Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

«Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութենէ Անհրաժեշտ Է Ընթանալ Դէպի Գործակցութիւն» Նշեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

$
0
0

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը` 18 մայիսին Արամ Ա. կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ` նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը»:

Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, վեհափառ հայրապետը նախ յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը: Աստուածային յայտնութիւնը քրիստոնէութեան եկած է Աստուածաշունչի ճամբով, իսկ իսլամութեան` Քուրանի ճամբով: Հետեւաբար, այս երկու կրօնները բարոյական, բարոյագիտական, հոգեւոր, ընկերային եւ աստուածաբանական հասարակաց սկզբունքներու, արժէքներու եւ ուսուցումներու առընթեր, ունին նաեւ տարբերութիւններ: Հասարակաց ուսուցումները պէտք է աւելի խորացնել, իսկ տարբերութիւնները` յարգել, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ա) Ներածական բաժինէն ետք, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ իսլամութեան մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող կարգ մը հիմնական տարբերութիւններու ու մօտեցումներու մասին. այսպէս`

1) Հաւատք եւ բանականութիւն: Քրիստոնէութիւնը կարեւորութեամբ կը շեշտէ հաւատքին եւ բանականութեան դերը քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին առնչուած նիւթերու քննարկման մէջ: Այլ խօսքով, անհրաժեշտ է քրիստոնէական հաւատքին ու կեանքին հետ աղերս ունեցող նիւթերը քննել բանականութեան ճամբով, այնքան որքան կարելի է: Իսլամութեան պարագային մօտեցումը ընդհանրապէս հակառակ ուղղութեամբ է: Փաստօրէն բանականութիւնը դեր չունի հաւատքի հասկացողութեան մէջ. Քուրանի ուսուցումները պէտք է ընդունիլ այնպէս, ինչպէս որ արձանագրուած են: Իսլամութեան համար Քուրանը տառացիօրէն փոխանցուած է Աստուծոյ կողմէ, հետեւաբար պէտք է անոր տառացիօրէն հետեւիլ: Հակառակ այն իրողութեան, որ իսլամութեան մէջ այլապէս մօտեցող դպրոցներ յառաջացած են, սակայն ընդհանրապէս իսլամութեան մօտեցումը կը մնայ նոյնը: Այս բացատրութենէն ետք վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մէջ յատուկ քննարկումի նիւթ դառնայ այս խնդիրը, որովհետեւ ներկայ աշխարհին շարք մը հարցերը ուղղակի կամ անուղղակի առնչուած են այս երեւոյթին:

2) Կրօն եւ քաղաքականութիւն: Ընդհանրապէս այն մօտեցումը կայ, թէ իսլամութեան պարագային, կրօնը եւ քաղաքականութիւնը սերտօրէն միացած են, իսկ քրիստոնէութեան պարագային` ոչ: Այս մարզը եւս յատուկ ուշադրութեան նիւթ պէտք է դառնայ երկխօսութեան ընթացքին, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Իսլամութիւնը կրօնը եւ քաղաքականութիւնը կը տեսնէ մէկ ամբողջութեան ծիրին մէջ` քաղաքականութեան հիմքը նկատելով կրօնական ու բարոյական սկզբունքները: Թէեւ ներկայ աշխարհին մէջ շարք մը իսլամական երկիրներ փորձած են առաւելագոյն չափով կրօնը հեռացնել քաղաքականութենէն: Քրիստոնէութեան պարագային, պատմութեան ընթացքին նոյն երեւոյթը կը տեսնենք շարք մը երկիրներու մէջ: Խաչակիրներու երեւոյթը ամէնէն պերճախօս վկայութիւնն է: Ներկայ ժամանակներուն է, որ նոր սահմանադրութիւններու մշակումով յստակ բաժանում մը դրուած է կրօնին ու քաղաքականութեան միջեւ: Սակայն, երկու կրօններու պարագային հարկ է յստակեցնել, թէ ի՛նչ կը հասկնանք քաղաքականութիւն ըսելով. օրինակ` արդարութեան, խաղաղութեան, ընկերային հաւասարութեան, մարդկային իրաւանց եւ նմանօրինակ այլ խնդիրները քաղաքականութեա՞ն միայն կը պատկանին. ո՛չ: Հետեւաբար, երկու կրօններն ալ պէտք է նման հարցերու գծով յստակեցնեն իրենց դերակատարութեան բնոյթը, սահմաններն ու նպատակը: Երբ կրօնը քաղաքական գաղափարախօսութեան վերածուի, երբ ան քաղաքական կառոյցներուն հետ նոյնանայ, երբ քաղաքական տուեալ ուղղութիւն մը որդեգրէ, կը դադրի կրօն ըլլալէ:

3) Կրօնը միացնո՞ղ, թէ բաժանող դեր ունի: Յաճախ կրօնը հակադիր բեւեռներու վրայ կը գտնուի. այսպէս` մէկ կողմէ սէր կը քարոզէ, միւս կողմէ` անհանդուրժողութիւնը կը քաջալերէ. մէկ կողմէ` արդարութիւն, միւս կողմէ` անարդարութիւն. մէկ կողմէ` խաղաղութիւն, միւս կողմէ` պատերազմ. մէկ կողմէ միութիւն կը քարոզէ, միւս կողմէ բաժանարար դեր կը կատարէ: Երկու կրօններու ուսուցումներուն ամբողջական ու ճիշդ մեկնաբանութիւնը հեռու պէտք է պահէ կրօնը նման երկդիմի ու բեւեռացնող մօտեցումներէ: Կրօնի ուսուցումներուն տառացի հասկացողութիւնը կրնայ այդ կրօնին հետեւորդները սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել: Նման մօտեցումը նաեւ առիթ կը ստեղծէ կրօնի շահագործման: Ահա միասնաբար քննարկման այլ բնագաւառ մը, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

4) Կրօնին առանցքային դերը ընկերութեան կեանքին մէջ: Թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ իսլամութեան պարագային, կրօնը պէտք չէ նոյնացնել կառոյցի հետ` եկեղեցի կամ մզկիթ: Կրօնը ինքզինք արտայայտելու հաստատութենական ձեւեր ունի. սակայն, կրօնը կեանքի այնպիսի որակ է, ուր Աստուած ներկայ է բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու ճամբով: Հետեւաբար, այս երկու կրօնները մնայուն ու առանցքային ներկայութիւն են իրենց ընկերութեան կեանքին մէջ, նոյնիսկ այդ ընկերութեան ինքնութիւն եւ ուղղութիւն տուող: Այս դրական երեւոյթը կ՛արժէ աւելի յստակօրէն ուսումնասիրել` տեղի չտալու այնպիսի սխալ մօտեցումներու, որ յաճախ այս երկու կրօնները կը դիմագրաւեն, յատկապէս արեւելեան աշխարհին մէջ:

Բ) Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հասարակաց ուսուցումներուն` յատկապէս կեդրոնանալով հինգ հասկացողութիւններու վրայ` խաղաղութիւն, արդարութիւն, սէր, բռնութիւն եւ հանդուրժողականութիւն:

Խօսելով իւրաքանչիւր նիւթի մասին` վեհափառ հայրապետը մէջբերումներ կատարեց Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն` պարզելով տուեալ նիւթին գծով միաստուածեան երկու կրօններու մօտեցման նոյնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ քրիստոնէութեան ու իսլամութեան հաւատքի հիմքը հետեւեալն է. մէկ Աստուած, մէկ մարդկութիւն եւ մէկ ճակատագիր: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ հակառակ մեր ունեցած տարբեր մեկնաբանութիւններուն, անհրաժեշտ է միջուկը պահել, հիմքը զօրացնել, մանաւանդ շեշտելով փոխադարձ ճանաչողութեան, յարգանքի, հասկացողութեան ու հանդուրժողականութեան կենսական կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ տիեզերքի արարիչը նոյն Աստուածն է. տիեզերքին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները կու գան Աստուծմէ. կարեւոր է տարբերութիւն դնել աստուածաստեղծ զանազանութիւններուն ու մարդաստեղծ զանազանութիւններուն միջեւ: Նոյն ընկերութեան մէջ կ՛ապրինք` մեր տարբերութիւններով. անհրաժեշտ է պահել մեր տարբերութիւնները, սակայն հասարակաց հասկացողութիւններու շուրջ համախմբուիլ եւ հասարակաց կեանքի ու գործակցութեան առանցքը զօրացնել:

Գ) Ինչպէ՞ս կարելի է երկխօսութիւնը վերածել գործակցութեան:

Այս բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծեց.-

ա) Աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ ներառել այնպիսի հարցեր, որոնք այժմէական բնոյթ ունին եւ անմիջականօրէն առնչուած են ներկայ ընկերութեան կեանքին. օրինակ` ծայրայեղութեան, բռնութեան եւ անարդարութեան հարցերը: Երկխօսութեան հանդիպումները առիթ պէտք է հանդիսանան ո՛չ միայն մեր տեսակէտները պարզելու, այլ նաեւ միասնաբար հասարակաց եզրեր որոնելու, որպէսզի կարենանք երկխօսութիւնը վերածել գործակցութեան:

բ) Երկրորդ կէտը այս ծիրին մէջ, նոյն ընկերութեան մէջ հանդուրժողականութեան մթնոլորտին մէջ միասին ապրելու հրամայականն է: Ներկայ ընկերութիւնները բազմակրօն, բազմացեղ ու բազմամշակոյթ նկարագիր ունին: Մենք կոչուած ենք զիրար ընդունելով միասին ապրելու, մէկ կողմէ ընկերութեան հասարակաց սկզբունքներուն հաւատարիմ ըլլալով, իսկ միւս կողմէ մեր ունեցած տարբերութիւնները յարգելով:

գ) Երկխօսութիւնը մեզ պէտք է առաջնորդէ գործակցութեան: Ա՛յս է հիմնականը: Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը ես կը նկատեմ ո՛չ միայն կարելի, այլ նաեւ կենսական, առաջնահերթ, որպէսզի կարենանք միասնաբար ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրները եւ տագնապները դիմագրաւել: Այս ուղղութեամբ Արամ Ա. հայրապետը մատնանշեց հետեւեալ մարզերը, ուր կարելի է լուրջ գործակցութիւն զարգացնել քրիստոնէութեան ու իսլամութեան միջեւ. աշխարհիկութիւն, բռնութիւն, հանդուրժողականութիւն, խաղաղարար դերակատարութիւն, արդարութեան ջատագովութիւն, կենսոլորտի պահպանում:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը աւելի քան տասը հազար ուսանող ունեցող համալսարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ համալսարանի նախագահին եւ գլխաւոր բաժանմունքներու դասախօսներուն կողմէ: Թէ՛ դասախօսութենէն առաջ եւ թէ՛ դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն: Յայտնենք, որ դասախօսութեան սկիզբը համալսարանի նախագահը ներկաներուն ներկայացուց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Վեհափառ հայրապետը դասախօսութեան աւարտին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>