Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Բ. –Ազատագրուած Բերդաքաղաքը Եւ Մեր Յանձնառութիւնը

$
0
0

Հայ մշակոյթի օրրանի` Շուշիի ազատագրութիւնը հայ ազատամարտիկներու արիութեան եւ մարտական հնարամտութեան արդիւնքն էր: Մեր ժողովուրդի զաւակները երկար տարիներ փայփայեցին հայրենի հողը ազատագրելու երազը ու պատեհ առիթին մարտի դաշտ նետուեցան` զիրենք թիւով ու զինամթերքով գերակշռող բանակին դէմ կռուելով: Անոնք Նիկոլ Դումանի պատգամով յառաջացան ու հնարեցին այնպիսի զէնքեր, որոնցմով անակնկալի բերին թշնամին: Ռազմավարական դիրք վայելող Շուշի բերդաքաղաքը ազատագրուեցաւ ու վերջ գտաւ Շուշիէն Ստեփանակերտի ու յարակից գիւղերու հրթիռակոծման ազերիական վտանգը:

Շուշիի ազատագրութեամբ հայութիւնը հոգեփոխութիւն ապրեցաւ: Ամրագրուեցաւ սեփական ուժերով թշնամիին յաղթելու հաւատքը:

Հայ վիշտի երգիչին` Ահարոնեանին փափաքը իրականացաւ, ու երբ ազատութիւնը մեր հայրենիքին դուռը թակեց, ղարաբաղցի, երեւանցի, պարսկահայ, ռուսահայ չգտաւ այս անգամ, ՀԱՅ գտաւ միայն… Ազատութիւնը մուտք գործեց Արցախ ու չհեռացաւ:

Շուշիի ազատագրութեամբ մեր ժողովուրդը անգամ մըն ալ հաստատեց Քրիստափորի այն խօսքը, թէ կռիւի մէջ միայն կրնաս գտնել իրաւունքդ: Ու արցախահայութիւնը տիրացաւ ինքնորոշման իր իրաւունքին` համայն աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելով արցախեան հիմնահարցի էութեան վրայ:

9 մայիսը յայտարարուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան օր:

Շուշիի ազատագրութիւնը յաջողութեամբ պսակող ազատամարտիկներուն ազգային հերոսի կոչում տրուեցաւ: Այս կոչումը անոնց սխրանքները գնահատելու նպատակով չէր տրուած միայն, այլ` խիզախութեան անոնց օրինակը նորահաս սերունդներուն վարակիչ դարձնելու համար նաեւ:

Բոլորիս յիշողութեան մէջ վառ կը մնայ այդ օրերուն մեր գաղութին մէջ տիրող խանդավառութիւնը եւս: Երիտասարդութեան սրտատրոփ սպասումը եւ Արցախին զօրակցելու պատրաստակամութիւնը:

Շուշիի յաղթանակին բերկրանքը ապրող սփիւռքահայ երիտասարդները Թաթուլ Կրպէեաններու, Մհեր Ջուլհաճեաններու շունչով տոգորուեցան ու նոր թափ տուին իրենց հայանուէր գործունէութեան` ազգային այդ ոգին փոխանցելով սերունդէ սերունդ:

Ազգային այդ շունչն էր, որ կ՛արտացոլար Արցախէն Հալէպ ու Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն գաղափարական միեւնոյն այդ ներուժով հասակ առած երիտասարդները կը նուիրուէին հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նոյնքան կարեւոր գործին:

Արցախէն Սուրիա եւ այլուր ազգային իտէալներով առաջնորդուող մեր երիտասարդութիւնը փաստօրէն վերածուած էր մէկ ու անբաժանելի ամբողջութեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Այս ամբողջութեան ուղղորդումը աւելի քան կարեւոր է այս օրերուն: Ազերիական եւ թրքական կողմեր մեծ գումարներ կը մսխեն Շուշիի ու ամբողջ Արցախի հայկական դիմագիծը աղաւաղելու համար:

Անոնք գործի կը լծեն կայքահէններ, պատմութիւնը աղաւաղող զեղծարարներ եւ այլն: Այս բոլորին դիմաց անբաժանելի այս ամբողջութիւնը` մեր երիտասարդութիւնը, կրնանք վերածել հաւաքական նպատակներու ծառայող մէկ ու միասնական ուժի, եթէ ներգրաւենք զայն հայկական շահերու հետապնդման ամբողջական գործունէութեան մը դաշտին մէջ, ուր մէկ նպատակի պիտի ծառայեն զինուորն ու պատմաբանը, դիւանագէտն ու մշակութային գործիչը, տնտեսագէտն ու լրագրողը:

Ժողովներն ու համագումարները այնքան արդիւնաւէտ պիտի չըլլան այս պարագային, որքան` գործնական ծրագիրներն ու աշխատանքային բաժանումները:

Ու նպատակը մէկ պիտի ըլլայ` Արցախ աշխարհի հզօրացումն ու հայկական շահերու պաշտպանութիւնը:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>