսելի դառնանք այս դիւանակալներուն, որ այստեղ ահաւոր բան մը տեղի կ՛ունենայ: Ի՞նչ «շամփուր»-ով տաղենք, որպէսզի ի վերջոյ արթննան եւ անձամբ հաստատեն, որ կաշառակերութեան փաստէն շատ աւելի ծանրակշիռ իրականութեան մը առջեւ կը գտնուի պետութիւնը: Ինչպէ՞ս հասկցնենք, որ իրենց այս արարքով օրէնքը անսաստողներու այս վոհմակը ոչ միայն կը չարաշահէ մեր երկրի տնտեսութիւնը եւ աշխարհի առեւտրական հանրութեան աչքին ծաղր ու ծանակի առարկայ կը դարձնէ մեզ, այլեւ բացէ ի բաց կը կացինահարէ հիմքերը մեր երկրի անվտանգութեան: Եւ ասիկա այն իսկ օրերո՛ւն, երբ թշնամին նորանոր զոհեր կը խլէ մեր սահմանապահ ուժերու շարքերէն: Չե՞նք տեսներ: